ՄԱԳԼՑՄԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍ ՎՏԱՆԳ

Յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր մեծ հարցադրումներ յառաջացած են Հայաստանի համար։ Ի՞նչ արեւելումի պէտք է դիմել, ինչպէ՞ս շարժիլ եւ մանաւանդ՝ ինչպէ՞ս պէտք է թիավարել, որպէսզի նաւը ապահով տեղ մը հասնի։ Խնդիրը, անշուշտ, կապուած չէր միայն Հայաստանի կեցուածքներուն հետ, այլ արդէն պարզ էր, որ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է։ Ու այս իրականութիւնը ցայսօր լուրջ գնահատականներու առարկայ չէ դարձած։ Անշուշտ, այս կտրուածքով, աւելի քան կարեւոր էր հասկնալ, որ Հայաստանի գլխաւոր դաշնակից եւ կերպով մըն ալ «պապա» յայտարարուած Ռուսաստան ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով Հայաստանը կը մատնէր առկայ բարձիթողի վիճակին։ Սա Հայաստանի իշխանութիւններուն առջեւ դրուած մեծագոյն հարցադրումն էր ու կը շարունակէ մնալ այդպիսին՝ քանի ցարդ չէ յստակեցուած, որ 44-օրեայ պատերազմի ողջ տեւողութեան ինչո՞ւ Ռուսաստան ձեռնածալ դիտեց եղելութիւններուն ու ամենակարեւորը՝ տարածաշրջանին մէջ իրեն վստահուած դերը չկատարեց։

Իբրեւ ուղղակի հետեւանք այս բանին՝ Հայաստան ո՛չ միայն տեղի տուաւ ու պարտուեցաւ, այլ կոտրուեցաւ։ Կորսնցուց յաւելեալ տարածքները, իսկ այսօր ալ Արցախը յայտնուած է հայաթափման վտանգին առջեւ։

Հայկական կողմին ուզածը, եթէ նոյնիսկ ռազմական օգնութիւն մը չէր, ապա Ատրպէյճանը զսպելու մեքանիզմ մըն էր, որ ցարդ ինչ-ինչ պատճառներու բերումով կը բացակայի։

Շատ ձայներ կը բարձրանան, թէ Ռուսաստան տարածաշրջանին մէջ առաջուան ուժը չունի։ Ուրիշներ կը բարձրաձայնեն, որ Ռուսաստան այս պահուն զբաղած է շատ աւելի առաջնային հարցերով ու նոյնիսկ մահ ու կենաց պատերազմ կը մղէ Ուքրայնայի ճակատներուն վրայ։ Բայց եւ այնպէս, փաստը կը շարունակէ մնալ փաստ, թէ Ռուսաստան անզօր դարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ։

Տակաւին չենք խօսիր ռուսական խաղաղապահ ուժերու (իբրեւ թէ խաղաղապահ) Արցախի մէջ տեղակայման ու ցարդ ալ գոյութեան մասին, բայց եւ այնպէս, ամէն ինչ ցոյց կու տայ, թէ Մոսկուա իսկապէս երես թեքած է Երեւանին, որ բաւականին խառն այս ժամանակներուն ունի կողմնորոշումի, այդ կողմնորոշումէն «վախնալ»ու, նաեւ ապագայի պարագային նոր արեւելում մը մշակելու եւ գործի դնելու հիմնական խնդիրը։

Ոեւէ հայու համար էական կը մնայ գիտնալ. արդեօք ձեռնտո՞ւ է, որ Հայաստան այս բարդ ժամանակներուն փոխէ իր ուղղութիւնն ու արեւելումը կամ արդեօք այս փուլին ճիշդ պիտի ըլլա՞յ, որ Հայաստան արտաքին քաղաքականութիւնը հիմնապէս փոխէ ու փնտռէ աւելի անկեղծ գործընկերներ։

Այս բոլորը հարցումներ են, որոնք կը յուզեն ոեւէ մտահոգ հայ, որ ամենօրեայ դրութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն, նաեւ տեղ մը կը չափէ, ծանր ու թեթեւ կ՚ընէ այն բարդ իրավիճակը, որուն առջեւ ենք մենք այսօր ազգովին։

Այս առումով օրերս ուշագրաւ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ ամերիկահայ ազգային-քաղաքական գործիչ տքթ. Վիգէն Յովսէփեան։ Ան Երեւանի «Հրապարակ» պարբերականին տուաւ հարցազրոյց մը, զոր վարեց Արա Ալոյեան։

Արդէն շուրջ 4 ամիսէ ի վեր Ատրպէյճան ապօրինաբար շրջափակած է Լաչինի միջանցքը՝ 120 հազար արցախցիներ ենթարկելով մարդասիրական աղէտի եւ անոնց դէմ իրականացնելով ցեղային զտման եւ ցեղասպան քաղաքականութիւն։ Պաքու կը շարունակէ ո՛չ միայն անտեսել համաշխարհային հանրութեան դատապարտող կոչերն ու չկատարել Արդարադատութեան միջազգային ատեանի պահանջը, այլեւ նոր սադրանքներու կը դիմէ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ։ Իրավիճակը իրապէս օրհասական է, իսկ փորձագէտները չեն բացառեր նոր մագլցումի մը հաւանականութիւնը՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի դրսեւորած առաւելապաշտական քաղաքականութիւնը։

Ուստի, միշտ այժմէական են այն հարցումները, թէ ի՞նչ զարգացումներու սպասել յառաջիկային եւ որո՞նք են ստեղծուած բարդ իրավիճակէն դուրս գալու ողջամիտ ելքերը:

-Ատրպէյճան կը շարունակէ շրջափակուած պահել Լաչինի միջանցքը, կ՚անտեսէ միջազգային հանրութեան կոչերն ու պահանջները, կը դիմէ ռազմական նոր սադրանքներու՝ զուգահեռաբար մեղադրելով, թէ Հայաստան իբր թէ իր զինուած ուժերը դուրս չի հաներ Լեռնային Ղարաբաղէն եւ կը խոչընդոտէ խաղաղութեան գործընթացը։ Պաքուի այս բացայայտ անպատժելիութեան յորձանքին առաջքը ինչպէ՞ս պէտք է առնել։

-Եթէ կար ժամանակ, երբ պարզ չէր, թէ ինչպիսի՞ լծակներով պէտք է լուծել ստեղծուած տագնապը, ապա հիմա արդէն շատ յստակ է, որ միայն միջազգային լուրջ ճնշումներու միջոցաւ կարելի է յառաջխաղացում արձանագրել։ 

Հայաստան, պարզապէս, չունի անհրաժեշտ «կարծր ուժ»ը Ատրպէյճանի հետ լայնածաւալ բախումներու երթալու կամ ան սանձելի դարձնելու համար։ Եւ Ատրպէյճան կը գիտակցի այս իրականութիւնը։ Ատրպէյճան նաեւ գիտէ, թէ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակից Ռուսաստան ներկայ աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակներուն մէջ անհաւանական է, որ հակադրուի իրեն՝ յօգուտ Հայաստանի։ Հետեւաբար, Հայաստանին կը մնայ նախաձեռնել այնպիսի անկանխատեսելի միջոցներու եւ ճնշումներու, որոնք վերոյիշեալ բեմագրութեան մէջ կը կարողանան յաւելեալ ազդեցիկ միջազգային ուշադրութիւն հրաւիրել Լաչինի վրայ։ Այլապէս, այս մաշեցման քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի աղիտալի հետեւանքներով։

-Արցախի մէջ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը վերջին օրերուն բուռն ձեւով եւ պարբերաբար կը խախտեն հրադադարը, կը կրակեն խաղաղ բնակիչներու վրայ, տարածքային եւ դիրքային յառաջխաղացում կ՚արձանագրեն որոշակի հատուածներուն մէջ։ Յընթացս, Ալիեւ Պաքու կը հրաւիրէ Արցախի ներկայացուցիչները՝ այսպէս կոչուած վերահամարկման հարցեր քննարկելու համար։ Այս շանթաժի ու վերջնագրի պայմաններով ինչպէ՞ս պէտք է ըլլան հայկական կողմի՝ ներառեալ Երեւանի ու Ստեփանակերտի պաշտօնական գործողութիւնները։

-Ինչպէս արդէն ակնարկեցի, Ատրպէյճանի ծրագիրը մաշեցման քաղաքականութիւն է՝ Արցախի եւ ինչու չէ նաեւ Հայաստանի բնակիչներու հաշւոյն։ Իրենց քայլերը լաւ ծրագրուած եւ ոչ շատ ծանր գին պահանջող քայլեր են։ Միակ ելքը՝ իրավիճակի վրայ աննախընթաց ու յաւելեալ միջազգային հետաքրքրութիւն հրաւիրելն է, ինչ որ ինքն իր մէջ կրնայ որոշ վտանգներ պարունակել, սակայն միակ ձեւն է մաշեցնող ընթացքէն դուրս գալու համար։

-Նոր մագլցման վերահաս վտանգի մասին շատ կը խօսուի՝ ընդ որում միջազգային փորձագէտներու, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի Դաշնակցութեան եւ այլ երկիրներու պաշտօնական ներկայացուցիչներու մակարդակով։ Ատրպէյճանի յարձակումները զսպելու համար Եւրոպական Միութիւնը քաղաքացիական առաքելութիւն մը տեղակայած է Հայաստանի մէջ, իսկ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) յայտարարած է նման առաքելութիւն մը ուղարկելու մտադրութեան մասին։ Արեւմո՞ւտքը, թէ Ռուսաստանը, ըստ ձեզի, այս բեւեռներէն որո՞ւն պէտք է, ի վերջոյ, ապաւինի Հայաստան՝ իր անվտանգային շահերէն ելլելով։

-Թէեւ Հայաստանի նման սահմանափակ ուժով եւ համեստ կարողութեամբ պետութեան մը համար «կամ կամ»ի քաղաքականութիւնը այդքան ալ ճիշդ չէ իր դաշնակիցները կամ գործընկերները ճշդելու համար, սակայն, այնուամենայնիւ, պէտք է հասկնալ, թէ ո՞ր պետութիւնները ներկայիս ունին անհրաժեշտ լծակները Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու, նաեւ ո՞ր պետութիւնները պատրաստ են գին վճարելու համար նման ճնշում բանեցնելու։ 

Ներկայ իրավիճակով Ռուսաստան ո՛չ ի վիճակի է եւ ո՛չ ալ պատրաստակամ իր առաքելութիւնները ծախսելու՝ յօգուտ Հայաստանին կամ Արցախին։ Հետեւաբար, կը մնան Արեւմուտքը եւ Իրանը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր շահերէն ելլելով շահագրգռուած է յօգուտ հայկական կողմին՝ թէկուզ սահմանափակ ճնշումներ բանեցնելու։ Անշուշտ, երկուքի պարագային ալ կան ակնկալութիւններ, որոնք պէտք է բաւարարուին Հայաստանի կողմէ։ Կը գտնուի՞ բաւականաչափ քաղաքական կամք՝ այսպիսի քայլեր առնելու համար։ Սա արդէն կախեալ է Հայաստանի իշխանութիւններէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Ապրիլ 28, 2023