ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼԻ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԻՐ ՇՈՒՐՋ ՀԱՒԱՔԵՑ ԱՄԲՈՂՋ ՍՓԻՒՌՔԸ

Պէյրութի հանդէպ երեւելի դարձած հոգատարութիւնը ուշագրաւ էր։ Նախքան Պէյրութը հարուածած աղէտը, կարգ մը գաղութներու մէջ կար որոշ հետաքրքրութիւն, որուն հիմքով եւ հոգատարութեան միտումով ալ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի հայկական համայնքները կազմակերպեցին տարբեր մակարդակի միջոցառումներ, որոնց հիմնական նպատակը լիբանանահայերուն օգնութիւն ցոյց տալն էր։

Աղէտը, սակայն, նոր իրավիճակ մը ստեղծեց այն իմաստով, որ Պէյրութի հանդէպ առկայ հետաքրքրութիւնը դարձաւ «համատարած» եւ սփիւռքի նոյնիսկ ամենահեռաւոր եւ նիւթապէս ոչ-փայլուն վիճակով համայնքներու անդամ մեր հայրենակիցները քով-քովի եկան, ձեռք երկարելու, յոյս մը տալու եւ մանաւանդ պէյրութցիներուն ըսելու համար, թէ դուք առանձին չէք։

Այս բոլորին զուգահեռ, կարմիր թելի պէս երեւելի կը դառնար, որ այսօրուան «նոր աշխարհ»ի ընձեռած կարելիութիւնները ունեցան դրական դեր մը, որպէսզի «հայկական ներուժ»ը կազմող զանազան գործօններ քով-քովի գան եւ միասին գործ մը առաջ տանին ու նիւթական աջակցութեան կողքին ալ ցոյց տան, թէ հայութիւնը «մէկ սիրտ ու մէկ հոգի» է մօտեցումը իրաւացի է ու ճիշդ։

Եւ այսպէս Ամերիկայի ամենահեռաւոր ափերէն, մինչեւ եւրոպական քաղաքներ, մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, մինչեւ Գանատա, մինչեւ Աւստրալիա, մինչեւ Հայաստան եւ Թուրքիա հայութիւնը լծուեցաւ Լիբանանին օժանդակութիւն եւ նեցուկ տրամադրելու վեհ գործին։

Ըսուած է յաճախ, որ ցաւը, կորուստն ու տագնապը միշտ ալ միացուցած են մեզ, տագնապները միշտ ալ մեզ բերած են հաւաքական եւ անկեղծ գործ մը ի կատար ածելու առաքելութեան եւ այս փուլն ալ այդ «ոսկեայ մօտեցման» արգասիքը դարձաւ։ Մէկդի դրուեցան բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները, սխալերգութիւնները եւ փոքրոգութիւնները ու զարկ տրուեցաւ իրական գործին։

Ճիշդ է, որ եղեռականութեան դիմաց տրուած եւ ցուցաբերուած օգնութիւնը անհամեմատ փոքր էր, սակայն ամէն բանէ աւելի այդ նեցուկը, ստեղծուած մթնոլորտը ու այդ մթնոլորտէն աճած ոգին մեծ էին ու իրական ու նման նախաձեռնութիւններու պարագային հաւաքուած գումարներէն ու օժանդակութեանց քանակէն աւելի կարեւորը ոգեղէն մշտական արժէք ստեղծելն էր, որուն հիմքն անշուշտ «հայութիւնը մէկ է» բանաձեւին վերհանումն էր։

Լիբանանի համար կազմակերպուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, իւրայատուկ տեղ գրաւեց Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, օրեր առաջ տեղի ունեցած առցանց համերգը, որուն նպատակն էր զօրակցութիւն յայտնել ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած լիբանանահայ համայնքին: Համերգը սփռուեցաւ առցանց, առիթ տալով աշխարհասփիւռ հայութեան, որպէսզի իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւններով մասնակցին սոյն նախաձեռնութեան։

Նշեմ, որ ինչպէս «Համազգային»ի պատասխանատուները շեշտեցին, սոյն համերգի գաղափարն ու մտայղացումը կը պատկանի պոլսահայ երգչուհի՝ Սիպիլին, իսկ առցանց համերգին հաղորրդավարի դերով հանդէս եկած է արժանթինահայ լրագրող՝ Լէօ Մոմճեան։

Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին մէկ տասնեակէ աւելի երգիչներ, գործիչներ եւ արուեստագէտներ, ինչպէս վերը նշեցի, մասնակիցներու շարքին էր սիրուած երգչուհի Սիպիլ, որուն հետ ալ ունեցանք հակիրճ զրոյց մը։

*

-Ինչպէ՞ս յղացաւ այս նախաձեռնութիւնը, որո՞ւ գաղափարն էր եւ ի՞նչ էին դրդապատճառները: Նաեւ նկատելի էր, որ համերգի մասնակիցներէն շատեր Պէյրութի հետ ուղղակի կապ մը չէին ունեցած, սակայն հաւատալով որ ազգային գործ մը կ՚ընեն, մասնակցած էին, ինչպիսի՞ն էր անոնց տրամադրուածութիւնը:

-4 օգոստոսին Պէյրութի մէջ պատահած աղէտը շատ մեծ յուզում պատճառեց ինծի։ Նախ շուտով Պէյրութի բարեկամներուս հետ կապ հաստատեցի, բոլորը շատ վախցած ու շատ վատ վիճակի մէջ էին: «Կարծեցինք, որ սա մեր վերջին օրն է... այր ու կին իրարու փաթթուեցանք, որ գոնէ միասին մահանանք», ըսող բարեկամներ ունեցայ: Բոլորը նիւթական կորուստներ ունէին, բայց, փառք Աստուծոյ, իմ բարեկամներս կրցած էին ողջ մնալ: Մինչ այս պայթումն ալ Լիբանանի տնտեսական վիճակը արդէն բնաւ լաւ չէր եւ պայթումը կրկնապատկեց իրենց դժուար կացութիւնը: Պէյրութի իւրաքանչիւր բարեկամի հետ խօսակցութեանս ընթացքին շատ անհանգիստ կը զգայի, կը տառապէի եւ կը խորհէի, որ անպայման պէտք էր բան մը ընէի իրենց համար: Յետոյ զանգեցի իմ ամերիկա-բընակ, պէյրութահայ ընկերներուս եւ հարց տուի, թէ ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ:

Արժանթինահայ արտադրող, լրագրող, իմ լաւ ընկեր Լէօ Մոմճեանին հետ մէկ ամիս առաջ, «City of Smile»ի հովանաւորութեամբ, քաղցկեղէ տառապող երեխաներու համար առցանց համերգ մը կազմակերպուած էր: Այդ համերգէն օրինակ առնելով, «Համազգային»ի Լոս Անճելըսի Շրջանային վարչութեան անդամ, իմ բարեկամուհի՝ Վիլմա Գույումճեանին առաջարկեցի, որպէսզի այս անգամ Պէյրութի համար համերգ մը կազմակերպենք։ Ինք շուտով դիմեց վարչութեան, որու անդամները սիրով ընդառաջեցին, որմէ ետք ալ ես շուտով կապ հաստատեցի Լէոյին հետ: Իսկ Լէոն, ինչպէս միշտ, պատրաստ էր աշխատելու...: Շուրջ մէկ ամիս կազմակերպչական ժողովներ ըրինք՝ Պոլիս, Պուէնոս Այրէս, Լոս Անճելըս, լաւագոյնը ընելու համար: Անշուշտ քորոնաժահրի պատճառով մեր աշխատանքը շատ հեշտ չէր: Ես ալ, ինչպէս միւս երաժիշտները, դժուարութիւններ ունէի, բայց շատ կարճ ժամանակի մէջ յաջողեցանք հասնիլ երաժիշտներուն, որոնք ալ, իրենց հերթին, շատ սիրով ընդունեցին: Բոլորը ուզեցին իրենց նպաստը բերել Պէյրութի համար: Ինչպէս գիտէք, շատ մը ձեռնարկներ կային ի նպաստ Պէյրութի, իսկ մենք ընտրեցինք 19 սեպտեմբերը, որպէսզի ոչ մէկը խաչաձեւած ըլլանք։

-Ձեր կարծիքով, ինչքա՞ն տարածում ունեցաւ այս առցանց համերգը, ի՞նչ էին մարդոց գնահատականները:

-Համերգը սփռուեցաւ Ամերիկայի ժամով երեկոյեան 7.00-ին, որ թէ՛ Պոլսոյ, թէ՛ Պէյրութի, թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ Հայաստանի համար բնաւ յարմար ժամ մը չէր: YouTube-ի եւ facebook-ի յղումներով դիտողներ ալ եղան: Բոլորն ալ շատ զգացուած ու շատ տպաւորուած էին: Անոնք, որոնք ինծի հետ կապ հաստատեցին, իրենցմէ մէկ խօսք լսեցի՝ «Լացուցիք մեզ...»: Շատ կը փափաքինք ու այդ հարցով կապի մէջ ենք, որ այս համերգը Հայաստանի հեռատեսիլէն եւս սփռուի, որպէսզի աւելի հասանելի դառնայ: Յուսամ կ՚իրականանայ մեր փափաքը, քանի որ շատ մեծ աշխատանք ըրինք եւ շատ կը փափաքինք, որ համերգը մեծ տարածում ունենայ եւ առաւելագոյն չափով հասանելի դառնայ մեր ժողովուրդին:

-Կարծես այս համերգով նաեւ սփիւռքի եւ Հայաստանի արուեստագէտները քով քովի եկան, այդ փորձառութեան մասին ի՞նչ կրնաք ըսել:

-Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ աշխարհի չորս կողմը գտնուող երաժիշտներս, «Քեզի համար, Պէյրութ» խորագրեալ համերգին շուրջ միաւորուեցանք, եղանք մէկ սիրտ ու մէկ հոգի: Բոլոր մասնակիցներուն խորին շնորհակալութիւն կ՚ուզեմ յայտնել: Այս համերգին հետ կապուած ինչ յաջողութիւն որ արձանագրուեցաւ, երբեք միայն ինծի պէտք չէ վերագրել: Ես առանձինն ոչ մէկ բան կրնայի ընել: Շուրջս ունիմ հոգիով եւ սրտով ինծի օգնելու պատրաստակամ մարդիկ, այդ անձերէն մէկը նաեւ Լէոն է... Շատ դժուար գործ է... Շատ մեծ աշխատանք տարաւ ինքը: Ապրի ան իր բարի ու սիրայօժար նուիրումին համար:

-Ձեզի համար ի՞նչ արժէք եւ ի՞նչ նշանակութիւն ունի Պէյրութը:

-Ես երկու անգամ Պէյրութ այցելած եմ եւ կրնամ ըսել, որ հիացած էի իրենց լեզուն ու մշակոյթը բարձր պահող լիբանանահայ համայնքով: Իսկ վերջին այցելութեանս, որ տուած էի չորս տարի առաջ, «Համազգային»ի հրաւէրով, մեծ համերգ մը ունեցած էի այնտեղ: Բնականաբար այս համերգէն ետք շատ մը բարեկամներ ունեցայ եւ մեծամասնութեան հետ կապս պահպանած եմ մինչ օրս: Ինծի համար, ինչպէս Պէյրութի, այնպէս ալ աշխարհի բոլոր անկիւնները ապրող հայերը նոյն արժէքը ունին: Բոլոր համերգներուս ժամանակ, ուր որ գացի, բոլորն ալ իրենց սրտերն ու թեւերը բաց ընդունեցին զիս: Եւ ես այսօր պարտաւորուած կը զգամ ձեռքէս եկածը ընելու… Կեանքը մերթ լաւ, մերթ տխուր անակնկալներով լեցուն է… Մենք պէտք է միաւորուինք: Այսպիսով, գիշերները կրնամ հանգիստ քնանալ, երբ գլուխս բարձին դնեմ:

-Եթէ առիթ ըլլայ, այս համավարակի սահմանափակումներէն ետք Պէյրութ երթալ եւ համերգ մը տալ՝ հայկական համայնքին համար, պատրա՞ստ էք այդ մէկուն:

-Շատ մեծ սիրով կ՚երթամ Պէյրութ, համերգի համար: Ինչպէս ըսի, վերջին համերգէս ի վեր արդէն չորս տարի անցաւ: Սակայն կ՚ուզեմ, որ ոչ թէ ցաւի, այլ երջանիկ ու ուրախ պահերը միացնեն մեզ:

Յուսամ շուտով ամէն ինչ բնականոն կը դառնայ, ինչպէս էր չորս տարի առաջ: Այս առցանց համերգին համար յատկապէս իմ երգած «Կիլիկիա»ն, կ՚ուզեմ անգամ մը եւս այդ հողերուն վրայ երգել...:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020