ՈՂՋՈ՛ՅՆ ՔԵ՛Զ, ՀԱ՛Յ ԶԻՆՈՒՈՐ
Այս օրերուն, երբ մեզմէ անկախ դէպքերը հասունցած եւ դարձած են ծանր ու մահաբեր, դո՛ւն, մեր հայ զինուոր, բանակ դարձած, զէնքդ եւ ցեղիդ պատգամը շալկած ու միեւնոյն ատեն երազներդ կապած ազգիդ անցեալին, կանգնած ես մեր երկրին ու մահուան եւ անմահութեան սահմանին եւ գիտակից ճակատագրիդ աղտոտ խաղերուն դէմ, իբրեւ արթուն պահակ, արեանդ գնով ամէն ժամ հերոսաբար կը պաշտպանես պապենական հողդ:
Որովհետեւ, այս հողը քեզի համար պարզ հող մը չէ, այլ՝ աւետեաց մեր երկիր, ուր կայ դարերու հերոսական պատմութիւն: Է՜հ, ինչ լաւ է այս զգացումն ու հրճուանքը: Պարզապէս՝ սեփականութեան հրճուանք: Աննկարագրելի հպարտանք: Կը զգամ, կը տեսնեմ, ինծի հետ վստահաբար աշխարհի հայութիւնն ալ, որովհետեւ միայն քաջերուն տրուած է այդ մէկը:
Եւ դո՛ւն քաջերուն քաջն ես, սիրելի հա՛յ զինուոր: Պատիւ քեզի: Դուն ուխտած ես, որ քեզի համար եթէ չկայ հայրենիք՝ չկայ կեանք: Ահա աշխարհին իբրեւ օրինակ՝ կը կռուիս հերոսաբար յանուն երկրիդ խաղաղութեան եւ ազատութեան: Նաեւ՝ յանուն ազգիդ ներկայի ու ապագային: Տեսանելի է յաղթելու եւ ապրելու կամքդ: Ա՛յս ինքնին արդէն յստակ ու մեծ իրականութիւն մըն է, որ կարօտով եւ հպարտանքով կ՚ուռեցնէ մեր կուրծքերը:
Թերեւս, ուրիշներ չեն զգար բնոյթը այս բառին: Բայց, անձնապէս քու սխրանքներուդ շնորհիւ է, որ այսօր կրկին անոր արմատները հոգիիս մէջ ամրապնդուած են: Արմատներ, որոնք ինծի համար, ցեղիս կեանքը կը բնորոշեն:
Դո՛ւն, մեր հայ քաջ մարտիկ՝ եւ մեր հերոս հայ զինուոր: Դո՛ւն սրբազան երազ ունեցող մարդ, գիտեմ, որ քու հոգիդ ամէն տեղ է, մեծ հրաշքի մը ներկայութեան նման: Անոր համար եւ ամէն օր, կամաց-կամաց կարծես հայրենի հողը կը բարձրանայ եւ կը գրկէ մեզ բոլորս, մեր մօր ջերմութեամբ:
Որովհետեւ, հա՛յ զինուոր դո՛ւն եկած եւ հաստատ կանգնած ես, անգամ մը եւս փաստելու, թէ հայրենիքը մեզ բոլորս պահած է, իր յոյսերովն ու լոյսերով եւ անոր համար կ՚արժէ զոհել ամէն «բան»: Դո՛ւն գիտես եւ լաւատեղեակ ես պատմական այս պահու գիտակցութիւնը: Ուստի եկած ես սահմանին դիմադրելու եւ նոյնիսկ զոհուելու, որպէսզի ամէն օր հայոց լեռներուն ետեւէն արեւը դարձեալ եւ միշտ բարձրանայ մեր բոլորի ազատ եւ անկախ երկրի երկնքին վրայ:
Հայ զինուոր, ի տես քու բոլոր հերոսութեանդ, կարծես նոր հայութեամբ կը մկրտուինք բոլորս ալ՝ անխտիր: Կարծես արդէն իսկ, նոր մկրտուած ենք՝ հաւասարապէս:
Իսկ միւս կողմէ մեր հայրենիքը՝ իրապէս, որ հրաշք մըն է, համայն հայութեան համար: Ու մեզի այս օրերուն եւ բոլոր գալիք օրերուն համար, խաղաղ ու պայծառ հայրենիք է պէտք: Ահա անոր համար, դուն հո՛ն ես, անոր սահմանի ապահովութիւնը պաշտպանող ու իբրեւ մարտիկ, կրկին զէնքդ շալկած կեցած ես հաստատելու եւ փաստելու, թէ այդ խաղաղութիւնը միայն ու միայն գերագոյն զոհողութիւններով եւ մանաւանդ զէնքով կարելի է ձեռք բերել:
Իսկ դո՛ւն, Հայաստան, տե՛ս այսօր, շնորհիւ քու այս քաջ զինուորիդ, քեզ կը ճանչնայ աշխարհն ամբողջ, իբրեւ «երկիր դրախտավայր», քու անցեալովդ, քու հզօր բանակովդ, քու վկայող պայծառութեամբդ եւ անպայման քու քաջարի մարտիկներովդ:
Դո՛ւն Հայաստան, հայութեան միակ հայրենիք, թէեւ անկեղծ բարեկամ կամ մնայուն դաշնակից չունիս, բայց ահա քու կողքիդ ունիս քու հարազատ զաւակդ, կանգնած եւ արթուն, զէնքը ձեռքին, պատրաստ՝ յանուն մահուան եւ կամ ազատութեան: Ու հաւատա՛, որ քու այս զաւկիդ կողքին կանգնած է նաեւ համայն հայութիւնը, իր մեծով ու պզտիկով ու անսակարկ:
Ու այս մէկը արդէն կրկին անգամ կ՚արբեցնէ մեզ ու նոյնիսկ խիզախ հիացում մը կը պարտադրէ համայն աշխարհին: Ապշեցուցիչ եւ օրինակելի:
Ու այս մէկը կամք եւ սեփական ճիգերով տեղ մը հասնելու, արդարութիւն եւ արդարամտութեան հաստատում կը տրամաբանէ: Ներքին ու արտաքին կայունութիւն կ՚ենթադրէ: Ազգային գիտակցութեան հասկացողութիւն եւ պատկանելիութեան բարձր զգացում կ՚արտացոլացնէ:
Համոզուած եմ, որ Մասիսը իր տեղէն, իր վերէն՝ իր իսկ ստորոտին ապրող այս զաւկիդ քայլերուն կը հետեւի, վերապրեցնելով յիշատակները ինծի նման հազարաւորներուն:
Արդ, հայ զինուոր, մեր ինքնութիւնը պաշտպանելու անխորտակելի վճռակամութեամբդ եւ ազատ ապրելու իրաւունք պարտադրող բազուկովդ, կը հպարտանամ եւ կ՚ոգեւորուիմ:
Ու այսպէս խոնաւ կոպերուս տակ կը դիտեմ մեր եռագոյնին հպարտ ծածանումը ձեռքիդ, եւ անկեղծօրէն՝ կը յուզուիմ: Եւ կը նորոգուիմ: Արդէն կարծես կրկին կը ծնիմ: Այս մէկը տարօրինակ զգացում մըն է: Հաստատօրէն, հայոց պատմութիւնն է, որ դիմացս կեցած ինքզինք կը կրկնէ: Աւարայրն ու Սարտարապատը յիշեցնող մաքուր եւ անբիծ ու հարազատ պատմութիւն, որուն հետ մեր պապենական իմաստուն հողն է, որ կը խօսի մեզի հետ: Կ՚ուզեմ յաւիտեան այսպէս մնալ:
Ու դո՛ւն հայ զինուոր, դո՛ւն ես ասոնց երաշխիքը: Մեր ազգը Հայկէն ի վեր, ազատութեան այս ոգին, իբրեւ ժառանգ պահած է իր հոգիին մէջ: Օրին, Արարատեան լոյսը իջած է ու մեզ դէպի յաւիտենականութիւն կ՚առաջնորդէ: Այդ մէկուն ծանօթ ես արդէն: Քեզի համար արդէն Արտաւազդ՝ կոտրած է իր շղթաները եւ դուն կը կռուիս հայու կեանքի եւ մահուան համար, որովհետեւ քու սրբազան պարտականութիւնդ է, մեր հողերուն վրայ ազատ ապրիլն ու մեր երկրի ապահովութիւնը:
Հո՛ս է եւ կա՛յ ու ներկա՛յ է քու քաջ եւ խիզախ ոգիիդ, նուիրումիդ, օրինակելի հերոսութեանդ եւ համակարգուած բանակիդ կողքին, նաեւ համայն հայութիւնը, իր ամբողջ կարելիութիւններով: Ահա հրաշքը եւ խորհուրդը հայու գոյութեան: Միակամ: Համախումբ: Որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք, որ քո՛ւ այս սխրանքներդ, մեր ազգին գոյատեւման պայքարի աղաղակէն ծնունդ առած են: Անոր համար բոլորս ալ կը սպասենք ա՛յն վերջնական յաղթանակին, որ պիտի արտացոլացնէ հայուն ազատութեան տենչն ու սէրը:
Արդ, ողջո՜յն ու պատի՛ւ քեզի, հայ զինուոր: Մեր խոնարհումը՝ քու պատրաստակամութեանդ խիզախութեանդ, մարտունակութեանդ, քաջութեանդ եւ սխրագործութեանդ եւ արեան կաթիլներուդ:
Անկասակած՝ քու նպատակիդ անունն է Յաղթանակ եւ քու շնորհիւդ՝ մենք շուտով եւ անպայման Յաղթելու ենք: Մնա՛ս անպարտելի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ