ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԱ.

ԹԷ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷՐ ՂԱԶԱՐՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Խօսք. «Ո՜վ սիրելիք»1:

Լուծմունք. որովհետեւ Քրիստոս մեզ Ղազարոսին պէս սիրեց, այդ պատճառով մենք կը հրաւիրուինք:

Խօսք. «Ո՜վ հիւանդութիւն»2:

Լուծմունք. նախ՝ հիացական է, երկրորդ՝ եզական, ինչպէս սկիզբը ըսաւ. «Հիւանդ մէկը կար» (Յհ 11.1), Ղազարոսին քոյրերը կենդանութեան յոյս ունէին, ատոր համար կ՚ըսեն. «Քու սիրելի բարեկամդ հիւանդ է» (Յհ 11.3), եւ յարութեան նշանակ առաւելաբար եղաւ անոնց յոյսը:

Խօսք. «Մահուան ընդդիմարտիկ»3:

Լուծմունք. այն է, ինչպէս Փրկիչը ըսաւ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան չէ» (տե՛ս Յհ 11.4), իսկ ոսոխ բանսարկուինը այն է, որ ըսաւ՝ «որ Աստուծոյ Որդին փառաւորուի» (Յհ 11.4):   

Խօսք. «Ախտերու բուժում»4:

Լուծմունք. առաքեալներուն միտքերը բժշկեց:   

Խօսք. «Հաւատքի հիմք»5:

Լուծմունք. ինչպէս կ՚ըսէ. «Կը հաւատա՞ս ըսածիս» (Յհ 11.26):   

Խօսք. «Թերահաւատներուն յանդիմանութիւն»6:

Լուծմունք. «Քեզի չըսի՞, որ եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես» (Յհ 11.40):   

Խօսք. «Հիւանդութիւնը չեմ ըսեր, այլ՝ հիւանդ միտքերու առողջութիւնը»7:

Լուծմունք. այն է, որ առաքեալները առողջացուց՝ ըսելով. «Ան որ ցերեկ ատեն կը քալէ՝ չի սայթաքիր» (Յհ 11.9):   

Խօսք. «Եւ ննջեցեալներուն կանգնում»8:

Լուծմունք. կ՚ըսէ. «Ղազարոս քնացած է, երթամ արթնցնեմ զինք» (Յհ 11.11):   

Խօսք. «Եւ մեր յարութեան պատկերը»9:

Լուծմունք. որովհետեւ նախ մեռաւ ու ապա՝ յարութիւն առաւ: Տե՛ս կարգը, քանի որ նախ կը հիւանդանանք, ապա կը ննջենք ու ապա յարութիւն կ՚առնենք:

Ղազարոսին ներբողեան ըսաւ, եւ ապա կ՚ըսէ ի՞նչ է մեր օգուտն ու շահը.

Խօսք. «Սքանչացէք նորահրաշ յարութեամբ»10:

Լուծմունք. նոր էր չորսօրեայ յարութիւնը, ինչպէս ի ծնէ կոյրին լուսաւորուիլը, որովհետեւ ի սկզբանէ չէ եղած եւ մինչ ի կատարած ալ պիտի չըլլայ: Գիտելի է, որ սքանչանալը միտքերուն է, զուարթանալը՝ երեսներուն, իսկ բերկրիլը՝ սիրտերուն, նոյն յոյսը մեր մէջ հաստատուած է:

Հիմա կ՚ըսէ հոգիին խնդութեան մասին, որովհետեւ խայտալը խնդալն է:   

Խօսք. «Մահը կ՚ողբայ»11:

Լուծմունք. մահը Ադամէն սկսեալ թագաւորեց մինչեւ Մովսէսի օրէնքները, իսկ ի Քրիստոս՝ կործանեցաւ, դժոխքին զօրութիւնը քակտեցաւ, ու Քրիստոս հզօրին կապեց ու անոր տունը աւերեց:     

Խօսք. «Նախաստեղծները կը հրճուին»12:

Լուծմունք. ինչպէս կ՚ըսէ. «Եկաւ ու զինք չորս օրէ ի վեր թաղուած գտաւ» (տե՛ս Յհ 11.17): «Ծափը»13 հոգիի ու մարմինի ուրախութիւնն է, «աւետարանելը»14 գերեզմանը օրհնելն է: «Զարհուրեալ»ը հոգիին, իսկ «դողալ»ը15 մարմինին, «Ծառ կենաց»16 Քրիստոս է, որ ըսաւ. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 11.25): «Մահաբեր ծառին գործը»17 մահն է, «թզենիին տերեւը»18 ապականութիւնը:

Հիմա կը ներբողէ աստուածային ձայնին մասին, որովհետեւ չորս բանով ներգործեց Ղազարոսի վրայ. նախ՝ հոգիին, երկրորդ՝ մարմինին, երրորդ՝ յարութիւն առնելուն, չորրորդ՝ դուրս գալը, ինչպէս կ՚ըսէ. «Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր» (Յհ 11.43):

Ասկէ ետք յորդորակ կը դնէ մեր բոլորին յարութեան համար. «Լապտեր»19 մեր միտքն է, իսկ «անօթը»20 մարմինը, «իւղ»21 ողորմութիւն եւ այլ բարի գործեր, իւղավաճառները աղքատներն են: Տէրը կը հրամայէ. «Որովհետեւ Իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, Ինծի ըրած եղաք» (տե՛ս Մտ 25.40): Սողոմոն կ՚ըսէ. «Կաշառել դատաւորը» (հմմտ. Ղկ 12.58), նախ այն է, որ ծածուկ կերպով քահանային կը խոստովանինք, իսկ մեղադրանքները լուծելը ապաշխարելն է, իսկ փրկողին՝ Քրիստոսին փառք յաւիտեանս: Ամէն:

Աւետարանիչը նախ ոմանց չարախօսութիւնը ճառեց, հիմա կ՚ըսէ, թէ ի՞նչ խորհուրդ ըրին Քրիստոսի մասին:

Խօսք. «Աւագ քահանաներն ու փարիսեցիները կանչեցին Ատեանի անդամները» (Յհ 11.47):

Մեկնութիւն. ասոնք լսելով Ղազարոսի յարութեան մասին նախանձի պատճառով Քրիստոսի մահուան մասին սկսան [խորհիլ]: Գիտելի է, թէ քահանայապետները Ղեւիին ցեղէն էին, իսկ փարիսեցիները՝ Շմաւոնի ցեղէն, իսկ այս խորհուրդին մասին Յակոբոս Արարածքի քառասուն իննի մէջ կ՚ըսէ. «Շմաւոն եւ Ղեւի եղբայրները անիրաւութիւններ կատարեցին իրենց կամքով, անոնց խորհուրդներուն մէջ իմ անձս թող չմտնէ» (Ծն 49.5-6):

Այս խորհուրդը չորս պատճառով անօրէն է. նախ՝ որովհետեւ քահանայապետները մեծ ու գիտուններ էին, իսկ փարիսեցիները սուրբ կ՚երեւային ու օրինապահներ, այդ պատճառով անոնց մեղքը ծանրագոյն էր: Երկրորդ. քանի որ անմեղը կը դատապարտէին: Երրորդ. որովհետեւ հոգեւորներուն համար չէր, այլ՝ մարմնաւոր փառքերու ու ստացուածքներու համար էր: Չորրորդ. քանի որ հրապարակաւ՝ ատեանի մէջ  եւ ո՛չ թէ՝ ի ծածուկ կը մեղանչէին:

Ապա կը ցուցնէ անոնց տարակոյսը:

Խօսք. «Ի՞նչ ընելու ենք, քանի այս մարդը բազմաթիւ հրաշքներ կը գործէ» (Յհ 11.47):

Մեկնութիւն. նախ կը ցուցնէ, թէ հրաշքները յայտնի էին, որովհետեւ չէին կրնար ուրանալ: Երկրորդ. ասով կ՚երեւի, թէ պէտք էր Անոր աւելի հաւատալ, քան Մովսէսին, որովհետեւ Մովսէս այդքան մեծամեծ հրաշքներ չգործեց, եւ ժողովուրդը հաւատաց անոր, ապա պարտ էր պատուել զԻնք իբրեւ ճշմարիտ Աստուած:

Ընդդէմ ասոր կը հակառակէին.

Խօսք. «Եթէ զԻնք այսպէս ձգենք՝ բոլորն ալ Իրեն պիտի հաւատան» (Յհ 11.48):

Մեկնութիւն. ըստ Ոսկեբերանին այսպիսով կ՚ուզէին ժողովուրդին Քրիստոսի հանդէպ բարկութեամբ ու ատելութեամբ լեցնել, որպէս թէ հռոմայէցիները կը գիտնան, թէ ժողովուրդը Անոր ետեւէն գացած է, այն ատեն կը կարծեն, թէ կը կամենանք անոնց տէրութեան հակառակիլ եւ զԱյն մեզի թագաւոր դարձնել: Իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ անոնք վախցան, որպէսզի [յանկարծ] բոլորը չհաւատան Անոր, եւ այդ ատեն ոչ ոք կը մնար, որ տաճարը կամ քաղաքը կը պահէր հռոմայէցիներուն ձեռքէն, որովհետեւ կը կարծէին Քրիստոսի վարդապետութիւնը հակառակ է տաճարին ու անոնց օրէնքներուն:

Խօսք. «Եւ հռոմայէցիները պիտի գան» (Յհ 11.48):

Մեկնութիւն. հոմանուն է հոռոմը, հռոմայէցիներ քաղաքին համար հոռոմ կը կոչուին, իսկ յոյները Հռոմայ կայսրին համար հոռոմ կ՚անուանուին: Գիտելի է, թէ մարգարէները կը խոստանային զՔրիստոս իբրեւ Թագաւոր գալ, իսկ անոնք մոլորուած ժամանակաւոր թագաւոր կը կարծէին ու կայսրին հակառակ, եւ ասիկա աւերումի պատճառ կ՚ըլլար, ինչպէս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Եւ հռոմայէցիները պիտի գան ու կործանեն մեր տաճարն ու ազգը» (Յհ 11.48):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ քանդեն տաճարն ու քաղաքը, իսկ ժողովուրդը գերութեան տանին: Ասով յայտնի է, թէ երկիւղի կիրքը՝ մոլորած էր անոնց մէջ  բանական մասին դատումով:

Իսկ ապա կը ճառէ այս տարակուսանքներու լուծումէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 112

Վաղարշապատ


1 Նանա, էջ 263, առաջին գիրքին վերջամասին մէջ եղող յորդորակին կը վերաբերի Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիի լուծմունքը:
2 Անդ:
3 Անդ:
4 Անդ:
5 Անդ:
6 Անդ:
7 Անդ:
8 Անդ:
9 Անդ:
10 Անդ:
11 Անդ:
12 Անդ:
13 Անդ:
14 Անդ:
15 Անդ, էջ 264:
16 Անդ:
17 Անդ:
18 Անդ:
19 Անդ:
20 Նանայի մեկնութեան յորդորակին մէջ այս բառը չկայ:
21 Անդ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 27, 2021