ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Շատ արծարծուած նիւթերէն է քաղաքականութեան ու բարոյագիտութեան կապը եւ շատ յաճախ քաղաքականութիւնը եւ ընդհանուր քաղաքագիտութիւնը դասակարգուած են շատերու կողմէ՝ որպէս ամենաանսկզբունք եւ շահադիտական ոլորտներէն ու գիտութիւններէն մին: Ընդհանուր քաղաքականութիւնը մեծ հասկացողութիւն է եւ անոր հիմնական ու անմիջական մարմնաւորումը կամ թարգմանութիւնը մարդոց քով կը պարզանայ պետութիւններու վարած դիւանագիտութիւնով ու որդեգրած ծրագիրներով:
Քաղաքականութիւնը բնութագրուած է՝ որպէս հնարաւորին արուեստը եւ ան պատմութեան սկիզբէն ի վեր զանազան մակարդակներով զուգակցած է մարդուն, իսկ առանց անոր մարդկային հաւաքական շարժ ու տնօրինում չկայ՝ ինչքան ալ շահադիտական ու ոչ-առաքինի ըլլայ անոր արժէքաբանութիւնը: Քաղաքական որոշումներ, քաղաքական վարք, ինքնին մեծ քաղաքականութիւն՝ այս բոլորը ձեւով մը մարդուն այսպէս ըսած ճակատագիրը գծած են եւ առաւելաբար մարդկային ամէնօրեայ կեանքին ընթացքը իրականացուցած: Մեծ ու փոքր քաղաքականութիւնները անբաժան մասն են մարդուն եւ անոնց ուղղակի եւ անուղղակի, բացայայտ ու թաքուն ազդեցութիւնները մարդը կը դարձնեն մասնիկը մեծ եղելութեան մը, որուն անունն է կեանքի ղեկավարում: Շատ մը պարագաներու անյայտ կամ անհասկնալի կը թուի այդ ղեկավարումը եւ այդ ղեկավարումի քաղաքականութիւնը, որ կը կատարուի ենթադրեալ մէկ կամ բազմազան կողմերու միջոցաւ, դարձեալ կը թուի չվերծանող, բայց ներկայ դարուն յարաբերաբար աւելի բաց ու երեւելի-հետապնդելի իրականութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ անհատներուն աւելի մասնակից ըլլալու այդ ղեկավարման ու ձեւով մը դերակատար ըլլալու նոյնիսկ չղեկավարուելու առումով (չմոռնանք, որ երկար դարեր հասարակարգերը ստրկատիրական էին):
Գալով բարոյագիտութեան՝ ան կրօնքի, ընկերաբանութեան եւ ուսման հիմքն է, թէեւ օրինակ Ֆրիտրիխ Նիչէն զայն կը բնորոշէ նաեւ՝ որպէս դասակարգային հասկացողութիւն։ Չի կրնար համամարդկային միասնական ու մէկ բարոյագիտական արժէք գոյութիւն ունենալ որեւէ ժամանակի մէջ, այսինքին չարի ու բարիի արժէքները կը սերտաճին հասարակութեան կամ համակարգին հետ: Եւ կրօնքներու ալ բերած բարոյագիտութիւնը յարաբերականօրէն կախեալ է գործադրման եղանակներէն, այսինքն մեծ ու փոքր քաղաքականութիւններէն:
Բարոյագիտութիւնը կրնայ անձնական ու անհատական մակարդակներով ձեւով մը բացարձակութիւն նուաճել, բայց, մեծ համապետական ու համամարդկային կեցութիւնը այսպէս ըսուած բարոյականացնելու իմաստով ան պէտք ունի օրէնսդրութեան եւ նոյն այդ օրէնսդրութեան ու գործադրութեան եղանակը կը յամենայ եւ աւելի կոշտ իմաստով կ՚իրագործուի քաղաքականութեան միջոցաւ:
Քաղաքականութեան եւ բարոյագիտութեան միջեւ կապը միշտ կը թուի անուղղելի եւ բացասական։ Այսինքն, ուր որ կայ քաղաքականութիւն (աւելի միջպետական իմաստով), հոն կայ, եթէ դառնօրէն կոչենք, անբարոյականութիւն, հոն չկայ անկեղծութիւն, չկայ սկզբունքայնութիւն, պարզապէս կան յաւերժական, յարափոփոխ, անաւարտ-շարունակուող ու մշտանորոգ շահեր:
Եթէ փորձենք յայտնաբերել, թէ ինչպէ՞ս շահը կը սկսի, քաղաքականութի՞ւնն է շահ ստեղծողը, թէ ինքնին շահը ինքնակոչ ու դէպքերու ու պատմութեան դաւալգլորութեան մէկ տեսքն է։ Սա անկանխատեսելի է՝ ինչպէս մեծ ընթացքը։ Կը դժուարանանք պատասխանելու այս հարցումներուն, բայց ուրիշ հարցի մը պատասխանը մեզ կը տանի մարդ էակի (անհատական ու հաւաքական կերպարներով) շահասիրութեան, որ բնոյթ մըն է անխուսափելի, կանգուն ու անփոփոխ: Այս իրողութիւնը մեղմացնելը կամ փորձել ազնուացնելը եւ անոր տուն տուող հանգամանքները փարատելը մեզ աւելի կը դարձնէ անիրապաշտ: Ինչքան ալ գաղափարախօսութիւններով ու յաճախ, ինչպէս պատմութեան մէջ պատահած է, յեղափոխութիւններով ու վարդապետութիւններով մարդ էակը փորձուած է հաւանաբար ազնուացնել, կոփել ու զերծ պահել զայն շահամոլութիւններէն, նոյն այդ շարժումներն ու վարդապետութիւնները չեն կրցած իրենց վարած քաղաքականութիւններով վանել նախ իրենցմէ իսկ շահադիտական մօտեցումները:
Մէկ խօսքով, երբ կայ ղեկավարում եւ քաղաքականութիւն, անոր հետ կայ շահ՝ ինչքան ալ առաքինի թուի այդ ղեկավարման գաղափարախօսութիւնը:
Միջազգային շահու հասկացողութիւնը մեծ ու բազմաբովանդակ է, բայց մշտապէս, երբ բաղդատենք ներկայ ժամանակները անցեալի հետ, կը նկատենք, որ միջազգային ընտանիքը կրցաւ նուազագոյն ձեւով ստեղծել միջազգային օրէնք մը, որ ձեւով մը կը կարգաւորէ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները եւ կը փորձէ նուազագոյն արդարութիւն մը մտցնել անոնց մէջ։ Թէ ինչքա՞ն կը յաջողի, շատ մը ազդակներէ կախեալ է, բայց կ՚արժէ միշտ յիշել ու յիշեցնել, որ նախկին ժամանակներու մէջ միջազգային օրէնք ալ չկար՝ նուազագոյն բարոյագիտութիւն մը ուրուագծող:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ