ՏԱՒՈՒՇԻ ԿՐԱԿՈՑՆԵՐԷՆ ԵՏՔ. Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԵՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Տաւուշի դէպքերը արդէն կը պատկանին անցեալին։ Ճիշդ է, որ ռազմական որեւէ իրադարձութիւն կրնայ յետցնցումային իրավիճակներու յանգեցնել։ Բայց եւ այնպէս, ըստ վերջին տուեալներու՝ Տաւուշի ռազմական գործողութիւններու այս փուլը յանգած է իր լրումին։

Արցախեան հակամարտութեան այս փուլը շեշտաւորուեցաւ կարեւոր եւ ուղենշային զարգացումներով, որոնց ամենակարեւորը այն էր, որ բախումները, ինչպէս բոլորս սովոր ենք, տեղի չունեցան Արցախի սահմանի ողջ երկայնքով, այլ տեղի ունեցան երկու հանրապետութիւններու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետականօրէն ընդունուած սահմանային հատուածին, ինչպէս նաեւ ի ցոյց տուին այն, որ Ատրպէյճանի համար շատ մեծ խնդիր չէ ոտնակոխ ընել բոլոր միջազգային համաձայնութիւնները եւ գրոհ իրականացնել հարեւան երկրի մը տարածքին ուղղութեամբ։

Այստեղ կարեւոր է նաեւ նշել, որ նոյնիսկ եթէ միջազգային հանրութիւնը հարկ եղած չափով չարձագանգեց Ատրպէյճանի վարմունքին, ապա զարգացումներուն վերաբերեալ նոյն հանրութիւնը եւ մանաւանդ ԵԱՀԿ-ի շրջանակները լաւապէս տեսան արարքը ու չի բացառուիր, որ ուժերու հաւասարակշռութեան որեւէ պահուն հակազդեն պատահարին։

Ասկէ առաջ ու զանազան առիթներով նոյնիսկ յղում կատարելով ամերիկացի գործիչներու եւ վերլուծողներու, յանգած եմ այն եզրակացութեան, թէ Կովկասի մէջ ամբողջական խաղաղութեան հաստատման, նաեւ Արցախեան հակամարտութեան լուծման գլխաւոր բանալին կը գտնուի ռուսերուն մօտ։ Այլ խօսքով, Ռուսաստան ոչ միայն հարցերը լուծելու իսկական ներուժը ունի, այլ ունի նաեւ քաղաքական որոշում, որուն հիմքով ալ ան պիտի զօրացնէ իր ամուր դիրքերը կովկասեան տարածքէն ներս։

Եթէ նոյն յարաբերակցութեամբ դիտարկենք ու ճիշդ կերպով քննենք իրերը, ապա պիտի կռահենք, թէ նոյն Մոսկուան էր, որ մեծ ճիգեր իրականացուց մարելու համար 2016 թուականին ծայր առած «Քառօրեայ պատերազմ»ը, որ նաեւ մեծ կորուստներ պատճառած էր թէ՛ Պաքուին եւ թէ Երեւանին։

Մինչ Պաքու կը յոխորտար, որ կարողացաւ «մութին մէջ» գործելով՝ տարածքային որոշ առաւելութիւն արձանագրել ու հարուածներ տալ հայկական կողմին, անդին Ստեփանակերտ եւ Արցախ յենլով Հայկական զինեալ ուժերու հզօրութեան վրայ, կարողացան գետնի վրայ առկայ իրավիճակը ի նպաստ իրենց փոխել եւ անսալով Մոսկուայի յորդորներուն՝ ընդունեցին խմել հրադադարի «լեղի բաժակ»էն, որովհետեւ ցաւ զգացած որեւէ կողմի համար շատ բարդ վիճակ էր կէս թողուլ ընթացք առած գործը եւ կրակմար յայտարարելով դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները։

Եթէ ընդհանուր առմամբ դիտարկենք եւ տեղ մը ընդունինք տարիներէ ի վեր շրջան ընող տեսութիւնը՝ ըստ որու Արցախի խնդիրը չի լուծուիր ռազմական ճանապարհով, ապա պիտի նկատենք, որ հայկական կողմին ու նաեւ Ատրպէյճանի համաձայնութիւնը՝ կրակը մարելու վերաբերեալ ճիշդ քայլ էր։ Բայց եւ այնպէս, եթէ ռազմական նեղ պատուհանով նայինք ու հարցերը քննարկենք այդ օրերու ընդհանուր պրիսմակով, ապա պիտի ըսենք, որ հայկական կողմը նահանջելու եւ խաղաղութիւնը ընդունելու երբեք կարիք չունէր, մանաւանդ որ ո՛չ Արցախ, ո՛չ ալ Հայաստան յայտնուած էին նախայարձակ ըլլալու դիրքերէ։

Ամէն պարագայի սակայն, այդ օրերուն յստակ էր, որ ո՛չ Պաքու, ո՛չ ալ Երեւան պատրաստ են սրտնեղելու Մոսկուան, բան մը որ այսօրուան կշիռով նոյնը չէ։

Այսօր թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի յարաբերութիւնները՝ Մոսկուայի հետ, նոյնը չեն, ինչ որ էին մօտիկ անցեալին։

Սա անշուշտ առաւելութեան մը կամ անկումի մը մասին դիտարկում պէտք չէ նկատել, մանաւանդ, որ «ռէէլ փոլիթիք» ըսուածին մէջ առկայ շահերն ու յարաբերակցութիւնները ամէն օր կը փոխուին։ Ամէն պարագայի, հարցը Ռուսաստանի կողմէն դիտարկելու եւ ընկալելու մտադրութեամբ իմ ընթերցողներուն կը ներկայացնեմ ռուս վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասովի միտքերը։ Ռուս փորձագէտը, որ օրերս խօսած է հայրենի «Նիւզ.ամ» կայքին, չի բացառեր, որ Տաւուշի դէպքերը կրնան նոր «սթարթ» մը բերել մասնաւորապէս Մոսկուայի դիտանկիւնէն, որովհետեւ դարձեալ իր ըսելով՝ թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան կերպով մը հեռացած են կամ փորձած են Արցախեան հիմնախնդիրը հեռու պահել Քրեմլինի սեղաններէն, ինչ որ երկու կողմերուն համար ալ վնասաբեր է։

Ամէն պարագայի յստակ է, որ ռազմական որեւէ գործողութիւն կ՚ունենայ իր յետադարձ զարգացումները, որոնք շատ անգամ կը վերածուին քաղաքական միաւորի կամ կը ստեղծեն հանգուցալուծումի նոր ճանապարհ. սպասենք։

ԹԱՐԱՍՈՎ. «ՍԱՀՄԱՆԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՉԱՃԻ»

Հիմնաւորուած չեն կանխատեսումները այն մասին, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի մագլցումը կը դառնայ լայնածաւալ: Այս մասին ըսած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի հարցերով ռուսազգի փորձագէտ՝ Սթանիսլաւ Թարասով: Ան յիշեցուցած է, որ սահմանի լարուածութեան սրման հեռապատկերին միջնորդ ըլլալու իրենց պատրաստակամութեամբ հանդէս եկած են Ռուսաստանը, Իրանը եւ ԵԱՀԿ-ի (Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) Մինսքեան խմբակը, սակայն այս մակարդակը չի բաւարարեր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: «Տեսէք, թէ իրադարձութիւնները ինչպէս կը զարգանան ուքրանական ուղղութեամբ՝ Տոնպաս, Լուկանսք եւ Տոնեցք: Այնտեղ կը գործէ Նորմանտական քառեակի ձեւաչափը, իսկ ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ դեսպաններու կարգավիճակով: Այս առաջին պահը:

«Երկրորդ պահը՝ ապրիլեան ճգնաժամը ցոյց տուաւ, որ սուր իրավիճակներու պարագային, միջնորդական կարգաւորման գործով իրական յստակ մասնակցութիւն կը դրսեւորէ Ռուսաստանը: 2016 թուականի ապրիլեան իրադարձութիւններէն ետք Փութին անձամբ մասնակցեցաւ մագլցումի կասեցման, գործի դնելով Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները: Այնուհետեւ Իլհամ Ալիեւ եւ Նիկոլ Փաշինեան համատեղ ջանքերով դէպի այդ դիրքը հանեցին օրակարգէն:

«Երրորդ պահը՝ Փաշինեանն ու Ալիեւը երկխօսութիւն չեն վարեր կարգաւորման հիմնական սկզբունքներու շուրջ, որոնք կը սահմանուին բոլորիս յայտնի Մատրիտեան սկզբունքներով: Անոնք կը խօսին ինչ որ մարդասիրական խնդիրներու մասին, վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման եւ այլ մօտեցումներու շուրջ: Այսինքն՝ իրավիճակը բովանդակազրկուած էր: Ես կը ցանկամ ուղիղ, հեղինակաւոր եւ քաջատեղեակ կերպով ըսել, թէ այս վիճակին հնարաւոր չէր հասնիլ միայն մէկ կողմի ջանքերով: Ասոր համար կը պահանջուի երկու կողմի համաձայնութիւնը եւ այս կը նշանակէ, որ Ալիեւի եւ Փաշինեանի միջեւ համաձայնութիւն կայ: Այս ճանապարհին անոնք մէկդի նետեցին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները, այնուհետեւ մէկդի նետեցին բանակցային գործընթացը, եւ այդ կը նշանակէր, որ պէտք է սկսիլ ինչ-որ նոր փուլի: Բայց ինչ բան որ խափանուած է, Տաւուշի իրադարձութիւնները ցոյց տուին, թէ ինչ բան խափանուած է: Պատկերացնել, որ Ատրպէյճանը կը սկսի Լեռնային Ղարաբաղէն 30 քիլօմեթր հեռաւորութեամբ, Հայաստանի տարածք ներխուժելու գործողութիւնը յիմարութիւն է, իմանալով, որ այստեղ կանգնած է ՀԱՊԿ-ը (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն): Այս բախումը առաւել հաւանական կ՚ըլլար ղարաբաղեան ճակատին վրայ: Իսկ ղարաբաղեան ճակատը հանդարտ է», ըսաւ Թարասով:

Ինչ կը վերաբերի հայկական կողմին, փորձագէտի կարծիքով՝ ան օգտուած է այն փաստէն, որ «ՈւԱԶ» հատած է սահմանը։ «Ես կը կասկածիմ, որ հայ զինուորականները եւ հայկական գլխաւոր շտապը Տաւուշի մարզի միջադէպը կը գնահատեն միանգամայն այլ դիրքէ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մենք կը յիշենք, թէ 2016-ի ապրիլեան պատերազմին նախորդած էին, կրկին Թովուզի շրջանի իրադարձութիւնները: Եւ Հայաստանի զինուորականները գուցէ սա գնահատած են, որպէս Ատրպէյճանի շեղող զինուորական շարժում նոյն հատուածին մէջ, այն նպատակով, որ ռազմական գործողութիւններ սկսին ղարաբաղեան ուղղութեամբ: Անոնք այդպէս մտածելու իրաւունք ունին: Ես չեմ ցանկար ըսել, որ այդպէս ալ եղած է: Այո՛, անոնք այդպէս մտածելու իրաւունք ունին եւ նախաձեռնած են նախազգուշացնող բնոյթի որոշակի գործընթաց», ըսաւ ան:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2020