ՍԽԱԼ Կ՚ԸՆԵՆ, ԵՐԲ ՀԱՑԻՆ «ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՆ»…
Մերձաւոր Արեւելքի մարդոց համար հացը սոսկ սեղանի զարդ չէ։ Հացը առատաձեռնութեան ու կեանքի բարիքներու խորհրդանշանը չէ միայն, այլ աւելին։
Ձեւով մը հացը անապահով խաւերու ապրուստի նեցուկն է, անոնց «պահապան հրեշտակ»ը եւ նեղ օրերու հաւատարիմ ընկերը։
Այս տողերը գրեցի, պարզապէս փորձելով իմ ընթերցողներու հետ կիսուիլ այն մտորումները, որոնց դէմ յանդիման եկայ այսօր կարդալէ ետք, որ Լիբանանի մէջ մէկ կապոց հացին գինը պիտի կրկնապատկուի եւ դառնայ 3000 լիբանանեան թղթոսկի։
Այդ երկիրը, որ անցաւ ամեհի եւ ծանր տառապանքներէ ու հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու, կարողացաւ պահել-պահպանել հացի սակագինը, որ նաեւ ինչ-որ չափով ապահովութեան զգացում տարածող դրութեան մը ցուցանիշն էր։
Շատերուս համար արդէն իսկ կը թուի, որ երբ մարդիկ հացի գինին հետ «խաղան», երկիրը ինչ-որ կերպ անցած է բոլոր տեսակի «կարմիր գիծեր»ը եւ արագօրէն կը գլտորի անդունդն ի վար։
Եւ մինչ այդ, իրենց ամէնօրեայ սեւ հացին համար պայքարող անտեսուած խաւերը կը յաջողէին, իրենց բաժին ինկած կտոր մը հացը ճարել, այսօր անոնք եւս յայտնուած են անօթի մնալու վտանգին առջեւ։
Եթէ նոյնիսկ, հացը, ինչ-որ պայմաններու տակ եւ ինչ-որ տեղ դարձած է անապահով խաւերու «փրկիչ»ն ու պահապանը, ապա այսօր ան կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ անորոշութեան կը տանի երկրի աղքատ դասակարգը, որուն համեստ ներկայացուցիչներէն շատ-շատեր ունին հինգ-վեց զաւակ, հետեւաբար նաեւ, ինչ-որ տեղ յայտնուած են անօթութեան սեմին։
Մեր նախնիները, եղած են գաղթականներու զաւակներ, անոնք ոչինչէն կարողացած են ստեղծել ապահով օճախներ, ունեցած են հաց ու աղօթք իրենց սեղաններուն, սակայն չեն մտածած, որ ժամանակ մը ետք իրենց յետնորդները դարձեալ կռիւը պիտի տան յանուն կտոր մը «սեւ հաց»ի...։
Այսօր Լիբանան այդ ժամանակներէն կ՚անցնի ու հացին սակը 1500 լիբանանեան լիրայէն 3000 հազար լիրա դարձնելու պատկան մարմիններու որոշումը՝ աւելիով կը հիմնաւորէ մեր նախնիներու այն վարկածը, որ հացին հետ «խաղ» տալը, հացի արժէքին հետ «խաղալ»ը յղի է ծանր հետեւանքներու, ա՛լ ուր մնաց, երբ ամբողջ Լիբանանը վերածուած է ականապատ տակառի մը, որուն մէջ լեցուածը սեւ վառօդ է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան