ՌՈՒՍ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ ԿԸ ԽՄՈՐՈՒԻ ԵՐԿՈՒ ԱՌԱՆՑՔԻ ՇՈՒՐՋ. ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ՓԱԿՈՒԱ՞Ծ Է, ԹԷ ՆՈՐ ԿԸ ՍԿՍԻ

Զանազան մակարդակներու վրայ սկսած են լսելի դառնալ քննարկումներ, որոնց հիմքն ու շօշափած հիմնախնդիրները կը տարածուին հորիզոնական գծի մը երկայնքով։ Արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը փակուա՞ծ է կամ արդեօք այս փուլն ալ «անցո՞ւմ» մըն է՝ դէպի աւելի բախտորոշ ժամանակներ... Բոլոր կողմերը շատ լաւ գիտեն, որ մէկուկէս ամիս տեւած ծանր պատերազմէն ետք առկայ տագնապը կը նմանի «տաք վէրք»ի մը, որուն շուրջ նոր խմորումներ կը կատարուին։

Մինչ Արցախ կը փորձէ իր ցաւերը ամոքել, անդին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային հատուածներուն վրայ անհասկնալի իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան, սահմանագծումներ եւ որոշ հայկական բնակավայրերու Ատրպէյճանին անցնելու անհասկնալի երեւոյթներ տեսանելի կը դառնան։ Յստակ է նաեւ, որ այդ բոլորը կը կատարուին Պաքուի մթնոլորտին բերումով, որու գլխաւոր գաղտնաբառն է՝ «Արցախի ճակատին յաղթեցինք եւ հիմա կ՚ընենք՝ ինչ որ կը ցանկանք»։ Անշուշտ, այս բոլորին վրայ հարկ է աւելցնել Երեւանի ներքին քաղաքական ընդհանուր անկայուն վիճակը, որու հիմնական պատճառն է իր դերին մէջ ձախողած Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս վերջինը կը շարունակէ խոյս տալ պատասխանատուութենէ ու ամէն գնով ջանքեր կը գործադրէ պաշտպանելու համար վարչապետի իր աթոռը։

Ամէն պարագայի տակ, իր խճճուած պատկերով, իր պատմականութեամբ եւ տարբեր հանգամանքներու բերումով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պիտի շարունակէ մնալ Ռուսաստանի տեսակէտէ կարեւորագոյն թղթածրար մը։ Հակառակ ներկայ խաղաղ դրութեան, հիմնախնդիրը կը նմանի լաւա ունեցող մարած հրաբուխի մը, որ կրնայ որեւէ պահու «պայթիլ», ունենալով ծանրագոյն հետեւանքներ՝ ո՛չ միայն հայկական կողմին եւ Ատրպէյճանի համար, այլ նաեւ՝ Մոսկուա-Անգարա ընդհանուր հորիզոնական գծին տեսակէտէ, որ բազում պարագաներու բերումով կրնայ արձանագրել անասելի վերիվայրումներ։ Ռուսերը շատ աւելի խոր հայեացքով կը նային Արցախի զարգացումներուն ու շատ մեծ խորքայնութեամբ կը դիտարկեն այնտեղ կատարուած դէպքերը։ Անշուշտ, ենթադրելի է, որ Քրեմլինի փակ սենեակներու ետին կան տարբեր տեսակէտով վերլուծաբաններ, որոնք շատ ինքնեկ մղումով մը բաժնուած են երկու խումբերու։ Առաջին խումբը կը հաւատայ, թէ Արցախի հիմնահարցը արդէն կը պատկանի անցեալին։ Իսկ երկրորդ խումբին համար Արցախի հարցը տակաւին նոր կը խմորուի եւ ներկայ փուլը պարզապէս նոր սկիզբի մը ազդանշանն է։

«ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԴԱՍԵՐԸ...»

Ռուսաստանի Պետական տումայի երեսփոխաններէն Քոնստանդին Զաթուլին «Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա»ի մէջ գրի առած է՝ «Որո՞նք են Ղարաբաղի դասերը Ռուսաստանի համար» խորագրեալ ուշագրաւ յօդուած մը։ Ան այս առթիւ կը նշէ.

«Համոզուած եմ, թէ առանց Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալուն՝ հայ ժողովուրդի ոգիի եւ հաւատքի վերականգնումը հնարաւոր չէ: Եւ սա Հայաստանի եւ իր քաղաքացիներու ներքին եւ ինքնիշխան գործն է: Մեր գործն է որոշել՝ արդեօք Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսական կայսրութեան իրաւայաջորդ Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը շահեցա՞ւ, թէ կորսնցուց Կովկասի նոր պատերազմէն վերջ։ Ատրպէյճան Թուրքիոյ հետ դաշինքով յարձակեցաւ չճանչցուած Արցախի Հանրապետութեան վրայ, սակայն, իրականութեան մէջ, հայերն ու Հայաստանը խախտած են հրադադարի համաձայնագիրը, որ ձեռք բերուած էր մեր օգնութեամբ 1994 թուականին: Ատրպէյճանի քարոզչամեքենաները եւ լոպիիստները կը շարունակեն այս գրոհը որակել՝ որպէս «հակագրոհ»: «Սա կը վիրաւորէ իմ միտքը», համանման դէպքի մը մասին ըսած էր Ալ Փաչինոն «Կնքահայրը» ժապաւէնին մէջ։ Յարձակման նշաններու բացակայութեան պարագային հակագրոհ չ՚ըլլար՝ այդ ալ ճակատի ամբողջ երկայնքով: Ատրպէյճան լիովին օգտուեցաւ՝ աւելի քան քսան տարի պահպանուած կարգավիճակի խախտումէն։ «Շատերը՝ մասնաւորապէս միջնորդները, որոնք զբաղած են այս խնդրով, բազմիցս ըսած են, որ հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում: Բայց, մենք ապացուցանեցինք, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում ունի» (մէջբերումը Պաքուի մէջ տեղի ունեցած շքերթի ժամանակ նախագահ Ալիեւի ելոյթէն): Միջնորդները մենք ենք՝ Ռուսաստանը: Պատերազմը արդարացնելու համար թէ՛ Ալիեւ եւ թէ ​​Էրտողան շատ կը խօսին տարիներու ընթացքին խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի բացակայութեան մասին: Անոնք կը մոռնան խոստովանիլ, թէ համաձայնութեան բացակայութեան համար Ատրպէյճան շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ՝ քան «միջնորդները»։ Միայն 2011-ին Քազանի համաձայնագրի ձախողման պատմութիւնը, որ արդէն թուղթի վրայ է, վառ կերպով կը հաստատէ այս բանը»:

Ըստ Զաթուլինի խորհրդածութիւններուն, Տոնպասի, Մերձտնեսթրի, Աբխազիոյ եւ Օսեթիոյ խնդիրներուն ներգրաւուած Ռուսաստանի տեսակէտէ ձգձգուող վէճերու լուծման գործին մէջ ատրպէյճանա-թրքական փորձառութեան նշանակութիւնը դուրս կու գայ Կովկասի շրջանակներէն: Թրքական տրոններու (անօդաչու թռչող սարքերու) բոլոր երկրպագուները, որոնք դիմակայութեան միւս կողմն են, շատ ուրախացան: Ատրպէյճան վիշապի ատամներ ցանեց: Իսկ ո՞վ պիտի հնձէ սածիլները: Զաթուլինի համոզմամբ, Ռուսաստանի համար սա Ղարաբաղի դասերէն առաջինն էր: Իսկ երկրորդ ակնյայտ դասն է, որ երկարաժամկէտ հեռանկարով Ատրպէյճան Թուրքիոյ ուղեկցողն ու ազդեցութեան գօտին դարձած է Կովկասի մէջ։ Սա աւելի հեռուն կ՚երթայ՝ դէպի Փովոլժյէ, Ղազախիստան եւ Կեդրոնական Ասիա, ինչ որ յայտնի էր նախապէս: Այժմ «մէր ազգ երկու պետութիւն» բանաձեւումով միութիւնը կնքուած է արիւնով եւ համատեղ գործողութիւններով: Ռուս երեսփոխանը այս կէտին վրայ քննադատաբար անդրադարձած է Թուրքիոյ դիրքորոշումներուն՝ Խրիմի, Սուրիոյ եւ Այա Սոֆիայի պարագային։ Ըստ իրեն, համապատասխան մտահոգութիւնը պէտք է տարածուի նաեւ Թուրքիոյ դաշնակից Ատրպէյճանի վրայ: Զաթուլին կը շարունակէ.

«Եւ երրորդը… Եթէ քու պաշտօնական ռազմական դաշնակիցը պարտութիւն կը կրէ, կորսնցուցած է աշխատունակութիւնը եւ թաղուած է քաոսի մէջ՝ մի հարցներ, թէ որո՛ւ համար զանգը կը ղօղանջէ: Պատերազմի 44 օրուայ ընթացքին Կիւմրիի ռազմակայանէն ներս մեր 5 հազար զինուորներն ու սպաները ամբողջ Հայաստանի հետ շրջափակման մէջ էին: Ես կը յիշեմ, թէ քանի մը տարի առաջ ինչպէս Վլատիմիր Փութին այցելելով Կիւմրի, ուր ժամանակին ծառայած էր «Սլաւեանքային հրաժեշտը» երգի հեղինակը, ըսաւ. «Ակափքին այս քայլերգը գրած է այլ առիթով: Մենք չենք պատրաստուիր Կովկասէն որեւէ տեղ երթալ»: Սա կը նշանակէ, որ մեր պատմական դաշնակից Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին դժուար պահուն աջակցիլը որեւէ այլընտրանք չունի: Փաշինեանները կու գան ու կ՚երթան, իսկ հայ ժողովուրդը կը մնայ: Մեր յարաբերութիւնները, նոյնպէս, արեամբ շաղախ-ւած են՝ շատ աւելի վաղ Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցութեամբ»:

Զաթուլին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործողութիւնը կը նկատէ Ռուսաստանի կողմէ գլխաւոր ծառայութիւն մը տեղի ունեցածին հետեւանքով, անոր պատուոյ գործը: «Երբ պատերազմի օրերուն ես եւ ուրիշներ կը պնդէինք այս բանի անհրաժեշտութեան վրայ, միթէ Ռուսաստանի մէջ չէի՞նք լսեր պատերազմող Ատրպէյճանի բարեկամներուն խօսքերը, որոնք ամէն ձեւով կը զարգացնէին այն թէզը, թէ «այդ մեր գործը չէ», «թոյլ չենք տար օտարի շահերու համար հեղել ռուս զինուորի արիւնը» եւ այլն: Ուստի եւս մէկ եզրայանգում ապագայի համար: Ես չեմ կատակեր, լուրջ եմ՝ աւելի քան երբեք, կոչ կ՚ուղղեմ կատարելու համար հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի յանցագործութեան նախնական տեսքով պահպանուին, անկասկած, ինչպէս որ էին, Ղարաբաղի պատերազմին մէջ, կամայ թէ ակամայ բոլոր մասնակցողներու քարոզչական ջանքերուն ամբողջ նմոյշները: Այս պատերազմի լոպիիստները պէտք չէ ստուերի տակ մնան: Անոնք միշտ պէտք է մեր կողքին ըլլան, ինչպէս «Ամբողջ թագաւորական շքախումբէն» Քրոշքա Տաֆին, նահանգապետ Սթարքայի տեսադաշտին մէջ: Որպէսզի յիշենք, թէ Ռուսաստան որո՛ւ բարի խորհուրդներէն եւ առաջնորդող կարծիքէն պէտք է խուսափի», շարունակած է Զաթուլին:

Հուսկ, ռուս քաղաքական գործիչը իր յօդուածը եզրափակած է ըստ հետեւեալի. «Մէկ սուտն իսկ մեզի համար վնաս է»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 26, 2020