ԻՆՉՈ՞Ւ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի նիստերը կ՚անցնին գերլարուած։ Օրերս, երբ վարչապետ Փաշինեանի կառավարութիւնը ներկայացուց յառաջիկայ տարիներուն համար նախատեսուած իր ծրագիրը, մեզմէ շատերուն համար պարզ էր, որ նիստերը պիտի կայանային ոչ միայն այդ ծրագիրը քննարկելու նպատակով։ Արդարեւ, երկու կողմերուն՝ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան պարագային կար յստակ միտում՝ իրարու «ուժ»ը փորձելու եւ ի վերջոյ տեսնելու, թէ ո՛ւր կը գծուին ընդհանուր «կարմիր գիծեր»ը։

Նախքան նիստերուն սկսիլը, արմատական ընդդիմութեան՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Իշխան Սաղաթելեանի բերնով արդէն իսկ յայտարարուած էր, որ իրենք խորհրդարան կ՚երթան մէկ նպատակով, որն է քննադատութեան ու նոյնիսկ մեղադրանքի աթոռին գամել Նիկոլ Փաշինեանն ու անոր գլխաւորած իշխանութիւնը։ Ու այս առումով ալ պատահած դէպքերը աւելի քան սպասելի էին, եթէ հաշուի առնենք ընդհանուր տրամադրութիւնը եւ «նախապատրաստուած» մօտեցումները։

Հարկ է յիշեցնել, որ այս առումով ամենալարուած օրը կը համարուէր չորեքշաբթին (25 օգոստոսը), երբ պատահեցան երկու «մեծ» դէպքեր։ Առաջինը այն ատեն էր, երբ Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար եւ «Հայաստան» ընդդիմադիր դաշինքի խմբակցութեան ներկայացուցիչ Սէյրան Օհանեան կերպընկալէ ու ջուրով լեցուն շիշը նետեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան անդամ Հայկ Սարգսեանի վրայ։ Աւելի վերջ սկսան բախումներ, հետեւաբար նաեւ նիստը ընդհատուեցաւ։ Երկրորդ գլխաւոր դէպքը. երբ այս անգամ «Հայաստան» դաշինքի յառաջատար դէմքերէն Վահէ Յակոբեան ամպիոնէն արտասանած խօսքը կէս թողուց ու դահլիճ իջաւ՝ բախումի բռնուելու «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի անդամ Վահագն Ալեքսանեանի հետ։ Երկու պարագաներուն ալ աղմուկ, պոռչտուք, լուտանքներ եւ նիստի ընդհատումներ եղան։ Աւելի քան բացորոշ էր, որ Սէյրան Օհանեանի կողմէ նետուած շիշը զգացմունքային խռովքի մը հետեւանքն էր (քանի որ Հայկ Սարգսեան ինքզինքին թոյլ տուաւ փողոցային ոճ մը եւ «արա»ով դիմեց Օհանեանին), իսկ երկրորդ պարագային կարծէք իշխանութեան կողմէ կար յստակ միտում մը, թէ իրենք եւս կարող են բռնի ուժի, հարուածներու դիմելու՝ ըսելու համար նաեւ իրենց ընտրող խաւի փափաքներուն տեղի տալով, որ «մենք ալ տղամարդ ենք ու եթէ պէտք լինի ամէն ինչ կարող ենք անել»։

Ցաւալին այն է, որ Հայաստանի ու հայութեան համար այս բաւականին բարդ եւ դժուարին օրերուն երկու կողմին մօտ ալ կը բացակայի խնդիրներուն նկատմամբ լուրջ մօտեցումը, ինչ որ կրնայ աւելիով աւազախրել՝ արդէն իսկ վիրաւորուած օրերու մէջ գտնուող հայոց պետականութեան նաւը։ Ճիշդ է, որ իշխանութիւնը այս բոլորով հանդերձ ունի շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն՝ հարցերը ընդունելու, քննադատութիւնները «մարսելու» ու անկէ անդին ալ գործի ու աշխատանքի անցնելու տեսակէտէ, սակայն այս բոլորին առընթեր մեծ մտահոգութիւն է, որ ընդդիմութիւնը տակաւին կը շարժի նախքան ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ տիրած ընդհանուր մթնոլորտի հոգեբանութեամբ, կը հրաժարի շինիչ ընդդիմութիւն մը դառնալու կարեւոր ու կենսական մօտեցումէն։

Փաշինեանի մեծ սխալներուն մասին շատ առիթներով գրած ենք, գրած ենք նաեւ այս սիւնակով, խօսած ենք այդ մասին, նոյնիսկ անձամբ մասնակցած ենք Փաշինեանի իր դէմ եղած բողոքի զանազան հաւաքներուն։

Հաշուի առնելով, որ Փաշինեանի գործած սխալները աններելի են, նաեւ ունենալով այն պատկերացումը, թէ ոեւէ առաջնորդ Արցախի 44-օրեայ պատերզամին նման աղէտալի հետեւանքներով պատերազմի մը աւարտին պէտք է արագօրէն հրաժարէր իր պաշտօնէն եւ այդ պատերազմի ամբողջ պատասխանատուութենէն բխած վճիռը կամ պատիժը կրէր։ Հարկ է անպայման արձանագրել, որ Հայաստանի իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ փխրուն ու մանաւանդ՝ Սիւնիքի կտրուածքով մեծ հարցականներով առլցուն։

Այս բոլորը յստակեցնելէ ետք, պէտք է նաեւ հաշուի առնել վերջին արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքն ու Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութեան մօտեցումը, թէ յաճախ ինչ-ինչ «անհիմն» պատճառաբանութիւններով կը շարունակէ նոյն մեղաւոր վարչապետը տեսնել իշխանութեան աթոռին։

Այդ բոլորին ականատեսը արդէն եղանք բոլորս ու բոլորս ալ մեծ յոյսեր ունէինք, թէ ընտրութիւնները պիտի կարողանային դրական ընթացք մը տալ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ յառաջացած մեծ թնճուկին, սակայն, այդպէս չեղաւ։ Իսկ այն, ինչ կը կատարուի այսօր՝ զանազան առումներով ալ «սպառած» վարչապետի գործօնի օգտագործումն է, որ յառաջ կը մղուի նաեւ Մոսկուայի կողմէ։

Այս նիւթերը, անշուշտ, երկար պէտք է քննարկուին, բայց եւ այնպէս, առկայ տարակարծութիւններն ու անհատական մակարդակի մօտեցումները խորհրդարան տանիլ ու այնտեղ «ջուր ծեծել»ն ալ որեւէ դրական միաւոր պիտի չբերեն Հայաստանին եւ հայութեան ընդհանրական շահերուն։ Գիտենք նաեւ, որ արմատական ընդդիմութեան համար շատ դժուար էր ընդունիլ ընտրութիւններու արդիւնքը, նաեւ տեղ մը «երկխօսութեան» երթալ իշխանութեան հետ։ Ու հոս է նաեւ, որ առկայ գամահրանքը կը միանայ քաղաքական նոր պատկերին ու այնտեղ կը սնուցէ այնպիսի տխուր տեսարաններ, որոնք ուղղակի հարուած կը հասցնեն հայոց պետականութեան գաղափարին։ Այստեղ կը ծագի հարց մը. հապա ի՞նչ պէտք է ընէ ընդդիմութիւնը, որպէսզի իր քայլերը աւելիով չօտարեն՝ առանց այդ ալ մեծ անվստահութեան տէր հասարակութիւնը իրմէ, կամ ինչպէ՞ս ընել, որպէսզի արտաքին գործօնները պատրաստեն այնպիսի գետին մը, ուր կարելի կ՚ըլլայ, ինչպէս նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան առիթով մը ըսաւ, երկիրը երթայ նոր արտահերթ ընտրութիւններու։

Կիրքը, ատելութիւնը, հայհոյանքը, բռնութիւնը մերժուած մօտեցումներ են Հայաստանի հասարակութեան մեծ տոկոսին համար ու կը կարծեմ, թէ այս բոլոր խնդիրներու լուծումին կարելի է հասնիլ՝ առիթ ու տեղ տալով միայն ու միայն ժամանակի «բուժիչ» գործօնին։ Նոյն ատելութիւնը, դժգոհութիւնը, Փաշինեանի անձին դէմ առկայ բողոքը միաւոր կը դառնային միայն այն օրերուն, երբ պատերազմը նոր աւարտած էր ու վէրքը տակաւին թարմ էր։ Այսօր բոլորովին նոր իրավիճակ մը կայ եւ ընդդիմութիւնը կոչուած է հասկնալ այժմու պահը եւ նոր ոճով, նոր խաղաքարտերով ու նոր մղումներով նայելու առկայ պատկերին։ Իսկ իշխանութիւնը, որ մեծ սխալներու հետեւանքով կը շարունակէ «արիւնահոսիլ» ու գետին կորսցնել, հասած է նոր ու բաւականին բարդ ժամանակի մը, որ ինքնին «վերջնական քննութեան» մը ժամանակն է։

Անվտանգութեան հարցերէն անդին (որուն հիմնական լուծման բանալին միայն ու միայն ռուս-թրքական համագործակցութեան մեծ դարակին մէջ է) Փաշինեան ունի տասնեակ մարտահրաւէրներ, որոնք դժուար թէ լուծումի հասնին՝ այն իմաստով, որ անցեալ երեք տարիներուն որեւէ էական խոստում իրականութիւն չդարձուցած վարչապետն ու իր շուրջինները այսօր ալ պիտի չկարողանան այդ հարցերուն լուծում գտնել։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ մենք ունինք բաւականին թոյլ իշխանութիւն մը, որու դիմաց կ՚երեւի շփոթի մատնուած ընդդիմութիւն մը, որ պարտաւոր է նորէն կարդալ Հայաստանի մէջ ընդգծելի կերպով շարադրուած նոր տեսարանը եւ ըստ այնմ գործի անցնիլ։ Գործը ամենակարեւոր օղակն է ու խորհրդարանի «հրահրումներ»ը որեւէ կերպով պիտի չկարողանան բարիք տալ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ արմատական ընդդիմութեան, որ մեծ ներուժ ապահովելու ընդունակութիւնը ունի։ Իսկ թէ ի՞նչ զարգացումներու ականատես պիտի ըլլանք յառաջիկայ ժամանակներուն, այդ բոլորը կախեալ են, թէ Ռուսաստան մինչեւ ո՛ւր կրնայ համբերել ու մինչեւ ե՛րբ կրնայ դիտել, թէ Փաշինեանի իշխանութիւնը (կամ անիշխանութիւնը) ի՛նչ մեծ սխալներով կը վարէ Հայաստան երկրի գործերը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021