ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ
ԱՆՁՐԵՒԸ
Կրակս,
Հինգ կեղծ շուշաններ՝ ծաղկամանին մէջ եւ
Մեզի ժառանգուած սուգը:
Ամպերուն մէջ՝ ջուր,
Արտը՝ ծարաւ,
Իսկ երկինքը կը պատմէ
Եւ հինգ շուշանները՝ ծաղկամանին մէջ:
Մեծ մօրս աղօթքները ինքնաբուխ էին,
Իսկ մեծ հայրս կը սիրէր շագանակը
Եւ մօրս ճաշը:
Հաւատարիմ գառնուկի մը պէս էի,
Միակ մտահոգութիւնս այն էր,
Որ գարունը մեզ անակնկալի բերէր,
Լուսահոգի մե՛ծ հայրս,
Ողջունէինք անձրեւը,
Որ պիտի թրջէր գերեզմանդ:
Կաղնիները այն օրէն քարը կ՚արիւնեն:
Նախահայրերուն հետ ըսենք. բարին.
Ասիկա արտին երկունքն է. բարին.
Վաղը ծնունդ կու տայ… այլ գարնան մը,
Պտըտող աչքերու պէս,
Որ կը մնան մինչեւ արշալոյս:
Ոչ մայրը մայրս է…
Ոչ ծնեալը՝ եղբայրս,
Եւ ոչ կանաչ աչքերը իմս են,
Բայց կ՚ըսեմ. բարին:
Նո՛յ,
Ձիթենեաց ճիւղ մը պարգեւէ ինծի,
Եւ մօրս… տատրակ մը:
Մենք դրախտ մը կառուցեցինք,
Որ աղբարկղերով կը վերջանայ:
Նո՛յ,
Մեզ մի՛ տանիր,
Հոս մահը խաղաղութիւն է:
Մենք արմատներ ենք,
Որ առանց արտի կեանք չունին…
Եւ իմ արտը թող ըլլայ՝ Յարութիւնը…
ՊԱՐԻՍՊԻՆ ՄՕՏ
Պարիսպին մօտ, քաղաքի պարիսպին,
Ես զիս կ՚արգիլեմ խոստովանիլ,
Թէ տեսայ անոնց, որոնք պիտի գան քիչ ետք
Եւ կառուցեն իրենց պարիսպը՝
Հին պարիսպին մօտ եւ անոր շուրջը:
Տեսայ անոնց, որոնք հոսկէ անցան:
Հոսկէ անցան իրենց պարիսպը
Կառուցելէն ետք՝ հին պարիսպին շուրջը,
Որ կը գրկէր հին պարիսպը:
Պարիսպին մօտ կը գծեմ աստղերու շարք մը
Եւ շրջանակ մը լի աստղերով:
Կը փնտռեմ եղած ներկան կամ գոյը,
Կամ ըլլալիք ներկան:
Մենք կարելիւթիւն ունի՞նք հոս ըլլալու… հիմա:
Կարելիութիւն ունի՞նք ըլլալու
Եւ մեր պարիսպները հո՛ս կառուցելու…
Հո՛ս, հին պարիսպին շուրջը:
Ոտանաւորին հարցուցի, ամպերով խեղդուեցաւ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան