ԱՆԱՍԵԼԻ ՍՈՒՂ ԺԱՄԵՐ
Հերոսական Արցախին դէմ ռազմական գործութիւնը մեր ետին է։ Գրուեցաւ այն մասին, թէ ամէն ինչ ինչպէ՛ս պատահեցաւ՝ շատերուն տեսակէտէ սպասուած գործընթացներով ու գործողութիւններով։ Ամէն ինչ տեւեց կարճ եւ անսպասելիօրէն շատ արագ ձեւով Ստեփանակերտ վար դրաւ իր զէնքերը։
Ինչ խօսք, որ դառն էր շուրջ երեք տարի առաջ տեղի ունեցած ծանր եւ արիւնալի պատերազմին փորձառութիւնը։ Դառն էին ցաւերը, վէրքերն ալ խորունկ ու դեռ չբուժուած եւ թերեւս այդ պատճառով էր, որ Արցախի իշխանութիւնները գիտակցեցան ու եկան այն եզրակացութեան, թէ պէտք է նախ զէնքերը վար դնել ու ապա խօսիլ Պաքուի իշխանութեանց հետ։ Ճիշդ է, որ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնը շատ կարճ տեւեց, բայց ստեղծեց համընդհանուր քաոս մը Ղարաբաղի բոլոր հատուածներուն մէջ։ Հազարաւոր մարդիկ տեղահան եղան ու նոյնիսկ քալելով հասան մինչեւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտ։
Ռազմական գործողութեանց յաջորդ օրը՝ 20 սեպտեմբերին, երբ հազիւ հրադադար յայտարարուած էր, պայթող հրթիռներու փոխարէն համացանցի վրայ այս անգամ պայթեցան Ստեփանակերտի «Իվանեան» օդակայանի մօտակայքէն նկարահանուած դրուագները, որոնք կը ցոլացնէին հազարաւոր արցախցիներ՝ միջոցի մը, ճարի մը սպասումով, որպէսզի կարողանան դուրս գալ իրենց պապենական օճախէն։ Շատ դառն էր ստեղծուած պատկերը, որ մինչեւ այս պահը տակաւին կը յամենայ ու այս նոյն կէտին վրայ նաեւ շրջանառութեան մէջ կը մտնէր «տարհանում» ընդհանուր խորագիրով մտքերու մեծ պաշարը։
Վախ ապագայէն, Արցախ՝ Ղարաբաղ մնալ-չըմնալու որոշում, ընդունուած ճակատագրէն խոյս տալու ճիչ ու տակաւին տասնեակ հարցումներ, որոնք կը շարունակեն լսելի դառնալ տակաւին։ Մինչ Հայաստանի կառավարութիւնը կը յայտարարէր, որ պատրաստ է Արցախի փախստական-գաղթականները ընդունելու, անդին Ատրպէյճան կը խօսէր, որ քննարկման դրած է՝ Ղարաբաղի տարբեր պատերազմներու մասնակիցներուն ներում մը տալու հնարաւորութիւնը։ Մարդկային ու մարդասիրական իրադրութիւնը մեծ հնչեղութեամբ լսելի դարձաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, երբ մէկէ աւելի երկիրներ ո՛չ միայն խորապէս կը մտահոգուէին դէպքերուն հետեւանքով, այլեւ հասցէական քննադատութիւններ կ՚ուղղէին Ատրպէյճանին։ Այս բոլորը մէկ կողմ, սակայն միւս կողմէ երեւելի կը դառնայ Արցախի իսկապէս վիրաւոր վիճակը։ Ստեփանակերտէն հրապարակուած լուսանկարներն ու կարճ տեսանիւթերը կ՚ապացուցանեն այս մասին ու դարձեալ այդ բոլորէն դուրս կու գար միակ հարցում մը ու միակ հարցադրում մը՝ տարհանում…
Արցախցիներուն ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ եւ ի՞նչ իրադարձութիւններ պիտի ուրուագծուին հորիզոնին վրայ։ Այս բոլորը յառաջիկայ օրերուն պարզ պիտի դառնայ։ Այս առումով ալ աւելի քան յստակ է, որ Արցախի մէջ ներկայիս ստեղծուած դրութեան դիմաց գերակշիռ տեսակէտը դարձած է՝ տարհանումը։ Այս կապակցութեամբ օրերս ուշագրաւ գրառում մը կատարեց լրագրող Գեղամ Պաղտասարեան, որ բնիկ Արցախէն է։ Ահա մէջբերումներ իր դիտարկումներէն ու խորհրդածութիւններէն.
«Օրուայ գերխնդիրը մարդոց տարհանումն է, կազմակերպուած ու անվտանգ տարհանումը, մարդոց կեանքերը փրկելը։ Արցախցիներու կենսագործունէութեան համար որեւէ պայման բացարձակապէս արդէն չկայ։ Մարտունի քաղաքի մերձակայքէն ազերիները բարձրախօսներով մարդոց կը հրամայեն դուրս ելլել, այլապէս բոլորը պիտի կոտորուին։ Մարտակերտին, որքան գիտեմ, երեք օր ժամանակ տուած էին։ Ստեփանակերտի ծայրամասէն (Կրկժանի կողմէն) կը կրակեն քաղաքին վրայ։ Բայց ո՛չ բաւարար քանակով ինքնաշարժ կայ, ո՛չ ալ վառելանիւթ՝ մարդիկը դուրս հանելու համար։ Շտապ միջոցներու պէտք է ձեռնարկել։ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է դիմեն միջազգային կառոյցներուն եւ պահանջեն անոնց ներգրաւումը մարդոց տարհանման»։
Լրագրողը համոզուած է, թէ առանց միջազգային ներկայութեան տարհանումը անհնար է, որովհետեւ շարք մը խոչընդոտներ կան։ Անոնցմէ ամենակարեւորը Ռուսաստանի վերաբերմունքն է։ Ռուսերը կ՚ուզեն, որ որոշ քանակութեամբ մարդիկ մնան, որպէսզի հիմնաւորուի իրենց յանցաւոր ներկայութիւնը։ «Սա փաստացի պատանդառութիւն է եւ այս մասին պէտք է բարձրաձայնել։ Այս նպատակով ռուսերը Արցախի մէջ կը տարածեն լուրեր, ըստ որոնց Հայաստան իբր թէ չ՚ուզեր ընդունիլ արցախցիները։ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է յստակ, միանշանակ եւ ի լուր ամբողջ աշխարհին յայտարարեն, որ պատրաստ են ընդունելու մեր հայրենակիցները։ Կը կարծեմ՝ բոլորն ալ ցանկութիւն կը յայտնեն դուրս ելլելու՝ բացառութեամբ այն մարդոց, որոնց հարազատներուն ճակատագիրը տակաւին անյայտ է։ Անոնք թերեւս իրենց կեանքը վտանգի տակ դնելով սպասեն՝ մինչեւ որ լուր մը առնեն, բայց զանոնք ալ պէտք է համոզել», կը շարունակէ Պաղտասարեան։
Նոյն գրառումին մէջ ան կ՚ընդգծէ, որ ուրիշ ելք չկայ։ Արցախի իշխանութիւնները պէտք է դիմեն միջազգային հանրութեան, ՄԱԿ-ին ու Եւրոպական Միութեան՝ առաջարկելով-պահանջելով իրենց հովանիին ներքեւ իրականացնել մարդոց տարհանումը։ Հայաստանը պէտք չէ ընէ այս բանը։ Ամէն պարագայի, ճիշդը Արցախի ղեկավարութեան դիմելը կ՚ըլլայ։ Իրաւաքաղաքական եւ բոլոր այլ առումներով ճիշդը այդ է։ Թող աշխարհ արձագանգէ, Հայաստանն ալ հետը։
Ի լրումն այս բոլորին, Գեղամ Պաղտասարեան կը շեշտէ, որ Արցախի ժողովուրդի նուազագոյն կենսագործունէութեան համար արդէն բացարձակապէս որեւէ պայման չէ մնացած։ Ատրպէյճանի բանակը բոլոր բնակավայրերու մատոյցներուն է, անոր վերահսկողութեան տակ են բոլոր ճանապարհային առանցքային հանգոյցները։ Ու որեւէ պարագայի ետ պիտի չերթայ՝ նոյնիսկ եթէ ՄԱԿ-ի բանաձեւ մը ըլլայ։ Պաքու պիտի օգտագործէ իր վաղեմի քարոզչական թեզերը՝ ՄԱԿ-ի նախորդ բանաձեւերու վերաբերեալ։ Սոված ու յուսահատ մարդիկ կան ամէնուրեք։ Տարհանումը այլընտրանք չունի։
Լրագրողը կը շարունակէ. «Եթէ նոյնիսկ պատկերացնենք այնպիսի անհաւանական տարբերակ մը, թէ Եւրոպական Միութիւնը հարիւրաւոր դիտորդներ ուղարկէ Արցախ, ապա միեւնոյնն է՝ քիչ բան պիտի փոխուի պատանդառուած բնակչութեան կեանքին մէջ։ Եթէ նոյնիսկ պատկերացնենք այնպիսի երեւակայական տարբերակ մը, ըստ որու ՄԱԿ-ը կամ ՆԱԹՕ-ն խաղաղապահ զօրք պիտի ուղարկեն Արցախ ու իւրաքանչիւր տան մօտ զինուոր մը կանգնած պիտի ըլլայ, ատիկա դարձեալ կեանք պիտի չըլլայ, այլ դժոխքի թեթեւ տարբերակ։ Տարհանում… Անոնք, որոնք այլ կարծիք ունին, պիտի պատկերացնեն հետեւեալը. Արցախի մէջ ճարահատ մնացած մարդոց պիտի ստիպեն Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւն ստանալ։ Պիտի ստիպեն սորվիլ ատրպէյճաներէն՝ ատելութեան լեզուն, այն լեզուն, որով տասնամեակներէ ի վեր հայատեաց քարոզչութիւն տարուած է։ Պիտի ստիպեն դպրոցներուն մէջ ունենալ «Ատրպէյճանի պատմութիւն» առարկան, որու դասագիրքերը լեցուն պիտի ըլլան հայատեացութեամբ ու հայկականութեան նուաստացմամբ։ Բայց նոյնիսկ այդ չէ ամենասարսափելին։ Արցախցի փորձագէտ Անուշ Ղաւալեան գրած է. «Առաջին հայեացքով թէեւ նոյնպէս երեւակայական կը թուի, բայց, ցաւօք, շատ աւելի իրական է այլ հարց մը։ Արցախցի երիտասարդները ո՞ւր պիտի ծառայեն։ Բնականաբար, Ատրպէյճանի բանակին մէջ։ Կը պատկերացնէ՞ք այդ բանակին մէջ մեր երիտասարդներուն վիճակը։ Հիմա այլ բան մը պատկերացուցէք։ Ատրպէյճան պատերազմ կը յայտարարէ Հայաստանի դէմ ու հայազգի զինուորներն ալ պիտի մասնակցին… Ահա ինչպիսի դժոխքային ու հրէշաւոր վիճակի մը մէջ յայտնուած ենք»:
Լրագրողը գրառման մէջ կը կրկնէ, որ ռուսերը չեն ուզեր, թէ արցախցիները դուրս ելլեն։ Անոնք կ՚ուզեն, որ բնակչութեան զգալի մասը մնայ, որպէսզի հիմնաւորուի իրենց յանցաւոր ներկայութիւնը։ Ատրպէյճանն ալ ժամանակաւորապէս չ՚ուզեր, որ արցախցիները դուրս ելլեն։ Պաքու կ՚ուզէ քաղաքակիրթ ցուցափեղկ մը ստեղծել ու խօսիլ Ատրպէյճանի մէջ հանդուրժողականութեան գոյութեան մասին՝ անով ինքզինք մաքրելով։ Ու յետոյ՝ յարմար պահուն դարձեալ կը սկսի կոտորածը։ Արեւմուտքը եւս առայժմ հակուած չէ տարհանման գաղափարին, որովհետեւ ստիպուած պիտի ըլլայ ընդունիլ իր աչքի առջեւ կատարուած ցեղային զտումն ու իր ամօթալի անզօրութիւնը։
Գրառման եզրափակիչ բաժնին մէջ լրագրող Պաղտասարեան կ՚ըսէ հետեւեալը. «Բայց ամէն ինչ մեզմէ կախեալ է։ Եթէ Արցախի իշխանութիւնը խելամիտ, հետեւողական ու համարձակ ըլլայ, ապա կրնանք հասնիլ մեր նպատակին։ Արցախի ղեկավարութիւնն ալ ծուղակի մեջ է եւ անոր սպառնալիքներով կը ստիպեն ընդունիլ Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ծրագիրը։ Բայց Արցախի բնակչութիւնը այլ ելք չունի, սեփական իշխանութիւններուն պիտի ստիպէ դիմել միջազգային հանրութեան։ Պէտք չէ մարդոց կեանքերը դարձեալ մտցնել աշխարհաքաղաքական խաղերու մէջ, թոյլ պիտի չտանք, որ այդ մէկը տեղի ունենայ։ Երեք պատերազմ տեսած, ահաւոր կորուստներ ունեցած, սով ու զրկանքներ տեսած մարդիկ վերջապէս պէտք է իրաւունք ունենան ապրելու մարդկային կեանքով։ Մեր զաւակներուն առիթ պիտի տանք ստեղծագործ ու արժանապատիւ կեանքով ապրելու։ Կազմակերպուած տարհանումը առաւելութիւն մըն ալ ունի՝ կը կարողանանք տեղափոխել ու փրկել մեր հոգեւոր-մշակութային շարժական արժէքները եւ պետական արխիւը։ Ամէն պարագայի, կը կարծեմ, թէ մարդոց ընտրութեան հնարաւորութիւն տրուի։ Թող իւրաքանչիւրը անհատական որոշում առնէ։ Բայց այդ հնարաւորութիւնը պէտք է կարողանանք ապահովել։ Ամէն ժամն ու ամէն րոպէն թանկ է, անասելի թանկ»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան