ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՈՒՂՂԱԿԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ - 3

Կարելի է նշել նաեւ այլ ոլորտներ, բայց անխուսափելի է շեշտը դնել ծառայողական եւ առեւտուրի մշակոյթի բնագաւառները, որոնց մէջ վարպետ եւ հմուտ կը համարուին սուրիահայերը: Այս երկու ոլորտները (ծառայողական եւ առեւտուր) անմիջական ելմտական չեն համարուիյ, բայց կարեւոր են ընդհանուր ընկերային, մշակութային եւ համապարփակ տնտեսական շրջանառական ներդրման տեսակէտէ:

Այստեղ հարկ է նշել, որ սուրիահայերու միջոցաւ Հայաստանի մշակոյթին հետ ընկերաբանական եւ Միջին Արեւելքի մշակոյթի համալրումը՝ նիւթապէս ակամայ նպաստեց եւ Հայաստանի իրականութեան մէջ սուրիահայերու աշխուժացած եւ ներկայանալի դերը շօշափելի դարձաւ բազմերանգ ձեւերով: Կարելի է նաեւ աւելցնել մշակութային յաւելեալ ներդրումներ, որոնք այսպէս կամ այնպէս տնտեսական ոլորտը սնուցանող առանցքներ են:

Այստեղ կարելի է յիշել.

- Հայաստանի կրկնակի ծանուցումն ու ներկայացումը արաբական աշխարհին: Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ամնիջական ներկայութիւնը դրական ու խթանող հանգամանք դարձաւ արաբական աշխարհին կողմէ Հայաստանի յայտնաբերման: Այս դրական ու գովաբանական ծանուցումի միջոցաւ արաբներ նպաստեցին զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս որոշ բարգաւաճման, ինչ որ կրնայ ուղղակի կամ անուղղակի արդիւնք համարուիլ:

- Լրատուական եւ քարոզչական դաշտին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ մեծ եղեռնի հարցերուն արաբական աշխարհին մէջ աւելի լայնածաւալ տարածումը՝ արաբերէն լեզուով: Սուրիահայերու ներկայութիւնը Հայաստանին ընծայեց առաւելութիւն՝ հայկական պաշտօնական եւ անպաշտօն լուրերուն, կեցուածքներուն եւ հաղորդումներուն ուղղակի թարգմանութեան առումով (օրինակ՝ «Արմէնփրէս»ի արաբերէն բաժինը)։

- Սուրիական պատերազմէն վերջ սուիրահայերուն Արաբական ծոցի երկիրներ տեղափոխութեամբ այդ երկիրներուն մէջ բարձրացաւ Հայաստանի վարկն ու ճանաչելիութիւնը: Եւ վերջին շրջանին Հայաստանի եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն միջեւ արձանագրուած տնտեսական համագործակցութեան աճը տեղ մը սուրիահայերուն համեստ ջաքները կը ներառէ: Կարելի է նշել թարգմանական մեծ գործերը՝ տնտեսական, զբօսաշրջական ու այլ ոլորտներու շուրջ համաժողովներու կազմակերպման համար: Կրնանք ամփոփել, որ սուրիահայերը շատ բան ներդրեցին Հայաստանի տնտեսութեան մէջ թէ՛ անմիջական եւ ուղղակի եւ թէ ակամայ եւ անուղղակի: Հաւանաբար այդ ներդրման գնահատումն ու այսպէս ըսած վաւերագրումը (մանաւանդ իր լիակատար եւ մանրակրկիտ տնտեսական մակարդակով) չէ իրականացած զանազան պատճառներով եւ կրնանք աներկբայօրէն ըսել, որ նոյնիսկ թերագնահատուած է տեղ մը: Սուրիահայութիւնը ունէր եւ տակաւին ունի (աւելի քիչ համեմատութեամբ) մեծ տնտեսական ներուժ ու հմտութիւն եւ աշխատասիրութիւն եւ նախ այդ մէկը պէտք է գիտակցուի: Հայաստանի մէջ հաստատուելով սուրիահայերու առաքելութիւնը փոխուեցաւ եւ երկրին հանդէպ անմնացորդ նուիրումն ու սէրը իսկապէս ցոյց տուաւ գետնի վրայ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2023