«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (Պաիսիոս Աթոսացի)

-Եառոնտա. կարդացած եմ, թէ սատանաները հանդերձեալ կեանքին մէջ պիտի չարչարեն մեզ նոյնիսկ մէկ վատ միտքի համար, որ չենք խոստովանած:

-Ուշադի՛ր եղիր, մարդ երբ կը խոստովանի ու խոստովանահօր կ՚ըսէ, օրինակ, թէ բարկացած է, եւ տրամադրութիւն չունի ոչինչ թաքցնելու, այն ատեն ամէն ինչ կ՚աւարտի ու սատանան մեր վրայ այլեւս իշխանութիւն չ՚ունենար: Իսկ եթէ գիտակից կերպով պահենք որոշ մեղքեր ու չխոստովանինք զանոնք, ապա հանդերձեալ կեանքին մէջ պիտի չարչարուինք անոնց համար:

 

-Եառոնտա. մարդ երբ կը խոստովանի իր երիտաարդութեան ընթացքին գործած մեղքերը ու կը շարունակէ մտածել անոնց մասին ու տառապիլ, այդ մէկը կը նշանակէ որ այս պայքարը ճի՞շդ է:

-Եթէ երիտասարդը խորտակուած ձեւով խոստովանի իր մեղքերը, այլեւս կարիք չկայ տառապելու, քանի որ Աստուած կը ներէ անոր՝ խոստովանած իսկ պահուն: Հետեւաբար թող հեռու մնայ հին մեղքերը «հերկելէն», յատկապէս մարմնականներէն, որովհետեւ այդ բանը կը վնասէ իրեն: Պատերազմի մէջ, օրինակ, զինուորի մը կողքին ձեռնառումբ մը կ՚իյնայ սակայն չի՛ պայթիր. պատերազմը աւարտելէն ետք սակայն, այդ զինուորը կը գտնէ այդ ռումբը՝ որ չէր պայթած, ու կը սկսի քննել զայն՝ որով կը պայթի խաղաղութեան ժամանակ:

ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀՕՐ

-Եառոնտա. եթէ հոգեւոր հայրերէն մէկը յանդիմանէ մարդ մը գործած մէկ մեղքի համար, նեղուի ու ընկճուի, արդեօք այդ մէկը նշա՞ն է մարդու ներքին անձնասիրութեան մասին:

-Անշունտ, անոր մէջ եսասիրութիւն կայ: Մարդ պէտք է սիրով ընդունի իր հոգեւոր հօր մեղմ ու կոշտ յանդիմանութիւններուն, երբ իրեն յայտնէ իր մտածումներն ու սայթաքումները, որովհետեւ այդ բոլորին մղումը սէրէն ու ուշադրութենէն կ՚ըլլայ, որպէսզի այդ մարդը յառաջանայ:

 

-Եառոնտա. եթէ յանդիմանութիւնն ու նկատողութիւնը չընդունի:

-Եթէ չըդնունի, ապա անուղղելի պիտի մնայ: Ան որ նկատողութիւններ չ՚ընդունիր անոնցմէ, որոնք կը սիրեն զինք, անկայուն մարդ պիտի մնայ ու հոգեպէս պիտի աւրուի ինքնաբերաբար: Արդարեւ, ինչպէս որ տախտակները՝ որոնք ատաղձագործին յղկումները չեն ընդունիր հումք ըլլալու համար, կը գործածուին թրծաշաղախ ընելու ու աստիճաններ շինելու, որով կը կոխուին ու անոնց վրայ հող ու ցեխ կը լեցուի, որով վերջաւորութեան կրակի կեր կը դառնան, այդպէս ալ այդպիսները կը կործանուին վերջաւորութեան:

 

-Եառոնտա. մարդ ի՞նչ պէտք է ընէ, եթէ տարակարծութիւն ունենայ իր խոստովանահօր հետ որեւէ մէկ հարցի մը շուրջ:

-Պէտք է ըսէ այն, ինչ որ կը մտածէ պարզութեամբ ու խոնարհութեամբ: Տակաւին, խոստովանահայր ընտրելը մեծ ուշադրութիւն կը պահանջէ, որպէսզի մարդ կարենայ վստահիլ անոր ու լսել անոր ուղղումները:

 

-Եառոնտա. մարդ պէտք է յամառի՞ իր կարծիքին վրայ, եթէ այն հակառակի իր խոստովանահօր կարծիքին հետ:

-Ո՛չ. որովհետեւ ինք չի՛ գիտեր, թէ ի՛նչ պահուած է այն բանին ետին, որ ինք սխալ կը կարծէ: Մարդ որպէսզի հասկնայ իր խոստովանահօր կատարած գործը, կարիք ունի իր խոստովանութիւնը ուրիշի մը յայտնելու, իսկ այս բանը երբեք հնարաւոր չէ:

Ենթադրենք, որ մէկը ժամադրուեցաւ իր խոստովանահօր հետ հանդիպելու համար որոշ վայրի մը մէջ, որոշ ժամի մը: Այդ ժամին, սակայն, խոստովանահայրը կը ստիպուի անձնասպանութեան դիմած անձի մը օգնել: Այստեղ, առաջին մարդը կը մեղադրէ իր խոստովանահայրը, թէ ժամադրութիւնը չյարգեց ու անտեսեց զինք: Խոստովանահայրը այս պարագային ինչպէ՞ս արդարացնէ իր ժամադրութեան չգալը: Բացատրէ՞ անոր պատճառը, որով կը ջախջախէ ու կը կործանէ միւս մարդը: Եւ մե՜ծ տարբերութիւն կայ մարդու մը՝ որ կը տխրի, եւ մահուան՝ որու կրնայ դիմել ուրիշ մարդ մը:

Օր մը մէկը եկաւ մօտս՝ իր ծանօթներուն բազմաթիւ փորձերէն ետք, որպէսզի այցելէ ինծի: Ուրախութեամբ դիմաւորեցի զինք, ողջագուրուեցայ, անոր վարդարան մը եւ փոքրիկ սրբապատկերներ նուիրեցի: Խեղճը մոլորուած էր եւ կողքինները չէին հասկացած անոր վիճակը, որով մտահոգուած էին: Չէի կրնար բացատրութիւն մը ներկայացնել, որ մէկը հանգստացնէր իսկ միւսը՝ կործանէր:

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՀՕՐ ՀԵՏ ՃԻՇԴ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

Խոստովանահյարը երբ կը փափաքի ոեւէ մէկուն օգնել, ապա կը փորձէ այդ մարդը Յիսուսին կապել եւ ո՛չ թէ իր անձին, եւ երբ յաջողի այդ բանին մէջ՝ կ՚ուրախանայ, միաժամանակ միւս մարդը իր պայքարին կը սկսի նպատակակէտ ունենալով զՅիսուս, որով երկուքն ալ վարձատրութիւն կը ստանան եւ ամէն ինչ բնականոն կ՚ընթանայ:

Իւրաքանչիւր մարդ որ որեւէ մէկ գործ կը կատարէ մտածելով իր խոստովանահօր պատճառած տխրութեան ու ուրախութեան մասին, առանց ուշք դարձնելու Յիսուսին՝ որ այդ գործը կը տեսնէ, ապա չ՚օգտուիր՝ աստուածային շնորհքը ընդունած չըլլալուն համար: Միաժամանակ, ո՛չ խոստովանահայրը կ՚ուրախանայ եւ ո՛չ ալ Յիսուս:

Երբ քոյրերէն մէկը շարական կ՚երգէ ու կը մտածէ, թէ արդեօք լա՞ւ է կամ գէշ, եւ թէ արդեօք կը գոհացնէ ու կ՚ուրախացնէ մայրապետի՞ն, ապա ան օգտակարութիւն պիտի չունենայ: Իսկ եթէ Յիսուսին երգեց, ապա ամէն ինչ բնականոն կ՚ընթանայ ու երգեցողութիւնը լաւ պիտի ըլլայ եւ մայրապետն ալ պիտի ուրախանայ:

 

-Եառնոտա. յանցանքը կ՚իյնայ մարդու մը վրա՞յ՝ որ ճիշդ չհասկցաւ խոստովանահօր իրեն ըսածը:

-Եթէ չէ հասկցած, որովհետեւ չի փափաքիր հասկնալ՝ ապա ինքն է յանցաւորը: Ոմանք իրենց կամքը Աստուծոյ կամքին կը նմանցնեն:

Մէկը կը հարցնէ իր խոստովանահօր դժուարութեան մը մասին, մինչ իր միտքին մէջ կը պատկերուի լուծումը, որ կ՚ուզէ ու կը հանգստացնէ զինք: Խոստովանահայրը կ՚ըսէ իրեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, սակայն ինք այդ խօսքէն կը հասկնայ, թէ պէտք է ընէ այն՝ ինչ ինք կ՚ուզէ, որով կը կատարէ ուրախութեամբ ու կը հնազանդի: Ետքէն եթէ հարցուի իրեն ինչո՞ւ այդպէս վարուեցար, պատասխանը կ՚ըլլայ՝

-Այդպէս չըսի՞ր ինծի:

Մարդ, սակայն -շատ յաճախ- պէտք չէ բառացիօրէն կառչի իր խոստովանահօր ըսածներուն, որովհետեւ կրնայ ան խօսելու իւրայատուկ ձեւ մը ունենայ:  Ահաւասիկ քեզի պատահար մը.

Քառասուններու մէջ եղող ուսուցչուհի մը, ամուսնացած է ու երեխաներ ունի, տասնվեց տարեկան աշակերտի մը գայթակղեցուցած է: Երիտասարդը իր տունը լքած եւ ուսուցչուհիին հետ բանակած է: Անոր հայրը խուցս եկաւ՝ վշտացած, խրատեցի անոր, որ հետեւի ու գործադրէ խոստովանահօր ըսածները: Երիտասարդին հայրը գնաց խոստովանահօր մօտ եւ կրկին վերադարձաւ քովս՝ տեսնելու համար զիս: Այդ օր պատրիարքարանի ներկայացուցիչներէն այցելուներ ունէի խուցէս ներս, եւ որովհետեւ շատ ժամանակ չունէի խօսելու համար անոր հետ, ըսի երիտասարդին հօր.

-Ըրէ այն ինչ, որ խոստովանահայրը ըսած է քեզի:

Սակայն ան իր լաւ բախտէն չէր գացած: Երբ առիթ ունեցայ նստայ հօր հետ, եւ ան տեղեկացուց ինծի, թէ որոշած է սպաննել այդ ուսուցչուհին, որովհետեւ այդ խրատը տուած էր իրեն խոստովանահայրը: Խնդրեցի անկէ, որպէսզի հանդարտի ու ըսէ ինծի, թէ խոստովանահայրը ի՞նչ ըսած է իրեն: Պատասխանեց.

-Այդ կինը սպաննելը արդարացի է:

Այս արտայայտութիւնը խօսակցութեան ձեւ մըն է, որ չի՛ նշանակեր, թէ պէտք է սպաննել զայն: Այդ դէպքէն սկսեալ այլեւս ո՛չ ոքի կ՚ըսեմ՝ ըրէ այն ինչ, որ խոստովանահայրդ կ՚ըսէ քեզի, այլ սկսայ հարցնել.

-Խոստովանահայրդ ի՞նչ ըսաւ քեզի:

 

-Եառոնտա. մարդ կրնա՞յ օգնութիւն խնդրել խոստովանահայրէն ու միաժամանակ լուծում առաջարկէ:

-Ի՞նչ: Այդ պարագային ինչո՞ւ օգնութիւն կը խնդրէ: Այս պարագային յառաջընթաց չ՚ունենար, եւ իր վիճակը կը նմանի այն հիւանդին վիճակին, որ բժիշկին այցելութեան կ՚երթայ ու կ՚առաջարկէ իր ուզած դեղը: Հիւանդը պէտք է հնազանդի բժիշկին եւ ո՛չ թէ անոր ուղղութիւն տայ դեղերուն՝ որոնք պէտք է նշանակէ իրեն: Բժիշկը ըստ հիւանդութեան կը յայտնաբերէ՝ առ այդ դեղ կը նշանակէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ  

•շար. 47

17 յուլիս 2021, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021