ՏՕՆ ՍՐԲՈՑ ԱՌԱՔԵԼՈՑՆ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԱՑՆ ՄԵՐՈՑ ԹԱԴԷՈՍԻ ԵՒ ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍԻ
«Եւ խաւարի մէջ նստած ժողովուրդը տեսաւ (աստուածային) մեծ լոյսը»
(Մատթ. 4.16 եւ Հմմտ. Եսայի 9.2)
Ամէն տարի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն տակ կ՚ոգեկոչուի՝ օրուան յատուկ շարականներով եւ աղօթքներով, յիշատակը մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի 12 աշակերտներէն՝ Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալներուն, որոնք ի Հայաստան իրենց կատարած քարոզութեամբ եւ նահատակի լուսապսակին արժանանալով՝ հանդիսացան Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչները։ Անոնց քարոզութեան եւ նահատակութեան ճշգրիտ թուականները դժուար է որոշել. այսուհանդերձ, ընդհանուր առմամբ ընդունուած է Թադէոսի քարոզութեան եւ նահատակութեան թուականը դնել Քրիստոսի համբարձումէն անմիջապէս ետք, 35-43 տարիներու միջեւ. իսկ Բարթուղիմէոսինը, քիչ մը աւելի ուշ՝ 50-60-ի միջեւ։
Այս զոյգ առաքեալներու տօնը կը կատարուի՝ ըստ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին, Յիսնակի Բ. Կիրակին կանխող շաբաթ օրը, որ կը զուգադիպի նոյեմբեր ամսուան վերջին կամ դեկտեմբեր ամսուան առաջին շաբթուան։ Յիշենք, որ Թադէոս առաքեալ եւ Սանդուխտ կոյս ունին նաեւ իրենց առանձին տօնը, յուլիս ամսուան մէջ։
Իրանահայութիւնը Թադէոս առաքեալին եւ Սանդուխտ կոյսին նուիրուած այս տօնը կը նշէ մեծ շուքով։ Այս առիթով 1953-էն ի վեր տեղի կ՚ունենայ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդարանին կողմէ կազմակերպուող Ս. Թադէի վանքի ուխտագնացութիւնը, որուն ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հազարաւոր հայեր Իրանի զանազան քաղաքներէն։
Ս. Թադէի տօնին նաեւ հայկական սփիւռքի հեռաւոր եւ մօտիկ գաղութներէն ուխտի կու գան մեծ թիւով հաւատացեալներ։ Կ՚արժէ այստեղ յատուկ յիշել, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայոց կաթողիկոս մը՝ յանձին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Թադէի ուխտագնացութեան 1997-ի յուլիս ամսուան մէջ, երբ ան մատուցեց իր ուխտի Ս. Պատարագը այնտեղ եւ տուաւ հայրապետական պատգամը ներկայ բազմահազար ուխտաւորներուն՝ հաւատարիմ մնալու Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչներէն մեզի փոխանցուած քրիստոնէական աւանդին եւ հայ եկեղեցւոյ հայրապետներու եւ լուսապսակ սուրբերու հաւատքին։
Յատկանշելի է, որ Ս. Թադէի ուխտագնացութեան պատմութեան մէջ դարձեալ առաջին անգամն էր որ այսքան մեծ թիւով ուխտաւորներ՝ շուրջ 20 հազար հոգի, Իրանէն եւ արտասահմանէն կը մասնակցէին Արամ Ա. Կաթողիկոսի հետ այդ տարուան ուխտագնացութեան։
Անշուշտ Հայաստանեայց Եկեղեցին ունի մարգարէներուն եւ առաքեալներուն, հայազգի եւ համաքրիստոնէական սուրբերուն նուիրուած տօներ, ինչպէս նաեւ մեր Փրկչին երկրաւոր կեանքին՝ Մարդեղութեան Խորհուրդին եւ Փրկագործական Առաքելութեան հետ կապուած՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան, Խաչելութեան եւ Յարութեան, Համբարձման եւ Հոգեգալստեան, տակաւին Աստուածամօր Աւետման եւ երկինք Վերափոխման տօները։ Սակայն այս բոլորին մէջ իր իւրայատուկ տեղը ունի առաջին լուսաւորիչներուն յատկացուած տօնը, որովհետեւ անոր մէջ խտացած է մեր եկեղեցւոյ առաքելական հիմք ունեցած ըլլալու պատմական իրողութիւնը, որովհետեւ այդ տօնի նշումով, կ՚ըսենք, «ի վերայ հիման առաքելոց», այսինքն առաքեալներու հաւատքի ապառաժին վրայ կառուցուած է Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ուղղափառ Եկեղեցին։
Ուստի սխալ է հայ եկեղեցիին՝ օտարներուն կողմէ տրուած «Գրիգորեան եկեղեցի» անուանումը, որով անոնք կ՚ուզեն ժխտել մեր եկեղեցւոյ առաքելական ծագումը եւ ըսել, որ Գրիգոր Լուսաւորիչով է, որ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է Հայաստան։
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս՝ իր հրաշափառ Յարութեամբ մահուան վրայ տարած յաղթանակէն ետք, տակաւին քառասուն օրեր ապրեցաւ փառաւորեալ մարմնով երկրի վրայ, որուն ընթացքին նախ Երուսաղէմի եւ ապա Գալիլիոյ մէջ զանազան առիթներով յայտնուեցաւ իր աշակերտներուն, որպէսզի անոնց մէջ հաստատէ իր խաչելութենէն եւ թաղումէն ետք, յարութիւն առած ըլլալու հաւատքը։ Ան վերնատան մէջ կրկին անգամ երեւաց աշակերտներուն, մինչեւ իսկ թերահաւատ Թովմասին ցոյց տուաւ իր ափի վէրքերը եւ հրաւիրեց զինք, որ իր մատներով շօշափէ զանոնք, որպէսզի հաւատայ, որ ինք ոգի կամ ուրուական չէ, այլ մարմին եւ արիւն՝ նոյն ինքը մարմնացեալ Որդին Աստուծոյ։
Այնուհետեւ, երբ հասաւ այս աշխարհէն մարմնապէս բաժնուելու պահը, նախքան իր երկինք համբառնալը, օրհնեց իր աշակերտները եւ որպէս վերջին սրբազան կտակ անոնց փոխանցեց իր պատգամը։ «Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ։ Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։ Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մատթ. 28.18-20)։
Թէեւ Համբարձման օրը այս պատգամը ստացող առաքեալները Յիսուսի իրենց ամէնօրեայ աշակերտութեամբ արդէն երեք տարիներու ընթացքին դաստիարակուած էին քրիստոնէական վարդապետութեան վեհ սկզբունքներով եւ թրծուած՝ մեր Տիրոջ աստուածային առաքելութեան շունչով, այսուհանդերձ անոնք անմիջապէս գործի չանցան։ Համաձայն իրենց կատարուած պատուէրի, տասը օրեր եւս սպասեցին Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ որ Հոգեգալստեան օրը իրենց խոստացուած Մխիթարիչն Ս. Հոգին իջաւ հրեղէն շունչով վերնատան մէջ հաւաքուած քրիստոնեաներու առաջին ընտանիքի անդամներուն վրայ եւ պայծառակերպեց Քրիստոսի խաչելութեամբ ժամանակաւորապէս մթագնած անոնց մտքերն ու հոգիները երկնային լոյսով եւ իմաստութեամբ։
Ս. Հոգին զօրացուց անոնց խարխափող քայլերը, ամրապնդեց կասկածոտ սրտերը՝ անընկճելի վճռակամութեամբ, լեցուց անոնց ողջ էութիւնը Յարութեան գերեզմանէն ճառագայթող անխորտակելի հաւատքով եւ վերջապէս վերածեց զանոնք քրիստոսակիր եւ աստուածակիր անձերու, այսինքն՝ զԱստուած իրենց մէջ կրող եւ Քրիստոսի երկնային առաքելութիւնը շարունակելու պատրաստ հզօր անձնաւորութեանց։
Արդարեւ Քրիստոսի 12 աշակերտներու առաքելական քարոզութեան առաջին տարիները անցան հրեայ ժողովուրդի զանգուածներու մէջ, ի զուր փորձելով նախ գտնել Իսրայէլի տան կորած ոչխարները (Մատթ. 10.16)։ Այնուհետեւ անսալով իրենց Վարդապետի պատգամին, անոնք դուրս եկան Պաղեստինի սահմաններէն եւ մուտք գործեցին ժամանակակից Յունա-հռոմէական աշխարհ, աւետելու համար խաչելութեան եւ Յարութեան, Փրկագործութեան եւ յաւիտենական կեանքի բարի լուրը բոլոր ազգերուն, մկրտելու համար զանոնք Հօր, Որդւոյն եւ Ս. Հոգւոյն անունով։
Ահա այսպէս է, որ հայ ժողովուրդի զաւակներուս վիճակուեցաւ ունենալ իր մէջ Երուսաղէմի երկնքին վրայ ծագած Քրիստոսի անհուն սիրոյ արեգակէն բոց առած զոյգ ջահեր՝ Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալները։ Անոնք անցնելով երկար ճանապարհներ ու սահմաններ, իրենց առաքելական գործունէութեան վերջին կայանն ու նահատակութեան վայրը ընտրեցին հայ ժողովուրդի գիրկը։
Փորձենք՝ առանց բանասիրական բարդ խնդիրներու մէջ մտնելու, ծանօթանալ նախ Թադէոս եւ ապա Բարթուղիմէոս առաքեալներու կենսագրութեան, յատկապէս Հայաստանի հողին վրայ անոնց գործունէութեան։
ԹԱԴԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ
Թադէոս առաքեալ ծանօթ է նաեւ որպէս Ղեբէոս եւ Յուդա Յակոբեան։ Որդին է Յակոբոսի եւ հաւանաբար եղբայրը՝ Թովմաս առաքեալի։ Անոր անունը յիշուած է Մատթէոսի (10.2-4), Մարկոսի (3.18-19) եւ Ղուկասի (6.14-16) համատեսական երեք աւետարաններուն, ինչպէս նաեւ Գործք Առաքելոցի մէջ (1.13)։
Համաձայն եկեղեցական հնագոյն աւանդութեան, Թադէոս առաքեալ Պաղեստինի սահմաններէն դուրս նախ քարոզած է մերձակայ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Կապադովկիա, Եդեսիա, ուր Աբգար թագաւորը բժշկելէ ետք համարձակօրէն կը քարոզէ քրիստոնէութիւնը. կը մկրտէ շատեր քրիստոնեայ. կը հիմնէ առաջին եկեղեցիները եւ այնուհետեւ մուտք կը գործէ հայահոծ գաւառները։
Ճանապարհին ամէն տեղ քարոզելով, բժշկութիւններ կատարելով եւ հրաշքներ գործելով կը հասնի Արտազ գաւառի Շաւարշան գիւղաքաղաքը։ Ան իր աշխոյժ գործունէութեամբ կարճ ժամանակաշրջանի մէջ կ՚ունենայ մեծ թիւով հետեւորդներ։ Քրիստոնեայ կը մկրտուին ո՛չ թէ միայն խոնարհ դասի մարդիկ, այլ ազնուականներ եւ արքունիքի անդամներ, որոնց շարքին նաեւ 18-ամեայ արքայադուստր՝ Սանդուխտ կոյսը։
Երբ հայոց Սանատրուկ արքան կը տեղեկանայ այս նոր կրօնին գտած մեծ ժողովրդականութեան եւ յաջողութեան մասին, եւ մանաւանդ իր հարազատ աղջկան քրիստոնէական վարդապետութեան յառած ըլլալու լուրը, խիստ կը զայրանայ։ Երբ անոր վրայ թափուած երկարատեւ ճիգերը՝ քրիստոնէութենէն հեթանոսական կրօնքի պաշտամունքին վերադարձնելու, ապարդիւն կ՚անցնին, Սանդուխտ կոյսը բանտարկել կու տայ. իսկ նորադարձները՝ իրենց քարոզիչին հետ, կը հրամայէ սրամահ ընել։
Առաքեալը հրաշքով կ՚ազատի կոտորածէն եւ երթալով բանտ՝ բանտապահներէն 33 հոգի դարձի կը բերէ։ Սանատրուկ արքան երկու առիթներով իր պալատական բարձրաստիճան իշխանները կ՚ուղարկէ բանտ՝ համոզելու Սանդուխտ կոյսը, որ յետ դառնայ իր ընդունած նոր հաւատքէն, սակայն Առաքեալի անձէն եւ անոր քարոզութենէն խորապէս ազդուած, անոնք եւս քրիստոնեայ կը դառնան։ Արքան զայրացած՝ 200 նորադարձներ սրամահ ընելու հրաման կու տայ, իսկ Թադէոս առաքեալին, Սանդուխտ կոյսին եւ ազնուական դասին պատկանող նորադարձ քրիստոնեաներուն բերեն ատեան, թագաւորին առջեւ հարցաքննութեան։ Երբ զանոնք խրատելով համոզելու՝ հեթանոսական հին կրօնին վերադարձնելու վերջին ճիգերն ու սպառնալիքները եւս որեւէ արդիւնք չեն ունենար, արքան ճարահատեալ՝ իր իսկ աղջկայ մահուան վճիռը կու տայ։ Սակայն Սանդուխտի նահատակութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ 2000 նորադարձներ քրիստոնեայ մկրտուին. այնուհետեւ՝ երեք օր յետոյ կը նահատակուի Թադէոս առաքեալ. անոր անմեղ արեան հեղումով 5000 այլ անձեր քրիստոնէութեան դարձի կու գան եւ կը մկրտուին։
Ըստ հայկական գեղեցիկ աւանդութեան մը, երբ Թադէոս առաքեալ սուրով կը սպաննուի, նոյն պահուն երկինքէն լոյս մը կը ճառագայթէ եւ նահատակութեան վայրին մօտ ժայռ մը կը բացուի եւ անոր մարմինը ներս կ՚առնէ։
Արդարեւ ասիկա գեղեցիկ հայկական աւանդութիւն մըն է, որով հայ ժողովուրդը կը հաւատայ, որ Թադէոս առաքեալի աճիւնները միաձուլուած են Հայաստան աշխարհի քարին ու հողին հետ. իսկ անոնց քրիստոնէական վարդապետութեան հաւատալիքները անքակտելիօրէն շաղկապուած են հայութեան էութեան հետ։
Նաեւ կ՚արժէ այստեղ յիշել, որ Թադէոս առաքեալին կը պատկանի հռովմէացի զինուորին ձեռամբ Քրիստոսի կողը խոցած նիզակին՝ Ս. Գեղարդին, Հայաստան բերուած ըլլալու պատիւը։ Այդ մասունքը դարեր շարունակ պահուած էր Այրիվանքին մէջ. այդ պատճառով ալ այդ վանքը յետագային կոչուեցաւ Գեղարդայ վանք։
Իսկ ներկայիս Ս. Գեղարդը կը պահուի Ս. Էջմիածնի մէջ եւ դուրս կը բերուի պատշաճ օրերու։
ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ
Բարթուղիմէոս եւս՝ Թադէոսի նման, Յիսուսի 12 առաքեալներէն մէկըն է։ Ան ծանօթ է նաեւ Նաթանայէլ անունով, որ կը նշանակէ Աստուծոյ ընծայ, նուէր։ Ծնած է Գալիլիոյ Կանա քաղաքը։ Իր անունը յիշատակուած է աւետարաններուն մէջ զանազան առիթներով (Մատթ. 10.2-4, Մարկ. 3.18-19, Ղուկ. 6.14, Յովհ. 1.45)։
Յովհաննու աւետարանին մէջ (1.45-48) նկարագրուած է անոր Յիսուսի հետ ունեցած առաջին հանդիպումը հետեւեալ կերպով։ «Երբ Յիսուս տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար՝ ըսաւ անոր.- Ահաւասիկ ճշմարիտ Իսրայէլացի մը, որուն մէջ նենգութիւն չկայ։ Նաթանայէլ հարցուց.- Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս։ Յիսուս պատասխանեց.- Տակաւին Փիլիպպոսը քեզ չկանչած՝ տեսայ քեզ, երբ թզենիին տակն էիր։ Նաթանայէլ ըսաւ.- Ռաբբի, դուն Աստուծոյ Որդին ես, դուն Իսրայէլի թագաւորն ես»։
Իր այս յանդուգն ու ճշմարիտ յայտարարութեան համար ան կոչուած է Նախադաւան առաքեալ, այսինքն առաքեալներուն մէջէն ան առաջինն էր, որ ճանչցաւ եւ համարձակօրէն յայտարարեց, որ Յիսուս դարերէ ի վեր սպասուած Մեսիան է, Իսրայէլի թագաւորը, Աստուծոյ Որդին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք անոր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ, համառօտ կերպով։
Բարթուղիմէոս առաքեալ նախ կը քարոզէ Սիւնեաց նահանգին մէջ, ապա կ՚անցնի Գողթն։ Մուտք կը գործէ Հեր եւ Զարեւանդ գաւառները եւ վերջապէս կը հասնի Աղբակ, ուր կը հանդիպի Սանատրուկ թագաւորի քրոջ՝ Ոգուհիին, որ հաւատալով առաքեալի քարոզած վարդապետութեան, կը մկրտուի եւ կը դառնայ անոր ջերմեռանդ հաւատացեալներէն մէկը։
Սանատրուկ արքայ կ՚ուղարկէ իր Տերենտես անուն հազարապետը, որպէսզի համոզէ իր քոյրը, որ ետ դառնայ իր նոր կրօնի պաշտամունքէն. սակայն ազդուելով Բարթուղիմէոս առաքեալի քարոզութենէն, Տերենտես եւս կ՚ընդունի քրիստոնէութիւնը։ Այդ բոլորին արդիւնքը կ՚ըլլար այն, որ յիշեալները բերուին ատեան եւ ենթարկուին խիստ հարցաքննութեան։ Երբ անոնք հաստատ կը մնան իրենց հաւատքին վրայ, արքայաքոյր Ոգուհին, հազարապետ Տերենտեսն ու Բարթուղիմէոս առաքեալ կը կնքեն իրենց կեանքը նահատակութեամբ։
Նահատակ առաքեալի գերեզմանին վրայ յետագային կը կառուցուի Աղբակի մէջ Բարթուղիմէոս առաքեալի վանքը։
ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՎԱՆՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ 1786 ԹՈՒԱԿԻՐ ԽԱՉԸ
Թալանուած այս վանքէն հրաշքով փրկուած է արծաթէ գեղեցիկ խաչ մը, որ կը կրէ 1786 թուականը։ Այս ձեռաց խաչը մեզի յանձնուեցաւ, Իրանա-Հնդկաստանի հայոց թեմի մեր առաջնորդութեան օրերուն Սալմաստի մէջ, երախտաշատ քահանայ, վանեցի Տէր Կարապետի զաւակ՝ մեղուաբուծութեամբ զբաղուող հանրածանօթ ազգային դէմք, Իշխան Տէր-Մինասեանի կողմէ, Հաֆթուան գիւղի իր տան մէջ։ Մենք հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ՝ նուիրատուի հաւանութեամբ, զայն տարինք հետերնիս Նոր Ջուղա եւ տեղադրեցինք առաջնորդանիստ Ս. Ամենափրկիչ վանքի թանգարանին մէջ, համապատասխան արձանագրութեամբ, ի յիշատակ եւ ի վկայութիւն, դարեր շարունակ Բարթուղիմէոս առաքեալի շիրիմով համբաւաւոր նոյնանման վանքի փառաւոր անցեալի։
Յիշենք նաեւ որ, ըստ հայկական աւանդութեան, Բարթուղիմէոս առաքեալ Հայաստան բերած է Աստուածամօր նկարը, որ իրեն տրուած էր առաքեալներուն կողմէ։ Աւանդութիւնը կ՚ըսէ, երբ Տիրամայրը Երուսաղէմի մէջ խաղաղ մահ ունեցաւ եւ թաղուեցաւ, Բարթուղիմէոս առաքեալ կը բացակայէր։ Անոր վերադարձին անոր տրուեցաւ փայտի վրայ նկարուած Աստուածամօր պատկերը, ի մխիթարութիւն։
Ահա թէ ինչո՛ւ յետագային հայ գեղանկարիչներ, ինչպէս օրինակ՝ Ստեփանոս Լեհացի, Յովնաթան Յովնաթանեան, երբ իրենց երեւակայութեամբ նկարած են Հայաստան աշխարհի Առաջին Լուսաւորիչները, Թադէոս առաքեալի ձեռքին դրած են Ս. Գեղարդը, իսկ Բարթուղիմէոսի՝ Աստուածամօր նկարը։
ԸՆԴՅԱՏԱԿԵԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Ինչպէս յետագայի պատմութիւնը եկաւ ապացուցելու, այս զոյգ առաքեալներու եւ անոնց հետ նահատակուած մարտիրոսներու թափած անմեղ արեան կաթիլներէն ծլարձակուեցան հաւատքի նոր սերմեր, որոնք խոր արմատներ արձակելով լուսաբաղձ հոգիներու մէջ, աճեցան երկնային շնորհքներով ու դարձան աւետարանի ատոք հասկեր։ Ճիշդ է, որ քրիստոնէութիւնն ու անոր հետեւորդները, ինչպէս Յունա-հռովմէական կայսրութեան, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ ամէնուրեք ենթարկուեցան խիստ հալածանքներու եւ անողոք մահուան, այսուհանդերձ առաքեալներու կողմէ հիմնուած եկեղեցին գաղտնօրէն գոյատեւեց։
Այդ ընդյատակեայ եկեղեցին ապրեցաւ ու պահպանեց իր գոյութիւնը միշտ սնուելով, զօրանալով եւ աճելով «իմացեալ մահով» անմահութիւնը նուաճող նոր նահատակներու արեամբ, իր ներշնչումը ստանալով լուսապսակ մարտիրոսներու հաւատքի անսպառ աղբիւրէն։
Շուրջ 250 տարի Լուսոյ Որդիները պայքարեցան հեթանոսութեան խաւարի մէջ ապրողներու դէմ, իրենց հոգեւոր զէնքերով, մինչեւ որ, երջանիկ օր մը, մեր Հաւատոյ Հայր՝ Գրիգոր Երկրորդ Լուսաւորիչը դուրս գալով Խոր Վիրապէն, իր հաւատքի անմար կանթեղի երկնառաք լոյսով ու աստուածարեալ տեսիլքով, ջահազարդեց, լուսաւորեց ու պայծառակերպեց Հայաստան աշխարհի ողջ երկնակամարը։
Կատարուեցաւ հայ կեանքի մեծագոյն հրաշքը. տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդի պատմական գլխաւոր անկիւնադարձը եւ իրագործուեցաւ կրօնական մեծագոյն յեղաշրջումը։ Հայ ժողովուրդի զաւակներս ազգովին դուրս եկանք մեր մտքի խաւարէն եւ երկրպագեցինք առաջին եւ իմանալի լոյսին. Արարիչին լուսոյ, Արեգակին արդար, ողորմած եւ բարեգութ երկնաւոր Հօր։ «Եւ հեթանոսութեան խաւարի մէջ նստած հայ ժողովուրդը տեսաւ աստուածային մեծ լոյսը» ու բացաւ իր միտքն ու հոգին անոր առջեւ։
Արդարեւ, աշխարհի վրայ առաջին ազգը ըլլալով, արքայով ու զօրականով, իշխանով ու շինականով, գեղջուկով ու մշակով պետականօրէն ընդունեցինք քրիստոնէական վարդապետութիւնը 301 թուին, որպէս մեր միակ եւ այնուհետեւ անփոխարինելի կրօնը։ Թէեւ չորրորդ դարու սկիզբէն քրիստոնէութիւնը մեր պետական կրօնն էր, սակայն քրիստոնէութիւնը հայացաւ, մարգարէներն ու առաքեալները, Յիսուս-Քրիստոս եւ Ինք՝ Աստուած հայերէն խօսեցան հայ ժողովուրդին հետ հայոց գիրերու գիւտէն եւ Աստուածաշունչի թարգմանութենէն ետք։ Քրիստոնէութիւնը հայացաւ եւ հայութիւնը իր հերթին գիտակցօրէն քրիստոնեայ դարձաւ մեր Թարգմանիչ հայրերու, Ոսկեդարու սերունդի եւ անոնց սրբազան առաքելութիւնը շարունակած մատենագիրներու ջանքերու շնորհիւ։
Հայաստան աշխարհի առաջին լուսաւորիչներու պատգամն է մեզի այսօր, համայն հայութեան զաւակներով տէր կանգնիլ մեր հոգեւոր ու մշակութային գանձերուն։ Հաւատարիմ մնալ մեր քրիստոնէական եւ ազգային արմատներուն եւ ձգտումներուն։
Այո՛, Թադէոս եւ Բարթուղիմէոս առաքեալները փոխանցեցին մեզի մեր Տիրոջ պատգամը,- Խաչեալին մահ չկայ, այլ Յարութիւն եւ յաւիտենական կեանք։ Նոյնպէս բազում անգամներ խաչը ուսին Գողգոթա բարձրացած հայ ժողովուրդի համար մահ չկայ, այլ Յարութիւն եւ առաւել կեանք։
Ահա այս հաւատքով է, որ այսօր կ՚ոգեկոչենք յիշատակը մեր առաջին լուսաւորիչներուն, որոնք եղան, մեր սրբազան շարականագրին բառերով. «Սպասաւորք եւ բարեկամք եւ վկայք Աստուածորդւոյն. խաչակցեալք ընդ Քրիստոսի եւ ընդ նմին թագաւորեալք. զառաջնորդս եւ զվարդապետս եկեղեցւոյ. ժիր մշակք անպարտելի եկեղեցւոյ եւ պսակ պարծանաց հաւատացելոց»։ «Հայրատունկ ազգւոյն հրեղէն պարիսպք եւ բարձր աշտարակք. ոսկեղէն բաժակք եւ ժիր մատռուակք. Հայաստանեայց Հայր հոգեւոր Բարթուղիմէոս եւ Թադէոս. բարեխօս լերուք առ Տէր վասն անձանց մերոց»։
Ո՜վ հոգեւոր հայրեր հայաստանեայց Բարթուղիմէոս եւ Թադէոս, բարեխօսեցէք մեզի համար մեր երկնաւոր Տիրոջ մօտ, որպէսզի անսասան մնայ հայոց եկեղեցին եւ իր անուան երկրպագուներս պահէ խաղաղութեան մէջ։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ
Հարթակ
- 12/02/2024