Ի՞ՆՉ Է ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Պետութիւններու անկախութիւնը պատմական կամային կամ պատահական իրադարձութիւններու արդիւնքը ըլլալու կողքին, առաւելաբար երկար ու բարդ իրագործուող գործընթացներու ալ  հետեւանք է:

Ժողովուրդները-ազգերը հին դարերէն սկսեալ իրենց բարձրագոյն ու ընդհանուր ապրելաձեւի տնօրինումն ու կիրառումը տեսած են անկախ ըլլալու մէջ: Թագաւորութիւններ, էմիրութիւններ, կոմսութիւններ, նոյնիսկ կրօնամիաբանութիւններ ձգտած են աւելի ու աւելի անկախանալու (կեդրոնէ մը, ուժէ մը, աշխարհագրութենէ  կամ քաղաքական իրավիճակէ մը) եւ նոյն ամենաբարձր անկախութեան աստիճանը տեղ մը աւելիով հող նուաճելու եւ որեւէ թագաւորութեան-պետութեան համար կայսրութեան ու գերուժի վերածումի մէջ կը կայանայ, ինչ որ նոյն քաղաքական կառոյցներու աճման ու ընդլայնման տրամասնութենէն կը բխի ինքնին: Բոլոր ուժերը կը փորձեն մեծացման հասնելու եւ ոչ միայն քաղաքական օրէնքով, այլ նոյնիսկ թուաբանութեամբ այդ օրինաչափ կրնայ համարուիլ (այն պարզ կարգավիճակով, որ կ՚ըսէ թէ. ուժը ուժ չէ եթէ աւելի չարմատաւորուի կամ նուազագոյնը չօգտագործուի տեւաբար):

Անկախութիւնը նախկին դարերուն շատ աւելի դժուար էր, քան 20-րդ դարուն, նկատի առնելով հոս զուտ քանակական կողմը: Նախկինին քիչ էին պետութիւններու քանակը եւ միջազգային քաղաքական բեմի վրայ աւելի տեղ կը գրաւէին մեծ կայսրութիւններն ու ուժերը: Նոյն ժողովուրդներու քանակը առարկութեան չդարձնելով հոս, որեւէ ազգ-ժողովուրդ եթէ կայացած է եւ այսպէս կոչած՝ պատմականօրէն իւրացուցած է իր ճակատագիրը, իքնաբերաբար այդ ազգը աւելի հակուած է պետութիւն կազմելու, անկախ ներկայիս մեծ թիւով պետութիւններու եւ մեծ թիւով ազգերու գոյութեան:

Մեր ժամանակներուն մէջ եւ յատկապէս Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն եւ մինչեւ հիմա 200-ի հասաւ անկախ պետութիւններու թիւը, միաժամակ ըստ ՄԱԿ-ի, կայ ոչ անկախ աւելի քան 2000 ազգեր ու մեծ թիւով ալ աշխարհագրական միաւորներ-նահանգներ կամ մարզեր: Անկախութիւնը հին դարերուն մեծ մաքառումի արդիւնք էր եւ առանց խորանալու հին պատմական հսկայական պատերազմներու եւ սպանդներու մէջ (կրօնական կամ ուրիշ շղարշներով ըլլան անոնք), որոնք վերացուցած են ազգեր. նոյն արմատացած ու կայացած ազգերը ապրած են դարէ դար ու կրցած են իրենց ներուժն ու կարողութիւնը մարմնաւորել ու կենսաւորել:

Ներկայ դարուն տուեալ երկրի մը անկախութիւնը ինքնին ներազգային մաքառման արդիւնք ըլլալու կողքին՝ մեծ հաշուով  կախեալ է մէկ կողմէ միջազգային կարգ կանոնի եւ զայն ապահովողներու կամքէն, իսկ միւս կողմէ միջազգային յարաբերութիւններու ընթացիկ  ու ակամայ  ուժային-կամային  իրողութիւններէն: Բնականաբար, պետութիւններու անկախութեան բովանդակութիւնը իրաւագիտական ու պատմական արդարադիտական ցուցանիշներով տարբեր են. Մալթայինը չի նմանիր Լիւքսեմպուրկինին ունեցած անկախութեան, կամ Սինկափուրինը՝ Փերույինին, Գերմանիայինը Պելժիայինին... եւ այլն: Ներկայ դարուս եւ մանաւանդ 2022-ին միաբեւեռ համարուած աշխարհին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հակառակորդ համարուած պետութիւնները յարաբերաբար աւելի յետամնաց են ու չզարգացած։ Անոնց անկախութիւնը, եթէ այսպէս ըսած, լիակատարօրէն չէ համարկուած արդի ու զարգացած աշխարհին հետ, ակամայաբար նուազ դարձած է այդ մէկը, ինչքան ալ նոյն այդ յետամնաց ու աղքատ պետութիւնները իրենք զիրենք համարեն աւելի ազատ ու չենթարկուող: Պարզ այն պատճառով որ գիտութիւնը, տնտեսութիւնը, նոյնիսկ ռազմարդիւնաբերութիւնը տեսաբանական արժէքներ չեն, այլ գործնական ամենօրեայ իրականացող համակարգեր։ Դարձեալ առանց խորանալու պատճառահետեւանքային անհեթեթութեան մը մէջ, կ՚արժէ մատնանշել, որ եթէ գիտութիւն կ՚արտադրես, հզօր տնտեսութիւն ու ռազմարդիւնաբերութիւն ունիս, չես կրնար աւելի անկախ չըլլալ:

Ներկայիս մանաւանդ փոքր անկախ երկիրներու անկախութիւնը կրնայ քննութեան նիւթ դառնալ եւ համարուիլ շատ կախեալ, բայց ընդհանուր մեր ներկայ բայց ու գերհամարկուող աշխարհին մէջ նոյնիսկ մեծ երկիրներու եւ պետութիւններու անկախութիւններն ալ կրնան տարբեր բացատրութիւններու առարկայ դառնալ: Ազգային իմաստով, ի հարկէ, սեփական մշակոյթի, քաղաքականութեան, հաւատալիքի-հաւատքի եւ տասնեակներով կեանքի-ապրուստի մանրամասնութիւններու կիրառումը անկախութեան դրսեւորումներէն են, բայց շատ արագ զարգացող աշխարհին մէջ կախեալութիւններն ու իրականացուող կամ ինքնաբերաբար իրականացող համաշխարհայնացումը տեղ մը կը հարթէ բոլոր անջատուածութիւնները: Անկախ ըլլալը ներկայիս աւելի կը դրսեւորուի մրցունակ ըլլալու մէջ, իսկ անոր գործադրման ուժգնութիւնը տարբերուող է ցամաքամասէ-ցամաքամաս, կամ նոյնիսկ տարածաշրջանէ-տարածաշրջան: Եւ պէտք է նշել, որ թշնամական միջավայրով երկիրները ինչքան ալ կախեալ ըլլան մեծ հաշիւներէն ու գերտէրութիւններէն, անոնց անկախութիւնը գերագոյնն է իրաւական-իրաւունքային, վաւերական ու արդարամտութեան իմաստով:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

25 սեպտեմբեր 2022

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022