ՊԱՅՏԸՆԻ «ՄԻԱԿ ՏԱՐՏ»Ը «ՀԻԶՊՈՒԼԼԱ՞Հ»Ն Է
Կը թուի, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միակ տարտն ու ցաւը «Հիզպուլլահ»ի զէնքն է։
Անշուշտ, այս «վերյիշեցում»ը կը կատարենք այն պահուն, երբ ԱՄՆ-ի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը վերանորոգած է Լիբանանի համար առկայ «Ազգային անվտանգութեան համար արտակարգ երկիր» խորագրով օրէնքը, որուն մէջ ալ մանրամասնօրէն նշուած է, թէ «Հիզպուլլահ» կը շարունակէ Իրանէն արդիական եւ շրջանային կարեւորութամբ զէնքերու կուտակումը։
Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած այս որոշումը, թէկուզեւ չի նշեր, որ վերջին շրջանին «Հիզպուլլահ» ո՞ր ճամբով եւ ի՞նչ տիպի զէնքեր ստացած է, բայց եւ այնպէս յայտարարութեան շեշտադրումներէն կը հասկցուի, որ ԱՄՆ-ի միակ տարտն ու գործը «Հիզպուլլահ»ի ուժական ներկայութիւնն է։
Մինչ Լիբանան «կը մղկտայ» իր ցաւերուն մէջ, անդին աշխարհի «տէրն ու տիրական»ը ներկայացող հզօր Ամերիկան, մոմ մը վառելու եւ օգնութեան ձեռք մը երկարելու փոխարէն, բոլորիս կը յիշեցնէ, որ իրենց՝ ամերիկացիներուն համար կայ մէկ գերխնդիր, որ կը կոչուի Իսրայէլի անվտանգութիւնը։
Այս բոլորի կողքին, երբեք պատահական չէ, որ ԱՄՆ-ի կողմէ եղած յայտարարութիւնները կը հնչեն՝ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ 33-օրեայ պատերազմի 15-րդ տարեդարձի օրերուն։
Լիբանան կը ցաւի, սակայն ԱՄՆ կը խօսի Իսրայէլի «ցաւ»երուն մասին։
Լիբանան սնանկութեան եւ սովի շեմին է, սակայն արեւմտեան պլոքին համար էականը «Հիզպուլլահ»ը «հրէշացնել»ն է։
Սովորական ու պարզ Լիբանանի քաղաքացին կը տագնապի, սակայն հիմնականը Մերձաւոր Արեւելեքի զէնքի եւ ուժի կշիռներու սթաթիւքոյի պաշտպանումն է։
Անշուշտ, այս բոլորը տեղի կ՚ունենան այն պատճառով, որ ո՛չ Թել Աւիւ եւ ոչ ալ Ուաշինկթըն մինչեւ հիմա մարսած են 2006 թուականի պատերազմին հետեւանքները, հակառակ անոր, որ Ուաշինկթըն ի սպառ կը փորձէ այդ հակամարտութեան վերաբերեալ «չէզոք» դիրքերէ խօսիլ։
Հարցը զանազան առիթներով ու զանազան հարթակներու վրայ արծարծուած է, ու աշխարհին համար աւելի քան բացայայտ է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան միտուած որեւէ ծրագիր ընթացք պէտք է առնէ նախ եւ առաջ Թել Աւիւէն։
Իսրայէլացիք կենսասէր են, իրենց պետութեան համար պայքարող մարդիկ են, սակայն յաճախ կը մոռնան, որ խաղաղ եւ կայուն կեանք մը վարելու համար, ամէն գնով ընդունելու են արաբ եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները։
Բաց աստի, անոնք նաեւ պէտք է հասկնան, որ Լիբանանի հետ «խաղեր տալ»ու ժամանակը վաղուց սպառած է։
Լիբանանը առաջուանը չէ։ Լիբանանը առաջուան նման գլուխ հակելու պատրաստ չէ ու մանաւանդ, լիբանանցի ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան համար երկրի դիմադրութիւնը ներկայացնող «Հիզպուլլահ»ը կոչուած է պաշտպանելու անոնց արժանապատուութիւնն ու արդար իրաւունքը։
Տարիներ առաջ, երբ Իսրայէլի թանքերուն համար ազատ պտոյտի գօտի էր Լիբանանը, շատեր յառաջ կը քաշէին այն թեզը, ըստ որուն «Լիբանանի ուժը իր թուլութեան մէջ է...»։
Թերի ու տկարամիտ էր այդ մօտեցումը, որմէ օգտուելով Իսրայէլ շարունակական կերպով նախճիրներու ենթարկեց Լիբանանը, Պէյրութ ներխուժեց 1982 թուականին, ու այդ բոլորի կողքին Լիբանանի հարաւի անզէն ժողովուրդը դարձուց զոհ ու գաղթական։
Իսրայէլ այդպէս մօտեցաւ աշխարհի կեղծ դատապարտումները մէկիկ-մէկիկ պատռելով ու բոլորին ալ անթաքոյց ըսելով, որ իրենց պետութիւնը «հիմնուած է արեան եւ նախճիրներ»ու վրայ, հետեւաբար իրենք ճիշդ են ու այդպէս պիտի շարունակեն առ յաւէտ։ Կարծէք այս չէր բաւեր, Իսրայէլ ամէն կերպ փորձեց փախստական պաղեստինցիներու թեզը «իրմով ընել» ու այդ երկսայրի սուրը խրել լիբանանցիներու կոկորդին։
Արդիւնքը՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմն էր, որուն հետեւանքով ալ «Միջին Արեւելքի Փարիզ»ը համարուող Պէյրութը արեան մէջ խեղդուեցաւ...
Սակայն ո՜վ զարմանք, Իսրայէլի բանեցուցած ճնշումները, զէնքն ու կրակը հակառակ ազդեցութիւն գործեցին եւ ծնունդ տուին «Լիբանանի իսլամական դիմադրութեան», որ այս անգամ յենլով Իրանի նեցուկին ու զէնքին վրայ, կարողացաւ խաղի կանոնները փոխել ու դառնալ ո՛չ միայն լիբանանեան, այլեւ՝ շրջանային ազդեցիկ ուժ։
Անշուշտ, մինչեւ դիմադրութեան գոյացումը կարեւոր եւ նշանակալից փուլեր կան, սակայն այդ բոլորին մէջ ամենաէականն այն է, որ Լիբանանի ժողովուրդին մեծ մասը հասկցած է, որ Իսրայէլի հետ խօսելու միակ արդիւնաւէտ միջոցը՝ զէնքի եւ ուժի միջոցն է։ Այս նոր վիճակը չմարսելով ու դիմելով արեւմտեան պլոքի իր «հարազատներու»ն, Իսրայէլ դարպասեց ու դեռ ալ կը փորձէ պաշարել Լիբանանը։
Այդ պաշարման անունը դուք դրէք՝ տնտեսական, ելմտական, դրամական, սնունդի, նաւթի եւ հոգեբանական, սակայն նպատակը մէկն է, որուն թիրախն է «Հիզպուլլահ»ը։
Լիբանանի վիճակը այս օրերուն ծանր է ու զարգացումները անկանխատեսելի։ Ամենաուշագրաւը այն է, որ անոնք, որոնք այս պաշարումը «կերտեցին», կ՚ըմբռնեն արդեօք, որ պատերազմի դաշտերուն վրայ տեղի չտուած ու չպարտուած դիմադրութեան զինուորները պիտի նահանջե՞ն այս պայքարին մէջ։
Գեհենի օրերը, որոնք նաեւ «շինծու» են, պիտի անցնին։
Լիբանանը դարձեալ ոտքի պիտի կանգնի, պաշարումը պիտի վերանայ ու երկիրը ամէն գնով պատժելու միտուած փորձերը պիտի տապալին։ Նոր չէ Մերձաւոր Արեւելքի համար տարուող այս պայքարը։ Աւելի քան բացայայտ է, որ բոլոր անոնք, որոնք գրոհի եւ կրակի անունով կու գան, պարտուած ու գլխիկոր պիտի հեռանան արեւելքէն։
Այդպէս եղած է անցեալին ու այդպէս ալ պիտի ըլլայ վաղը, էականը սակայն խաղաղութեան եւ արդարութեան հիմունքներն են, որոնք ամէն օր «կրակը կը նետուին» այն ուժերուն կողմէ, որոնք իբրեւ թէ աշխարհի տէրերն են։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան