ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ (ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՑՈՒՑՈՒՄ)
Է.
ՍԻՖԻԼԻՍ ԵՒ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
Սիֆիլիսով վարակուելու ձեւերը: Սիֆիլիսի արտայայտութիւնները. անոր խաղացած դերը ամուսնութեան մէջ: Հիւանդին սպառնացող վտանգը: Ընտանիքին սպառնացող վտանգը: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը ժառանգներուն վրայ (վիժում, երեխաներու մահացում): Ժառանգական սիֆիլիսի արատաւոր երեւոյթները: Վատասեռումը եւ անոր նշանները: Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը երկրորդ սերունդին վրայ: Սիֆիլիս ունեցողը կրնա՞յ ամուսնանալ, եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ: Ֆուրնիէի հինգ պայմանները: Սիֆիլիսը բուժելի հիւանդութիւն է: Բժշկութեան փրկարար ազդեցութիւնը: Բժիշկին դերը ամուսնութեան խնդիրին մէջ:
Բ. Ընտանիքին սպառնացող վտանգը.
Նախ եւ առաջ անշուշտ կինը կը վարակուի:
Այսպէս, երկու ամուսիններն ալ սիֆիլիսոտ են. ի՞նչ կ՚ըլլայ ասոնց սերունդը: Ժառանգականութեան մասին խօսելով, մենք ըսած ենք, որ եթէ երկու ծնողներն ալ նոյն հիւանդութիւնը ունին, անոնց զաւակը շատ աւելի ենթակայ է նոյն հիւանդութիւնը ստանալու, քան եթէ ծնողներէն մէկը միայն հիւանդ է: Սիֆիլիսի պարագային այս կանոնը բացայայտ է, եւ այն երեխաները շատ աւելի յաճախ սիֆիլիսոտ կը ծնին ու սիֆիլիսի վատագոյն ձեւը կը ստանան, որոնց երկու ծնողներն ալ հիւանդ են:
Ի՜նչ սոսկալի ոճիր. զգալ, որ ինք վարակիչ հիւանդութիւն ունի, հասկնալ, որ այդ ցաւը կրնայ իր կնոջ տալ, եւ ամէն պարագայի ամուսնանալ:
Անմեղ երեխայ մը կը սիրէ ու կը հաւատայ երիտասարդին, զայն իր գիրկը կը նետէ, անոր անմեղութեան հետ միասին թարմութիւն ու առողջութիւն կը բերէ: Սիֆիլիսոտը մէկ ժամուան ընթացքին ընդմիշտ կ՚անբախտացնէ այս երեխային, եւ անոր առաջին համբոյրը՝ իր սոսկալի թոյնով կը պղծէ աղջկայ մաքուր արիւնը:
Ի՜նչ կայ աւելի գարշելի ու աւելի սոսկալի քան այդ մարդը:
Տեսէ՛ք, թէ նոյն Ֆուրնիէն ի՜նչ կը պատմէ.
«Մի քանի տարի առաջ, սոսկալի տեսարանի մը ականատես դարձայ. կին մը, որու վարակած էր անոր ամուսինը, կատարեալ հրէշ մը դարձած էր: Դէմքը, կամ այն, ինչ որ ժամանակ մը դէմք եղած էր՝ այլանդակուած էր, փոս ինկած, կամ պարաններու նման ձգձգուած սպիներով: Քիթէն ոչ մէկ հետք մնացած էր, անոր տեղ մութ փոս մը կ՚երեւար, ինչպէս մեռելի գանկին վրայ»:
Եւ քանի՛-քանի այսպիսի դէպքեր, անպաշտպան զոհեր, սրիկայութեան, տխմարութեան կամ շահամոլութեան զոհեր:
Հիմա կը հարցնենք. ի՛նչ կրնայ ըլլալ այսպիսի ընտանիքի մը կեանքը. ինչքա՜ն ատելութիւն ու զայրոյթ պիտի զգայ կինը իր ամուսինին նկատմամբ, որ այդպէս անխնայ կերպով քանդած է անոր գոյութիւնը:
Սէրն ու յարգանքը կը կորսուին, ընտանիքը երկուքին համար ալ դժոխք կը դառնայ եւ համակեցութիւնը ամէն վայրկեան տանջանք:
Գ. Սիֆիլիսի ազդեցութիւնը ժառանգներուն վրայ.
Սիֆիլիսի ամենէն մեծ վտանգը՝ սերունդներուն վրայ ունեցած ազդեցութիւնն է:
«Այդ ազդեցութիւնը բնորոշելու մէկ բառ կայ միայն, ատիկա սարսափելի բառն է», կ՚ըսէ Ֆուրնիէն:
Անշուշտ (դարձեալ կ՚ըսենք), այս բոլորը չբժշկուած կամ վատ ու կարճ ժամանակ բժշկուած սիֆիլիսին կը վերաբերի:
Լաւ խնամուած սիֆիլիսը կրնայ բոլորովին առողջ սերունդ տալ:
Տեսնենք հիմա, թէ ինչպէս կ՚արտայայտուի սիֆիլիսի ազդեցութիւնը ժառանգներուն վրայ:
Նախ եւ առաջ վիժումները յիշենք:
Սիֆիլիսով հիւանդ, կամ սիֆիլիսոտ ամուսին ունեցող կնոջ (ինք կրնայ վարակուած չըլլալ) արգանդին պտուղը յաճախ կը վիժէ: Այս վիժումները ընդհանրապէս մի քանի անգամ կը կրկնուին: Կին մը կրնայ հինգ, վեց, տասը եւ աւելի անգամ վիժել: Ընդհանրապէս, երբ կին մը մի քանի վիժումներ կ՚ունենայ, հաւանական է, որ ընտանիքին մէջ սիֆիլիս կայ:
Եթէ կինը վիժում չունենար, ան յաճախ կը ծնի կամ արդէն մեռած երեխայ, կամ հիւանդ, որ երկար չ՚ապրիր:
Բազմաթիւ սիֆիլիսոտ ընտանիքներու մէջ բոլոր երեխաները կը մեռնին եւ ցեղը կը սպառի. գիտութեան մէջ նմանատիպ դէպքեր հարիւրներով յիշուած են:
Դէպքեր պատահած են, երբ ութ, տասը, տասնմէկ երեխաներէն ո՛չ մէկը ողջ մնացած է:
Ֆուրնիէն 90 կիներու պատմութիւնը կը յիշէ, որոնք իրենց ամուսիններէն սիֆիլիս ստացած էին: Տեսէք, թէ ի՛նչ եղած է ատոնց սերունդը: Այդ կիներէն 50-ը վիժած է կամ մեռած երեխաներ ծնած, 38-ը ողջ երեխաներ ծնած են, որոնք շատ շուտով բոլորն ալ մեռած են, եւ միայն երկու կիներու զաւակաները ողջ մնացած են:
Ահաւասիկ, թէ ի՜նչ է ժառանգական սիֆիլիսին կործանիչ զօրութիւնը:
Ասիկա սարսափելի կոտորած մըն է:
Սակայն, բոլոր երեխաները չեն կոտորուիր. մի քանին կ՚ապրին: Այստեղ մի քանի ազդակներ մեծ դեր կը խաղան.- ծնողներուն սիֆիլիսի աստիճանը. ծնողներէն հա՞յրը հիւանդ է, թէ՞ մայրը, թէ՞ երկուքն ալ. բժշկութիւնը, եւ այլն:
Դ. Սիֆիլիսական ժառանգական վատասերումը կամ արատաւորումը:
Մենք ըսինք, որ սիֆիլիսոտներու երեխաները կրնան իրենք եւս սիֆիլիսոտ ծնիլ. այլ խօսքով, անոնք նոյն երեւոյթները կը ներկայացնեն, ինչ որ ծնողները, այսինքն՝ երկրորդական եւ երրորդական սիֆիլիսի նշաններ:
Բայց երեխան կրնայ նաեւ իր վրայ սիֆիլիսի իսկական երեւոյթները չկրել, եւ այնուամենայնիւ հիւանդոտ, արտաւոր ըլլալ:
Եթէ սիֆիլիսոտի երեխան մօր արգանդին մէջ չի մահանար, կամ մեռած չի ծնիր, այլ՝ աշխարհ կու գայ երեւութապէս առողջ, ատիկա դեռ եւս չի նշանակեր, թէ ան ծնողներու ախտի ազդեցութենէն զերծ է: Ընդհակառակը, այդպիսին յաճախ իր մէջ կը կրէ վատ ցաւին հետքերը, որոնք ալ կը կազմեն ժառանգական սիֆիլիսի արատներն ու աւերումները:
Ֆուրնիէն կ՚ըսէ, թէ «այս արատաւոր երեւոյթները, որոնք հարիւր ձեւեր կը ստանան, գրեթէ բոլորը կազմուածքի աճման շեղումներէն կը յառաջանան, որոնց հետեւանքն է գործարաններուն անկանոն կազմութիւնը, բնորոշ գիծերու, բնականէն տիպի վրիպումներ, մինչեւ իսկ հրէշութիւններ»:
Ասկէ է զաւակի կենսականութեան եւ դիմացկոտութեան նուազումը. ասկէ է անոր ֆիզիքական ու բարոյական նուաստութիւնը (որ անշուշտ զանազան աստիճանի կ՚ըլլայ), համեմատելով առողջ ծնողներու զաւակներուն հետ, որոնք բնութենէն աւելի լաւ օժտուած են եւ աւելի պատրաստուած են կեանքի կռուին համար. մէկ խօսքով, դէպի այլասերում ճանապարհը ասկէ է:
Անկարելի է այսպիսի փոքրիկ տեսութեան մէջ նկարագրել այն ահագին քանակութեամբ արատաւոր եւ հիւանդական երեւոյթները, որոնք սիֆիլիսական սերունդներուն վրայ կը նկատուին:
Միայն գլխաւորները կը թուենք:
Փրոֆ. Ֆուրնիէին հետ մենք այս արատաւորութիւնը երեք կարգի կը բաժնենք.
1. Այնպիսիներ, որոնք մարմինի որեւէ մէկ գործարանը, կամ մասը կը հարուածեն:
2. Այնպիսիներ, որոնք անհատի ամբողջ կազմին մէջ կ՚արտայայտուին:
3. Այնպիսիներ, որոնք իսկական հրէշութիւններ կը գործեն:
Առաջին կարգին պատկանող ժառանգական-սիֆիլիսական արատաւորութիւնները հետեւեալներն են (գլխաւորները).- գանկի անկանոնութիւններ (չափազանց մեծ, անհարթ, երկու կէսերը անհամաչափ գլուխներ, փոքրագլխութիւն, ջրգողագլխութիւն), ակռաներու, ծնօտներու արատաւորութիւններ, քիթի, աչքերու, ականջներու, ողնաշարի անկանոն կազմութիւն, կորութիւն:
Յետոյ անկանոն կազմութիւնը եւ անկանոն աճումը ընդհանրապէս մարմինի զանազան մասերուն, օրինակ՝ անդամներուն (չափազանց երկար ու չափազանց կարճ ոտքեր ու ձեռքեր), բազմամատութիւն, իրարու փակած մատներ, ոտքերու, ձեռքերու ծռումներ: Ուղեղի կողմէ ընդունակութիւններու անբաւարար զարգացում կը նկատուի, կամ անոնց շեղումմները՝ խուլ-համրութիւն: Զանազան վտանգալից անկանոնութիւններ նոյնպէս երակներու, սիրտի, սեռական գործարաններու մէջ:
Երրորդ կարգի արատաւորութիւնները անհատին ամբողջ կազմը կը հարուածեն եւ զայն դէպի վատասեռում կը տանի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 16
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/30/2024