ՎԱՏ ՑԱՒ ԿԱՄ ՍԻՖԻԼԻՍ

ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍ

ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆ ՍԻՖԻԼԻՍ

Ամուսնութիւնը չափազանց պատասխանատու գործ է:

Իւրաքանչիւր ամուսնացող պարտաւոր է հարիւր անգամ կշռել այս խնդիրը, ծանր եւ թեթեւ ընել, տեսնել, թէ արդեօք ինք ընդունա՞կ է առողջ երեխաներ արտադրելու, թէ ոչ: Մեծ յանցանք կը գործէ այն տղամարդը կամ կինը, որ հիւանդ ըլլալով այդ ցաւով, կը յանդգնի իր կեանքը կապել ուրիշի մը հետ: Չէ՞ որ այդպիսի ծնողի մը զաւակները վատառողջ կ՚ըլլան եւ ամբողջ կեանքի ընթացքին կը տանջուին ծնողներէն ժառանգած ցաւով:

Մեր ժողովուրդը տակաւին շատ թեթեւ կը նայի ամուսնութեան վրայ: «Տղայ է պիտի պսակուի», «աղջիկ է մարդու պիտի երթայ», այս է անոնց միակ սկզբունքը: Ալ ո՜վ է մտածողը, թէ տղան ու աղջիկը ի՛նչ հասակի, ի՛նչ առողջութեան տէր են, ի՛նչ կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ունին:

Իսկ եթէ այդ տղան սիֆիլի՜ս ունի, եթէ այդ աղջիկը թոքախտաւո՜ր է, ի՞նչ կ՚ըլլայ ատոնց սերունդը1:

***

Այս գրքոյկիս առաջին մասին մէջ մենք ըսած ենք, որ սիֆիլիսոտը կրնայ բժշկուիլ եւ առողջանալ եւ եթէ կանոնաւոր ու երկարատեւ եղած է բժշկութիւնը, ան օր մը այնքան առողջ կ՚ըլլայ, որ ամուսնանալու եւ առողջ սերունդ արտադրելու իրաւունք կ՚ունենայ:

Միայն ատոր համար անհրաժեշտ է, որ սիֆիլիս ունեցողը լաւ հասկնայ բժշկութեան անհրաժեշտութիւնը, միշտ եւ անընդհատ բժիշկի հսկողութեան տակ ըլլայ եւ առանց բժիշկի թոյլտուութեան չամուսնանայ:

Բնաւ պէտք չէ մոռնալ, որ թէեւ հիւանդին վրայ այլեւս ցաւի ո՛չ մէկ նշան ալ չկայ, ան այնուամենայնիւ տակաւին բժշկուած չէ: Թոյնը տակաւին արեան մէջն է. այսօր-վաղը կրնայ վրան բան մը դուրս գալ, հիւանդութիւն մը վրայ հասնի: Այս է պատճառը, որ (ինչպէս ըսած ենք առաջին մասին մէջ) բժշկուելէն (այսինքն՝ սիֆիլիսի նշանները անհետանալէն) յետոյ ալ պէտք է քանի մը տարի սպասել, որպէսզի թոյնը նուազի կամ գոնէ բոլորովին ոչնչանայ մարմինին մէջ, եւ այն ժամանակ միայն ան կրնայ մաքուր խիղճով ամուսնանալ:

Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ կը պատահի, երբ սիֆիլիսոտը լաւ մը չբժշկուած կ՚ամուսնանայ: Ամենէն առաջ, անշուշտ, կինը կը վարակուի. անոր արիւնը եւս կը թունաւորուի, ինչպէս թունաւորուած էր մարդունը, ան եւս նոյն սարսափելի ցաւերն ու խոցերը կ՚ունենայ, ինչ որ մարդը ունեցած էր կամ ունի, ան եւս անվերջ հիւանդութիւններէ կը տանջուի, ինչ բաներէ ամուսինը [կը տանջուի]:

Բայց պէտք չկայ, որ մարդ իր կինը վարակէ. յաճախ կը պատահի, որ թէեւ հայրը ըստ երեւոյթի առողջացած է, այսինքն՝ խոցերն ու ցաւերը անցած են, բայց ան բաւական ժամանակ չէ սպասած եւ բժիշկէն խորհուրդ չէ հարցուցած, այլ՝ շտապած է ամուսնանալու: Այսպիսի սիֆիլիսոտը կրնայ չվարակել իր կինը, բայց անոր արիւնը դեռ թոյնէն չէ մաքրուած, եւ այդ մէկը զաւակները կը սպաննէ:

Թէ երկու ամուսիններն ալ վարակուած ըլլան, թէ անոնցմէ մէկը -ատիկա միեւնոյնն-, հետեւանքները ասոնք են.

ա. Չբերութիւն:

բ. Վիժում (անցուցք):

գ. Մեռած երեխաներու ծնունդ կամ շուտով մեռնող երեխաներ:

դ. Արատաւոր եւ հրէշաւոր ու հիւանդ երեխաներ, կամ վատասերումը:

Մի քանի խօսք կ՚ըսենք առաջին երեք դէպքերուն մասին եւ վատասերումի հարցին կ՚անցնինք:

Ա. ՉԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

Վատ ցաւին թոյնը այնպէս կը քայքայէ հիւանդին առողջութիւնը, այնպիսի փոփոխութիւններ կը նետէ անոր ամբողջ կազմուածքին մէջ, որ ան անընդունակ կը դառնայ զաւակ ունենալու եւ սերունդը երբեմն կը վերջանայ:

Մեր ժողովուրդին մէջ չբերութեան համար միշտ կինը մեղաւոր կը համարուի: Մարդուն պառաւ մայրը ամէն օր իր «չոր-քեօթուկ հարսին» կ՚անիծէ, որ երեխայ մըն ալ չի տար իր «խեղճ տղուն»: Բայց յաճախ այդ «խեղճ տղան» է մեղաւորը, որովհետեւ ան է, որ սիֆիլիսէն լաւ չբժշկուած ամուսնացած է:

Հարսին սուրբերուն դռները քարշ տալէն, գերեզմաններուն վրայ լուալէն, շլնքին հմայիլներ քաշ ընելէն, գրբացներու շեմքերը տրորելէն ոչինչ դուրս չի գար, մինչեւ որ հիւանդ մարդը չբժշկուի կանոնաւոր կերպով: Այս մասին երկար չենք խօսիր: Ասոր մասին թող լաւ մտածեն իրենք զիրենք բժշկուած կարծող սիֆիլիսոտները:

Բ. ՎԻԺՈՒՄ

Նոյն պատճառէն կինը վիժումներ կ՚ընէ: Ո՞վ չէ լսած, որ կիներ կան, որոնք անընդհատ ամէն տարի «անցուցքներ» կ՚ընեն: Ամուսինները յուսահատած են, երեխայ ունենալ կը փափաքին, իսկ կինը շարունակ կը վիժէ եւ տունը անզաւակ կը մնայ: Քիչ չի պատահիր, որ 5-7-11 անգամ վիժեն:

Դարձեալ սուրբերու դռները կ՚իյնան, դարձեալ զանազան կիսակախարդական ծէսեր կը կատարեն, բայց երեխան չի մնար ու չի մնար:

Եւ յանկարծ, քանի մը վիժումներէ ետք, ողջ զաւակ կը ծնի: Ինչէ՞ն էր, որ այսքան ժամանակ երեխայ չկար կամ չէր մնար եւ կինը յանկարծ ծնաւ: Անշուշտ, ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, իր բացատրութիւնը կու տայ. «Հ՛ը, տեսա՞ր, Տռճկենց պառաւը ի՜նչ ձեռք ունի. եկաւ «բթիկ» ըրաւ եւ հրէ՛ն Չարուխենց Հեղնարը երեխայ բերաւ»:

Միշտ միեւնոյն տխմար բացատրութիւնները… Իսկ մենք գիտենք ատոր պատճառը, որ շատ պարզ է: Սիֆիլիսին թոյնը քանի մը տարուան ընթացքին նուազած է եւ այլեւս չի սպաններ արգանդին պտուղը եւ ուրիշ ոչինչ:

Գ. ՄԵՌԱԾ ԿԱՄ ՇՈՒՏՈՎ ՄԵՌՆՈՂ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԾՆՈՒՆԴ

Յաճախ, մի քանի վիժումներէ ետք, սիֆիլիսոտ կինը (կամ սիֆիլիս ունեցող մարդուն կինը) երեխայ կը ծնի, բայց մեռած, նոյնիսկ նեխած, խմորուած: Այդպիսի ծնունդներ կրնան մի քանի հատը մէկը միւսին ետեւէն ըլլալ, կամ մեռած երեխայէն ետք դարձեալ շարք մը վիժումներ կ՚ըլլան, յետոյ կրնայ նաեւ ողջ զաւակ ծնիլ, բայց այնքան նուազ ու թոյլ եւ այնպիսի հիւանդութիւններով, որ երկար չ՚ապրիր եւ հազիւ լոյս տեսած՝ կը մահանայ: Երեխային հիւանդական նշանները նոյնը կ՚ըլլան, ինչ որ սիֆիլիսինը: Մաշկը եւ թաղանդները բիծերով եւ խոցերով ծածկուած կ՚ըլլան, սիֆիլիսական ուռուցքներ կը գոյանան մարմինին զանազան մասերուն եւ ներսի գործարաններուն մէջ, եւ այլն:

Մեծ մասամբ այս ցաւերը մօր արգանդին մէջէն կը սկսին եւ կը սպաննեն պտուղը, յաճախ ալ երեխան ողջ կը ծնի, բայց արդէն հիւանդ եւ անմիջապէս կը մեռնի: Իսկ երբեմն ալ մաքուր մաշկով եւ ըստ երեւոյթին առողջ կը ծնի, սակայն քանի մը օրէն կամ շաբաթէն յետոյ երեւան կու գան ժառանգական սիֆիլիսին ախտանիշերը:

Նոյնպէս բազմաթիւ դէպքեր կը պատահին, երբ երեխան բոլորովին առողջ ծնած է, մէկ-երկու եւ աւելի տարի կ՚ապրի ու յանկարծ կը սկսի սիֆիլիսի նշաններ ունենալ: Անկարելի է ըսել, թէ ո՞ր հասակին կը վերջանայ վտանգը: Երբեմն երեխաները 10-15, նոյնիսկ 20 եւ աւելի տարի կ՚ապրին, առողջ են եւ լաւ կազմուածք ունին ու արդէն հասած տղամարդ եղած, կը սկսին աւրուիլ եւ սիֆիլիսական հիւանդութիւններ ստանալ. սիֆիլիսին նշանները շատ ուշ կ՚երեւին:

Այսպէս դաժան ու վրէժխնդիր է վատ ցաւը…

Երբեմն ալ երեխային վրայ ցաւի ոչ մէկ նշան կայ, եւ ծնողները յոյս ունին, որ ան կ՚ապրի ու կը մխիթարէ զիրենք: Բայց մանկիկը վատ սնունդ կը ստանայ, լալկան է, անհանգիստ, ինչքան երթայ՝ կը նուազի, թուլամորթ կը դառնայ եւ կամաց-կամաց մոմի պէս կը հալի եւ կը մարի:

Ասիկա այն դէպքերէն է, երբ սիֆիլիսին թոյնը առանց աղմուկի կեանքին հիմքը կը քանդէ, կամաց-կամաց նսեմացնելով մանուկին կենսական ուժերը:

Ո՛չ մէկ ժառանգական հիւանդութիւն այդքան երեխաներ չի փճացներ, ինչքան վատ ցաւը. ասիկա բազմաթիւ գիտնականներու ըրած դիտումներով ապացուցուած է:

Գիտնական մը հետազօտութիւններ ըրած է այս մասին եւ գտած, որ 491 երեխայէն 382-ը չեն ապրած, ուրեմն 100-էն 77-ը մահացած են: Ասոնք կամ մեռած ծնած են կամ ալ ծնելէն քիչ ժամանակ ետք մեռած են:

Այսպիսով հազարաւոր մանուկներ կը փճանան, որոնք, Աւետարանի խօսքով, պիտի աճէին ու բազմանային:

Ահաւասիկ քանի մը թիւեր.

Կին մը ծնած է 4 երեխայ - 3-ը մեռած են:

  »   »    »      5    »      - 4-ը    »        :

  »   »    »      6    »      - 5-ը    »        :

  »   »    »      7    »      - 6-ը    »        :

  »   »    »      9    »      - 6-ը    »        :

  »   »    »      12   »      - 7-ը    »        :

  »   »    »      13   »      - 7-ը    »        :

  »   »    »      9    »      - 8-ը    »        :

  »   »    »      12   »      - 9-ը    »        :

Կին մը ծնած է 11 երեխայ - 10-ը մեռած են:

  »   »    »      12     »      - 11-ը    »        :

Կին մը 6 անգամ յղի մնացած է, 3 վիժում եւ 3 մեռած երեխայ:

Ուրիշ կին մը 7 անգամ յղի մնացած է, 1 վիժում եւ 5 մեռած երեխայ:

Ուրիշ երրորդ մը, 8 անգամ յղի մնացած է, 2 վիժում եւ 3 մեռած երեխայ:

Ուրիշ չորրորդ մը, 15 անգամ յղի մնացած է, 3 վիժում եւ 11 մեռած երեխայ:

Տեսէ՛ք ինչ սոսկալի թիւեր. 15-էն 14 երեխայ կը փճանայ:

Չէ՞ որ ասիկա զարհուրելի է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս իմ «Ամուսնութիւն» գիրքը: 

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2022