ՆՈՐԱԾԻՆ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

գ. Պորտին աղեթափումը. Ատիկա պորտը ծակով աղիքներուն դուրս գալն է: Պորտին կաշին կը պրկուի եւ ուռուցք մը կը կազմէ: Ատիկա ծնունդէն քանի մը ամիս յետոյ կը գոյանայ եւ առհասարակ այնպիսի երեխաներու վրայ, որոնք շատ կու լան եւ կը ճչան: Հազացած ատեն աղիքները կը սեղմուին փորին մէջ, պորտին օղը կը լայնցնեն եւ դուրս կը ցցուի: Եթէ այդ ժամանակ ուռուցքը կամաց սեղմենք, կը զգանք, որ ներս կ՚երթայ եւ կամաց-կամաց կ՚անհետանայ. աղիքները դարձեալ փորին մէջ կը լեցուին: Այն ատեն շատ դիւրին է մատով շօշափել պորտին ծակը, որու մէջ կրնայ մատը մտնել: Այս աղեթափումը շատ ցաւալի է, որովհետեւ աղիքները կրնան այլեւս ներս չերթալ ու սեղմուիլ: Ուրեմն, պորտը իյնալէն յետոյ պէտք է զգուշանալ, որպէսզի երեխան ճիչեր չարձակէ, որպէսզի չլայ եւ ստամոքսը կանոնաւոր ըլլայ, քանի որ ճիգեր ըրած ատեն երեխան աղիքները կը սեղմէ, որոնք կրնան դուրս գալ պորտի տեղէն, որովհետեւ տակաւին լաւ չէ փակուած:

Եթէ աղեթափութիւնը արդէն գոյացած է, պէտք է կամաց սեղմելով ներս լեցնել աղիքը, յետոյ ծակին վրայ բամպակ (բինդ) դնել-կապել: Գլխաւորը այս կապն է:

Բինդը 2-3 վերշոկ լայնութեան կապ մըն է, որու վրայ կարուած է բամպակէ փոքրիկ (պորտին ծակէն քիչ մը մեծ) բարձիկ մը: Այս բարձիկը կը սեղմէ ծակը եւ չ՚արտօներ, որ աղիքը դուրս թափի: Բարձիկը կարելի է հինգ կոպէկանոցով շինել, որ պէտք է փաթթեկ բամպակի եւ կտորի մէջ եւ կապէն կարել: Կապը պէտք է պահել մինչեւ որ ծակը ծածկուի: Դեղատուներուն մէջ պատրաստի կապոցներ կը ծախեն:

Զ.

ԾԻԾԻԿՆԵՐՈՒ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄ

Նորածինին ծիծիկները կրնան բորբոքիլ եւ թարախակոյտ դառնալ: Սկիզբը, երբ քիչ մը ուռած են եւ կոշտացած, պէտք է բամպակ դնել եւ կապել, զգուշանալով, որ կուրծքը չսեղմուի, իսկ եթէ արդէն թարախ գոյացած է, անհրաժեշտ է տաք փաթեթ դնել:

Է.

ԾՆՕՏՆԵՐՈՒՆ ԿԾԿՈՒՄԸ ԵՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՐԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Նորածին երեխային ծնօտին մկանները յանկարծ սաստիկ կը կծկուին եւ ծնօտները իրարու կը փակին, այնպէս որ անկարելի է բերանը բանալ: Այս կծկումը կը տարածուի վիզին, կուրծքին, թեւերուն եւ ուրիշ մկաններու վրայ, այնպէս որ երեխան ուղղակի կը փայտանայ: Հետեւանքը ընդհանրապէս մահ կ՚ըլլայ:

Պատճառը, ինչպէս ապացուցուած է, արիւնի թունաւորումն է: Թոյնը պորտի վէրքէն արիւնին մէջ կը մտնէ, եթէ ան կեղտոտ պահուած է:

Ասկէ կը հետեւի, որ այս սոսկալի, մահացու հիւանդութենէն երեխան պաշտպանելու համար պէտք է պորտին վէրքը մաքուր պահել:

Միայն նկատէք, որ երեխային ծնօտները իրարու կպած են եւ չեն բացուիր, անմիջապէս բժիշկի դիմեցէք. իսկ մինչեւ անոր գալը, թաշկինակ մը կամ սպունգ մը վերցուցէք, տաք (400) ջուրի մէջ թաթխեցէք եւ շուտ-շուտ երեխային ծոծրակին ու ողնաշարին դրէք, կամ ալ հիւանդը տաք լողարանի մէջ նստեցուցէք:

Ը.

ԲՇՏԻԿԱՅԻՆ ՑԱՆԸ (պեմֆիգուս)

Հասարակ կամ սիֆիլիսային (ժառանգական սիֆիլիս) կ՚ըլլայ: Հասարակ ձեւը այն է, որ մարմինին վրայ կարմիր կէտեր կ՚երեւին, որոնք 2-3 օր յետոյ բշտիկներու կը վերածուին, այսինքն՝ փոքրիկ թափանցիկ պզուկներ, որոնք սպիտակ կամ դեղնաւուն հեղուկով լեցուած են: Մի քանի օր ետք ալ, անոնք կը ծաղկին, կը դատարկուին, մաշկը կը կնճռոտի եւ կը գոյանան փոքրիկ վէրքեր, որոնք շուտով կ՚առողջանան: Երբեմն ամբողջ մարմինը այդպիսի բշտիկներով ծածկուած կ՚ըլլայ: Սակայն, բոլորը մէկ անգամէն դուրս չեն տար, այլ՝ հետզհետէ: Հիւանդութիւնը 7-էն 12 օր կը տեւէ:

Մինչեւ բժիշկին գալը, հիւանդը տաք լողարանի (վաննայի) մէջ դրէք, լուծողական տուէք. իսկ եթէ բշտիկները մեծ են, մաքուր ասեղով ծակեցէք  եւ վրան բորային խառնուրդով մաքուր լաթ մը դրէք: Շատ լաւ է նոյնպէս օրական մէկ-երկու անգամ վաննա դնել:

Սիֆիլիսական պեմֆիգուսը տարածուած կ՚ըլլայ ամբողջ մարմինին վրայ, նոյնիսկ ձեռքերու ափերուն մէջ եւ ոտքերուն տակ: Այս հիւանդութիւնը ծնողներու հիւանդ դրութեան (ծնողները սիֆիլիս կամ վատ ցաւ պէտք է ունեցած ըլլան) հետեւանք է: Ատոր բժշկութիւնը միայն բժիշկը կրնայ տալ:

Թ.

ԱՐՆԱՓՍԽՈՒՄԸ ԵՒ ԱՐՆԱԼՈՒԾՈՒՄԸ

Երբեմն ուղղակի ծննդեան առաջին օրերը նորածինները արիւնահոսութիւն կ՚ունենան բերանէն եւ երաստանէն: Երբեմն երեխան այն արիւնը կը փսխէ, որ ան կուլ տուած էր մօր արգանդին մէջ իսկ: Փսխումը անվնաս է, նոյնիսկ օգտաւէտ է, որովհետեւ ստամոքսը կը դատարկուի: Այսպիսի արիւնահոսութիւնը չի նուաղեցներ երեխան եւ շուտով կը դադրի: Իսկական արնալուծութիւնը եւ արնափսխումը շատ արագ ուժասպառ կ՚ընեն երեխան: Ան կը գունատի, մարմինը կը սառչի, կապոյտ գոյն կը ստանայ, սիրտը շատ թոյլ կը բաբախէ, զարկերակը հազիւ նշմարելի կը դառնայ: Ասիկա շատ ծանր հիւանդութիւն մըն է, որմէ երեխան արիւնաքամ կ՚ըլլայ եւ մէկ կամ մի քանի օրուան ընթացքին կը հանգչի [կը մահանայ]:

Միայն արիւնահոսութիւն նկատուի, պէտք է շիշերու կամ բղուղներու մէջ եռման ջուր լեցնէք, հագուստներու մէջ փաթթէք եւ վերմակին տակ երեխային չորս կողմէ դնէք: Մեր ժողովուրդին մէջ մարմինը տաքցնելու համար ընդհանրապէս գործի կը դրուի տաքցուած խուփը, ագուռը, եւ այլն: Միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ է երեխային ձեռքերն ու ոտքերը շփել-տաքցնել:

***

Ասոնք են նորածին երեխան հարուածող գլխաւոր հիւանդութիւնները: Մէկ անգամ եւս ըսենք, որ պէտք է միշտ բժիշկի դիմել, իսկ մեր խորհուրդները անոնց համար է, որոնք չեն կրնար բժիշկի դիմել:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 3 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2022