ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԹ.
«Հրեաներէն շատեր այս գրութիւնը կարդացին, որովհետեւ հոն՝ ուր Յիսուսը խաչուեցաւ, քաղաքին մօտ էր» (Յհ 19.20):
Ինչո՞ւ ուզեցին քաղաքէն դուրս խաչել. նախ այս է, որովհետեւ բոլոր մահապարտները այնտեղ կը տանէին սպաննելու, որպէսզի գարշութեան հոտէն քաղաքացիները չզազրին: Ըստ իրենց սովորութեան, մեր Տէրն ալ այնտեղ տարին: Երկրորդ. որովհետեւ դուրս տեղերը մարդիկ աւելի համարձակ կ՚երթան տեսնելու այդպիսի դէպքը: Երրորդ. որպէսզի Անոր չարչարանքը ամօթալի ըլլայ, իսկ այդպէս փառքը աւելցաւ, քանի որ յօժարութեամբ համբերեց: Չորրորդ. որովհետեւ ճանապարհի վրայ էր, իւրաքանչիւր ոք որ կ՚ելլէր եւ կը մտնէր քաղաք՝ կը տեսնէր, թէ այսինչ անունը այսպիսի գործի մը համար խաչուած է:
Դարձեալ՝ քաղաքէն դուրս մեր Տիրոջ խաչուիլը կը նշանակէր Անոր աշխարհէն ելլելը մարմինով, եւ ասիկա մեզի խրատի ու սորվելու համար եղաւ, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք, որ Քրիստոսի ետեւէն կ՚ընթանայ, հնազանդութեան եւ չարչարանքներու խաչը յանձն առնէ՝ Քրիստոսի ետեւէն երթալով:
Գիտելի է, թէ ան որ քաղաքէն դուրս էր այն ատեն, հիմա ներսն է, որովհետեւ Տիտոսի աւերումէն ետք, այնպէս շինուեցաւ, բայց թէ ինչպէ՞ս տնօրինեց այդ տեղը խաչուիլ, քանի որ նախահայր Ադամը այնտեղ թաղուած էր, պատշաճ էր, որովհետեւ անոր համար Տէրը եկաւ՝ որուն պատճառով մահը մեր բնութեան մէջ մուծուեցաւ, անոր խաչին վրայ, որպէսզի դարձեալ կենդանացնէ մեզ:
Դարձեալ՝ օրինակը կատարելու, որ այնտեղ Իսահակով խոյը կախուեցաւ, սակայն ոմանք կ՚ըսեն նախահօր գերեզմանը Եփրայիմի մէջ էր, սակայն ճշմարիտ չէ:
«Արձանագրութիւնը գրուած էր Եբրայերէն, Լատիներէն եւ Յունարէն լեզուներով» (Յհ 19.20):
Ինչո՞ւ համար այս երեք լեզուներով գրեց արձանագրութիւնը. նախ այս է, քանի որ այն ատեն այս երեք ազգերը մեծագոյններն էին, որովհետեւ եբրայեցիները օրէնքով պերճացած էին, յոյները՝ իմաստասէրներուն պատճառով եւ բազմաթիւ իմաստասիրութիւններով բարգաւաճած էին, լատինները ընդհանրական իշխանութեամբ եւ բռնութեամբ զօրացած էին, այդ պատճառով անոնց լեզուներով միայն կը գրէ:
Երկրորդ. որովհետեւ այնտեղ հռոմայեցիներ կային, եւ Հրէաստանի իշխանութիւնը անոնք ունէին. լատիներէն կը գրէ, որպէսզի անոնք կարդան, իսկ եբրայերէն՝ քանի որ անոնք հրեաներ էին, եւ յունարէն՝ որովհետեւ յոյներէն շատեր Հրէաստանի մէջ կը բնակէին, որ Անտիոքոսը գերեց կապադովկացիներուն երկիրը եւ տարաւ այնտեղ բնակեցուց, որովհետեւ Աղեքսանդրէն մինչեւ Յուլիոս կայսր հրաներուն մէջ յոյներ կային, այդ պատճառով երեք լեզուներով գրուեցաւ: Եւ դարձեալ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ այն ատեն միայն այդքան նշանագիր կար աշխարհի մէջ:
Երրորդ. որովհետեւ կը ցուցնէր, թէ Ասոր վարդապետութիւնը աշխարհի երեք մասերուն մէջ պիտի տարածուի, որ Նոյը երեքի բաժնեց աշխարհը՝ Ասիա, Լիպիա, Եւրոպա, եւ իր երեք որդիներուն տուաւ՝ Սեմին, Քամին ու Յաբեթին:
«Պիղատոսը պատասխանեց.
-Ինչ որ գրեցի՝ գրեցի» (Յհ 19.22):
Նախ այն կ՚ըսէ, թէ ինչ որ մարգարէները գրեցին Անոր մասին, թէ հրեաներուն թագաւոր է, ես նոյնը գրեցի: Իսկ երկրորդ. երբ նու չես դներ, այլ թէ՝ ինչ որ գրեցի, գրեցին, կը ցուցնէ, թէ այս է ճշմարիտը, որ ես գրեցի: Եւ ասիկա ոչ թէ ինքն իրմէ գրեց, այլ՝ Հոգիին տնօրինութենէն:
«Զինուորները Յիսուսը խաչելէ ետք՝ առին անոր հագուստները եւ չորս մասի բաժնեցին» (Յհ 19.23):
Երեւի զինուորները չորս հոգի էին, [այդպէս] ըրին, որոպէսզի իրենցմէ իւրաքանչիւրը մէկ մասը առնէ, բայց դուն մի՛ կարծէր թէ այս բանը խառն ի խուռն կամ պատահմամբ եղած է, այլ՝ Հոգիին տեսչութեամբ, որպէսզի կատարուի, թէ՝ «Իմ հագուստներս բաժնեցին» (Սղ 21.9), բայց ոմանք ըսած են, թէ Տէրը հինգ կտոր հագուստ ունէր, իւրաքանչիւրը մէկը առին եւ պատմուճանին վրայ վիճակ ձգեցին, որպէսզի չպատռեն, որ կը ցուցնէ բնութեան միութիւնը Քրիստոսի մէջ անբաժանելի՝ աստուածային մարդկայինին հետ, որ առանց կարի էր, այսինքն կը նշանակէ՝ Տէր Յիսուսի ծնունդը առանց սերմի: Իսկ անոնք որոնք զՔրիստոս երկուքի կը բաժնեն, աւելի չար են քան հրեաները եւ խաչահանները, քանի որ անոնք չբաժնեցին պատմուճանը:
Եւ որո՞նք էին Քրիստոսի հինգ հագուստները. շապիկը, կ՚ըսեն, եւ ընկերը, եւ միւսը շապիկին վրայ, եւ մէկն ալ վերարկուն, իսկ հինգերորդը՝ առանց կարի պատմուճանը:
Իսկ ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ, որովհետեւ Ինք պատուիրեց աշակերտներուն երկու հագուստ չունենալ, Ինք ինչպէ՞ս ունէր:
Կ՚ըսեն, թէ այս միտքով այս բանը ըսաւ. նախ՝ որպէսզի երկու տեսակի հագուստ չունենալ, մէկը իր վրայ հագուիլ եւ միւսը տան մէջ պահել, այլ՝ զայն կարօտեալներուն բաժնել: Եւ երկրորդ. որպէսզի սորվեցնէ երկու-երկու չհագուիլ:
«Յետոյ ըսաւ Իր աշակերտին.
-Ահաւասիկ մայրդ» (Յհ 19.27):
Այստեղ կը հարցուի, թէ ի՞նչ յաւելում եղաւ Յովհաննէսին՝ Մարիամը յանձն առնելով:
Կ՚ըսենք, թէ շատ աւելցաւ նայելով Քրիստոսի, Մարիամի եւ Յովհաննէսի կողմէն, եւ նախ Քրիստոսի կողմէն, որովհետեւ մեծ երանութիւն է Աստուծմէ սիրվիլ, եւ ասիկա Տիորջմէ աւելի սիրուեցաւ, այսինքն՝ որովհետեւ եզական կոչումով որդի ըսուեցաւ Տիրոջմէ, առընչաբար ըստ Մարիամի համեմատութեան:
Երկրորդ. քանի որ Աստուծոյ ընտրութիւնն ու սէրը մեր մօտ պատճառ է բոլոր բարիքներուն, հետեւաբար Քրիստոսի կողմէ ընտրուեցաւ Մարիամի որդի կոչուիլ, այդ պատճառով կը ցուցուի, թէ արժանի եղաւ ատոր:
Երրորդ. Մարիամի կողմէ կ՚երեւի, որովհետեւ Տիրոջ մայրը ո՛չ միայն Տիրոջ խօսքին համար հնազանդեցաւ, այլ՝ ատկէ ետք իրեն համար Յովհաննէսը ունէր որպէս եզական որդի: Արդարեւ, եթէ մենք աղաչելով կոյսին փառքի արժանի կ՚ըլլանք, ինչքա՜ն աւելի ան:
Չորրորդ. եթէ այլ սուրբերուն ծանօթութիւնը կը սրէ աշակերտներուն միտքը դէպի աստուածային սէրը, ապա ուրեմն առաւել կերպով Տիրոջ մօր ընտանութիւնը զինք բարիին աւելցուց ու առատացուց:
Դարձեալ հինգերորդ. Յովհաննէսի կողմէ, որովհետեւ բոլոր սուրբերուն սովորութիւնն է Աստուծոյ պարգեւները գոհութեամբ ճանչնալ, եւ ինչքան մեծ ըլլայ, այդքան յաւէտ կը գոհանան, այդ պատճառով պէտք է իմանալ, թէ Յովհաննէսը գիտէր, թէ յատուկ կերպով սիրուած էր Քրիստոսէ եւ այդ սիրոյն փոխարէն ինքն ալ կը սիրէր զՔրիստոս:
Վեցերորդ. քանի որ Սուրբ Հոգիին շնորհքը իջնելով մարդուն մէջ ըստ Հոգիին մեծութեան զինք կատարելութեան կը բերէ: Արդ, Յովհաննէսի յանձնուեցաւ Քրիստոսի տեղ, ապա ուրեմն Սուրբ Հոգիին շնորհքը եզականաբար աւելցուց Յովհաննէսին սէրը, որ Քրիստոսի մօտ էր:
«Կ՚ըսէ՝ ծարաւ եմ» (Յհ 19.28):
Ասիկա չորս պատճառով կ՚ըսէ. առաջին՝ որովհետեւ մարմնաւորապէս ծարաւ էր, քանի որ ամբողջ գիշերը շատ չարչարուած էր: Երկրորդ. որովհետեւ ո՛չ միայն զգալապէս ծարաւ էր, եւ թէ ծարաւ էր, գիտէր, քանի որ չէին տար [որպէսզի] խմէր, այլ՝ այն պատճառով ըսաւ, թէ ինչպէս իւրաքանչիւր անձ կը փափաքի ջուրը ստամոքսին մօտեցնել, այդպէս ալ Ես ծարաւ եմ՝ մարդոց հոգիներն ու մարմինները խորհրդական մարմինին միաւորեց: Երրորդ. ըսաւ, որպէսզի դառնագոյն ըմպելիքը խմէ: Չորրորդ. որպէսզի կատարէ մարգարէութիւնը, թէ՝ «կերակուրի տեղ ինծի լեղի տուին, իսկ ծարաւցած ատեն՝ քացախ խմցուցին» (Սղ 68.22): Դարձեալ՝ ըսաւ ծարաւ եմ, այսինքն՝ մարդոց փրկութեան, որ յայտնապէս կը ցուցնէ կատարեալ փափաքը:
«Երբ խմեց, ըսաւ.
-Ամէն ինչ վերջացած է» (տե՛ս Յհ 19.30):
Կրկին իմացում ունի. առաջին՝ քացախին անունով բոլորը կը ցուցնէ, ինչպէս բաժակը՝ չարչարանքները. երկրորդ. որովհետեւ այդ վերջին չարչարանքները Անոր էր, եւ թէեւ յետոյ մահն ու քացախը խմելը կը նշանակէր, թէ այլեւս զգալապէս պիտի չմնայ երկրի վրայ: Դարձեալ կ՚ըսէ, իւրաքանչիւր մարգարէութիւն, որ Իմ մասիս է՝ կատարուած է: Դարձեալ այս կը ցուցնէ Տէրը, ըսելով. «Ամէն ինչ կատարուած է», այսինքն՝ մարդոց փրկութիւնը կատարուեցաւ:
«Ապա գլուխը խոնարհեցուց եւ հոգին աւանդեց» (Յհ 19.30):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 147
Վաղարշապատ