ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «ՌԱՀԱՒ»Ը ՊԵՆԻԱՄԻՆ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻ ԳԼԽՈՒՆ ՆՈՐ ՓՈՐՁԱ՞ՆՔ
Յունուարին Հայֆայի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու հակիրճ խօսք մը արտասանելով կը յայտարարէր. «Մեր արդիական սուզանաւերը աւելիով պիտի կատարելագործեն Իսրայէլի ծովուժը: Անոնք կարեւոր տուեալ են մեր բանակի առաւելութիւնը ամրացնելու համար»: Այս խօսքերը արտասանած պահուն Նեթանիյահու չէր իսկ մտածեր, որ ամիսներ ետք «Ռահաւ» անունը կրող եւ Գերմանիոյ մէջ պատրաստուած սուզանաւերու հարցը որպէս լուրջ խնդիր շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէր՝ իսրայէլեան մամուլի ու յատկապէս երկրի ընդդիմադիր շրջանակներուն մօտ:
Խնդիրը անշուշտ ծագած էր «Ռահաւ» տիպի հինգերորդ սուզանաւի Հայֆայի զինուորական նաւահանգիստ հասնելէն առաջ: Կայ նաեւ այն կարծիքը, որ երկրի նախկին պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եահալոնի իր պաշտօնէն հրաժարելուն հիմնական պատճառներուն մէջ, այլ հարցերու կողքին, կար նաեւ Իսրայէլի կառավարութեան ու անձնապէս Պենիամին Նեթանիյահուի Գերմանիոյ հետ կատարած «կասկածելիութեան» գործարքի բարդ հարցը:
Երկու պատասխանատուներուն՝ Նեթանիյահուի եւ Եահալոնի միջեւ տագնապը աւելի կը սրէր, երբ Եահալոն տեղական մամուլին հետ խօսելով յայտարարած էր, որ «Ռահաւ» սուզանաւերու գործարքը բաւական կասկածելի է: Ան այդ օրերուն կոչ ուղղած էր կառավարութեան՝ առնուազն կարճել այդ գործարքը եւ իննի փոխարէն ստանալ միայն վեց սուզանաւ:
Երեսունհինգ նաւաստիներով կառավարուող եւ 24 թոն կշռող «Ռահաւ» սուզանաւերու ընդհանուր գործարքը կը գնահատուի 1.5 պիլիոն եւրոյով: Իսրայէլի յատուկ պատուէրով պատրաս-տըւող այս սուզանաւերը նոյնպէս կարողութիւնը ունին «շալկելու» կորիզային գլուխներ եւ այդ կէտն էր, որ պիտի կարողանար յաւելեալ առաւելութիւն դառնալ իսրայէլեան բանակին:
Վերադառնալով այս խնդրի գայթակղեցուցիչ բնոյթ մը ունենալուն, պէտք է նշել, որ հարցին մասին առաջին անգամ կ՚արտայայտուէր իսրայէլեան «Մաարիւ» պարբերականը, որ ցայսօր ալ հերթական հրապարակումներով կը շարունակէ «լոյս սփռել» գերմանական արտադրութիւն հանդիսացող սուզանաւերուն վրայ: Իսրայէլեան քաղաքական շրջանակներուն մօտ խնդրին առընթեր ամենէն շատ հարցականներու դուռ կը բանար այն հանգամանքը, որ այս զինուորական կարեւոր գործարքի բոլոր մանրամասնութիւններուն տիրապետող եւ կառավարութեան անունով բանակցորդը վարչապետի ընտանիքին գլխաւոր փաստաբանը՝ Տէյվիտ Շիրմոնն էր:
Սիոնիզմի հանդէպ իր դրական դիրքորոշումներով ծանօթ այս գործիչի անուան շուրջ կային բաւական մեծ հարցականներ, բայց հակառակ դժգոհութեան ալիքին, ան ցայսօր ալ կը շարունակէ ոչ միայն կառավարութեան շահերը պաշտպանել, այլ կը գլխաւորէ երկրի ազգային անվտանգութեան հետ առընչուող թղթածրարներու գլխաւոր իրաւաբան-խորհրդատուի պաշտօնը:
Մինչ մամուլին մէջ սուզանաւերու խնդրին վերաբերեալ ամէնօրեայ քննարկումները կը շարունակուին, կառավարութիւնն ու ազգային անվտանգութեան մարմինները կը գոհանան «յստակեցման» յայտարարութիւններ կատարելով եւ յիշեցնելով, որ «Ռահաւ» սուզանաւերու գործարքը անհրաժեշտութիւն էր իսրայէլեան բանակին համար:
Խնդիրը հոս չի վերջանար: Եթէ Իսրայէլի վարչապետը այս հարցէն զատ այլ խնդիրներ չդիմագրաւէր, ապա հեշտ պիտի ըլլար այս տագնապն ալ անտեսել եւ սովորականին պէս շարունակել աշխատանքները: Սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Պենիամին Նեթանիյահուի կառավարութեան առջեւ կան տասնեակ այլ հարցեր, որոնց խորքը գանձատրական լուրջ բացթողումներու ծանր հոտը կայ: Այդ հարցերու շարքին կայ 2014 թուականին Կազզէի դէմ մղուած պատերազմին մեծ ծախսերու խնդիրը, որ ցայսօր ալ վերջնական լուծում չէ ստացած:
Այս բոլոր տուեալները պէտք է բաւարար համարուին ըսելու համար, որ 1996 թուականէն ի վեր (մէկ ընդմիջումով) երկրի ղեկը ստանձնած Պենիամին Նեթանիյահու յայտնուած է լուրջ տագնապներու առջեւ:
Բայց իրականութիւնը այդպիսին չէ: Այդպիսին չէ, որովհետեւ անոր դիմաց չկայ կեդրոնական ընդդիմութիւն մը, որպէսզի կարողանայ այս խնդիրները բարձրաձայնելով հարուածել անոր ունեցած ընտրազանգուածը ու ծանր դրութեան մէջ դնէ անցնող չորս տարիներուն Իսրայէլ-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն գահավիժման ամենէն վատ փուլին ականատես եղած վարչապետը:
Բացի այս բոլորէն, Նեթանիյահու դրական շունչով հետեւեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն: Ու հակառակ անոր, որ իսրայէլացիներուն համար աւելի նախընտրելի պիտի ըլլար Դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի յաղթանակը, սակայն այսօր ալ երեւելի է, որ Նեթանիյահու շատ չափաւոր ընկալումներով եւ բաւական զուսպ մօտեցումով կը հետեւի Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահի քայլերուն:
Ճիշդ է, որ ցարդ ջրբաժանի մը հանգրուանը չէ հասունցած ու իրերը աւելի յստակ պիտի դառնան Տանըլտ Թրամփի յառաջիկայ Յունուարին կատարելիք նախագահական երդումէն ետք, բայց յայտնի է նաեւ, որ նորընտիր նախագահը կրնայ Իսրայէլի համար սիրուած կամ «սպասուած» նախագահ մը չըլլալ:
Տանըլտ Թրամփի Իսրայէլ այցելութիւնը ջնջելու մասին ըսած խօսքն անգամ կրնար բախումի հանգրուան մը բանալ, բայց այդպէս չեղաւ:
Չեղաւ, որովհետեւ ներքին ճակատին վրայ բաւականին բարդ եւ ծանր բեռան մը տակ եղող Պենիամին Նեթանիյահու, եթէ համարձակէր ճակատումի երթալ Տանըլտ Թրամփի հետ, ապա յստակ պիտի դառնար, որ ան ընդունած է, թէ իր քաղաքական ասպարէզը լրջօրէն վտանգուած է։ Հետեւաբար կ՚արժէր բոլոր խաղաքարտերը այրել եւ դառնալ Տանըլտ Թրամփի թիւ մէկ հակառակորդը Իսրայէլի մէջ:
Կայ նաեւ մետայլի միւս երեսը, որ պայմանաւորուած է Միացեալ Նահանգներու նոր ղեկավարութեան Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս արաբներու հանդէպ որդեգրելիք նոր քաղաքականութեամբ կամ նախկին քաղաքականութեան շարունակմամբ:
Ամէն պարագայի, յառաջիկայ հանգրուանը կարեւոր պիտի ըլլայ Իսրայէլի վարչապետին համար: Ու եթէ ամերիկեան վարչակազմին հետ անոր յարաբերութիւնները խաթարուին, ապա շատ հաւանական է, որ Նեթանիյահուին չեն սպասեր պայծառ օրեր:
Չմոռնանք նաեւ, որ 2019 թուականին տեղի պիտի ունենան Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքով շատ բան պիտի վճռուի երկրի մը մէջ, ուր ընտրական գործընթացները գետնի վրայ փոփոխութիւններ յառաջացնելու մեծ ուղեգիծեր կը համարուին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան