ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ»
Մինչ Լիբանանի վարժարանները ոչ գրկաբաց ձեւով կը դիմաւորեն ամառնային արձակուրդի օրերը, անդին հազարումէկ խնդիրներ կը շարունակեն մնալ անլոյծ ու ասոնց կողքին ալ մեծ հարցադրումներու «ամպրոպ»ը՝ հակառակ ամրան տապին՝ կը շարունակէ կուտակուիլ ծննդավայրիս երկնակամարին վրայ։
Ինչու դպրոցներու նիւթով սկսայ, որովհետեւ սփիւռքի տարածքին հայկական վարժարաններու մեծամասնութիւնը յայտնուած է գերխնդիրներու առջեւ։ Իսկ ուշագրաւն այն է, որ Լիբանանի տարածքէն ներս գործող կրթօճախները միայն տեղայնական բնոյթ չունին, այլ մեծ առումով կը համարուին հայկական աշխարհի (մեծ հաշուով Հայաստանէն դուրս) մարդուժի մատակարարման հիմնարար կեդրոններ։
Անշուշտ Լիբանանի, ինչպէս զանազան ոլորտները, նոյնպէս ալ կրթական ոլորտը յայտնուած են բազում խնդիրներու առջեւ, հիմնականին երկիրը հարուածող տնտեսական բարդ եւ տագնապալի իրավիճակին պատճառաւ։
Ամէն պարագայի, որպէսզի իմ ընթերցողները աւելի մօտէն իմանան, թէ ինչ իրավիճակ կը տիրէ Լիբանանի մէջ, օրերս հեռավար կապով զրուցեցինք Լիբանանի Ազգային վարժարաններու ուսումնական խորհուրդի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին հետ։ Ստորեւ հարցազրոյցը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ։
*
-Գիտենք, որ բաւականին դժուար տարեշրջան մը եղաւ Լիբանանին, հետեւաբար երկրի կրթական համակարգին համար։ Այս բոլորէն ետք, ձեր ունեցած տուեալներով՝ արդեօք հայկական վարժարանները կամ Ազգային վարժարանը կարողացա՞ն տարեշրջանի կրթական ծրագրի համալրումը ապահովել։
-Առաջին անգամը չէ, որ Լիբանան կ՚ապրի անբնական պայմաններու մէջ։ Եթէ այլ երկիրներ քորոնայի պատճառով կը դիմագրաւեն առողջապահական տագնապ, Լիբանան կը դիմագրաւէ նաեւ քաղաքական տագնապ եւ անկէ բխած՝ ընկերային-տնտեսական ահաւոր տագնապներ, ահաւոր բառին ամբողջական իմաստով։
Երկիրը 11 օգոստոս 2020 թուականէն ի վեր կառավարութիւն չունի։ Դրամանիշը արժեզրկուած է 750 առ հարիւր։ Անգործութիւնը հասած է վտանգաւոր աստիճանի, իսկ չքաւորութիւնը՝ երկրի բնակչութեան 55 առ հարիւր համեմատութեան։ Այս թիւերը շատ բան կ՚ըսեն տիրող ընդհանուր կացութեան մասին, այն պայմաններուն մասին, որոնց մէջ կը գործեն այսօր Լիբանանի վարժարանները՝ պետական թէ անձնական։
Հետեւաբար, տագնապը թէ՛ նիւթական է, թէ՛ կրթական եւ թէ արհեստագիտական, որովհետեւ Լիբանանի ենթակառոյցը պատրաստ չէ կրթական առցանց դասաւանդութիւնները բնականոն կերպով ապահովելու երկրի աշակերտութեան։ Կայ ելեկտրականութեան եւ համացանցի խնդիր, որ հազարումէկ տաղտուկ կը ստեղծէ առցանց դասաւանդման ժամանակ։ Երկրորդ՝ կայ կրթական ծրագիրներու հարց։ Առցանց դասաւանդութիւնը չի նմանիր վարժարան ներկայութեամբ դասաւանդութեան։ Կրթական ծրագիրները կրճատուած են։ Պետական քննութիւններ ունեցող դասարաններու պարագային, պետութիւնը ի՛նք դասեր եւ նիւթեր կրճատած է, որպէսզի աշակերտներ կարենան քայլ պահել կրթական առցանց դրութեան պարտադրանքներուն հետ։ Վերջապէս, կայ դպրոցները պահելու ամենալուրջ խնդիրը։ Այսօր, ծնողներ ի վիճակի չեն իրենց զաւակներուն կրթաթոշակները հոգալու։ Ազգային-բարեսիրական միութիւններ անկարող են շահութաբեր ձեռնարկներ կատարելու եւ վարժարաններուն նիւթապէս օժանդակելու, հետեւաբար միակ փրկութիւնը կը մնան արտասահմանի բարերարները եւ լիբանանահայ կարգ մը ունեւորներ, որոնք ի վիճակի են այս կամ այն ձեւով իրենց գումարները արտասահմանեան դրամատուներէն դուրս բերելու, որովհետեւ երկիրը կը դիմագրաւէ նաեւ ելեւմտական տագնապ եւ դրամատուներ չեն արտօներ, որ մարդիկ ճշդուած գումարէ մը աւելի դրամատունէն դրամ դուրս հանեն։ Իսկ ճշդուած գումարը, ամսական 300-500 տոլարի համազօր լիբանանեան թղթոսկի է, ինչ որ ընտանիքի մը ամսական ծախսերուն չի բաւեր, ուր մնաց՝ բարերարութեան։
Այս ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենալով, Լիբանանի թեմի ազգային իշխանութիւնը այս տարի ազգային վարժարանները յայտարարեց անվճար։ Դասերը կատարուեցան առցանց։ Միայն գրաւորներու եւ քննութիւններու համար միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները ներկայացան վարժարան՝ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ճշդուած բոլոր պայմանները յարգելով։
Պէտք է հաստատել, որ կրթական ծրագիրները գրեթէ իրենց լրումին հասած են, բայց նաեւ պէտք է խոստովանիլ, որ մասնագէտներու եւ կրթական մշակներու վկայութեամբ, ո՛չ այն արդիւնաւէտութեամբ, որ աշակերտները վարժարան յաճախելով պիտի սորվէին։ Ուսուցիչներ դասերը կը փոխանցեն, բայց առցանց դրութեամբ աշակերտներ միշտ չէ որ պէտք եղած ձեւով կ՚ընկալեն իրենց փոխանցուածը։ Արհեստագիտութիւնը չի կրնար փոխարինել դասաւանդման շունչը, ուսուցիչի ոգին, որ գիտելիքէ անդին՝ դաստիարակութիւն եւ նկարագիր կու տայ աշակերտներուն, կրթութիւն եւ հմտութիւն կը փոխանցէ անոնց։
-Մեր իրականութեան մէջ մեծ գրաւ դրուած է հայկական վարժարաններուն միջեւ համագործակցութեան հիմունքին վրայ, այսօր ինչպիսի՞ն է ընդհանուր պատկերը։
-Միջվարժարանային համագործակցութիւնը միշտ ալ փափաքելի եւ օգտակար եղած է։ Սակայն, տարիներու ընթացքին ան սահմանափակուած է միջվարժարանային ձեռնարկներով եւ աշակերտական մրցանքներով, ինչպէս օրինակ՝ շարադրական եւ արտասանական մրցանքներ, Ապրիլեան միացեալ ոգեկոչումներ, ՀՄԸՄ-ի կազմակերպութեամբ միջվարժարանային աշակերտական մարզախաղեր։ Գործակցութիւնը աւելի անդին չէ անցած, կրթական միատեսակ ծրագիրներու եւ դասագիրքերու որդեգրման աստիճանին չէ հասած։ Յարանուանութիւններ եւ միութիւններ ունին իրենց իւրայատկութիւնները, որոնց կառչած կը մնան անպայման։ Յաճախ որդեգրուած են հայոց պատմութեան եւ կրօնի տարբեր դասագիրքեր, դասաժամերու տարբեր բաշխումով եւ արժեւորման գնահատականի տարբեր նիշերով։ Պէտք է ընդունիլ, որ այս մարզին մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները բազմաթիւ են եւ կրնա՛ն աւելի բազմանալ՝ երկրի պայմաններուն բնականոնացումով։
-Վերջերս Լիբանան հրապարակուող մի քանի պարբերականներ տեղեկութիւններ տուին, այն մասին, որ ուսուցիչներու արտագաղթի պատճառով երկրի կրթական համակարգը պիտի ցնցուի. կա՞յ այդպիսի բան։ Եւ այս առումով ալ ինչպիսին է հայկական վարժարաններու ուսուցիչներու ընդհանուր դրութիւնը։ Արտագաղթի նոր ալիքի մը մասին մտավախութիւններ կա՞ն։
-Հակառակ երկրի դիմագրաւած ծանր եւ բազմատեսակ դժուարութիւններուն, լիբանանահայ կրթական համակարգը կանգուն կը մնայ համայնքի ազգային մարմիններու հսկայական ճիգերով։ Ազգային Առաջնորդարանը կը հոգայ դպրոցներու նիւթական կարիքները։ Այս իմաստով, մեր դպրոցները անտէր չեն։ Առանձին չեն։ Տագնապին բռնկումին առաջին օրէն, թէ՛ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, թէ՛ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը եւ թէ զանազան գաղութներու մէջ կատարուած հանգանակային արշաւները նիւթական կարեւոր օժանդակութիւններ ցուցաբերեցին մեր վարժարաններուն։ Անցեալ տարի օժանդակութիւն մըն ալ ունեցանք «Կիւլպէնկեան» հիմնարկէն, որմէ շատ աւելին կ՚ակնկալենք, իբրեւ երկար տարիներու գործընկեր եւ արեւմտահայերէնի պաշտպան հիմնարկութիւն։
Հակառակ մէկուկէս տարուան տագնապին եւ հակառակ Լիբանանի կարգ մը վարժարաններու փակման երեւոյթին, մեր վարժարանները, առաւելաբար համահայկական ճիգով կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը պահել եւ ուսուցիչներու թոշակները ապահովել։ Կը շեշտենք համահայկական ճիգը, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը առանց այդ ճիգին կրնայ այլ ճակատագիր ունենալ։ Տարիներ շարունակ, լիբանանահայութիւնը նիւթապէս եւ մարդուժով թեւ ու թիկունք կանգնած է հայրենիքին, Արցախին եւ սփիւռքի զանազան համայնքներուն։ Այսօր, իր կամքէն անկախ, պայմանները այնպէս մըն են, որ համայնքը ի՛նք կարիքը ունի օժանդակութեան եւ շնորհակալ գործ կը կատարեն բոլոր անոնք, որոնք որեւէ ձեւով կը հասնին տագնապահար լիբանանահայութեան։
Ինչ կը վերաբերի արտագաղթի երեւոյթին, պէտք է յստակացնել, որ Լիբանանէն զանգուածային արտագաղթի երեւոյթներ չկան, որովհետեւ մարդիկ ի վիճակի չեն իրենց տուն-տեղը ծախելու կամ դրամատուներու մէջ պահ դրած գումարները առնելու, որպէսզի կարենան գաղթել եւ նոր տեղ, նոր կեանք սկսիլ։ Կան երիտասարդներ, յատկապէս նոր համալսարանաւարտներ, որոնք կը գաղթեն գործի փնտռտուքով եւ իրենց ընտանիքները պահելու մտահոգութեամբ։ Ուսուցչական կազմերու պարագային, անդամներուն մեծամասնութիւնը կը պատկանին իգական սեռին եւ մայրեր կամ մեծ մայրեր են, որոնք իրենց ընտանիքով ճամբորդելու կարելիութիւնը չունին։ Հետեւաբար, անոնք կը շարունակեն գործել տարիներ շարունակ զիրենք պահած կրթական հաստատութիւններուն մէջ։ Անշուշտ, այս չի նշանակեր, որ վաղը, միւս օր, եթէ դրամատնային պայմանները փոխուին, տնտեսական վիճակը փոխուի եւ կարելիութիւններ ստեղծուին՝ արտագաղթողներ կրնան չըլլալ։ Կրնան ըլլալ, մի՛շտ ալ եղած են, բայց նորեր պիտի գան փոխարինելու հիներուն եւ մեկնողներուն տեղը, առանց մեծ ցնցումի ենթարկելու մեր վարժարանները։ Այս պարագային մտահոգութիւնը այլ տեղ է։ Երիտասարդներ, որոնք կը գաղթեն, պատճառ կը դառնան, որ համայնքին մէջ նոր ընտանիքներ չկազմուին, երեխաներ չծնին եւ մանկապարտէզները կամաց-կամաց ամայանան եւ… աշակերտական թիւերը նուազին, կրթական համակարգը դնելով նոր եւ շատ աւելի դժուար լուծելի մարտահրաւէրներու դիմաց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան