ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ, ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐՆ ՈՒ ՀՈԼՈՎՈՅԹՆԵՐԸ

Մարդկութիւնը իր երկար պատմութեան ընթացքին անցած է զանազան ու տարողունակ հանգըրւաններէ, որոնց բնութագրումն ու վերծանումը կրնայ դասակարգուիլ գիտական, քաղաքական, ընկերային, մշակութային ու տնտեսական արժեչափերով: Բնականաբար, մեկնելով տարբեր պատճառներէ՝ քաղաքական ու անոր հետ առընչուած կամ կազմաւորուող քաղաքակրթական պատմութիւնը յարաբերաբար աւելի ներկայացուցչական, որդեգրելի եւ խտացուած կերպն է ընդհանուր մարդկային պատմութիւնը ներկայացնելու՝ նոյն մարդկային հաւաքական միտքին ու վարչակարգութեան կողմէ:

Մարդկային կազմակերպուած ու այսպէս ըսած՝ քաղաքակրթականացած կացուցաձեւը տարբեր գիտնականներ, տարբեր ժամանակներու կը հասցնեն: Կարգ մը պատմաբաններ կ՚ըսեն, որ մարդկութեան կազմակերպուած կեանքը սկսած է 30 հազար տարի առաջ, իսկ ուրիշներ ելման բնորոշիչ ու յստակ կէտ կ՚ընդունին օրինակ՝ Հին Եգիպտոսի յայտնագալուստը - իր քաղաքական ու քաղաքակրթական հանգանակներով - եւ եգիպտականէն վերջ եկած բոլոր կազմակերպուած, կայացած քաղաքակրթական ու քաղական միաւորներն ու պետութիւնները կը համարեն մարդկութեան այսպէս ըսած՝ հաւաքական ու կազմակերպուած ապրուստի պատմութիւնը: Ըստ կարգ մը հաշուարկներու, 60 միլիառի  կը հասնի ընդհանուր ծնած ու մահացած անհատներու թիւը մարդկութեան՝ իբրեւ արդի մարդ (ոչ թէ նախամարդ), որ մարդկութեան պատմութիւնը կերտած է: Մարդկութեան թիւը՝ իր քանակով, որակով, տեսակով եւ առաքելութեամբ զանազան մօտեցումներու եւ ուսումնասիրութիւններու առարկայ դարձած է եւ հոս պարզապէս կ՚ուզենք յիշեցնել, թէ այդ թիւը, որ ներկայիս 9 միլիառի մը մօտենայ, ըստ կարգ մը վերլուծութիւններու, բարձր է մեր երկիր-մոլորակի տնտեսական-բնական միջոցներէն՝ բոլոր մարդկութեան կերակրումը ապահովելու համար: Շատ մը պարագաներու աղքատութեան, սովի եւ նոյնիսկ մեր բաց աշխարհին մէջ (ուր բնականաբար տնտեսական տնօրինումին մէջ կայ էական թերութիւններ) անհասանելիութեան ու բոլոր մարդկութեան չկարենալ օգնելու խնդիրը թիւի աճման հետ կը կապուին: Ընդունուած է տնտեսական տեսութեամբ, թէ որեւէ տնտեսական համակարգ կ՚աշխատի հումք-ճամբայ-շուկայ երրորդութեամբ, հակառակ մեր ներկայ ժամանակներու արհեստագիտական մեծ յեղափոխութեան եւ շատ մը տնտեսական կարգաձեւերու փոփոխութեան: Այս տնտեսական երրորդութեան մէջ շուկան կ՚առընչուի նոյնինքն մարդկային թիւին հետ, ինչքան թիւ այդքան շուկայ (անկախ այդ շուկայի որակէն կամ գնակութենէն) եւ հոս է, որ մարդկային թիւը (որ քանակական հասկացողութիւն համարուած է միշտ - մեկնած նոյնինքն մարդկային հաւաքական կեանքի ղեկավարումի անխուսափելիութենէն) բարձրագոյն ձեւը կը ստանայ, մարդուժի եւ աշխատանքային մեքենայ ըլլալու կողքին, սպառող ու ծախսող ըլլալու մեծ դերին ընդմէջէն:

Քանակը ինչքան ալ որակ ստեղծէ, ակամայ հակուած է ուրիշ գործակատարում իրականացնելու եւ այստեղէն կրնանք դիտարկել ներկայիս յաջող ու ձախող դասակարգուող պետութիւններու՝ որակ-քանակ, մարդուժ-կազմակերպում, տնտեսութիւն-թիւ-արտադրութիւն եւ ուրիշ մեթոտաբանական հարցերը: Ազգերու եւ ժողովուրդներու թիւի աճն ու նուազումը, բնականաբար, նաեւ քաղաքական նպատակներու միջոց է եւ երկիր մոլորակին վրայ հարիւրաւոր, եթէ չըսենք հազարաւոր, քաղաքական ու տնտեսական թէ՛ պետական ու տեղայնային, թէ՛ տարածաշրջանային ու միջազգային ծրագիրներ կան եւ այդ ծրագիրները իրարու մէջ երբեմն համադրուող ըլլալու կողքին (լաւագոյն պարագային ուղղորդուող-ղեկավարուող), առաւելապէս մրցակից եւ մաքառող են իրարու հետ եւ կը ստեղծեն նոյն տեղական ու համաշխարհային հակամարտութիւններն ու հակասութիւնները: Մարդկութեան թիւը այս պարագային ինչքան կրնայ ազգային կամ համաշխարհային ենթահողով ծառայէ այդ մեծ ու փոքր ծրագիրներու իրագործման, դարձեալ երկար ուսումնասիրութեան նիւթ է, բայց իրականութիւն է, որ այդ թիւը գործօն է եւ կրնայ զանազան գործակատարումներ ունենալ: Յաճախ շրջանառուող հարցումներ են. մարդկութիւնը ո՞ւր կրնայ հասնիլ իր թիւով եւ արդեօք կրճատումներու ջանքեր կա՞ն գաղտնի ու բացայայտ ծրագիրներով կամ մարդկութեան թիւը իր առաքելութիւնը ունի՞: Պարզ է, որ յստակ պատասխաններ չկան եւ անհատական ու հաւաքական հարցումներու կողքին մեծ պատասխանները ինչքան ալ գործի լծուելով փորձեն լուծել հարցերը, նոյնպէս կրնան նոր ու անվերջանալի հարցեր ստեղծել, ինչ որ նոյնինքն կեանքի ու զարգացման օրինաչափութիւնը կը համարուի:

Մարդկութեան թիւի աճը կը զուգակցի ստեղծուող ու զարգացող մշակոյթներու հարցին. որեւէ մշակոյթ պատմական իր հենքով, ամէն պարագայի առաքելապաշտ է եւ կը ձգտի մարդկային ընկերութիւններու ու ազգերու ոգեղէն ու հոգեկան կերտուածքը ներկայացնելու, միաժամանակ գոհացնելու ոչ-նիւթական ու ազնիւ աշխարհները մարդկութեան: Եւ որեւէ մշակոյթ կոչուած պէտք է ըլլայ խաղաղութիւն կառուցելու կամ նուազագոյնը ապահովելու եւ այս կէտին մշակոյթներու միջոց կամ նպատակ ու բովանդակութիւն ըլլալու հարցը կը պարզէ ինքզինք ընդհանուր ղեկավարուող կամ այսպէս ըսած՝ վարչականացուող աշխարհին մէջ: Մշակոյթը տեղ մը կը հակադրուի վարչարարութեան, քանի ինքնեկ ազատական է ան եւ չ՚ուզեր ճանչնալ ղեկավարում, միեւնոյն ատեն առանց կազմակերպուածութեան (հասկնալ նաեւ ղեկավարման) մշակոյթները չեն հանդիսացուիր-մարմնաւորուիր մարդկային հաւաքական կեանքին մէջ:

Մեծ թիւը պարզ է, որ ատակ է նաեւ մեծ ու կլանող մշակոյթներ ստեղծելու, անոր յառաջացուցած բոլոր ճիւղաւորումներով: Ներկայ մեր ժամանակները, այո, յառաջդիմութիւն արձանագրած են յարաբերաբար փոքր մշակոյթներու պահպանման ու անոնց հանդէպ յարգալից վերաբերմունքի իմաստով, բայց անոր կողքին տակաւին առկայ են մարդկային մեծ հաւաքականական ձգտումները կառուցելու մեծ ու պարփակող մշակոյթներ:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

28 մարտ 2022

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022