ՉԻՆՈՆ

-Չինոն տեսա՞ք: Փոքր, գանգուր մազերով, բաց սրճագոյն շունիկ մըն է: Poodle է տեսակը:

Կ՚ըսէր փողոցը քալած միջոցին վաթսունին բարեւ տուող տիկին Սաթիկ՝ միջահասակ, նորաոճ հագուածքով, մազի յարդարումով, ժպտուն, բայց քնատ աչքերով, որոնք անթարթ կը դիտէին փողոցին բոլոր մանրամասնութիւնները՝ որսորդի մը պէս, որ յանկարծ պահ մը չսպրդի եւ որսը չանհետանայ:

Կը քալէր զննելով եւ անցորդներուն, խանութպաններուն հարցնելով եւ ցոյց տալով Չինոյին պատկերը ձեռնահեռաձայնէն:

Լիբանանէն տարիներ առաջ Երեւան հաստատուած եւ այն օրէն իսկ Չինոն որդեգրած էր, երբ կենդանին նոր ծնած էր: Տարիներու մտերմութիւն մը, որ անակնկալօրէն կը խզուի:

-Կորե՞լ է:

Կը հարցնէ թաղեցի մը պատկերը տեսնելով: Տիկին Սաթիկին աչքերը կը փայլին, կ՚ուզէ զսպել ինքզինք, բայց արցունքի կաթիլները կ՚երեւին ցոյց տալով խոր յուզումը, եւ.

-Երէկ, այս փողոցին վրայ կորսուեցաւ:

Կը լսուի նուաղ ձայնը եւ կը շարունակէ քալել ու որոնել:

Յաճախ կը տեսնուէր տիկին Սաթիկ Չինոյին հետ՝ շունիկին վիզէն կապուած պարանը քաշ տալով, երբեմն բարկանալով, երբեմն խօսելով անոր հետ, երբեմն գրկելով զայն, որ թաթերը չաղտոտին, իսկ ձմրան ցուրտին շունն ու տիկին Սաթիկը անորաքներ հագած կը զբօսնէին:

Տարիներո՜ւ մտերմութիւն, շունչի մը ներկայութիւն տան մը մէջ, վարժութիւն մը, որ իսկոյն կը բացակայի անհատին կեանքէն: Անակնկալ կորուստ մը, որ կը փոթորկէ ամէն ինչ եւ դրոշմը կը թողու երկար ատեն, անջնջելի՝ երբեմն: Վարժութիւնն է, որ կը խլուի անհատէն անակնկալօրէն, վարժութիւնը թերեւս իրի մը, կենդանիի մը կամ անհատի մը, որ չկայ այլեւս:

Կենդանին տան չմեծցող զաւակն է, որ անընդհատ պէտք ունի տիրոջ՝ ուտելու, մաքրուելու, պտտելու:

Տիկին Սաթիկը տեսայ դարձեալ Չինոյին կորսուած օրէն մօտ շաբաթ մը անց, առանձին, առանց արցունքի, բայց.

-Շունիկը գտա՞ք,- հարցուց թաղեցի մը:

-Ոչ, չգտանք,- պատասխանեց յուզումով:

-Գիտէ՞ք, թէ շուները երբ մահանալու լինեն, կը փախչեն իրենց տէրերից,- շարունակեց թաղեցին:

Մխիթարա՞նք էր, թէ փորձառութեամբ հաստատուած իրականութիւն մը: Եթէ երկրորդն է, ապա ի՜նչ հաւատարմութիւն:

-Մեր բարեկամին շան սատակը գտել էին տնից մի քանի փողոց հեռուն, կորսուելուց մի շաբաթ անց:

Շարունակեց թաղեցին:

-Ո՛չ, Չինոն պիտի վերադառնայ:

Ժխտեց տիկին Սաթիկ Չինոյին գտնուելուն յոյսին կայծ տալով:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022