ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՒԻՉԵԱՆ. «ԵՍ ԱՅՆ ԿԱՐԾԻՔԻՆ ՉԵՄ, ՈՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԳՆԱՀԱՏՈՒԻՐ։ ԳՆԱՀԱՏՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԵՆ»
Բանաստեղծ, վաւերագրող ու լրագրող Տիգրան Պասկեւիչեան ծնած է Երեւան 1965 թուականին: Աւարտած է Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: 2004 թուականէն «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան ֆիլմերու եւ հաղորդումներու արտադրութեան տնօրէնն է: 1993-2004 թուականներու միջեւ եղած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի վարիչ, 1987-1990 թուականներու միջեւ՝ «Գարուն» ամսագրի հրապարակախօսութեան բաժնի վարիչ, 1988-1990 թուականներու միջեւ՝ «Մաշտոց» ինքնահրատ թերթի խմբագիր, 1992-1993 թուականներու միջեւ՝ «Ար» թերթի գլխաւոր խմբագիր: Աշխատակցած է «Աւանգարդ», «Հայք», «Գարուն», «Առաւօտ», «Լուսաւորիչ» եւ «Կերպասագործ» թերթերուն: Հրատարակած է «Ինքնուրոյն աղօթք» (1998) եւ «Ձնեմարդու աւետարանը» (2015) բանաստեղծական ժողովածուները, ինչպէս նաեւ «Դոն Կիխոտի օրագիրը» հրապարակախօսական գրառումներու ժողովածուն:
Երկու քերթողագիրք՝ քսաներկու տարուան մէջ:
Քի՞չ է,- թերեւս ոմանց համար՝ այո՛: Բայց եկէ՛ք, յետադարձ հայեացք մը նետենք. նման օրինակները բազմաթիւ են մեր գրականութեան մէջ: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, որ քառասուն տարեկանին մահացաւ, իր կենդանութեան օրօք ո՛չ մէկ գիրք հրատարակեց, Եղիա Տէմիրճիպաշեան՝ նոյնպէս: Գրիգոր Զօհրապ, որ «նորավէպի իշխան»ը կը համարուի մեր մէջ, ունի ընդամէնը 42 նորավէպ, որոնցմէ 34-ը ամփոփուած է «Խղճմտանքի ձայներ» (1909), «Լուռ ցաւեր» (1911) եւ «Կեանքը ինչպէս որ է» (1911) հատորներուն մէջ: Ինտրա մեզի ծանօթ է իր «Ներաշխարհ»ով (1906) ու «Նոճաստան»ով (1908). երրորդ գիրք մը չունի: Կարելի է դեռ շարքը երկարել: Հակառակ այս իրողութեան՝ նշեալ բոլոր անունները այսօր մէյ մէկ տիտաններ են: Հետեւաբար ոչ թէ գիրքերու քանակով, այլ անոնց որակով է, որ կը չափուի գրողի մը տաղանդը, ուժն ու արժէքը:
Ուրեմն կը բաւէ պատահական քերթուած մը կարդալ Տիգրան Պասկեւիչեանէն՝ հաստատելու համար այս մէկը:
Ա.
-Սովորական օր մը, գիր ու գրականութենէ դուրս, ինչպէ՞ս կ՚անցնի Ձեզի համար:
-Զիս ճանչցողները գիտեն, որ ես սովորական օրեր չունիմ, չունիմ նոյնիսկ հանգիստի օրեր։ Եւ որեւէ բան ընելու ատեն, շատ կամ քիչ, գործ ունիմ գիր ու գրականութեան հետ, ըլլայ այդ որեւէ թերթի կամ կայքի մէջ սիւնակ գրելը, ֆիլմի բեմագիր պատրաստելը, գիրք խմբագրելը կամ այս հարցաթերթիկին պատասխանելը։
-Օրական քանի՞ ժամ կը զբաղիք գրական աշխատանքներով: Որեւէ յատուկ մեթոտ մը, եղանակ մը ունի՞ք գրելու:
-Եթէ նկատի ունիք բանաստեղծութիւն գրելը, շատ քիչ։ Սովորաբար կը գրեմ կա՛մ ուշ երեկոյեան, կա՛մ առաւօտեան կանուխ։ Մնացած ժամերուն առօրեայ գործերը, որոնք նոյնպէս կապուած են գիրին, թոյլ չեն տար մտածելու բանաստեղծութեան մասին։ Ընդհանրապէս քիչ կը գրեմ։ Վերջին քսան տարուան մէջ բանաստեղծութիւններու ընդամէնը երկու ժողովածու հրատարակած եմ։
Բ.
-Ի՞նչն է պատճառը, որ այսօրուան մշակուող գրականութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս, ըստ արժանւոյն չի գնահատուիր. ճշմարիտ տաղանդներու չգոյութի՞ւնը, հանրութեան անտարբերութի՞ւնը, թէ՞ այլ պատճառներ կան:
-Ես այն կարծիքին չեմ, որ գրականութիւնը չի գնահատուիր։ Գնահատողները կը գնահատեն։ Թերեւս անոնք քիչ են, բայց ե՞րբ շատ եղած են։ Անցեալ տարի գարնան դպրոցէ մը հրաւիրեցին զիս բանաստեղծութիւններ կարդալու։ Նախքան հրաւէրը ընդունիլս պայման դրի, որ աշակերտները եւ ուսուցիչները հարկադրաբար դահլիճ չբերեն։ Ըսի, որ եթէ մէկ մարդ ալ ըլլայ, ես անոր համար սիրով կը կարդամ բանաստեղծութիւններս։ Դահլիճը լեցուն էր, եւ հանդիպումը նախատեսուած մէկուկէս ժամուան փոխարէն երեք ժամ տեւեց։ Ներկաները դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն ընդհանուր թիւին մէկ տոկոսէն ալ քիչ էին, բայց ես գոհ էի, որ հաւաքուած էին հետաքրքրուած, ինչպէս դուք կ՚ըսէք՝ գնահատող մարդիկ։
-Ձեր կարծիքով՝ ինչո՞ւ գրաքննադատութիւնը կը թերանայ այսօր իր պարտականութեան մէջ: Կրնա՞ք պատճառ մը թուել եւ խօսիլ անոր մասին:
-Ոչ միայն գրաքննադատութիւնը կը թերանայ, այլեւ քննադատութիւնը ինքնին։ Ինչպէս գրականութեան, նոյնպէս ալ արուեստի, երաժշտութեան, թատրոնի ու շարժապատկերի պարագային չկայ քննադատութիւն։ Թէ ինչո՛ւ, ապա երկու պատճառ կայ.
ա) Մեր հասարակութեան մէջ ընդհանուր առմամբ զարգացած չէ քննադատական-վերլուծական ձիրքը։
բ) Հայաստանը (Երեւանը) փոքր տեղ է, գրեթէ բոլորը զիրար կը ճանչնան, չեն ուզեր իրենց յարաբերութիւնները փճացնել։ Չեմ գիտեր, թէ որքա՛ն կը շարունակուի այս վիճակը, բայց քննադատութեան բացակայութիւնը կրնայ աղճատել արուեստն ալ, գրականութիւնն ալ։
-Վերջերս տարածուած արտայայտութիւն է, թէ «հայ ժամանակակից գրականութիւնը ամէն ձեւով կը զիջի դասականին»: Համամի՞տ էք: Ինչո՞ւ:
-Ես չեմ ընդունիր ժամանակակից-դասական տարբերակումը։ Որեւէ լաւ ստեղծագործութիւն ինծի համար ժամանակակից է։ Իսկ ամէն վատ գործ պարզապէս դուրս կը մնայ իմ ուշադրութեան դաշտէս։ Այսօր Հայաստանի մէջ շատ բարձրարժէք գործեր կը ստեղծուին, բայց քանի որ մենք դեռ չենք ազատած գրականութեան ու արուեստի սրբազնութեան կանխադրոյթէն, շատերու կը թուի, թէ Թումանեանէն ու Չարենցէն, Սարեանէն ու Մինասէն, Խաչատրեանէն ու Տէրտէրեանէն ետք գրականութիւնն ու արուեստը անապատի վերածուած են։
Գ.
-Ի՞նչ միջոցներու կարելի է ձեռնարկել խթանելու համար գիրքերու վաճառքը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ մայր հայրենիքի մէջ:
-Եթէ հարցը դիտարկենք շուկայագիտութեան (marketing) տեսանկիւնէն, յատուկ որեւէ միջոց դժուար թէ օգնէ։ Այս հարցին լուծումը կրթական համակարգի վերափոխման մէջ պէտք է փնտռել։ Կրթութիւնը պէտք է դուռ բանայ դէպի գրականութիւն, արուեստ, գիտութիւններ, մինչդեռ ան այսօր բաւականին խեղճ է արդի արհեստագիտութիւններուն ընձեռած դիւրութիւններուն առջեւ։
-Նկատի ունենալով, որ ընկերային որոշ ցանցեր, ինչպէս՝ «Ֆէյսպուք»ը եւ «Ինսթակրամ»ը, կրնան եկամուտի լուրջ աղբիւր հանդիսանալ հայ գրողին համար՝ լաւ չ՚ը՞լլար, որ ան եւս օգտուի անոնց ընձեռած հնարաւորութիւններէն: Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին:
-Այո՛, Ձեր ըսած ցանցերը կամ հարթակները մեծ հնարաւորութիւններ կու տան, բայց անոնցմէ սովորաբար կ՚օգտուին մեծ ազգերն ու «բազմամարդ» լեզուները։ Հայերէնը մեծ լսարան չունի։ Հայութեան սփիւռքեան հատուածը դժուարութիւն ունի ընթերցելու եւ ընկալելու, այն ինչ որ կը գրուի հոս։ Երկու լեզու, երկու ուղղագրութիւն... եւ բազմաթիւ այլ խնդիրներ։
-Ինչպէ՞ս կրնայ հայրենի պետութիւնը, իր կարգին, հիմնափոխել գրողին բաժին ինկած դառն իրականութիւնը: Ի՞նչ ակնկալութիւններ ունիք պետական մակարդակի վրայ:
-Պետութենէն անձնական/անհատական որեւէ ակնկալիք չունիմ։ Խորհրդային ժամանակաշրջանի ծանր փորձէն գիտեմ, որ պետութեան պատուիրատու ըլլալը վատ բան է։ Պետութիւնը պէտք է լաւ օրէնքներ ընդունի, դիւրութիւններ ստեղծէ հրատարակիչներուն եւ գրավաճառներուն համար, որոշ կանոններ հաստատէ, որոնք գրողին համար ալ թերեւս օգտակար ըլլան։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ