«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ԱՐԴԱՐԱՆԱԼԸ ԵՍԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ Է
-Ո՜վ Ռոնտա. արդարացումը ո՞ւրկէ կու գայ:
-Եսասիրութենէն: Արդարացումը կը վռնտէ Աստուծոյ շնորհքը: Մեղք մըն է: Մարդ պէտք չէ ինքզինք արդարացնէ, այլ՝ պէտք է սիրէ անիրաւութիւնը, որ իր վրայ եկաւ: Արդարացումը Ադամը վռնտեց դրախտէն: Աստուած երբ հարցուց Ադամին՝ «արդեօք կերա՞ր այն ծառէն, որմէ արգիլեցի քեզի ուտել». Ադամը խոստովանեցաւ, թէ մեղաւոր է, սակայն արդարացուց ինքզինք մեղքը դնելով կնոջ վրայ, ով տուաւ իրեն, որպէսզի ուտէ ու անոր հրամանը չմերժեց, կարծէք այդպէսով մեղաւորութիւնը Աստուծոյ վրայ դնէր, Ով Ադամի ոսկորներէն մէկը առաւ ու կինը արարեց: Իսկ երբ Աստուած Եւային հարցուց, ըսաւ. «Օձը խաբեց զիս» (Ծն 3.11-13): Հարցը չլուծուեցաւ, որովհետեւ Ադամն ու Եւան փորձեցին իրենք զիրենք արդարացնել ու չխոստովանեցան կատարուած յանցանքը:
-Ո՜վ Ռոնտա. ո՞րն է մարդուն յանցանքը եթէ չհասկնայ չարիքին ահաւորութիւնը, որ ինքնարդարացումէն կը յառաջանայ:
-Ո՞րն է իր յանցանքը. մարդ երբ յաճախ ինքզինք կ՚արդարացնէ ու կը կարծէ, թէ ուրիշները զինք չեն հասկնար եւ թէ անոնք կ՚անիրաւեն զինք ու ինք միշտ կը տուժէ, որովհետեւ զոհ է, այդպիսին այլեւս յանդիմանութիւն չ՚ընդունիր: Կրնայ ըլլալ որ հարցերն ալ լրիւ շրջուին: Երբ ինք ըլլայ անիրաւողն ու յանցաւորը ու կ՚ըսէ՝ «պիտի տոկամ անիրաւութեան եւ չեմ ուզեր պատժել ուրիշները», ըստ իրեն կը նախաձեռնէ ինքզինք արդարացնելու՝ սէրէն մղուած, որպէսզի դիմացինը հասնի այնպիսի վիճակի մը, որ զգայ, թէ ինք է սխալը եւ կարծէ, թէ ինքն է անիրաւողը, սակայն կը ձգէ զինք առանց պատիժի: Տեսա՞ր մանրակրկիտ աշխատանքը, որ սատանան կը կատարէ:
ՈՎ ՈՐ ԻՆՔԶԻՆՔ Կ՚ԱՐԴԱՐԱՑՆԷ, ԱՅԴՊԻՍԻԻՆ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ՕԳՆԵԼ
Ուշադրութիւնս գրաւած է, որ մարդիկ՝ մեծ ըլլան թէ փոքր, սատանայական մտայնութեամբ ամէն բան կ՚արդարացնեն: Սատանան իր յատուկ ձեւերով բոլոր բաները կը բացատրէ անոնց, որով իրականութենէն հեռու՝ կտրուած կ՚ապրին, այդ բոլորը՝ քանի որ արդարացումը սատանայական բացատրութիւն է:
-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կը պատահի, որ ոմանք իւրաքանչիւր բառի հակառակը կը գտնեն:
-Սարսափեցնող բան է հարցնել մարդու մը, որ վարժուած է ինքզինք արդարացնել, կարծես թէ սատանային ձեռքերուն մէջ աշակերտած ըլլայ: Բոլոր անոնք որոնք իրենք զիրենք կ՚արդարացնեն -Աստուած թող ներէ ինծի- սատանան իրենց համար ղեկավար կ՚ընեն: Այդպիսիները չարչարուած մարդիկ են, որոնք ներքին խաղաղութիւն չեն գիտեր եւ ո՛չ ալ կը հանդարտին, անոնք գողի նման են, որ քուն չունի եւ որ կը մտածէ, թէ ինչպէս գողնայ ու յաջողութեան հասնի իր այդ գործին մէջ: Իսկ ասոնք միշտ կը մտածեն, թէ ինչպէս արդարացնեն իրենց թերութիւնները: Այդպիսիներուն հետ չ՚արժեր գործ ունենալ, որովհետեւ փաստաբաններու նման են: Ես շատ տառապած եմ այդպիսի մարդոցմէ: Անոնցմէ մէկուն կ՚ըսէի. «Այս բանը որ կ՚ընես, ամօթ է, պէտք է ուշադիր ըլլաս, որովհետեւ ճիշդ ճանապարհին մէջ չես, պէտք է այսպէս-այսպէս ընես»: Երկար խօսակցութենէ մը ետք կ՚ըսէր ինծի. «Չըսիր ինծի, ի՞նչ պէտք է ընեմ». «Ո՜վ օրհնեալ մարդ, քանի՞ ժամ է որ կը խօսինք. ինչպէ՞ս թէ քեզի բան չըսի. դուն կը մեղանչես, սակայն միշտ կը փորձես դուն քեզ արդարացնել եւ սխալ ճանապարհով կ՚ընթանաս»: Տարօրինակ էր: Կը փորձէի հասկցնել իրեն տարբեր-տարբեր օրինակներով, թէ իր ընտրած ճամբան սատանայական անձնասէր ճամբայ է, եւ թէ ինք սատանայի ազդեցութեան տակ է ու վերջաւորութեան պիտի կորսուի, սակայն կ՚ըսէր ինծի. «Չըսիր ինծի, թէ ի՞նչ պէտք է ընեմ»…
-Սակայն, ո՜վ Ռոնտա, երբեմն-երբեմն չե՞ս ուզեր անտարբեր ըլլալ:
-Անտարբերը ինքզինք զուր տեղ չի՛ կորսնցներ: Մարդը երբ ցաւող մարդու մը համար կը նեղուի, ապա այս բանը իմաստ ունի: Սակայն, դուն քեզ յոգնեցնես մարդու մը հետ, խրատներ տաս անոր ու անձրեւի նման խօսքեր թափես անոր վրան, որպէսզի քեզի ըսէ՝ «չըսիր ինծի, ի՞նչ պէտք է ընեմ», ու իրողութիւնները արդարացնէ: Նմանատիպ մարդուն վախճանը վախցնող սատանայ մը կ՚ըլլայ:
Եթէ մտածէր իրեն օգնելու համար իր կրած յոգնութեան մասին -ցաւը մէկ կողմ ձգէ- ապա իր կեանքին ընթացքը քիչ մը կը փոխէր: Սակայն, հակառակ իր կրած նեղութեան, չարչարանքին ու յոգնութեան, ինք անտարբեր կը մնայ եւ ոչինչ նկատի կ՚ունենայ:
-Ո՜վ Ռոնտա. եթէ մարդ ինքզինք արդարացուց կատարած թերութեան մը համար, սակայն պարզեցիր անոր որ այդ մէկը պարզապէս արդարացում է, բայց ուշադրութիւն չի՛ դարձներ, ապա կարելի՞ է զսպել այդպիսին:
-Եւ ինչպէ՞ս կը զսպուի: Ինք կը հասկնայ սխալը, որ գործած է իր կրած չարչարանքին պատճառով, սակայն չ՚ուզեր այդ մասին խոստովանիլ: Վախցնողը եսասիրութիւնն է այդ:
-Այո՛, սակայն ան կ՚ըսէ. դուն ինծի չես օգներ, քեզմէ օգնութիւն կ՚ուզեմ, սակայն դուն կ՚անպատուես զիս՝ ո՛չ թէ հետս կը խօսիս:
-Այդ ալ եսասիրութեան արդիւնք է: Կարծես թէ կ՚ըսէ. «Ես յանցաւոր չեմ. դո՛ւն ես յանցաւորը»: Ձգէ՛ զինք, այդպիսիին օգնել հնարաւոր չէ: Կը վերջանայ այնտեղ՝ ուր որ է: Ո՛չ ոք նմանի մը պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ, որովհետեւ սատանայական եսասիրութիւն է եւ ո՛չ թէ մարդկային եսասիրութիւն: Որովհետեւ, մարդկային եսասիրութիւնը կը կայանայ խոնարհ չըլլալուն, ներողութիւն չխնդրելուն մէջ, սակայն եսասէրը լուռ կը մնայ եւ ինքզինք չ՚արդարացներ: Ան որ ինքզինք կ՚արդարացնէ, երբ կը մեղանչէ, այդպիսին իր սիրտը սատանայի բնակարանի կը վերածէ, եւ պիտի շարունակէ մեղքին մէջ իյնալ, ու փրկութիւն չունի բացի իր եսը ճզմելէն: Ով որ չի՛ գիտեր ինքնարդարացումին պատճառած չարութիւնը, այդպիսին ներելի է, սակայն եթէ գիտէ ու կը հասկնայ, ապա՝ աններելի է:
Պէտք է զգոյշ ըլլաս, երբ կը ջանաս օգնել մէկու մը, որ սովորութիւն դարձուցած է ինքզինք արդարացնելը, որովհետեւ ինչքանով որ ցոյց տաս, թէ իր ըրածը անտրամաբանական է, այդքանով ինքզինք կ՚արդարացնէ եւ սուտին կը դիմէ ու կը սկսի այլ արդարացումներ փնտռել: Այսպիսիով, դուն -առանց գիտնալու- նպաստած կ՚ըլլաս անոր, որ աւելիով հմտանայ սուտին ու եսասիրութեան մէջ: Ինչ որ պէտք է ընես անոր համար՝ աղօթելն է:
-Ո՜վ Ռոնտա. երբ նկատողութիւն մը ընես ինծի, յարմար կը նկատեմ, որ պէտք է լուսաբանութիւններ տամ ու ըսել՝ «այո՛, այդպէս եղաւ, սակայն…»:
-Ի՞նչ կ՚ուզես այդ «սակայն»էն: Այդ բառը ամէն ինչ իրար կ՚անցնէ: Ըսէ. «Ներէ՛ զիս եւ աղօթքներուդ մէջ յիշէ, որպէսզի յաջորդ անգամ ուշադիր ըլլամ»:
-Ո՜վ Ռոնտա. կրնայ ըլլալ որ մէկը սխալ եզրակացութիւն կատարէ կատարած գործիդ համար, անոր պէ՞տք է պարզաբանումներ տամ:
-Եթէ խոնարհ ըլլաս, ընդունէ որ դուն ես յանցաւորը եւ մի՛ խօսիր: Ձգէ՛, որ Աստուած քեզ արդարացնէ: Եթէ դուն չխօսիս, ապա Աստուած կը խօսի: Յովսէփը -երբ իր եղբայրները ծախեցին զինք, չըսաւ. «Ստրուկ չեմ, անոնք եղբայրներս են, եւ հայրս իրենց բոլորէն աւելի զիս կը սիրէ». չխօսեցաւ, սակայն աւելի ուշ Աստուած խօսեցաւ եւ զինք թագաւոր ըրաւ (Ծն 37.21, 41.41): Աստուած աւելի լաւ գիտէ եղելութիւնը: Եթէ Աստուած ճշմարտութիւնը յայտնեց, ոչինչ, իսկ եթէ չյայտնեց, ապա այդ մէկը քու օգուտիդ համար է: Երբ ոեւէ մէկը կ՚անիրաւէ քեզ, մտածէ, ոչ անիրաւութիւնը վատ մտադրութեամբ չէ եղած, եւ այդ անձը վատ մտադրութիւն չէ ունեցած, որով Աստուած կը զգուշացնէ անոր ու պիտի զղջայ: Իսկ եթէ վատ մտարդրութեամբ էր, ապա Աստուած չի զգուշացներ անոր, սակայն քեզ ալ չի՛ ձգեր, այլ՝ Իր սովորական սիրով կը վարուի քեզի հետ:
-Ո՜վ Ռոնտա. սխալ հասկացողութենէ մը ետք, պէ՞տք է լուսաբանութիւններու մասին հարցնեմ:
-Միտքդ պղտորա՞ծ է:
-Ո՛չ:
-Եթէ միտքդ չէ պղտորած, հետեւաբար պէտք չկայ լուսաբանութիւններ խնդրելու կատարուածին մասին: Սակայն, եթէ միտքդ պղտորած է, ապա լաւ է որ դիմացինը լուսաբանութիւն տայ, որպէսզի միտքը աւելիով չպղտորի:
-Ո՜վ Ռոնտա. եթէ անձդ արդարացնող լուսաբանութիւններ չտրուին եւ միայն կատարուածը բացատրելու միտումներ ըլլան, ինչպէ՞ս վարուիմ:
-Կարիք չկայ ատոր: Աւելի լաւ է, որ ըսես. «Ներեցէ՛ք ինծի», առանց լուսաբանութիւններ տալու: Իսկ եթէ լուսաբանութիւններ ուզուին քեզմէ, ապա պէտք է այդ ընես կատարեալ խոնարհութեամբ:
-Հետեւաբար, մարդ ե՞րբ պէտք է լուսաբանութիւններ տայ:
-Երբ ուրիշներուն հետ անհասկացողութիւն պատահի, այդ ատեն պէտք է լուսաբանութիւններ տալ՝ օգնելու նպատակով…:
-Ո՜վ Ռոնտա. յաճախ չենք կրնար զանազանել ինքնարդարացումը յստակեցումէն:
-Ինքարդարացումը հոգիին խաղաղութիւն չի՛ տար, մինչ յստակեցումը հոգիին խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն կու տայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 12
23 նոյեմբեր 2020, Վաղարշապատ