ՊԱՍՐԱՑԻ ԵՄ…
Կասկած չկայ, որ ինծի նման շատ շատեր նոյն զգացումը կրնան ունենալ: Այսպէս, կը պատահի, որ օր մը որոշած ես ներկայ գտնուիլ հրապարակային նախաձեռնութեան մը, պարահանդէսի մը, հարսանիքի, պսակի եւ կամ՝ յուղարկաւորութեան: Ու աչքերդ անզգալաբար չորս կողմ կը պտտին՝ «ծանօթ մը» փնտռելով:
Եւ գաղտնիք մը չէ, որ դուն սրահի մը մէջ, քանի մը վայրկեաններու ընթացքին, միայն ֆիզիքապէս ներկայ կը գտնուիս, որովհետեւ աչքերդ կեդրոնացուցած ես մէկու մը վրայ, զայն քեզի «ծանօթ» մը կարծելով: Ու մտմտուք մըն է, որ ծայր կու տայ ուղեղիդ մէջ: Սակայն այս մէկը երկար չի տեւեր, որովհետեւ շուրջիններդ՝ կինդ կամ զաւակներդ, քեզ անմիջապէս զգաստութեան հրաւիրելով՝ կը կտրեն ամէն գիծ կամ կապ մտածումներուդ հետ:
-Չե՞ս լսեր... ո՞ւր կը նայիս... ի՞նչ կը փնտռես... ամօթ է... մեղաաա՜յ:
Իրաւունք ունին: Բայց, կամաց մը կը փորձես դուն քեզ արդարացնել, ըսելով.
-Այդ մարդուն դէմքը շատ ծանօթ էր... չեմ յիշեր ո՞վ է... ո՞ւր տեսած եմ... ո՞ւր հանդիպած... ճշմարիտ կ՚ըսեմ... մազերուն ձեւը... քիթը... ձայնը... անպայման ծանօթ մը ըլլալու է:
Ու այս ընթացքով, կարծես, քովիններուդ թելադրանքները քեզի աւելի կը ստիպեն, որ դուն կրկին անգամ միտքդ յոգնեցնես՝ այս «առեղծուածը» լուծել փորձելու համար: Բայց ապարդիւն: Չես կրնար յիշել: Օտարականին դէմքը քեզի շատ ծանօթ կու գայ, բայց տակաւին չես կրնար անոր ինքնութիւնը ճշդել:
Եւ որովհետեւ անհամբեր ես, առիթ մը կը գտնես ու վերջապէս կ՚որոշես մօտենալ այդ «ծանօթ» կարծած մարդուդ:
-Բարեւ... հայրենակից... ներողութիւն... դո՞ւք... ձեր դէմքը շատ ծանօ՛թ է... Հալէպէ՞ն էք...
Յանկարծ բոլոր մտածումներդ կը ցնդին: Մարդը քու գիտցած մարդը չէ:
-Կը ներէ՛ք... ձեզ նմանցուցի, արագ եւ քաղաքավար կ՚ըսես ու տեղդ կը վերադառնաս:
-Ոչի՛նչ... ցաւդ տանի՛մ... ոչի՛նչ... ականջիդ կը հասնի «ծանօթիդ» ձայնը:
Ու վերջը, ժամեր եւ օրեր վերջ, առանձնութեանդ մէջ, երբ դուն քեզի կը փորձես վերլուծել, յանկարծ կը յանգիս ա՛յն «տափակ» եզրակացութեան, թէ «մենք հայերս, բոլորս ալ իրարու կը նմանինք» եւ կամ «ամէն տեղ ծանօթ կամ բարեկամ մը փնտռելու հիւանդութենէն կը տառապինք»: Թերեւս՝ ես ալ:
Պարզապէս ինքնարդարացում: Ինքնահամոզում:
Եւ որովհետեւ նման «արկածներ» սկսած էին յաճախակի դառնալ, տնեցիք զիս «մարդ ճանչնալու հիւանդութեամբ տառապողներու» շարքին սկսան դասել եւ յիշողութեանս տկարութենէն մեկնելով՝ կանխայայտ ծերութիւնս ալ «գուշակել»:
Ի՞նչ ընեմ: Հոս Ամերիկա է: Ամէն մարդ ազատ է... Ինչ որ է...
Ու նորութիւն մը չէ, երբ ըսեմ, որ ես անձնապէս կը սիրեմ մարդոց հետ ծանօթանալ, ծանօթացուիլ, խօսիլ, բարեկամանալ: Բայց, նաեւ աւելցնեմ, որ «ծանօթ մը փնտռելու» այս արարքովս երբեմն շատ տարօրինակ արդիւնքներու կը հասնիմ... եւ արդէն իսկ հասած ալ եմ: Այսպէս, դիմացինս կամ «Թեհրանից» եղած է եւ կամ՝ «Երեւանից»: Ուղղակի յուսախաբութիւն:
Ու միշտ, իբրեւ շատ քաղաքավար մարդ, դէմքիս վրայ ամօթէս ծնունդ առած ժպիտովս եւ շարան մը ներողամտութեան խօսքերով ու բառերովս համեմած, հեռացած եմ ու որոշած, որ այսուհետեւ նման սխալներ չգործեմ: Եւ այս պաշտօնական եւ մեծ որոշումս տնեցիներուս փոխանցած եմ, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին դադրէին զիս նոր մակդիրներով օծելէ՝ ինծի համար այս անհաճոյ «արարողութիւններէն»:
Ու օր մը, այս անիծեալ «քորոնայի» ներկայութենէն առաջ, երբ այր ու կին ձեռնարկի մը ներկայ պիտի գտնուէինք, կինս կամաց մը յիշեցուց որոշումս.
-Մարդ փնտռելու չսկսիս... ձգէ, որ շուրջիններդ բեմը դիտեն եւ ո՛չ թէ քեզ...
Թերեւս իրաւունք ունէր: Թերեւս, իրապէս անզգալաբար անհանգիստ կ՚ընէի չորս կողմս նստողները, բայց... պէտք չէր չափազանցել:
Ու այդ օր, հազիւ սրահ մտած ու տեղաւորուած էինք, յանկարծ այս անգամ աչքերս հանդիպեցան ուրիշ զոյգ մը աչքերու: Հաւատացնեմ ձեզի, նայողը ես չէի: Աստուած վկայ, «նախայարձակը» ինքն էր: Ու այսպէս, քանի մը վայրկեան անգամ մը, երկար դէմք մը դէպի ձախ ծռած, իր զոյգ մը աչքերովը զիս «կը հալածէր»:
-Այդ մեր շարքին ծայրը նստող մարդը անդադար զիս կը դիտէ, ըսի կնոջս կամաց մը եւ անմեղօրէն, ապագայի բոլոր անհամ խօսակցութիւններուն եւ կատարուելիք «յիշեցումներուն» ու անտեղի եւ անհամ «մատնանշումներուն» առաջքը առնելու համար: Բայց, չէ՞ որ նախկին գէշ փորձութիւններս կային, ուստի դժուար էր կինս համոզելը:
Ու այսպէս, մարդը փոխանակ բեմը դիտելու զիս կը դիտէր, կարծես «սիրահարուած» ըլլար: Մեղաաաայ... Ու երբ յայտագիրը վերջ գտնելէ ետք դուրս կ՚ելլէինք, կնոջս ըսի, որ «այս մարդը իմ նախկին հիւանդութենէս կը տառապի»: Կինս, թէեւ չհաւատաց, բայց միասին երկար խնդացինք: Ու հազիւ մեր ինքնաշարժին մօտեցած էինք, յանկարծ մեր դիմաց կանգ առաւ այդ օտարականը:
-Բարի իրեկուն ձեզ... դո՛ւք Պասրայէն էք, չէ՞, Իրա՞ք...
Այր ու կին իրարու երես նայեցանք: Ձայնիս մէջ իմ ունեցած փորձառութեանս բոլոր գոյները խառնելով պատասխանեցի.
-Չէ՛, եղբայր, սխալած էք:
Ծօ՛, ես ո՜ւր, Պասրան ուր, ըսի մտովի ու փորձեցի շուտով ինքնաշարժիս դռները բանալով ներս մտնել: Բայց, մարդը յամառօրէն շարունակեց.
-Չէ՛, չէ՛, դո՛ւն ես, Արթինը, պասրացի, մեքանիք Ակոբին աղբարը...
Չեղա՜ւ... չեղա՜ւ... մարդը աւրեց ամէն բան:
Անմիջապէս մտքէս իմ նախկին եւ իր ներկայ «իրավիճակներուն» բաղդատականը ըրի: Իմ պարագայիս, ես գոնէ այսչափ ինքնավստահ չէի պնդեր. շուտով տեղի կու տայի: Սակայն, այս մարդը կարծես խախտած էր մեր «հիւանդութեամբ» տառապողներուս պարզ օրէնքները եւ շարունակ կը պնդէր:
-Չէ՛ բարեկա՛մ, ես Հալէպէն եմ, ըսի քիչ մը ջղային եւ հաստատ ձայնով ու ոճով՝ այս անիմաստ խօսակցութեան թելը վերջնականապէս կտրելու համար:
-Ո՛չ, ո՛չ, «լաաամէ», դո՛ւն ես... հէ՛չ չես փոխ-ւած... «ուալլահի» կ՚ըսեմ... հէլէ այս օրիորդն ալ քու քուրիկդ է... չէ՞...
Վայրկեանին մտածեցի, թէ այս մարդը կամ խելակորոյս մըն էր եւ կամ հրապարակաւ՝ մանաւանդ կնոջս ներկայութեամբ վրաս կը խնդար: Բայց, հաստատապէս կը չափազանցէր:
-Բարեկա՛մ, ըսի ձայնիս մէջ գարունէն ետք կանխահաս աշուն բերող եղանակ մը խառնելով, ես երազիս մէջ անգամ Պասրան չեմ տեսած...
-Ո՛չ... ո՛չ..., չձգեց, որ խօսքս շարունակեմ, դո՛ւն չես փոխուած, միայն քոյրդ քիչիկ մը նիհարցած է... «ուալլահի»... հո՛ս կեցիր, հիմա գամ, նկարդ բերեմ...
Ալ համբերութիւնս հատած էր: Ուստի կոշտ ձեւով «կը ներէք» մը ըսի եւ ինքնաշարժ նստեցայ: Արագ մը «աշխատցուցի» ու փորձեցի հեռանալ: Հայելիէն տակաւին տեսանելի էր զարմանքով ու բերնի ու ձեռքի երկար շարժումներով «մարդուս» հասակը:
Հաւանաբար տակաւին շատ ըսելիքներ ալ ունենար՝ մանաւանդ կնոջս մասին ալ:
Ու անկէ ետք, դէպի տուն վերադարձին, ինքնաշարժին մէջ էրիկ-կնիկ ո՛չ մէկ բառ, ո՛չ մէկ խօսք փոխանակեցինք: Վիճակս հասկնալի էր: Հաւանաբար քիչ ժամանակ առաջ, թերեւս ես ալ իրեն նման էի: Բայց այսքան յամառ չէի...
Ես ո՜ւր, ինքը ուր...
Եւ որպէսզի, ըստ իմ բարի սովորութեան, մթնոլորտը փոխէի՝ դէպի տուն ճամբուն ժպիտս խնդուքի վերածելով հարցուցի կնոջս.
-Հէ՛յ, Արթինին քոյրը, ո՞ւր կ՚ուզես, որ տանիմ քեզ...
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com