ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչի՞ կը տանին հպարտութիւնն ու խոնարհութիւնը:

Պատասխան. Առակաց 18.12-ին մէջ կը կարդանք. «Կործանումէն առաջ մարդուն սիրտը կը հպարտանայ, բայց փառքին առջեւէն խոնարհութիւնը կ՚երթայ»:

Առաջին ակնարկով կը հասկնանք, որ հպարտութիւնը մարդը կործանումի կը տանի, իսկ խոնարհութիւնը՝ փառքի:

Կեանքին մէջ մարդ իր ունեցած յաջողութիւններն ու ձեռքբերումները շատ յաճախ ինքն իրեն կը վերագրէ, մտածելով, կամ կարծելով, թէ այդ բոլորը իր սեփական ուժի շնորհիւ է, մոռնալով ու անտեսելով Աստուծոյ դերակատարութիւնը իր կեանքին մէջ:

Մարդը, որպէս Աստուծոյ ձեռակերտը, իր բոլոր քայլերուն, ձեռքբերումներուն ու յաջողութիւններուն մէջ պարտաւոր է շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ, որովհետեւ առանց Աստուծոյ մարդս ոչինչ կրնայ իրագործել: Արդարեւ, իմաստութիւնը, ճարտարութիւնը, հնարաւորութիւնը եւ ընձեռուած առիթները, որով մարդ յաջողութիւններու ու ձեռքբերումներու կը հասնի, այդ բոլորը Աստուծմէ տրուած շնորհքներ են իրեն, առանց որոնց մարդ չէր կրնար մէկ քայլ իսկ առջեւ երթալ, որով մարդուն, մանաւանդ հաւատացեալ մարդուն «կը վայելէ որ իր հայեացքը Աստուծոյ իրեն տուած պարգեւներուն ուղղէ, որովհետեւ իր ստացած, կարելիութիւնները, ձիրքերը եւ հնարաւորութիւնները՝ հոգեւոր, գործնական կամ նիւթական, սուրբ պարգեւներ են, որով զԱստուած պէտք է փառաւորէ ու շնորհակալութիւն յայտնէ Անոր: Ինչպէս Սուրբ Եփրեմ Ասորին կ՚ըսէ. “Այն շնորհքը միայն չ՚աւելնար, որ առանց գոհութեան/շնորհակալութեան է”: Իսկ ան որ իր ունեցածը կը կարծէ թէ իր ձեռքին գործն է, ապա այդպիսին ուրացող մըն է Աստուծոյ շնորհքին ու պարգեւներուն, որով ինքզինք կը կորսնցնէ՝ ինչպէս իր ձեռքին մէջ եղածները կը կորսնցնէ» (Հայր Եաագուպ Թատրոս Մալթի):

Արդարեւ, հպարտութիւնը, մեծամտութիւնը մարդս կործանումի կ՚առաջնորդէ, որովհետեւ հպարտ մարդը կ՚ուրանայ Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու ամենազօրութիւնը, եւ ամէն ինչ ինքն իրենց վերագրելով, ինքզինք յաւիտենական կործանումի կը մատնէ:

Ճիշդ հակառակ ընթացքը, խոնարհութիւնը, սակայն, մարդս կ՚առաջնորդեն յաւիտենական փրկութեան եւ երանութեան, որովհետեւ խոնարհութիւնը Երկինքի Արքայութեան հասնելու ամենէն զօրաւոր ու հաստատուն հիմքերէն մէկն է:

Հիմք մը, որ մարդս կը փառաւորէ իր երկրաւոր կեանքին իսկ ընթացքին, զայն պատրաստելով յաւիտենականութեան:

Հիմք մը, որ մարդս կը փառաւորէ երկրաւոր կեանքին իսկ ընթացքին, զայն դասակից ընելով սուրբերուն, մարտիրոսներուն եւ նահատակներուն:

Հիմք մը, որ մարդս կը փառաւորէ երկրաւոր կեանքին իսկ ընթացքին, զայն արժանի դարձնելով Տէր Յիսուսի երանութեան, թէ՝ «կ՚ըսեմ ձեզի, մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ Փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 18.14):

Հիմք մը, որ մարդս կը փառաւորէ երկրաւոր կեանքին իսկ ընթացքին, զայն արժանի դարնձնելով լսելու Խաչուած Յիսուսի ձայնը, թէ՝ «վստահ եղիր, այսօր Ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ» (Ղկ 23.43):

Հիմք մը, որ մարդս կը փառաւորէ երկրաւոր կեանքին իսկ ընթացքին, անոր երկնաքաղաքացիութեան անցագիրը տալով:

Անանիա Նարեկացին այսպէս կը գրէ խոնարհութեան մասին. «Խոնարհութիւն է, երբ մարդիկ քեզ կը փառաբանեն եւ պարգեւներ կու տան, սակայն դուն քու անձիդ արժանիքներուն չես վերագրեր, այլ՝ զԱստուած կը փառաբանես, Աստուծմէ կը գոհանաս եւ կ՚ըսես, թէ այդ Քու ողորմութենէդ է եւ ոչ ըստ իմ արժանիքներուս, ինչպէս որ Սողոմոնը կ՚ըսէ. “Ինչքան մեծութեան ալ հասնիս, դուն քեզ խոնարհ պահէ եւ շնորհք ու ողորմութիւն կը գտնես Աստուծոյ առջեւ”»:

Պաիսիոս Աթոսացին այսպէս կը գրէ. «Խոնարհութիւնը կեանքի զարդն է եւ բոլոր առաքինութիւններուն գեղեցկութիւնը: Արդարեւ ան մարդկային հոգիին համար անձրեւի նման է, որ չոր հողին վրայ կ՚իջնէ: Ցած հարթավայրերը բարեբեր ու բերքառատ են, մինչ բարձր լեռները ընդհանրապէս անջրդի կը մնան: Կանգուն մնացած հասկերը դատարկ կ՚ըլլան, մինչ չոքած հասկերը՝ ցորենի հատիկներով լեցուն կ՚ըլլան: Հետեւաբար, դուք եւս ձեռք ձգեցէք խոնարհ սիրտ մը, որով պիտի պտղաբերիք հոգեւոր պտուղներ, որոնք ձեր փրկութիւնը կ՚ապահովեն»:

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ. «Խոնարհութիւնը մեր մարդկային կեանքին մէջ ամենէն բարձր առաքինութիւններէն մէկն է։ Յաճախ սխալ հասկացուած է ան։ Շատեր խոնարհութիւնը կը նկատեն պզտիկութիւն, փոքրութիւն, նուաստութիւն։ Ո՛չ. խոնարհութիւնը մեծութի՛ւն է, որովհետեւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութի՛ւն է։ Աստուած Ինք երբ խոնարհեցաւ, հապա մենք ո՞վ ենք որ ամբարտաւանանանք։ Ո՞վ է մարդը, որ ինքզինք Աստուծոյ տեղ դնէ։ Շունչ մըն է, որ այսօր կայ վաղը չկայ։ Բայց խոնարհութեամբ, ծառայութեամբ, նուիրումով, խաչով, յոյսով, հաւատքով, մշակոյթով, գիրով, ազգով ապրող մարդն է, Աստուծոյ եւ ազգին համար խոնարհիլ գիտցող մարդն է որ կը բարձրանայ»:

Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեան իր «Լոյս եւ յոյս» վերնագիրը կրող գիրքին մէջ, «Խոնարհութիւն» խորագիրով գրութիւն մը ունի, որ այստեղ մեր սիրելի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք.

«“Փարիսեցին ու մաքսաւորը” առակին մէջ (տե՛ս Ղկ 18.9-14), մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս կը սորվեցնէ մեզի սեփական անձին մասին խոնարհութեամբ ճշմարիտ գնահատական տալու մասին. «Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղկ 18.14):

Իսկ ի՞նչ է խոնարհութիւնը: Խոնարհութիւնը արդեօք անձը ցածցնելն ու նսեմացնե՞լն է: Անշուշտ, ո՛չ: Մենք մեզ ցածցնելու համար խոնարհութեան կարիք չունինք. մեր մեղքերը մեր փոխարէն այդ մէկը կ՚ընեն:

Քրիստոնէական խոնարհութեան գաղտնիքը հետեւեալն է. խաղաղութեան մէջ ըլլալ ինքզինքիդ հետ, ճանչնալ՝ թէ դուն ո՛վ ես, անձիդ ճշմարիտ գնահատական տալ՝ ինքզինքդ միայն Աստուծոյ հետ համեմատութեան մէջ դնելով, թէ դուն Աստուծոյ առջեւ ո՞վ ես: Իսկ երբ Աստուածաճանաչողութեան լոյսին մէջ մեղաւոր էութիւնդ եւ փրկութեանդ համար Աստուծոյ զոհաբերութեան մեծութիւնը կը տեսնես, ակամայ կերպով հպարտ գլուխդ դէպի երկիր, դէպի հողը կը խոնարհի՝ ուրկէ ստեղծուած ես, ըսելու համար՝ «Տէ՜ր, ներէ՛ մեղաւորիս»:

Ի դէպ, լատինական լեզուներուն մէջ, ինչպէս նաեւ անգլերէնին մէջ, խոնարհութիւն “humility” բառը լատիներէն “humus” բառէն կը ծագի, որ հող կը նշանակէ: Այսինքն՝ խոնարհութիւնը նաեւ այն պարզ գիտակցութիւնն է, թէ մարդ արարածներս հողէն ստեղծուած ենք եւ օր մը դարձեալ հող պիտի դառնանք: Կը տեսնէ՞ք, հպարտանալու շատ բան չունինք:

Հետեւաբար, փարիսեցիական ինքնախաբէութեան ու մեծամտութեան պատրանքներէն հեռո՛ւ մնանք եւ խոնարհութեան առաքինութեամբ զարդարուինք: Մեր շրջապատի մարդոց չնայինք, թէ անոնք պահք կը պահե՞ն թէ ոչ, տասանորդ կու տա՞ն թէ ոչ, իրենց մեղքերուն համար կ՚ապաշխարե՞ն թէ ոչ: Ընդհակառակը, մենք մեզ Աստուծոյ հետ համեմատենք, ներհայեցողաբար անդրադառնանք մենք մեզի, մեղքի, չարութեան, անտարբերութեան եւ անհանդուրժողականութեան այն ճահիճին, որուն մէջ մխրճուած ենք:

Այդ ատեն այս պարզ բառերով կրնանք աղօթել Աստուծոյ. «Տէ՜ր, ներէ՛ մեղաւորիս»: Եւ թող որ մաքսաւորին պէս, Աստուած մեր նկատմամբ ալ ներողամիտ ու ողորմած ըլլայ, որպէսզի երբ մեր մարմինէն դուրս գանք, ինչպէս տաճարէն, մեր յաւիտենական տունը արդարացած երթանք»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 61

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2023