ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

Սուրբերու յիշատակութենէն ետք կը կատարուին գործող եպիսկոպոսապետին, թեմակալ առաջնորդին եւ պատարագիչ քահանային անուան յիշատակութիւնները, իսկ աւելի ետք սուրբ սեղանին սպասարկող սարկաւագներն ու դպիրները բարձրաձայն եւ եղանակաւոր կ՚երգեն. «Մեր Տէր Աստուած, գոհութիւն եւ փառաբանութիւն կը մատուցենք Քեզի այս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին համար, որ այս սուրբ սեղանին վրայ է: Որպէսզի ասիկա մեզի կեանքի սրբութիւն պարգեւէ: Ասով շնորհէ՛ մեզի սէր, հաստատութիւն եւ ըղձալի խաղաղութիւն՝ ամբողջ աշխարհին, Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ բոլոր ուղղափառ եպիսկոպոսներուն, մեր եպիսկոպոսապետին եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետին, Տէր (անունը) սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, (վիճակիս) բարեխնամ առաջնորդ, Տէր (անունը) եպիսկոպոսին եւ քահանային՝ որ այս պատարագը կը մատուցէ:

Նաեւ քրիստոնեայ թագաւորներուն եւ բարեպաշտ իշխաններու զօրութիւններուն յաղթութիւններուն համար: Աղաչենք եւ խնդրենք նաեւ մեր հանգուցեալ հոգիներուն համար: Առաւելապէս, մեր հանգուցեալ րաբունապետներուն, այս սուրբ եկեղեցին կառուցողներուն եւ անոնց համար՝ որոնք ասոր հովանիին տակ կը հանգչին:

Ազատութիւն՝ մեր գերուած եղբայրներուն, շնորհ՝ ներկայ ժողովուրդին եւ հանգիստ՝ հաւատքով եւ սրբութեամբ ի Քրիստոս վախճանածներուն: Անոնց յիշատակը եւս այս պատարագի ընթացքին թող ըլլայ, կ՚աղաչենք»:

Գոհութեան այս հատուածը վառ ապացոյց մըն է բոլոր անոնց, որոնք կ՚ըսեն թէ մեր այսօրուան պատարագը ծիսական արարողութիւն մըն է լոկ, հոգի չկայ անոր մէջ, մեր առօրեային հետ ո՛չ մէկ առընչութիւն ունի եւ նման առարկութիւններ կը կատարեն: Արդարեւ, եթէ ուշի ուշով կարդանք սարկաւագներուն եւ դպիրներուն բարձրաձայն երգած այս քարոզը, ապա պիտի նկատենք, որ այս քարոզը Աստուած-մարդ, մարդ-մարդ յարաբերութեան իւրայատուկ նմոյշ մըն է, ուր առաջին հերթին մատուցուած այս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին միջոցով գոհութիւն եւ փառաբանութիւն կը մատուցենք Ամենակալ Աստուծոյ: Վկայութիւն կը տրուի այս Պատարագի կեանքի սրբութիւն պարգեւելու յատկութիւն ունենալուն, ինչպէս նաեւ՝ սէր, հաստատութիւն եւ ամբողջ աշխարհին ըղձալի խաղաղութիւն շնորհելուն: Այլ խօսքով, ճիշդ կերպով ըմբռնուած Պատարագը եւ հոգիով եւ անկեղծ ապրումներով անոր մեր մասնակցութիւնը, մեզի կեանքի սրբութիւն կը պարգեւէ, ինչպէս նաեւ մեր աղօթքներուն շնորհիւ՝ որոնք կը միաձուլուին այդ Պատարագին՝ սէր, հաստատութիւն եւ ամբողջ աշխարհին ըղձալի խաղաղութիւն կը շնորհուի: Ո՛չ միայն ամբողջ աշխարհին, այլեւ՝ Սուրբ Եկեղեցիին, բոլոր ուղղափառ եպիսկոպոսներուն, այսինքն՝ անոնց, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը ուղիղ վարդապետութեամբ դէպի Աստուած կը տանին, Աստուծոյ փարախին մէջ կը պահեն՝ պահպանելով զանոնք ամէն տեսակի փորձութիւններէ եւ թշնամիին կողմէ կատարուած յարձակումներէ, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսապետին՝ որ է օրուան կաթողիկոսը, թեմակալ առաջնորդին, այսինքն՝ տուեալ շրջանի առաջնորդին եւ՝ պատարագը մատուցող քահանային:

Հոգեւոր առաջնորդներուն համար խնդրանք կատարելէ ետք, խնդրանք կը կատարուի նաեւ աշխարհիկ ղեկավարներուն համար, անոնց յաջողութեան եւ յաղթութիւններուն համար: Որմէ ետք յիշատակութիւն կը կատարուի այս անգամ՝ Յաղթական Եկեղեցւոյ անդամներուն համար, այսինքն անոնց՝ որոնք ի Քրիստոս ննջած են, որով սարկաւագները կը ձայնեն՝ աղաչենք եւ խնդրենք նաեւ մեր հանգուցեալներուն հոգիներուն համար, րաբունապետներուն, տուեալ եկեղեցին կառուցողներուն՝ ուր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը կը մատուցուի եւ այդ եկեղեցւոյ հովանիին տակ հանգչողներուն համար:

Ապա, սարկաւագները ժողովուրդին շեփորն ըլլալով կը խնդրեն ազատութիւն՝ մեր գերուած եղբայրներուն, գերուած՝ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեպէս, երեւոյթ մը, որ մեր ժողովուրդին անբաժան ընկերակիցն եղած է երկար դարերէ ի վեր, խօսքը ֆիզիքական գերութեան մասին է. իսկ հոգեւոր գերութիւնը, ապա մարդ մի՛շտ ենթակայ է այդ գերութեան մէջ յայտնուելուն, եթէ հեռանայ Աստուծմէ, հեռանայ Մայր Եկեղեցիէն, Ուղղափառ վարդապետութենէն, ուրանայ Տէր Յիսուսի փրկագործութիւնը եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը իր կեանքին մէջ:

Սարկաւագներն ու դպիրները կը խնդրեն նաեւ շնորհ՝ Սուրբ Պատարագին ներկայ ժողովուրդին եւ հանգիստ՝ հաւատքով եւ սրբութեամբ ի Քրիստոս վախճանածներուն, այսինքն՝ Քրիստոսի յարութեան յոյսով ննջածներուն:

Աւարտին, ինչպէս սուրբերու յիշատակութեան ընթացքին աղաչանք կը մատուցուէր, որպէսզի անոնց յիշատակը ըլլայ այս Պատարագին, այստեղ եւս սարկաւագները քարոզի աւարտին նոյն աղաչանքն ու խնդրանքը կը մատուցեն, ըսելով՝ որ անոնց յիշատակը թող ըլլայ այս Սուրբ Պատարագին:

Այս յիշատակութիւններէն ետք եւ նախքան քարոզ հատուած մը կայ, որ փոխն ի փոխ կ՚երգուի սարկաւագներուն եւ դպիրներուն կողմէ1: Այս հատուածը, աւելի ճիշդ երգի վերածուած թիւ քարոզը ծանօթ է՝ որպէս Յիշելեաց քարոզ: Սուրբ սեղանին սպասարկող սարկաւագը կամ սարկաւագները նախ կը սկսին, ձայնելով.

- Խաղաղութեան համար եւս Տիրոջ աղաչենք:

Խաղաղութիւնը արդարեւ, մարդու հոգեմտաւոր աշխարհին համար կարեւոր յատկութիւն մըն է, որպէսզի մարդ ի վիճակի ըլլալ այս փոթորկալից աշխարհին մէջ ապահովութեամբ նաւարկել, առանց հեռանալու Աստուծմէ:

Դպիրները կը պատասխանեն.

- Տէ՛ր, ողորմէ:

Այսինքն՝ խաղաղութեան խնդրանքին դիմաց, կ՚աղերսենք Քեզի Տէր, ողորմէ՛ մեզի եւ խաղաղութիւն շնորհէ (նոյն տրամաբանութեամբ յաջորդող երեք խնդրանքներուն դպիրները կը պատասխանեն նոյնութեամբ):

Դարձեալ սարկաւագները կը ձայնեն.

- Բոլոր սուրբերով, որոնք յիշատակեցինք, առաւել եւս Տիրոջ աղաչենք:

Նախորդ մեր գրութեան մէջ մէկ առ մէկ յիշատակեցինք բոլոր այն սուրբերը, որոնք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կը յիշատակենք, այստեղ վկայակոչելով անոնց յիշատակութիւնը եւ անոնց յիշատակութեամբ զօրացած, սարկաւագները ժողովուրդին խօսնակն ըլլալով, սուրբերու օժանդակութեան կը դիմեն առաւել եւս Տիրոջ աղաչելու:

Դարձեալ սարկաւագները կը ձայնեն.

- Մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին համար, որ սուրբ սեղանին վրայ է, Տիրոջ աղաչենք:

Մարդկային մեր փոխյարաբերութիւններուն մէջ երբ ոեւէ մէկուն ուզենք բան մը նուիրել, կ՚աշխատինք այնպիսի բան մը ընտրել, որպէսզի հաճելի ըլլայ եւ ընդունելի անոր, որուն կ՚ուզենք նուիրել: Նոյնն է պարագան Սուրբ Պատարագին, որ պատարագիչ քահանայ հայրը յանուն ժողովուրդին կը մատուցէ Աստուծոյ եւ ահա այստեղ սարկաւագները այդ խնդրանքն է, որ որպէս աղաչանք կը մատուցեն Աստուծոյ՝ սուրբ սեղանին վրայ մատուցուած Պատարագին համար: Արդարեւ, իւրաքանչիւր Պատարագի մասնակից պէտք է այս գիտակցութեամբ մօտենայ եւ մասնակից դառնայ ընդհանուրի անկեղծ եւ առաքինի մօտեցումին, որպէսզի մատուցուած Պատարագը հաճելի եւ ընդունելի ըլլայ Աստուծոյ: Շատ յաճախ մեր կողքիններուն նայելով (յատկապէս երբ կը ճանչնանք ու անոնց վատ վարք ու բարքին տեղեակ ենք) կը սկսինք մենք մեզ դատաւորի տեղ դնել ու դատել զանոնք, մոռնալով սակայն Տէր Յիսուսի խօսքերը. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ, որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անով պիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէ ձեզ դատելու համար» (Մտ 7.1-2): Հետեւաբար, մենք դատաւոր ըլլալու չենք կոչուած, քանի որ ինչքան ալ առաքինի վարք ունենանք, միշտ կրնանք իյնալ ու սայթաքիլ: Տակաւին, իրաւունք չունինք դատելու, որովհետեւ շատ յաճախ ինչ բանով, որ ուրիշները կը դատենք, նոյն բանը մենք կ՚ընենք, ինչպէս Պօղոս Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ուստի արդարացում չունիս, ո՛վ մարդ, դուն՝ որ ուրիշները կը դատես, որովհետեւ ի՛նչ բանով որ ընկերդ կը դատես՝ ինքզինքդ կը դատապարտես, քանի որ նոյն բաները դուն ալ կը գործես, դուն՝ որ կը դատես: Որովհետեւ գիտենք, թէ Աստուած ճշմարիտ դատաստանով պիտի դատէ անոնք, որ այսպիսի բաներ կ՚ընեն» (Հռ 2.1-2) եւ ի՜նչ սարսափելի է անոր վիճակը, որ Կենդանի Աստուծոյ դատաստանի կ՚արժանանայ:

Դարձեալ սարկաւագները կը ձայնեն.

- Որպէսզի մեր Տէր Աստուածը, որ այս Սուրբ Պատարագը ընդունեց իր երկնային եւ իմանալի Սուրբ մատուցարանին մէջ, անոր փոխարէն մեզի իր Սուրբ Հոգիին շնորհներն ու պարգեւները ուղարկէ, Տիրոջ աղաչենք:

Մարդկային մօտեցում, որ հոգեւորի քօղին տակ իր բնական եւ ճշգրիտ ընկալումը կը ստանայ: Մենք՝ որպէս մահկանացուներ մեր պարտաւորութիւնը կը կատարենք Տիրոջ նկատմամբ, անոր մատուցելով Սուրբ Պատարագը, ատոր փոխարէն ակնկալիք ունենալով, որ Տէր Աստուած մեզի ուղարկէ իր Սուրբ Հոգիին շնորհներն ու պարգեւները, որոնցմով ամրացած ու զօրացած կարենանք արժանի զաւակները շարունակել մնալ մեր Երկնաւոր Հօր:

Դարձեալ սարկաւագները կը ձայնեն.

- Ընդունի՛ր, ապրեցո՛ւր, ողորմէ՛ եւ պահպանէ՛ մեզ Տէր, Քու շնորհքներովդ:

Անգամ մը որ մեր Պատարագը ընծայեցինք մաքուր սիրտով եւ աղաչեցինք Տիրոջ, որպէսզի ընդունի զայն եւ անոր փոխարէն մեզի իր Սուրբ Հոգիին շնորհներն ու պարգեւները ուղարկէ, հիմա առաւել եւս համարձակութիւն ձեռք ձգած կ՚աղաղակենք ու կ՚աղաչենք Աստուծոյ՝ այս անգամ պահանջքի կերպով, որպէսզի ընդունի, ապրեցնէ, ողորմի ու պահպանէ մեզ իր շնորհքներով:

Դպիրները այս խնդրանքին կը պատասխանեն՝ ըսելով.

- Կեցո՛ Տէր եւ ողորմէ՛:

Սարկաւագները կը ձայնեն.

- Ամենասրբուհի եւ միշտ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը բոլոր սուրբերուն հետ յիշելով՝ աղաչենք Տիրոջ:

Խնդրանքներու աւարտին դարձեալ սուրբերու օժանդակութեան կը դիմենք, գլխաւորութեամբ՝ Մայրիկ Աստուածածինին, որուն եւ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը մեր բոլորիս հետ ըլլան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 9

17 յուլիս 2022, Վաղարշապատ


1 «Յիշելեաց քարոզ: Այս անունով կը հասկցուի այն եղանակաւոր քարոզը, որ «Գոհութիւն եւ փառաբանութիւն» երգի աւարտին կ՚երգուի՝ փոխն ի փոխ սարկաւագին եւ դպիրներուն կողմէ: Բոլորիս ալ ծանօթ է այս մէկը իր երեք նշանաւոր տարբերակներով՝ Եկմաեան, Կոմիտասեան եւ Չիլինկիրեան: Երեքն ալ չափազանց ծանր ու հանդիսաւոր են եւ նոյնքան գեղեցիկ ու տպաւորիչ:

Հետաքրքրական է գիտնալ, որ 10-րդ դարու Անձեւացիի Մեկնութեան մէջ անիկա չ՚երեւիր, բայց 12-րդ դարուն Լամբրոնացիի եւ յետոյ, անոր աշակերտ Արճիշեցիի Մեկնութիւններուն մէջ ներկայ է: Հետաքրքրական է դարձեալ ու զարմանալի, գիտնալ՝ որ մինչ կարգ մը ձեռագիր Պատարագամատոյցներ որոշակիօրէն կ՚ըսեն՝ թէ անիկա «ի թիւ» կ՚ըսուի կամ պէտք է ըսուի (տե՛ս Հացունի, Պատարագամատոյց…, էջ 110, ծնթ. 50), 19-րդ դարէն մեզի հասած աւանդութիւնը այսքան հանդիսաւորութիւն կապած է անոր, կարծէք հմուտ երաժշտագէտ դպրապետներ իրենց ստեղծագործական ամբողջ տաղանդն ու վարպետութիւնը դրած են անոր մէջ, հաւանաբար մէկը միւսէն օրինակ առնելով, թէպէտ իրարու աննման (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, «Հասկնանք մեր Պատարագը», Անթիլիաս 2019, էջ 109-110) [սա ապացոյց ու վկայութիւն մըն է, որ մեր Պատարագամատոյցը տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին ըստ քմահաճոյքի ծանրաբեռնուած է առանց եկեղեցական կամ կանոնական ժողովի մը որոշումին կամ կարգադրութեան, ինչ բանի հետեւանքով ունինք մեր այսօրուան գերծանրաբեռնուած Պատարագը: Այս նիւթը առանձին ուսումնասիրութեան կը կարօտի եւ մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան ամենէն կարեւոր կէտերէն մէկը պէտք է նկատուի, եւ ըստ այդմ աշխատանք տարուի այս ուղղութեամբ, որպէսզի մեր Պատարագը ստանայ իր նախկին՝ պարզ, սակայն միաժամանակ հզօր տեսքը]»:

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2022