ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՍԱՆԻՔ
Դասընկերներ էին: Դպրոցական օրերէն իրարու կը համակրէին:
Տարիները անցան, դարձան մտերիմներ, ապա՝ սիրահարներ:
Երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք աղջիկը ուսումը շարունակելով, ստացաւ համալսարանական բարձրագոյն վկայական:
Տղան՝ «քալեճ»ին մէջ, երկրորդական ուսման տարիներուն կիսատ ձգած ճիւղերէն քանի մը հատը ամբողջացնել փորձելով, քանի մը տարի յաճախակի դասերէն փախուստ տալով, առանց որեւէ վկայականի նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ, բայց, շնորհիւ իր ճարպիկ բնաւորութեան, կրցաւ լաւ վճարումով գործ մը գտնել:
Աղջիկը, հակառակ իր համալսարանական բարձրագոյն վկայականին, տարիներ անգործ մնալէ ետք, հանրային վարժարանի մը մէջ կիսաժամ գործ մը գտաւ, որպէս ուսուցչուհիի օգնական:
Տակաւին միասին էին եւ՝ «Խենթի պէս» իրարու սիրահարած:
«Եօթ տարի քեզ սիրեցի, բոլոր աշխարհ զարմացաւ»:
(Ժողովրդային երգ)
***
Երկուքն ալ ժամանակը յարմար դատեցին ապագայ խնամիները իրարու ծանօթացնելու:
Աղջկան ծննդեան տարեդարձի օրն էր: Ծնողքին տունը բաւական մեծ թիւով հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ տղուն ընտանիքը:
Ներկայ հիւրերը բոլորը աղջկան ազգականներն ու ծանօթներն էին: Միակ «օտար»ները, տղան՝ ու անոր ընտանիքը:
Տեղւոյն վրայ արդէն տարբեր անկիւններէ սկսան լսուիլ նոյն հարցումները:
-«Ովքե՞ր են այս նորելուկ հիւրերը: Ո՞վ է այս երիտասարդը, որ շուքի մը նման կը հետեւի աղջկան: Կրնա՞յ ըլլալ… Վստահաբար բոլորին մտքէն նոյն հարցումը կ՚անցնէր: Մոռցած էին իրենց այդ օր հոն ներկայութեան իսկական պատճառը, երբ վրայ հասաւ քսա-նըհինգ վառած մոմերով տարեդարձի հսկայ կարկանդակը:
Աղջիկը՝ նախքան մոմերը մարելը, խմիչքի գաւաթը ձեռքին, սիրահարի կողքին, փոքրիկ բաժակաճառով մը ներկաներուն ծանօթացուց իր կեանքի ապագայ կողակիցը:
Ներկաներուն հետաքրքրութիւնը փարատած էր, սակայն աղջկան ծնողները, քիչ մը զարմացած, քիչ մըն ալ դժգոհ մնացած էին այդ յայտարարութենէն:
Ո՞ւր մնաց մեր հայկական «ձեռք խնդրելու» աւանդական սովորութիւնը: Ծնողներուն հաւանութիւնն ու օրհնութիւնը չստացած, առանց հետաքրքրուելու տղուն կամ ծնողքին մասին ինչպէ՞ս ինքնագլուխ որոշում տալ ու այդ մասին յայտարարել բոլորին:
Նոյն տեսարանը կը պարզուէր յաջորդ օր՝ տղուն տունը:
Ո՞վ է, որո՞ւ աղջիկն է: Ծնողքը ի՞նչ «գլուխ» են: Անհամար հարցումներու տարափ մը, սակայն տղան նոյնիսկ չ՚ուզեր մտիկ ընել:
Որոշումը վերջնական է:
***
Ծնողները գոհացնելու միտումով, վերջապէս կը համաձայնին խօսքկապ-նշանտուքի երեկոյ մը կազմակերպել, դարձեալ աղջկան ծնողքին տունը:
Որոշուած է սեղմ շրջանակի մը մէջ կատարել այդ «հանդիսութիւնը»:
Երեկոն շատ ուրախ կ՚անցնի, սակայն յաջորդ օրը, թէ՛ աղջկան եւ թէ՛ տղուն ծնողներուն հեռաձայնները անդադար կը հնչեն:
Քանի մը հատը միայն, կը հեռաձայնեն յայտնելու իրենց ուրախութիւնն ու շնորհաւորութիւնները: Մնացածները՝ նեղուող եւ գանգատողներն են, որոնք հրաւիրեալներու ցանկին վրայ ըլլալու չեն արժանացած:
Առանց ժամանակ կորսնցնելու կը սկսին հարսանիքի պատրաստութիւններուն:
Եկեղեցիէն առաջ, նախ՝ ընդունելութեան սրահ մը ապահովելը կենսական հարց է, որ այնքան ալ դիւրին չէ: Լոս Անճելըսի մէջ անհամար են հայկական սրահները: Կը հեռաձայնեն կամ անձամբ կը դիմեն տարբեր սրահներու տնօրէնութիւններուն: Բոլորը անխտիր շաբաթավերջերուն զբաղած են լման տարի մը:
Մեծ դժուարութեամբ կը յաջողին չեղեալ նկատուած հարսանիքի մը թուականին, կանխավճարով մը ապահովել սրահներէն մէկը:
Ըստ երեւոյթին, եկեղեցին երկրորդական հարց է, բաղդատմամբ ընդունելութեան սրահին, որուն ապահովուելէն ետք է, որ կը դիմեն եկեղեցին ապահովելու գործին:
Եկեղեցիները նմանապէս շաբաթավերջերուն զբաղած են: Հայկական ընտանիքներ կազմող զոյգերուն թիւը բաւական մեծ է:
Ընտանիք կազմելը այս օրերուն իսկական ճակատամարտ մըն է: Ժամանակին դէմ հեւ ի հեւ վազք մը:
Կը դիմեն արհեստավարժ «Հարսանեկան ծրագրող»ի մը, որ գործերնին բաւական կը դիւրացնէ, միեւնոյն ժամանակ կը ծանրաբեռնէ իրենց պիւտճէն:
Նախապէս երկու խնամիներուն մէջ բնաւ նիւթ չէր դարձած, թէ հարսանեկան ծախսերը ո՞վ պիտի հոգայ:
Հայկական հին սովորութիւններուն համաձայն, նշանտուքի ծախսերը կը հոգային աղջկան ծնողքը, իսկ հարսանիքին ծախսերը՝ տղունը:
Այսօր անկարելի դարձած է շարունակել հին սովորութիւնները:
Շատ են նշանտուք-խօսքկապէն զիջողները, փոխարէնը երկու խնամիներուն ընտանիքները, պարզ հաւաքով մը կը կատարեն այդ արարողութիւնը, քանի որ այս օրերուն ամուսնութիւնը չափազանց ծախսալից է, եւ ընդունուած սովորութիւն դարձած է երկու խնամիներու նիւթական օժանդակութեամբ դիմագրաւել հարսանիքի ծախսերը:
«Մեր աղջկան համալսարանական ուսումը բաւական մեծածախս էր, եւ մինչեւ այսօր տակաւին մուրհակներ կը վճարենք: Մեզի համար դժուար է մասնակցիլ»:
«Մենք մեծահարուստներ չենք, որ կարենանք բոլոր ծախսերը առանձին հոգալ. օրերը փոխուած են: Ծախսերուն մէկ մասին կը մասնակցիք դո՛ւք, մէկ մասը մե՛նք, իսկ մնացած գումարը, ամսականի դրութեամբ, թող վճարեն ամուսնացող զոյգը: Լաւ մտածեցէք»:
Կը համաձայնին:
Ամէն ինչին լաւագոյնը կը ցանկան: Բարձրաստիճան կղերականներու մասնակցութեամբ՝ առաջին կարգի պսակ: Վիտէոյի եւ նկարիչներու արհեստավարժ խմբակ մը: Զոյգ լիմուզիններ՝ ամենէն երկարները, որոնք նոյնիսկ Լոս Անճելըսի լայն պողոտաներուն վրայ դըժ-ւարութիւն կ՚ունենան յառաջանալու: Հրաւէրի տոմսերուն ամենէն թանկագինը: Հայկական նուագախումբ, առաւել «տի. ճէյ.»՝ երիտասարդները գոհացնելու: Եկեղեցւոյ ու սրահի սեղաններու կեդրոնի ծաղիկները մինչեւ առաստաղ կը հասնին, տակաւին չհաշուած շքախումբի վեց զոյգերուն հագուստները, ծաղիկ թափող աղջնակն ու մատանիները բարձիկի մը վրայ բռնած եկեղեցի մտնող մանչուկը:
«Դուք խելքերնի՞դ թռցուցեր էք: Այսքան մեծ ծախսի տակէն ինչպէ՞ս պիտի ելլենք»:
Երկուքին ծնողներն են խօսողները, որոնք, առաջին անգամն ըլլալով, իրարու համակարծիք են:
«Մէկ անգամ պիտի ամուսնանանք», կ՚ըլլայ պսակուողներուն կտրուկ պատասխանը:
Այս բոլորին մէջ կարեւորագոյն հարցերը երբեմն անզգալաբար վերջին վայրկեանին կը յիշուին:
Կնքահօր ու կնքամօր որոշումը շատ դժուար հարց դարձած է այս օրերուն:
Տղան կը փափաքի, որ իր երէց եղբայրը բռնէ կնքահայրութեան խաչը, եւ իր եղբօր կինը ըլլայ կնքամայրը, սակայն աղջկան կողմը՝ կը պնդեն. կնքահայրը տղուն կողմէ, իսկ կնքամայրը՝ աղջկան:
Ի վերջոյ կը համաձայնին: Կնքահայրը՝ տղուն ամենէն մտերիմ ընկերը, իսկ կնքամայրը՝ աղջկան մօտիկ ընկերուհին:
Հարսանիքէն շաբաթ մը առաջ, ամերիկեան սովորութիւններէն ընդօրինակուած եւ հայերու մօտ մուտք գործած նշանաւոր պեչըլըր փարթին է:
Տղան եւ աղջիկը ամուրիի «խենթ» շաբաթավերջ մը կ՚անցընեն, իւրաքանչիւրը իրենց ընկերներով կամ ընկերուհիներով:
Քանի մը օր մնացած է «Մեծ օրուան»: Հարսանիքի պատմական օրը:
Հարսանեկան արարողութիւնները այս օրերուն վերածուած են թատրերգութեան մը, որ առանց փորձի, տեղւոյն վրայ, կարելի չէ իրագործել:
Ամէն մարդ պէտք է իր «դերը» լաւ սորվի: Ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ի՞նչ կարգով եկեղեցի մուտք պիտի գործեն փեսան, հարսը, կնքամայրն ու կնքահայրը, ծաղիկ թափող աղջնակն ու մատանիները բերող մանչուկը: Քանի մը զոյգերէ բաղկացած շքախումբը, հարսին հայրը ինչպէ՞ս պիտի յանձնէ իր սիրասուն աղջիկը անոր ապագայ կողակիցին: Առանց փորձի շատ ձախաւերութիւններ կրնան տեղի ունենալ, անոնց առաջքը պէտք է առնուի «փորձ հարսանիքով»:
Արարողութեան ամէն մէկ վայրկեանը կը նկարուի տարբեր անկիւններէ, փոքր սխալ մը, պիտի յիշուի յաւիտեան:
«Փորձ հարսանիքը» յաջող անցած է, եւ իւրաքանչիւր «դերակատար» իր դերը լաւ սորված. կը մնայ, որ չմոռնան, հակառակ անոր որ «յուշարար» անձ մըն է ժամկոչը:
Հարսանիքին նախորդող գիշերն է: Մեր հայկական աւանդութիւններուն մաս կազմող Հինայի գիշերը:
Տղուն տունը հաւաքուած են տղուն հարազատներն ու ընկերները, իսկ աղջկան տունը՝ աղջկան հարազատները:
Իւրաքանչիւր ընտանիք իր տան մէջ կերուխումի մէջ է մինչեւ գիշերուան ժամը 12.00: Հազիւ ժամը տասներկուքը հնչած՝ տղուն տունէն բոլորը կ՚ուղղուին դէպի աղջկան տունը: Տակաւին մեր աւանդութիւններէն մաս մը կը շարունակուին: Երբ փեսային հարազատները կը հասնին, աղջկան տան դռները կղպուած են, «նազ ընելով» կը ձեւացնեն, թէ չեն ուզեր տալ իրենց աղջիկը, իսկ տղուն ընկերներէն քանի մը ճարպիկ անձեր, ձեւը կը գտնեն ներս սպրդելով բանալու տան դուռը, ու ներս կը խուժեն տղուն հարազատները, եւ այդ վայրկեանէն կը սկսի իսկական հայկական «քէյֆ»ը, որ կը տեւէ մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:
Դրացիներուն արդէն իմացուած է, որ աղմկոտ գիշերուան մը պատրաստ գտնուին: Նախապէս տեղեակ պահելը պայման է, քանի դրացիներէն քանի մը հատը կրնան ոստիկան կանչել՝ աղմուկէն գանգատելով: Որոշ ժամէ ետք արգիլւած են աղմկարար հաւաքոյթները, իսկ հայկական հինա մը առանց բարձր երաժշտութեան, անիմաստ է:
Յաջորդ օր՝ այնքան սպասուած հարսանիքը:
Եկեղեցին ծաղկաստանի մը վերածուած է: Խուռներամ բազմութիւն: Նկարահանողներու խմբակը կազմ ու պատրաստ կը սպասէ:
Փեսան ժամանած է ու կնքահօր հետ կողք կողքի եկեղեցւոյ խորանին առջեւ կը սպասեն ժամանումին հարսին, որ կ՚ուշանայ: Հարսին ուշացումը կարծես անգիր օրէնք դարձած է:
Վերջապէս լուրը կը հասնի, թէ հարսը ժամանած է:
Մէկ առ մէկ մուտք կը գործեն նախ ծաղիկ թափող աղջնակը, որուն կը հետեւի Ring Boy-ը, զոյգ մատանիները բարձիկի մը վրայ զետեղուած:
Վեց զոյգերէ բաղկացած շքախումբը մուտք կը գործէ ու տեղ կը գրաւէ խորանին առջեւ:
Տղուն ծնողքէն ետք, ձեռքին ծաղկեփունջ մը, առանձինը, ժպիտը դէմքին, դէպի խորան կ՚ուղղուի կնքամայրը:
Ներկաները՝ ոտքի, կը դիմաւորեն հարսը, ընկերակցութեամբ իր հօր:
Փեսան կը մօտենայ, կ՚ողջագուր-ւի իր ապագայ աներհօր հետ, մինչ վերջինս, համբուրելով աղջկան ճակտէն, կը յանձնէ զայն անոր ապագայ կողակիցին:
Այս տողերը գրողին համար ամենայուզիչ եւ տպաւորիչ պահն է այդ տեսարանը:
Խորանին վրայ կողք կողքի կը նշմարուին քանի մը բարձրաստիճան կղերականներ ու քահանայ հայրեր:
«Դուք փեսա՛յ, մինչեւ ի մահ տէ՞ր էք»:
Բարձրաձայն ու ինքնավստահ՝ ԱՅՈ՛ մը կը հնչէ տղուն շրթներէն:
«Իսկ դուք, հա՛րս, մինչեւ ի մահ, հնազա՞նդ էք»:
Նոյնպէս բարձրաձայն ու ինքնավստահ ԱՅՈ՛ մը, եւ պսակի աւարտին բոլոր ներկաները կ՚ուղղուին ընդունելութեան սրահ:
Կերուխում, երաժշտութիւն, իգականներու հագուստներու ցուցադրութիւն:
Մինչեւ առտուան փոքրիկ ժամերը՝ ուրախ մթնոլորտ:
Ինչպէ՞ս չուրախանալ: Հայ ընտանիք մը կազմուեցաւ:
***
Եկեղեցւոյ մէջ երկուքին խոստացած «ԱՅՈ՛»ները երբե՛ք չգործադրուեցան:
Երկու տարին չբոլորած՝ անհամաձայնութիւնները իրարու կը յաջորդեն:
Իւրաքանչիւրը կ՚ուզէ պահել իր «անկախութիւնը»:
Ամէն Ուրբաթ օրերը, փոխանակ միասին դուրս ելլելու, դիմաւորելով ուրախ շաբաթավերջ մը, տղան՝ հին սովորութիւնները կը շարունակէ «փոքեր»ի սեղանին շուրջ անցընելով իր ամուրի ընկերներով, մինչ աղջիկը, նմանապէս, տակաւին մնայուն կապի մէջ է իր ընկերուհիներուն հետ, եւ կը նախընտրէ ժամանակը անցընել Լոս Անճելըսի «մոլ»երը այցելելով, ապա բոլորը միասին վարժ են ընթրել ճաշարանի մը մէջ:
Նոյն յարկին տակ կը բնակին, սակայն դարձած են օտարականներ:
Փաստաբանի մը գրասենեակին մէջ են: Ամուսնալուծման թուղթերը պատրաստուելու վրայ են, որմէ ետք կ՚ուղղուին տարբեր փաստաբանի մը գրասենեակը՝ հոն ամբողջացնելու սնանկութեան թուղթերը:
Հարսանեկան հսկայական ծախսերու պարտքերը տակաւին չեն վճարուած:
Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի վճարէ տասնեակ հազարաւոր հաշուող գումարները:
Ամենապարզ ձեւը սնանկութիւն հռչակելն է:
Աղջիկը վերադարձած է ծնողքին տունը, իսկ տղան՝ փոխադրուած տարբեր նահանգ մը:
«Բարտիները խշշացին, աղբիւրները լաց եղան
Բաժանուեցին գնացին, ճահել աղջիկն ու տղան»:
(Յասմիկ Մանասերեան)
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լոս Անճելըս, 2016
Հարթակ
- 11/30/2024