ՄԻՔԱԹԻ ԺԱՄԱՆԱԿ ԿԸ ՇԱՀԻ
Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի այսօր շրջապտոյտի մը ելած է։ Վարչապետը նախ կ՚այցելէ Վատիկան, ապա շատ հաւանաբար մեկնի՝ Անգարա եւ Գահիրէ։
Միքաթիի այս քայլերը նպատակ ունին կերպով մը վերանորոգել շրջանային խաղացողներու նեցուկը, որ շատ աւելի փայլուն կերպով երեւելի դարձած էր վերջերս, երբ Միքաթի կը նշանակուէր վարչապետ։
Ուշագրաւ փաստն այն է, որ անկախ Միքաթիի անձին ու կառավարութեան հանդէպ ցոյց տրուած ձեւական նեցուկէն, խորքային առումով ոչ մէկ դրական գործ կատարեց այս կառավարութիւնը, այլ ընդհակառակն։ Տոլարի սակը կը շարունակէ մագլցիլ, դեղօրայքի եւ վառելանիւթի տագնապները կը շարունակուին, քաղաքացիի վիճակը աւելի ծանր էր, ինչ որ այն օրերուն, երբ Հասսան Տիապի հրաժարեալ կառավարութեան օրերուն։ Աւելին՝ այսօր կան ապահովական մտահոգութիւններ, որոնք դարձած են Լիբանանը յուզող հարցերուն ամենէն առաջնայինը։
Դէպի ո՞ւր կ՚ընթանայ Լիբանանի տագնապը եւ արդեօք շրջանառութեան մէջ դրուած լուծումներու առաջարկները պիտի կարողանա՞ն սայլը տեղէն շարժել ու համընդհանուր փլուզման ուրուականը մէկանգամընդմիշտ հեռացնել։
Խնդիրը անշուշտ միայն ներքին լարումներու, ատելութեան կամ հակառակութեան խնդիր չէ, այլ կան արտաքին խոշորագոյն ազդակներ, որոնք ամէն կերպ կը խանգարեն ու երեւի դեռ ալ պիտի խանգարեն որեւէ կառավարութիւն, որ իյնայ ձախողութեան ծուղակին մէջ։ Իբր այդ, այս զուգահեռներով աւելի քան պարզորոշ կը դառնայ, որ Արաբական ծոցի երկիրներուն կողմէ Լիբանանին դէմ դրուած «ձեւական» եւ շինծու ամպարկոն ունի արտաքին բաղադրիչներ։
Ի վերջոյ, ո՞վ եւ ինչո՞ւ համար էր, որ լսելի դարձաւ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիին կողմէ՝ նոյնիսկ նախքան նախարար նշանակուիլը՝ կատարուած յայտարարութիւններուն ջուրի երես բերուիլը, շահարկուիլը, ապա նաեւ մեծ տագնապի պատճառ դառնալը։ Նաեւ, ո՞ր կողմն է ի վերջոյ, որ չ՚ընկալեր ու չի հասկնար, թէ այս մակարդակի ճնշումները կ՚ընկճեն, կը թիրախաւորեն ու աւելիով վիրաւոր եւ խոցելի կը դարձնեն ոչ թէ Լիբանանի դիմադրութիւնը՝ գլխաւորութեամբ «Հիզպուլլահ»ի, այլ ծունկի կը բերեն Լիբանանի սովորական քաղաքացին ու սովորական հասարակութիւնը։ Այս ընթացակարգերը մեծապէս հասկնալի են, առնուազն այն ուժերուն համար, որոնք 2019 թուականէն սկսեալ ամէն տեսակի «զէնքեր»ով կը կրակեն Լիբանանի, այդ երկրի ինքնիշխանութեան ու պետական համակարգին ուղղութեամբ՝ նպատակ ունենալով մէկ բան, որն է ծունկի բերել Լիբանանը եւ «քիթը գետին քսել» բոլոր լիբանանցիներուն։
Տխուրն այն է, որ այս փաստարկը յաճախ անընկալելի է հասարակութեան լայն խաւերուն կողմէ, որոնց բաղկացուցիչները մէկդի դնելով ամէն ազգային ջիղ ու աւիւն, փողոց իջնելով աւելիով վատթարացուցին երկրին ընդհանուր վիճակը։
Այս ախտորոշումները կատարելէ անդին, աւելի քան պարզ կը դառնայ, որ այսօր Լիբանանի մէջ առկայ տագնապին իրական պատճառներն ու դրոյթները կը գտնուին Լիբանանէն դուրս։ Իբր այդ, բոլորին համար ձեռնտու է ժամանակ շահելու ընդհանուր ընկալումը, որ անմիջապէս կը կապուի՝ տարածաշրջանէ ներս մեծ ու կարեւոր տեղաշարժերով, Արեւմուտք-Իրան պարանաձգութեամբ եւ բանակցութիւններով, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու ունեցած «թաքուն» հաշիւներով։
Այստեղ հարկ է շեշտադրել կարեւոր հանգամանք մը, որ կը պարփակուի անշուշտ վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի անձով ու գործունէութեան եղանակով։ Միքաթի, որ շատ լաւ կը հասկնայ արտաքին գործօններուն իմաստն ու բաղադրիչներուն ուժը, կը հասկնայ նաեւ, որ պարտաւոր է պահել իր կառավարութիւնը որեւէ անկումէ, դէմ դնելով բոլոր այն ուժերուն, որոնց նպատակն է զինք տապալելու համար կատարել զանազան փորձեր։ Միքաթի նաեւ կ՚ըմբռնէ, որ ներկայ ժամանակահատուածը սպասումներու փուլ մըն է, որու աւարտին ալ շատ հաւանաբար ստեղծուի դրական ընտրանքներու բոլորովին նոր ու թարմ միջավայր մը, որուն մէջ ալ ան պարտաւոր է իր ունեցած ներուժը ծառայեցնել երկրի վերականգնման գործընթացին։ Անշուշտ, այս բոլորի լոյսին տակ կայ նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու հիմնարար օրակարգը, որուն ճակատագիրը դարձեալ եւ մեծ հաշուով կախեալ է արտաքին ազդակներէն ու տեղի ունենալիք տեղաշարժերէն։
Աւարտին՝ տեղին է նշել ու հասկնալ, որ Լիբանանի մէջ լուծումներու ընդհանուր ընթացակարգը տակաւին հեռու է կեանքի կոչուելէ։ Իբր այդ, լիբանանցիներուն առջեւ դրուած է մէկ ընտրանք, որն է՝ «գլուխ պահել» ու «ծայրէն քալել», առանց մեծ պոռթկումներու եւ սպասելով նոր ու դրական տեղաշարժերու։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան