ԱՐԴԷՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՄԻՍԸ
Այո՛, արդէն մէկ ամիս։ Ռազմական ճանապարհով Ուքրանայի «հարցը լուծել»ու միտուած Ռուսաստանի գործողութիւնները կը շարունակուին։
Երկու կողմերը՝ Ուքրայնա (որպէս պաշտպանուող կողմ ինչ-որ կերպ կրնայ շահագործել իր ունեցած կորուստներու հարցը) եւ Ռուսաստան կը շարունակեն ամեհի լռութիւն մը պահել իրենց տուած զոհերուն, նաեւ ռազմական սարքերու ոչնչացման վերաբերեալ։ Յստակ է նաեւ, որ Ռուսաստանի բանակը ստիպուեցաւ փոխել ռազմավարութիւն, ինչ որ երեւելի է անզէն աչքով։
Օրինակ, պատերազմի առաջին շաբաթներուն վերլուծաբաններ կը շեշտէին, որ Մոսկուայի ամենակարեւոր թիրախը Քիեւի գրաւումն է, սակայն, այսօր պատերազմի երկրորդ ամսուան առաջին օրերուն պատկերը նոյնը չէ։ Ի դէպ, Քիեւի ուղղութեամբ ռուսական ուժերու արշաւը որոշ չափով դանդաղած է՝ ո՛չ միայն զօրքերը համալրելու հետեւանքով, այլեւ՝ մարդկային գործօնի գերզգայուն պատկերով, ինչ որ շատ թանկ պիտի արժէ ռուսերուն համար։ Խօսքը յատկապէս Ուքրայնայի կողմէ շահագործուող «մարդկային վահան»ի մասին է։ Զոհերն են Ուքրայնայի ամենապարզ քաղաքացիները, որոնք այս կամ այն ձեւով թիրախ կը դառնան ռուսական կրակներուն՝ ստեղծելով իսկապէս «մարդկային-քաոս»ի ընդհանուր իրավիճակ մը, որ օգտակար չէ որեւէ կողմի համար։
Կայ նաեւ վարկած մը, ըստ որու, Ռուսաստան որոշած է ամէն գնով իր ուզած աւարտին հասնիլ եւ Ուքրայնան դարձնել աղէտալի երկիր մը, ուր բանակ գոյութիւն չունի եւ մատնուած է մեծ դժուարութիւններու։ Ան բնաւ մտահոգուած չէ ստեղծուած վիճակներով եւ կրնայ երկար սպասել ու նոյնիսկ «ժամանակ շահիլ» առկայ պատկերին վրայ։
Ճիշդ է, որ Մոսկուա կը յապաղի իր նպատակներուն հասնելու եւ ընտրած է «քալել»ու նոր մեթոտ մը՝ վար բերելով քաղաքներու մեծ կառոյցները եւ մահացու հարուածներ տալով Ուքրայնայի ամենամեծ քաղաքներուն։ Ան նաեւ կը յուշէ, որ իր նպատակները անփոփոխելի են եւ այս ընթացքը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, որ տակաւին Փութին չէ հասած իր վերջնական նպատակներուն։
Ինչ կը վերաբերի անցեալ օրերու ռազմական գործողութիւններուն, ապա ամենաթէժ մարտերը տեղի կ՚ունենան Քիեւի արուարձաններուն մէջ։ Մէկէ աւելի փաստարկներ կան, թէ ներկայ փուլին ռուսական զօրքը չի պատրաստուիր ներխուժել մայրաքաղաք, այլ կը սպասէ՝ հիմնուած ըլլալով նոր ռազմավարութեան վրայ։ Այսինքն, ամենածանր հարուածներ հասցնելով հիւծել քաղաքը եւ դժուար այլընտրանքներու առջեւ դնել Քիեւի դիմադրութիւնը ղեկավարող կողմերը։ Բաց աստի, Սեւ ծովու ամբողջ ափը վերահսկողութեան տակ առնելու առընթեր, ռուսական ուժերը ծանրօրէն կը հարուածեն Մարիուփոլը, որ նեկայ դրութեամբ կը համարուի բանալի քաղաք մը։ Ինչ կը վերաբերի այդ գիծի ամենակարեւոր կէտին՝ Օտեսային, ապա այնտեղ եւս ռուսական ուժեր ծանր կերպով կը հարուածեն քաղաքը։ Բայց եւ այնպէս, մինչեւ այս պահը Օտեսան կը շարունակէ համարուիլ՝ Ուքրայնայի բանակի վերահսկած ամենաուժեղ քաղաքը։
Անարդար կամ կողմնակալ թող չհնչէ. ՆԱԹՕ-ի Պրիւքսելի վերջին գագաթաժողովի մասնակիցները մեծ հաշուով ջուր ծեծեցին։ Բարձրագոյն մակարդակի ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն, բայց եւ այնպէս, այդքան ալ կարեւոր չէ այդ հանգամանքը՝ ի տես այն վիճակին, որու մէջ է Ուքրայնան՝ որպէս երկիր եւ որպէս ժողովուրդ։ Մօտաւոր ապագային, անշուշտ, աւելի յստակ պիտի դառնայ, որ պատերազմի այս փուլին Արեւմուտքին համար (յատկապէս ԱՄՆ-ի համար) առաջնահերթ է ո՛չ թէ արագ հրադադարը, այլ նաւթի եւ կազի վերաբերեալ իրենց մտավախութիւններու փարատումը։ Ճիշդ է, որ մասնաւորապէս ԱՄՆ կը շարունակէ դրամական մեծ միջոցներ տրամադրել Ուքրանյնային, բայց, նոյն ուղղութեամբ խաղաղարար ճիգերը շատ նօսր են եւ անուժ։ Արեւմտեան պլոքին համար այսօր նաեւ նպատակ դարձած է աւելիով ուռճացնել Ռուսաստանի դէմ առկայ ատելութիւնը, եւ այդ ձեւով ալ փորձել ամէն գնով Ռուսաստանը «կտրել» միջազգային ընդհանուր արենայէն։
Սխալներ ունի,ի հարկէ, ռուսական կողմը. սխալներ, որոնք երեւելի պիտի դառնան ո՛չ միայն վաղը, այլ՝ երկար ժամանակի վրայ։ Բայց, եթէ հաշուի առնենք Արեւմտեան պլոքը՝ որպէս հզօր ուժ, տնտեսական առանցք եւ մեծ համակարգ, նոյնիսկ ռազմական մեծագոյն ներուժով քաղաքական թեւ՝ ապա յստակ է, որ ան չի վարուիր նոր աշխարհի «տէրն ու տիրական»ին նման։ Իսկ եթէ ընդունինք, որ այս ընթացքով եւ սրութեամբ առկայ տարակարծութիւններուն ճամբով Արեւմուտքը նաեւ որոշ պատգամներ կը հասցնէ Չինաստանին, ապա անոնք համարեա, թէ իրենց հասցէատէրերուն հասած են։
Արեւմտեան պլոքը այսօր մեծ քննութեան մը առջեւ է։ Պիտի շարունակէ աշխարհին ներկայանալ՝ որպէս գերհզօր ուժ, բայց նաեւ պիտի մեղադրուի առկայ տարակարծութիւնները աւելիով սրելով եւ առկայ կրակին վրայ քիչ մը աւելի իւղ լեցնելով։ Այլ խօսք, որ ինչ հետեւանքներով կրնայ աւարտիլ այս պատերազմը, սակայն, բացայայտօրէն յայտնի է, որ որպէս ռազմական կարող ուժ՝ Ռուսաստան անտեսելի երկիր մը չէ։
Կայ նաեւ վարկած մը, թէ այս պատերազմին յաջորդելիք փուլը Եւրոպայի «քայքայման» սկիզբը պիտի ըլլայ։ Բազում առումներով իր ներքին ինքնիշխանութիւնը «ոտքով-գլուխով» ամերիկացիներուն յանձնած Եւրոպան սեփական մարմնին վրայ պիտի զգայ Ռուսաստանի դէմ սահմանուաւծ պատժամիջոցներու ծանր հետեւանքները։
Գալով կարեւորագոյն հարցադրումին, թէ ո՞վ կամ ովքե՞ր պիտի ըլլան այս պատերազմէն օգտուողները։ Յստակ է՝ Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը՝ պայմանաւ, որ ամերիկեան կողմը կարողանայ ճիշդ օգտագործել իր կուտակած միաւորները, նաեւ Իրանի հետ բանակցութիւնները բարեյաջող աւարտի հասցնել։ Իսկ Չինաստանի մասին խօսելու ժամանակ անպայման պէտք է հաշուի առնել, որ այդ երկիրը կը շարժի առանց «իզմ»երու եւ կը հիմնուի միայն ու միայն շահադիտական կանոններու վրայ։ Այս առումով ալ, ինչ որ ալ ըլլան պատերազմի հետեւանքները, ապա հասկնալի է՝ եթէ այս փուլին Փեքին չմտնէ պատերազմի մէջ, ապա պիտի ըլլայ մեծագոյն շահողը այս ընթացքներէն։
Ռուսաստանին այդքան ալ արեւոտ օրեր չեն սպասեր։ Պարզէն աւելի պարզ է, որ իբրեւ երկիր ան ունի անսահմանելի ներուժ մը։ Հետեւաբար պիտի կարողանայ (գուցէ դժուարութեամբ) դուրս գալ այս պատերազմէն։ Յստակ է նաեւ, որ ան պիտի փոխէ իր հռետորաբանութիւնը (գուցէ ստիպուած) ու իր «ես»ը թելադրելէ անդին՝ պիտի փորձէ օգտուիլ Չինաստանի նոր դերի բարձրացումէն։
Արեւմուտքը երկար ժամանակով՝ որպէս «թշնամի» պիտի պահէ Ռուսաստանը։ Բայց եւ այնպէս, այդ բոլորը կրնան նաեւ խթան դառնալ, որպէսզի Ռուսաստան վստահելով իր ուժերուն վերագտնէ ինքզինքը ու կերպով մըն ալ փակէ՝ իր սահմանները վտանգած եւ Արեւմուտքի համար «խաղ ու պարի» եզերք դարձած, «ըմբոստ» եւ «գունաւոր Ուքրայնա»ի սեւ թղթածրարը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան