ԱՆԳԻՏԱԿԻՑ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄ

Նոյնիսկ այն մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք կը բնութագրեն որպէս ազատամիտ եւ լայնախոհ, կրնան զերծ չըլլալ անգիտակցաբար ցեղապաշտ ըլլալէ։

Փիլիսոփայ մը օգտագործեց հոգեվերլուծութիւնը՝ պարզելու համար, թէ ինչո՞ւ մարդիկ յաճախ անտեղեակ են իրենց սեփական նախապաշարումներուն նկատմամբ: Իր իսկ յայտարարութիւններուն մէջ ան մանրամասն կը բացատրէ, թէ ինչպէս կարելի է անգիտակցաբար նախապաշարուած ըլլալ։

Պոխումցի փիլիսոփայ տքթ. Պէյթ Քրիքել հոգեվերլուծութեան միջոցաւ պարզած է, թէ ինչո՞ւ մարդիկ յաճախ անտեղեակ են իրենց սեփական նախապաշարումներուն։ Պոխումի Ռուհր համալսարանի Բ. Փիլիսոփայութեան կաճառին մէջ որպէս գիտաշխատող՝ Քրիքել իր տեսութիւնը նախագծած է «Philosophical Psychology» ամսագրի 2018 թուականի մայիսի 15-ին։

ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂ, ԲԱՅՑ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐՈՎ ԼԻ

Տեսական օրինակ. սպիտակամորթ փրոֆեսէօրը ինքզինք կը նկարագրէ որպէս ազատական, հանդուրժող աշխարհահայեացք ունեցող անձ։ Ան կը հաստատէ, թէ անհեթեթ ու անհիմն է ենթադրել, որ տարբեր ցեղախումբէն մարդիկ ունին իմացութեան տարբեր մակարդակներ։ Այնուամենայնիւ, իր պաշտպանած համոզումները կարծէք, թէ կը հակասեն իր վարքագծին. օրինակ՝ ան կը զարմանայ, երբ իր դասախօսութեան ժամանակ սեւամորթ մը խելացի հարցում մը կ՚ուղղէ իրեն։ Աւելին՝ անոնց «պայծառամիտ» տպաւորութիւնն է, թէ անոնց սպիտակամորթ ուսանողները աւելի խելացի են։

Հետազօտողները կը նշեն այն դէպքը, երբ ենթադրեալ տեսակէտը կը շեղի «պայծառամիտ» վարքագիծէն՝ որպէս անուղղակի, քօղարկուած նախապաշարում։ Այս տեսակի նախապաշարումները կարելի է յայտնաբերել որոշ հոգեբանական քննութիւններու միջոցաւ։

Տքթ. Քրիքել կ՚ըսէ. «Ընկերային հոգեբանութեան եւ փիլիսոփայութեան ոլորտներէն ներս կը շարունակուին կատաղի բանավէճեր այն մասին, թէ արդեօք նման քննութիւններով չափուած նախապաշարումները անգիտակցաբա՞ր են, թէ ոչ»։ Հակառակ իրենց նախապաշարումներուն, մարդոց արտայայտած ազատական եւ հանդուրժողական կարծիքները կը վկայեն «անգիտակցաբար»ի մասին։ Մինչդեռ անցեալի փորձական (empiric) ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ հետազօտութեան մասնակիցները կը կարողանան որոշ պայմաններու տակ «ճանչնալ» իրենց կանխակալութիւնները։ «Բաւական հետաքրքրական է, որ այդ մասնակիցները յաճախ կը զարմանան եւ նոյնիսկ կը ցնցուին, երբ կը գիտակցին իրենց բացայայտ նախապաշարումներուն», կ՚ըսէ Քրիքել։ Այս տուեալները բացայայտելու համար տքթ. Քրի-քել օգտագործած է հոգեվերլուծութիւնը։

Ըստ տքթ. Քրիքելի վերլուծութեան, ենթադրական օրինակին մէջ նշուած փրոֆեսէօրը կը ճնշէ իր իսկ բացասական կերպարէն յառաջացած զգացումները, քանի որ անոնք չեն համապատասխաներ իր ինքնակերպարին։ Արդիւնքին, ան անտեղեակ կ՚ըլլայ իր նախապաշարումներուն մասին։ Տքթ. Քրիքել կը նշէ. «Փիլիսոփայութեան գործառոյթը, նախ եւ առաջ, խոր վերլուծութիւն կատարելն է, թէ ինչ է իրականութեան մէջ ճնշումը»։ Ըստ Քրիքելի, հիմնուելով գիտակցութեան փիլիսոփայական տեսութիւններու վրայ՝ կը յառաջանայ համապատասխան օրինաչափութիւն, երբ կը հասկցուի, որ ճնշումը ուշագրաւ փոփոխութիւն է, որ տարիներու ընթացքին դարձած է սովորական։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2022