ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ի՞նչ կը պատահի այն մարդուն, որ իր ունեցուածքով, բերք ու բարիքով Տէրը կը պատուէ:
Պատասխան. Տէրը պիտի պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով եւ քու շտեմարաններդ առատութիւնով պիտի լեցուին ու հնձաններէդ նոր գինին դուրս պիտի թափի (Առ 3.9-10):
• Երանելի՜ է այն մարդը, որ գիտակցութիւնը ունի, թէ իր ամբողջ ունեցուածքը Տիրոջ կողմէ իրեն տրուած աւանդ մըն է եւ այդ աւանդին նկատմամբ իր ունեցած վերաբերմունքն է, որ կ՚աւելցնէ, կ՚առատացնէ իր այդ աւանդը եւ կամ հակառակը՝ կը պակսեցնէ, կամ ընդհանրապէս կը վերացնէ, քանի որ՝ «ունեցողին պիտի տրուի նոյնիսկ աւելիով, իսկ չունեցողէն պիտի առնուի ունեցած փոքր բաժինն իսկ» (Մտ 13.12):
Եթէ փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ, որ մարդ իր ունեցած բերք ու բարիքով Տէրը պատուէ, ապա պատասխանը շատ յստակ է. օգնե՛լ նմանին, այսինքն՝ մարդուն, որ Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծուած է (տե՛ս Ծն 1.26-28): Ողորմութիւնն է մարդուն տրուած հրաշալի միջոցը, որով կրնայ զԱստուած պատուել, փառաւորել եւ օրհնաբանել անոր սուրբ անունը, ողորմութեան միջոցով մարդ կը պատուէ զԱստուած, կը նմանի Աստուծոյ՝ որովհետեւ Աստուած ի՛նք ողորմած է, որ մեր՝ մարդոցս փրկութեան համար նոյնիսկ իր միածին որդին չխնայեց (տե՛ս Յհ 3.16) եւ՝ «կան առաքինութեան բազմաթիւ տեսակներ, որոնք մեզ դէպի Աստուած կը բարձրացնեն եւ Արքայութեան ժառանգորդ կը դարձնեն, սակայն մեզ Աստուծոյ նման դարձնող ուրիշ առաքինութիւն չկա՛յ՝ քան ողորմութիւնը: Այս մէկը նոյնինքն մեր Տէրը յայտնեց՝ ըսելով. “Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ ան իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն վրայ” (Մտ 5.45). (Սարգիս Շնորհալի Վարդապետ)», որով մենք եւս՝ նմանելով մեր Արարիչին պէտք է ոչինչ խնայենք մեր նմանին օգտակար ըլլալու համար:
Տէր Յիսուս երանի՜ կու տայ ողորմածներուն՝ ըսելով. «Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.7): Այս երանութեան ամենէն ազդեցիկ արտայայտութիւններէն մէկը Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետին հետեւեալ նախադասութիւնն է. «Ողորմութիւն տուողին ձեռք մեկնողը աղքատ մուրացկանն է, սակայն ողորմութիւն առնողը՝ Աստուած է», այսինքն՝ մարդ իր կատարած ողորմութեամբ՝ իր նմանին օգնելով, Աստուծոյ փոխ կու տայ եւ ըստ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացիին՝ «պէտք է գիտնալ, որ բազմաթիւ առաւելութիւններ ունի այն փոխը՝ որ Աստուծոյ կու տանք, քան այն՝ որ մարդոց կու տանք»:
Այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ ողորմութիւնն ալ ձեւով մը նիւթականացած է, արհեստական, աւելի ճիշդ՝ թատերական դարձած է, այսինքն՝ այսօրուան ողորմացողները մարդոցմէ գովաբանութիւն ստանալու համար ողորմութիւն կը կատարեն, մարդոց փոխ կու տան՝ քան թէ Աստուծոյ: Այս մասին մեր Տէրը հետեւեալ կերպով կ՚ուսուցանէ. «Զգո՜յշ, Աստուծոյ հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնները մարդոց ներկայութեան մի՛ կատարէք ցոյցի համար, որովհետեւ այդ պարագային վարձատրութիւն պիտի չստանաք ձեր երկնաւոր Հօրմէն:
«Երբ ողորմութիւն կ՚ուզես տալ, փող ու թմբուկով մի՛ ըներ՝ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւելու համար, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններու մէջ եւ հրապարակներու վրայ՝ մարդոցմէ փառաւորուելու ակնկալութեամբ: Վստա՛հ եղէք, միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Ընդհակառակը, երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ, թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ: Այսպիսով ողորմութիւնդ գաղտնի ըրած կ՚ըլլաս եւ քու երկնաւոր Հայրդ, որ անտեսանելի է եւ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.1-4): Այսինքն՝ ողորմութիւնը պէտք է ծածուկ կերպով կատարուի՝ ի տես Աստուծոյ, որ անտեսանելի ըլլալով ամէն ինչ կը տեսնէ եւ յարմար ժամանակին յայտնապէս կը վարձատրէ ողորմացողին: Սուրբ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը այսպէս կը գրէ. «Ասկէ ետք ողորմութիւններդ ծածուկ կերպով կատարէ, այնպէս՝ ինչպէս որ չես ուզեր մեղքերուդ պղծութիւնը ցոյց տալ, այնպէս ալ ապաշխարութեանդ ողորմութիւնը մի՛ ցուցադրեր, այլ՝ ապաշխարութեան առաքինութիւնը մեղքերուդ զազրութեան նման քօղարկէ՛ եւ ատկէ յետոյ ապաշխարութիւններդ ընդունելի կ՚ըլլան եւ մեղքերուդ համար թողութիւն կը գտնես»:
Ողորմութիւնը, արդարեւ, Աստուծոյ նկատմամբ երախտապարտ գտնուելու եւ Աստուծոյ մեզի տուած ձրի շնորհքին ու աւանդին համար շնորհակալ ըլլալու ամենէն հզօր զէնքն է: Աստուած ի՛նքն է տուողը եւ մարդ երբ այս գիտակցութեամբ վարուի իր առօրեայի ընթացքին, ապա իր ունեցուածքով Տէրը կը պատուէ ու կը փառաւորէ: Սակայն, զգոյշ պէտք է ըլլալ, որ այդ պատուելն ու փառաւորելը սեփական եսի պատիւին ու փառքին չվերածուի:
Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան հետեւեալ հարցումը տալով, թէ՝ «ի՞նչ է ողորմութեան նպատակը: Ի՞նչ բանի կը ձգտի ողորմութիւնը», այսպէս կը պատասխանէ.
«Առաջին. ողորմութիւնը կը ձգտի կարիքաւորներուն օգնելու: Կարիքաւորին օգնելը ինչո՞ւ համար կարեւոր է: Նախ եւ առաջ, կարեւոր է, որովհետեւ Աստուծոյ նմանելու ընթացքը այդպէս կ՚ըլլայ: Ե. գլուխը աւարտեցաւ երկնաւոր Հօր պէս կատարեալ ըլլալու կոչով: Եւ ահա ցոյց կը տրուի, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այդ նմանութիւնը մեր վրայ բերել: Ողորմութիւն կատարելը՝ երկնաւոր Հօր նմանելու ճամբուն մէջ ըլլալ է: Սակայն որպէսզի մէկը իսկապէս այդ ճամբուն մէջ ըլլայ, պէտք է շարժի ըստ երկնաւոր Հօր օրինակին: Աստուած ինչպէ՛ս կ՚ողորմի: Տեսանք, Յիսուս ըսած էր. «Ան Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն վրայ: Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել… եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք»:
Աստուած Իր արեւը կը ծագեցնէ բոլոր մարդոց վրայ անխտիր, նաեւ Իր բարիքը բոլորին կը բաշխէ՝ առանց խտրութիւն դնելու: Ուստի, մարդն ալ նոյնպէս պէտք է ընէ, իր կատարելիք ողորմութիւնը միայն ծանօթներուն եւ միայն բարիներուն համար պէտք չէ սահմանափակէ, այլ բոլորին՝ այսինքն անծանօթներուն ալ, օտարներուն ալ եւ բոլոր անոնց՝ որոնք չարիք կը հասցնեն:
Եթէ ես կը հաւատամ, որ Աստուած իմ երկնաւոր Հայրս է եւ բոլոր մարդիկը՝ իմ եղբայրներս են, այդ պարագային բարի մարդու եւ չար մարդու, ծանօթի կամ անծանօթի կամ օտարի հարց չի մնար:
Արդ, Աստուծոյ օրինակը անպայմանաւոր բարեգործութիւն կը պահանջէ: Եւ անպայմանաւոր բարեգործութիւնը այն մէկն է, որ ո՛չ վարձատրութեան եւ ոչ ալ շահու ակնկալութիւն ունի:
Քանի այդպէս է, ինչո՞ւ համար Յիսուս կ՚ըսէ, թէ ծածկաբար կատարուած ողորմութեան դիմաց է, որ Աստուած պիտի վարձատրէ: Արդեօք ըսե՞լ կ՚ուզէ, թէ երբ ծածուկ կերպով ողորմութիւնը կատարենք՝ իրաւունքը ունինք Աստուծմէ ողորմութիւն ակնկալելու:
Յիսուսի տրամաբանութիւնը շուկայական չէ: Երբ Աստուած պիտի վարձատրէ կ՚ըսէ՝ խոստում մըն է, որ կու տայ:
Ի՞նչ կը խոստանայ Աստուած:
Ս. Հոգիին միջոցաւ մեր փրկութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը:
Որպէսզի մարդկային մտածողութեամբ չքալենք մեր ճամբան, Յիսուս նախ Ս. Հոգին կը խոստանայ:
Ս. Հոգին մեծագոյն պարգեւն է: Անիկա կ՚առաջնորդէ եւ մեզ ճիշդ ճանապարհին մէջ կը դնէ: Ս. Հոգիին շնորհիւ է, որ մենք արժանի կ՚ըլլանք փրկութեան ճանապարհին մէջ քալելու եւ հասնելու յաւիտենական կեանքին:
Հետեւաբար, այն մարդը որ յայտնի կ՚ուզէ ընել իր գործերը, մանաւանդ բարեգործութիւնները, կը նշանակէ, թէ յաւիտենականին կամ Աստուծոյ համար չէ, որ կ՚աշխատի, այլ իր անունին: Եւ ան, որ մարդոց կողմէ փառաւորուիլ կ՚ուզէ՝ իր գտնելիք հատուցումը ա՛յնքան պիտի ըլլայ: Կ՚ուզես որ մարդի՞կ քեզ փառաւորեն… ահաւասիկ քեզ փառաւորեցին եւ վերջացաւ ու ստանալիքդ ստացար:
Իսկ այն մարդը, որ իր վարձատրութիւնը Աստուծմէ կը սպասէ, կը գործէ այնպէս՝ որ իր ըրածները ուրիշներուն տեսանելի չըլլան, այլ միայն Աստուծոյ տեսանելի ըլլան: Անիկա չի ձգտիր, որ իր սեփական անունը փառաւորուի, այլ կը գործէ Աստուծոյ անուան փառաւորումին համար:
«Երբ դուն ողորմութիւն կու տաս, ձախ ձեռքդ թող չգիտնա՛յ, թէ ինչ կ՚ընէ աջ ձեռքդ»: Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Յիսուս:
Թէ ամենամտերիմն իսկ, ամենամօտիկ հարազատն անգամ պէտք չէ գիտնայ կատարուած ողորմութեան մասին: Աւելի խոր նշանակութիւն մըն ալ ունի այս խօսքը: Կը նշանակէ նաեւ՝ թէ ողորմութիւն կատարողը ինք եւս պէտք է մոռնայ իր ըրած բարիքը: Բայց մարդ կրնա՞յ իր յիշողութիւնը ջնջել: Ոչ: Սակայն յիշողութիւնը ջնջելու մասին չէ ըսուածը: Սպասուածը այն է, թէ կատարուած բարիքը ինքնահիացման առիթի պէտք չէ վերածուի եւ անձը պէտք չէ սկսի իր ըրածներուն կարեւորութիւն ընծայել, այլապէս փառամոլութիւնը կու գայ եւ սեփական անձին մէջ տեղ կը գրաւէ ու բարեգործութիւնները իրենց նպատակէն շեղած կ՚ըլլան:
Յիսուս կը պատուիրէ, որ ողորմութիւնը գաղտնի կատարես եւ վստահ ըլլաս, որ երկնաւոր Հայրը Ինք կը տեսնէ ըրածդ ու կը վարձատրէ քեզ՝ իր փրկութեան ճանապարհին մէջ քեզ պահելով եւ քեզ ընդունելով: Այս է վարձատրութիւնը» (Զարեհ Արք. Ազնաւորեան, «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Մոնթրէալ, 2016, էջ 113-115):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3
17 յուլիս 2022, Վաղարշապատ