ՍՈՒՐԻՈՅ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԻՃԱԿԸ «ՃԳՆԱԺԱՄԻ ՄԷՋ ՃԳՆԱԺԱՄ»

Հակառակ աղէտալի երկրաշարժին, Սուրիոյ մէջ երկու եղբայրներ իրարու չմօտեցան։ Խօսքը յատկապէս այն քաղաքներուն մասին է, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ կառավարութեան տիրապետութենէն դուրս։ Հոն կային եղբայրներ, որոնք մնացին փլատակներու տակ ու նոյնիսկ մահացան առանց ստանալու իրենց հարազատներուն նեցուկը կամ օգնութիւնը։

Սուրիոյ մէջ իրօք պատկերը շատ ծանր է։ Մէկ կողմէ սնանկ վիճակ, գնաճ եւ աղքատութիւն, միւս կողմէ կեանքի նուազագոյն պայմաններու բացակայութիւն եւ ասոնց վրայ բարդենք թագաժահրի, ժանտախտի եւ այս օրերուն ալ երկրաշարժի պարագաները ու կ՚ունենանք ամբողջական անկումի մը ընդհանուր պատկերը։

Խնդիրը այն է, որ հակառակ արաբական տասնեակ երկիրներու կողմէ Սուրիոյ հասցուած օգնութիւններուն, երկիրը կը շարունակէ մնալ ամերիկեան «Կեսար» կոչեցեալ յայտնի պատիժներու տակ, որոնք աւելիով կը թարախակալեն առկայ համասուրիական մեծ վէրքը։ Բաց աստի, կայ ամենատխուրը, որ մինչեւ այս նիւթին գրուիլը Սուրիան իր տագնապէն հանելու որեւէ միջազգային ճիգ կամ հաւաստիացում չ՚երեւիր հորիզոնին վրայ։ Հիմա հարց մը. եթէ այս ահաւոր երկրաշարժը չշարժեց աշխարհին գութը, հապա ի՞նչն է, որ պիտի մղէ մեծ տէրութիւնները, որպէսզի Սուրիոյ համար լուծման ծրագիր մը առաջ քաշեն։

Ի դէպ Սուրիոյ իրադրութիւնը աւելի յստակօրէն դիտարկելու համար ստորեւ կը ներկայացնենք հեղինակաւոր BBC-ի կայքէջին վրայ երեւցած նիւթը, որ կը կրէ Քեթրին Արմսթրոնկի ստորագրութիւնը։

*

Պատերազմէն քանդուած Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը այն քաղաքներէն էր, որ ամենացաւոտ հարուածը ստացաւ արիւնալի երկրաշարժէն, որ աւերեց նաեւ Թուրքիոյ տասնեակ աւաններ։

Դաժան երկրաշարժին զոհերուն թիւը՝ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քաղաքին մէջ գերազանցած է հազարները։

Արտակարգ իրավիճակներու խումբերը հաստատած են, որ բազմաթիւ տուներ վնասուած կամ ամբողջութեամբ փլուզուած են եւ բնակիչներէն շատեր մնացած են շէնքերու փլատակներուն տակ:

Միլիոնաւոր փախստականներ, որոնք քաղաքացիական պատերազմէն յետոյ կորսնցուցած էին իրենց տուները, բնակութիւն հաստատած էին Հալէպի մէջ։

Քանի մը ուժեր կը վերահսկեն քաղաքը, յատկապէս՝ կառավարական ուժերը եւ ընդդիմադիր խմբակները:

Հալէպի մեծ մասը քանդուեցաւ 2011-ի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, երբ նախագահ Պեշար Էսատին դէմ խաղաղ ապստամբութիւնը վերածուեցաւ արիւնալի բախումներու, ապա լայնածաւալ պատերազմի։

Թէեւ նախապատերազմեան Սուրիոյ առեւտուրի կեդրոնը՝ Հալէպ քաղաքը վերակառուցելու փորձեր կատարուեցան, սակայն բացի աւերուած շէնքերէն եւ սովորական դարձած ելեկտրկանութեան անջատումներէն, ամբողջ ենթակառուցուածքները քանդուած ըլլալով, շատ դժուար եղաւ քաղաքը վերականգնելը:

Ըստ Սուրիոյ կառավարութեան աղբիւրներու եւ Հալէպի ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ «Սպիտակ սաղաւարտներ»ու փրկարարական խումբին համաձայն, երկրաշարժէն ետք մինչեւ այսօր զոհուած է շուրջ 1600 հոգի:

Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած տեսանիւթը, որ հաստատուեցաւ BBC-ի կողմէ, ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Հալէպի շէնքերէն մէկը կը փլուզուի եւ անոր շուրջ գտնուողները հեռանալով փլուզման վայրէն, կը շտապեն դէպի անվտանգ վայրեր:

Թուրքիոյ Կազիանթէպ քաղաքին մէջ 7.8 սաստկութեամբ երկրաշարժը տեղի ունեցաւ, տեղական ժամով առաւօտեան 4.17-ին, երկրի մակերեւոյթէն 17.9 քմ. խորութեան վրայ: Շուրջ 12 ժամ անց, այլ երկրաշարժ մը՝ մօտաւորապէս նոյն ուժգնութեամբ, տեղի ունեցաւ 130 քմ. դէպի հիւսիս գտնուող տարածքին մէջ:

Հալէպ քաղաքի բնակիչները «Րէօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան յայտնած են, որ ապաստան չունին, քանի որ իրենց տուները փլած են, կամ այն ​​պատճառով, որ կը վախնան նոր երկրաշարժներէ։

«Սպիտակ սաղաւարտներ» փրկարարական խումբի ներկայացուցիչը Հալէպ քաղաքը բնութագրած է որպէս «լքուած տարածք»՝ ընդգծելով, որ տակաւին փլատակներուն տակ մնացած ընտանիքներ կան:

Հալէպի Ժընտէրէս քաղաքի բնակիչներէն մին ֆրանսական լրատուական գործակալութեան յայտնած է, որ երկրաշարժի պատճառով կորսնցուցած է իր ընտանիքի 12 անդամները, իսկ ուրիշ մը յայտնած է, որ իր հարազատները փլատակներուն տակ մնացած են։ Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք կը լսենք անոնց ձայնը, անոնք դեռ ողջ են, բայց զանոնք դուրս բերելու համար ո՛չ միջոց ունինք, ո՛չ փրկարարներ, ո՛չ ալ սարքեր»:

«Կառավարութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, շտապօգնութեան բոլոր ծառայութիւնները ուղարկուած են աղէտեալ տարածք, ներառեալ բանակային ուժերը եւ կամաւորներ: Սակայն այս բոլորը բաւարար չեն հսկայաչափ աւերուածութեան մէջ մարդոց կեանքերը փրկելու համար», այս մասին BBC-ին ըսած է Մերձաւոր Արեւելքի բաժնի պատասխանատու՝ Հիշամ Շաուիշ։

Միջազգային բարեգործական կազմակերպութիւնը, որ շուրջ հազար աշխատակից ուղարկած է Սուրիոյ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ, տեղեկացուցած է, որ արդէն սկսած էր պայքարիլ տասնամեակէ մը ետք յայտնուող ժանտախտի առաջին բռնկման դէմ եւ կը պատրաստուէր ձիւնամրրիկը դիմակայելու, երբ տեղի ունեցաւ երկրաշարժը: Վատ եղանակը, ցրտաշունչ ջերմաստիճանը եւ յորդառատ անձրեւը դժուարացուցին փրկարարական աշխատանքը: Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան Մերձաւոր Արեւելքի խնամքի տնօրէն Մարք Քէյ իրավիճակը բնութագրած է որպէս «ճգնաժամ ճգնաժամի մէջ», ընդգծելով, որ շրջանի հսկայ տարածքները անհասանելի են երկրաշարժէն ետք, հաղորդակցութեան ցանցերու վնասման պատճառով:

Միջազգային օգնութիւն հասնելու համար կրնայ որոշ ժամանակ պահանջել, քանի որ Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը դարձած է անհասանելի տարածքներէն մէկը՝ թրքական սահմանէն միայն մէկ փոքր անցում ունենալու պատճառով, որ կ՚օգտագործուի մթերքը ընդդիմութեան կողմէ վերահսկուող տարածքներ փոխադրելու համար:

Շուժուլ Իսլամը, որ եօթ տարիէ ի վեր կ՚աշխատի Իտլիպի Ալ-Շիֆա հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, BBC4-ի «The World Tonight» ծրագիրէն ըսած է, որ հիւանդանոցի վիճակը այսքան վատ չէ եղած եօթ տարիներէ ի վեր, որքան է այսօր: Ան աւելցուցած է, որ իւրաքանչիւր երկու-երեք տուժածին մէկ մահճակալ կայ, մարդիկ հերթով շնչառութեան սարքեր կ՚օգտագործեն, որպէսզի ողջ մնալու հաւանականութիւնը բարձրանայ։

Զեկոյցները ցոյց տուած են, որ որոշ մարդիկ քսան անգամ անօթեւան մնացած են՝ քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, որ սկսած էր 2011 թուականին, երբ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի դէմ խաղաղ ապստամբութիւնը վերածուած էր բռնութեան: Հարիւր հազարաւոր սուրիացի խաղաղ բնակիչներ եւ զինեալներ դարձած են այս հակամարտութեան զոհը, որուն յաջորդած մարդկային ճգնաժամը սրած է վերջին քանի մը տարիներուն, Սուրիոյ տնտեսութեան աննախադէպ անկման պատճառով:

Նախքան տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը, պատերազմի պատճառով, Սուրիոյ զանազան շրջաններ, թաղամասեր, ներառեալ հիւանդանոցներ աւերակներու վերածուած են։

Սուրիոյ կառավարութիւնը կոչ ըրած է միջազգային օգնութիւն ցուցաբերելու՝ դիմելով ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն, Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան եւ մարդասիրական այլ խումբերու։

Կարգ մը հաղորդագրութիւններ տեղեկացուցած են, թէ Պեշար Էսատի կառավարութիւնը հերքած է Իսրայէլէն օգնութիւն խնդրելու լուրերը: Երկու կողմերը տակաւին պատերազմի մէջ են եւ դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններ չունին։

Տասնեակ երկիրներ խոստացած են Սուրիա օգնութիւն ուղարկել. ինչպէս՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Քուէյթը եւ Քաթարը։ ՄԱԿ-ը յայտարարած է, որ գետնի վրայ ունի աշխատանքային խումբեր, որոնք իրավիճակը գնահատելով օգնութիւն կը ցուցաբերեն:

BBC-ի միջազգային գլխաւոր թղթակից Լիզ Տաուսէթ ըսած է, որ Պեշար Էսատ կրնայ ստիպուած ըլլալ ընդունելու օգնութիւնը Արեւմուտքի եւ հարեւան երկիրներու, զորս կը մեղադրէ Դամասկոս՝ Սուրիոյ թշնամիներուն աջակցելու կապակցութեամբ:

Ռուսաստանը, որ Սուրիոյ մէջ ռազմական ներկայութիւն ունի՝ Սուրիոյ կառավարութեան կողքին պատերազմին մասնակցելու պատճառով, նոյնպէս աջակցութեան խոստում տուած է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Փետրուար 27, 2023