ԱՆՑԵԱԼԷՆ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՑՈԼԱՆԱՅ ՆԵՐԿԱՅԻՆ ՎՐԱՅ. ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ՝ ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՒ ՎԵՐԱՍԱՀՄԱՆՈՒՄԻ ԽՆԴԻՐԸ - 2

-Սկիզբէն ի վեր մենք կղզիի մէջ չենք ապրած, մեր մշակոյթը միշտ այստեղէն այնտեղէն առած տուած ենք, սկսեալ մանրանկարչութենէն, հայկական գիրերէն:

-Հայութիւնը պահելու հարց մըն ալ կայ. հայկական ինքնութիւնը մաքուր պահելու պայքարը, որ շատ վաւերական իտէալ մըն է, որ դուն դարերու ընթացքին կերտած ես մշակոյթ մը ու կ՚ուզես մաքուր պահել զայն:

-Հարցը հոս է, երբ նորը չգայ, հինը այլեւս թանգարանի կը վերածուի:

-Պէտք է միշտ նորոգուի, չափուի աշխարհին հետ: Ես կ՚աւելցնեմ նաեւ որ 21-րդ դարու մտաւորականին հիմնական պարտականութիւններէն մէկն է տէր կանգնիլ անցեալի աւանդին, մենք՝ արեւմտահայ մտաւորականներս պարտաւորութիւն ունինք մեր ժառանգը, մեր 150 տարուան մշակոյթի աւանդութիւնը մեր ուսերուն վրայ առնելու, տէր կանգնելու, որպէսզի ան չկորսուի: Տէր կանգնիլ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ մշակոյթի նուաճումներուն:

-Հայ լեզուն այնպէս մը կ՚ընկալուի ընդհանրապէս ֆոլքլորի տեսանկիւնով, որ Սուրբ Գիրքի լեզու է, ուրիշ բառ չես կրնար գործածել: Եթէ միայն Սուրբ Գիրքին մէջ գործածուած են բառերը, ապա կրնա՞ս զանոնք դուրսը գործածել:

-Աշխարհաբար շատ մը բառեր ունինք, որոնք այնքան կարեւոր են, գործածենք:

-Ո՞վ է յաջողած հայը:

-Յաջողած հայը միջին դասակարգի արհեստավարժ, քաղաքաբնակ, բարեկեցիկ այն հայն է, որ կրցած է թէ՛ իր ժառանգը իւրացնել եւ թէ արդիական մարդ ըլլալ, դարուն մարդը ըլլալ:

-Բայց դարը, ըստ ձեզի, այդքան ալ յաջողակ դար մը չէ:

-Դարը դար է, ընտրութիւն չունիմ ես եւ ասոր հետ լեզու կը գտնեմ կամ մէջտեղէն կը վերնամ, ես չեմ կրնար դար շինել, ես կրնամ դարու ոգիին համերաշխ ընթանալ, այդ մէկը կարելի է ընել:

-Ըստ ձեզի, ներկայ դարը այնքան ալ յաջողած դար մը չէ, այն իմաստով, որ բոլոր այն գաղափարախօսութիւնները, որոնք կը կեդրոնանային մարդկութեան վրայ քան ազգայինին, ձախողած են ձեւով մը եւ ամբողջ սերունդ մը օդին մէջ ձգած են:

-Ձախողեցաւ այս հարիւր տարուան պատմութիւնը, համայն ընկերվարական փորձառութիւնը, սակայն դրամատիրութիւնն ալ աւելի գէշ էր: Յաջողած հայը, իբրեւ հայ կը մնայ իր արժանիքին տէրը եւ բաց մտքով աշխարհին հետ հաշտ քայլ կը պահէ, ան կը փորձէ իր զաւակներուն եւ միջավայրին մէջ դնել իր ազգի ոգին: Հայերուն ներկայութիւնը աշխարհի վրայ կարեւոր է: Մենք իբրեւ ժողովուրդ քաղաքակրթական ազդակ ենք, մշակոյթի ազդակ է հայ ժողովուրդը եւ այս պատճառով ես կը պայքարիմ, որպէսզի հայութիւնը մնայ:

-Բայց այս ըսել չէ որ ամէն վայրկեան ինքզինքդ պէտք է արդարացնես: Գոյութիւնդ պէտք է արդարացնես:

-Գոյապաշտութեան իմաստով այո՛: Գոյապաշտ եմ ես, այսինքն պէտք է միշտ փաստեմ, թէ գոյութիւնս կ՚արդարանայ, պատճառ մը ունիմ հոս ըլլալուս համար, նաեւ պայքարի մէջ եմ, որպէսզի մարդը եւ հայ մարդը իմաստ մը առնէ:

-Ի՞նչ պայմաններու մէջ սփիւռքը կրնայ ինքնաբաւ ըլլալ, ինքնատիպ ըլլալ եւ անկախութիւն ստանալ, հայ սփիւռքը ինչպէ՞ս կրնայ անկախութիւն ստանալ:

-Սփիւռքի ինքնութիւնը շատ փոփոխուն երեւոյթ մըն է, որովհետեւ սփիւռքի պայմանները միշտ փոխուած են, հայրենիքի պէս չէ որ մնայուն արմատ, կամ խարիսխ ունենայ, միշտ տարբեր ազդեցութիւններու կը հանդիպի. ինչպէս օրինակ՝ Ֆրանսայի երիտասարդութիւնը Պէյրութէն կու գայ, Ամերիկայի երիտասարդները Ֆրանսայէն կու գան: Հետեւաբար սփիւռքեան ինքնութիւնը մնայուն ինքնութիւն մը չէ, տեւական փոխուող ինքնութիւն մըն է: Սփիւռքը մտքի վիճակ մըն է, որ երկու հակադիր ուժերու առանցքին կը գտնուի եւ այս մեր պատմութեան ընթացքին միշտ գոյութիւն ունեցած է: Ուժ մը կայ, որ մեզ դէպի մեր հողը կը քաշէ, կեդրոնացիք ուժ մը, կայ նաեւ ուժ մը, որ մեզ մեր հողէն դուրս կը նետէ: Հայը պրպտող, հետաքրքիր, արկածախնդիր, գաղթական գիծ մը ունի իր մէջ, ինչ որ միշտ զինք դուրս կը հրէ իր հայրենիքէն: Պատմութեան ընթացքին կարծես հայերուն մէջ եղած է ցանկութիւն մը կայ հայրենիքէն դուրս ելլելու. ինչպէս՝ Սասունցի Դաւիթին բոլոր հերոսները երկրէն դուրս կ՚երթան, ետ վերադառնալով սակայն ժամանակ մը ետք: Ուրեմն այս երկու կեդրոնացիք եւ կեդրոնախոյս ուժերու առանցքին հանդիպման վայրը կը գտնուի սփիւռքեան գիտակցութեան մէջ: Սփիւռքը կ՚ընդունի բազմամշակոյթ, բազմալեզու ինքնութիւն մը եւ եթէ մենք բոլորս գիտակցինք այս իրականութեան, այսինքն ժողովուրդը եթէ ընդունի, որ հայը, սփիւռքահայը միայն հայերէնով չի սահմաներ ինքզինք, այլ ֆրանսերէնով «Je suis armenienne» երբ կ՚ըսէ, կամ «I am armenian» երբ կ՚ըսէ ամերիկահայը, ինքը նոյնքան հայ է, որքան ես երբ կ՚ըսեմ «Ես հայ եմ»: Մեր արտայայտուելու այլազանութիւնը պէտք է ընդունի մեր ժողովուրդը կամաց-կամաց, եւ տակաւին կանուխ է: Մեր ինքնութեան, մեր անկախութեան առաջին պայմանը այս գիտակցութիւնն է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սփիւռք ըլլալ՝ թէ՛ դէպի Հայաստան եւ թէ Հայաստանէն դուրս: Երկու պրկումներուն հաւասարապէս դիմանալ, տոկալ, տէր կանգնիլ իր ժառանգութեան, անցեալի արեւմտահայ ժառանգութեան եւ փորձել այս ցրուածութեան մէջ միութիւն մը ստեղծել, ատիկա ես կ՚երեւակայեմ որպէս կարելիութիւն մը։ Վերջերս յօդուածի մը մէջ գրեցի, որ սփիւռքը չի թարգմանուիր, «տիաս-փորա»ն չէ սփիւռքի սահմանումը, սփիւռքը առանձին ինքնութիւն մը, յատուկ անուն մըն է եւ սա կը նշանակէ՝ քաղաքական սահմանում մը սփիւռքի այս ցրուածութեան մէջ, այս հակաքաղաքական բնոյթին անհրաժեշտութիւն մը կը դառնայ մեզի համար, այն պահէն երբ մենք կ՚ընդունինք, որ մենք առանձին էութիւն մը կը ներկայացնենք, բազմամշակոյթ, բազմալեզու, բազմահպատակութիւն, այս բազում ըլլալու, ցրուած ըլլալու, կարծես «Պինկ պենկ»ն է, որ կը շարունակուի մեր մէջ, տեւական կը հեռանանք, կը փախչինք կեդրոնէ մը, ուրեմն քաղաքական սահմանումը կարելի է: Ես քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտ չեմ, բայց առաջարկած եմ մասնագէտներու, որպէսզի մտածեն, թէ ինչպէս կրնան այս ցրուածութեան մէջ միութիւն մը ստեղծել, հասարակաց յայտարարի մը գալ, Աւստրալիայէն մինչեւ Անգլիա, մինչեւ Հարաւային Ամերիկա, հակառակ որ լեզուները տարբեր են, պէտք է գտնել տարազ մը եւ այն ատեն միայն մենք կրնանք անկախութիւն հռչակել, սփիւռքահայ, ժողովրդավար հանրապետութիւն, սփիւռքի հանրապետութիւն առանց մայրաքաղաքի: Մեր ուժը եւ մեր տկարութիւնը հոն է, որ ամէն գաղութ ինքնավար պիտի ըլլայ կապերը պահելով:

-Մինչեւ հիմա պատճառներ ունէինք Հայաստան չերթալու, սակայն անկախացումէն ետք պէտք է սփիւռքը ինքզինք վերասահմանէ:

-Հայաստանի անկախացումը շատ մեծ ազդեցութիւն ունի մեր վրայ զանազան իմաստներով, բայց նաեւ մենք պէտք է վերաքննենք մեր ինքնութիւնը: Այստեղ մենք ինքնութիւն մը ունինք, մշակոյթ մը ունինք, եւ այս կը պահանջէ, որ տէր կանգնինք եւ սահմանենք: Հայաստան անկախութիւն հռչակեց, մենք անոր հետ ենք, ինչ որ ալ ըլլայ: Չեմ կրնար երեւակայել հայ մը, որ Հայաստանի դէմ ըլլայ, թերեւս հայուն սահմանումը ըլլայ Հայաստանը գէշ կամ աղէկ իմ հայրենիքս է, հայրենիքը ամէն ինչի իրաւունք ունի:

-Հայրենիքը իրաւունք ունի՞ ինք իր դրօշակը այրելու:

-Հայրենիքը եթէ յարմար կը դատէ, թող այրէ այդ դրօշակը, բայց թող չանարգէ: Սփիւռք մը երբ չհետաքրքրուի սփիւռքով, տէր չկանգնի սփիւռքի տագնապներուն եւ ժառանգութեան, ես այդ կը նկատեմ վրիպած ընտրութիւն մը:

-Հայաստանի մէջ կրնա՞ս սփիւռք ըլլալ:

-Այո՛, Հայաստանի մէջ այն հայը՝ որ ինքզինք հայութեան հունին մէջ չի զգար, դուրսէն կը նայի Հայաստանին, սփիւռք է: Անոնք որոնք Արարատի մասին կը գրեն, անոնք որոնք Հայաստանը կը գովեն, անոնք որոնք հայրենասիրութիւնը արուեստի կը վերածեն, կը նշանակէ, թէ պատ մը, հեռաւորութիւն մը կայ իրենց եւ հայրենիքին միջեւ: Սփիւռքի մէջ մենք շատ լաւ կ՚ընենք այդ, կարօտը երգելով, հայրենասիրութիւնը երգելով, որովհետեւ մեզմէ հեռու է հողը, աւանդութիւնները, ազգային արմատը մեզմէ հեռու է եւ ձեւով մը մենք անոր երեւակայութեան մէջ կ՚ապրինք: Հայաստանի մէջ շատ լաւ ինքզինք կարելի է սփիւռք զգալ, երբ քու եւ հայրենիքիդ միջեւ հեռաւորութիւն մը կը զգաս:

-Վերջին հարցում, ի՞նչ կը նշանակէ հայ արուեստագէտ: Հայը առաջ կը դնենք եւ վերջը արուեստագէտը:

-Արուեստագէտը ամէն բանէ առաջ իր արուեստին պիտի ծառայէ, բացարձակապէս ոչ մէկը պարտադրութիւն կրնայ դնել, պէտք է, չես կրնար ըսել, պաշտօն չես կրնար տալ, եթէ իր գործը կատարեց, այսինքն ճշմարտութեան դրօշակիրը եղաւ, այդ դատին լծեց իր մտային եւ իմացական ամբողջ ուժերը, այդ է արուեստագէտը: Եթէ ասոր զուգահեռ ան ունի ազգային դատի համար պայքարելու ոգի շատ լաւ, բայց ազգը իր վրայ չի կրնար պարտաւորութիւններ դնել, որովհետեւ այն ժամանակ կը դադրի արուեստագէտ ըլլալէ: Բայց եթէ ան ունի իր մէջ ազգային ջիղ մը, հայութեան հետ կապուած երակ մը, որ զինք կը սնուցանէ, այդ պարագային, ուրեմն կը լծուի ազգային դատին ալ, հայ մշակոյթին եւ անոր պահպանումին, ու հայ ոգիի յաւերժութեան: Բայց արուեստագէտին վրայ ոչ մէկ պարտադրանք կրնանք դնել, իրաւունք չունինք, սխալ պիտի ըլլայ: Եթէ արուեստագէտը իր սենեակին դուռը կղպած կ՚աշխատի, նոյնիսկ եթէ ֆրանսերէն լեզուով կ՚աշխատի, սակայն ան կ՚ընդունի, որ հայ է, ըսելիք չունինք այդ մարդուն, իրաւունք կու տանք եւ կ՚ըսենք դուն արուեստագէտ ես, գործդ պիտի ընես:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2024