ՄԱՆԿԻԿ. ՓՈՔՐ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՆԱԾ ՎԱՅՐԿԵԱՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ 3-4 ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՍԱԿԸ
Զ.
ԲՆԱԿԱՆ ՍՆՆԴԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
Սննդատուութեան խնդիրին կարեւորութիւնը: Մանուկներուն մահանումը: Մանկիկին մարսողական գործարաններուն առանջնայատկութիւները: Անոր թուքը, ստամոքսը, աղիքները, կղկղանքը: Բնական սննդատուութիւնը.- կնոջ կաթը, անոր յատկութիւնները, անոր զանազանութիւնը միւս կաթնատու կենդանիներուն կաթէն: Ի՞նչ դէպքերու մէջ մայրը պէտք չէ կերակրէ իր զաւակը: Ի՞նչ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի կնոջ կաթը զանազան պատճառներէ: Ծծմայրը եւ անոր ընտրութիւնը: Ծծմօր սնունդը եւ անոր առողջապահութիւնը: Դեղերուն ազդեցութիւնը: Կերակրումը կաթնատու կենդանիներու միջոցով: Լաւ սնուող երեխային յատկութիւնները:
Զգուշութիւններ ծիծ տալու ժամանակ. երեխային պէտք է հերթով երկու ծիծերն ալ տալ: Ծննդկանը առաջին օրերը, երբ դեռ չի կրնար նստիլ, երեխան կը պառկեցնէ իր կողքին եւ ծիծը բերանը կը դնէ, իսկ երբ արդէն կը նստի, զայն կը պահէ իր ձեռքերուն վրայ:
Եթէ երեխան անմիջապէս չ՚առներ ծիծը, պէտք է պտուկը կաթով թրջել, յետոյ բերանը դնել եւ քանի մը կաթիլ կթել բերանին մէջ: Զգալով կաթին համը, երեխան մեքենաբար կը սկսի ծծել: Մի քանի երեխաներ դժուար կը սորվին ծծել, բայց պէտք է համբերութեամբ սորվեցնել:
Եթէ կաթը քիչ է, կարիք չկայ շուտ-շուտ ծիծ տալու, այլ՝ պէտք է սպասել մինչեւ որ բաւական կաթ հաւաքուի, ծիծ տուած ատեն ալ պէտք է պտուկը մատներով սեղմել, որպէսզի կաթը կթուի. իսկ եթէ կաթը չափազանց առատ է, ծիծը բերանը դնելով, պէտք է պտուկէն վեր սեղմել, որպէսզի կաթը երեխային բերանը շատ չլեցուի: Ամէն անգամ ծիծ տալէն առաջ պտուկը պէտք է լուալ. ասիկա անհրաժեշտ է թէ՛ մօր եւ թէ՛ երեխային համար, որովհետեւ կաթը պտուկին վրայ մնալով թէ՛ ճեղքուածքներ կը յառաջացնէ պտուկին վրայ եւ թէ՛ երեխային բերանի հիւանդութիւններ կը յառաջացնէ (բերանին հարինքը):
Եթէ մանուկը ծիծերէն մէկը աւելի կը սիրէ, այն ատեն սկիզբը, քանի տակաւին անօթի է, պէտք է միւսը տալ: Ասիկա այն պատճառով է, որպէսզի երկու ծիծերուն մէջ հաւասարաչափ կաթ գոյանայ: Երբ կը զգան, որ երեխան կշտացած է, պէտք է զինք անմիջապէս իր անկողինիկին կամ զամբիւղին մէջ դնել. երբեք չքնացնել զինք՝ ծիծը բերանը: Նոյնպէս ալ մայրը երբեք պէտք չէ քնանայ երեխային ծիծ տուած ժամանակ, քանի որ կրնայ ըլլալ, ինչպէս կ՚ըսեն, ծիծով ընել, այսինքն՝ խեղդել զայն: Մայրը պէտք է շուտ-շուտ լոգնայ, իր սպիտակեղէնը շատ մաքուր պահէ, որովհետեւ կեղտը, քրտիքնը երեխային համար շատ վնասակար են. նոյնը պէտք է ըսել նաեւ անկողինին վերաբերեալ:
Ուրիշ կարեւոր զգուշութիւն մըն ալ այն պէտք է ըլլայ, որ ծիծը չափազանց երկար չպահեն երեխային բերանին մէջ: Ճշմարիտ է, երեխան իր չափը գիտէ, բայց դարձեալ շատերը ագահութիւն ալ ունին: Հետեւաբար, մայրերը փորձով իմանալով ու զգալով, որ բաւական է, պէտք է ծիծը բերանէն հանեն. եթէ ճչայ՝ քիչ մըն ալ դնեն: Թէ քանի՞ վայրկեան պէտք է ձգել մանկիկին ծծելու, ատիկա կախուած է մօր կաթի առատութենէն, երեխային հասակէն ու առողջութենէն, իսկ այդ բաները մայրը կրնայ որոշել: Փորձերը ցոյց տուած են, որ լաւ սնուող ծծկեր երեխան առաջին երեք ամսուան ընթացքին շարունակ 4-5 վայրկեան կը ծծէ, 4-րդ ամսուան ընթացքին՝ 5-6 վայրկեան, 7-րդ եւ 8-րդ ամիսներու ընթացքին՝ 6-7 վայրկեան, այնուհետեւ 10 վայրկեան շարունակ:
Փրոֆ. Պուշարի հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ լաւ աճող մանուկը մինչեւ մէկ ամսական հասակը կը ծծէ 600 կրամ կաթ, 2-րդ եւ 3-րդ ամսուան ընթացքին՝ 700-800 կրամ, 4-րդէն մինչեւ 5-րդ ամիսը՝ 800 կրամէն աւելի, 6-րդ եւ 7-րդ ամիսներու ընթացքին 900 կրամէն աւելի, 8-րդ եւ 9-րդ ամիսներուն ընթացքին մինչեւ 1000 կրամ, իսկ մինչեւ մէկ տարեկան հասակը՝ 1100-1200 կրամ:
Ինչպէ՞ս իմանալ, թէ մանկիկը ինչքան կաթ ծծած է: Ատոր համար պէտք է ծիծէն առաջ ու ետք ճիշդ կշիռքի վրայ կշռել զինք եւ տարբերութիւնը ցոյց կու տայ ծծած կաթին քանակը:
Ի՞նչ պարագայի մայրը պէտք չէ կերակրէ իր զաւակը. հանգամանքներ կան, որոնք կրնան արգելք հանդիսանալ մօր համար ծիծ տալու:
Համառօտ կերպով քննենք այս արգելող պատճառները.
1. Մօր նուաղութիւնը, թուլութիւնը եւ սակաւարիւնութիւնը. այսպիսի մայր մը ծիծ տալով աւելի եւս կը թուլնայ ու կը հիւանդանայ: Վնասը ո՛չ միայն ծիծ տալու մէջ է, այլեւ անքնութեան, մշտական անհանգստութիւններու, որոնք ծիծ տալու հետ կապուած են: Սակայն, մօր նիհարութիւնը պէտք է անպատճառ անկարելի դարձնէ երեխան կերակրելը: Ծիծ տալով երբեմն նոյնիսկ կիներ կը գիրնան ու կը կազդուրուին:
2. Թոքախտ. (բարակացաւ) ունեցող կինը երբեք պէտք չէ իր զաւակին ծիծ տայ, որովհետեւ, առաջին, կրնայ վարակել զինք, քանի որ թոքախտը վարակիչ հիւանդութիւն է, երկրորդ, որ մօր հիւանդութիւնը աւելի եւս կը զօրանայ ու կը վարարի: Գեղձախտը բարակացաւի տեսակ մըն է, եւ այդ հիւանդութիւնը ունեցող մայրերն ալ պէտք է ծծմայր պահեն:
3. Դէպքեր կան, երբ ծիծ տալը սաստիկ գրգռումի եւ ջղային դրութեան մէջ կը ձգեն մայրերը: Այս պարագային եւս մայրը պէտք չէ իր զաւակը կերակրէ, քանի որ փորձերը եւ հետազօտութիւնները ապացուցած են, որ ջղային հիւանդ մայրերուն կաթը զաւակին կը վնասէ: Յայտնի է, որ մեծ կսկիծը կամ բարկութիւնը կամ հիստէրիայի ջղացգութիւնները կը ջրիկացնեն, թափանցիկ կը դարձնեն կաթը, որ նաեւ իր քաղցրութիւնը կը կորսնցնէ:
4. Ծիծերուն հիւանդութիւնները, օրինակ, պտուկին ճաքճքումը կամ ստինքին բորբոքումը, թարախակալումը: Պտուկին եւ ծիծերուն հիւանդութիւններուն առաջքը առնելու համար անհրաժեշտ է զանոնք մաքուր պահել: Մաքուր պահել նաեւ մանկիկին բերանը:
5. Վարակիչ հիւանդութիւնները, որոնց ընթացքին մայրը իսկապէս պէտք չէ ծիծ տայ, սակայն բազմաթիւ բժիշկներ թոյլ կու տան քութէշ եւ կարմրուկ ունեցող մայրերուն ծիծ տալ: Յամենայնդէպս երբ մայրը հիւանդացած է, պէտք է բժիշկին հետ խորհրդակցիլ, որ շատ ուրիշ դիտումներ նկատի կ՚առնէ, որ մենք անկարող ենք այստեղ առաջ բերել: Այս խնդիրը շատ դժուար է եւ մայրերը պէտք է ամէն կողմէ հարցը լաւ զննեն: Պէտք է ըսել, որ փոքրիկ երեխաները դժուար կը վարակուին, ուստի շատ պարագաներու բաւական է ծիծը, հագուստն ու ձեռքերը ախտահանել եւ ծիծ տալ: Կը կրկնենք, այդ դժուար խնդիրը միայն բժիշկը կրնայ վճռել:
6. Ջերմը. ջերմը (դողոց) մեր երկրին մէջ չափազանց տարածուած է, եւ շատ կարեւոր է մօր գիտնալը, թէ ան կրնա՞յ արդեօք ծիծ տալ հիւանդութեան ատեն, թէ ոչ: Մենք դողի ու ջերմի ընթացքին խորհուրդ կու տանք ծիծ չտալ, իսկ քրտինքէն ետք, երբ տաքութիւնը ամբողջութեամբ կ՚իջնէ, կարելի է ծիծ տալ: Բայց, անշուշտ, լաւ կ՚ըլլայ այդ ընթացքին ծծմայր վարձել:
7. Դաշտանը եւ յաղութիւնը. դաշտանին օրերը մօր կաթը փոփոխութեան կ՚ենթարկուի. այն կազէինով (կաթնասպիտներով) կը թանձրանայ ու կը հարստանայ: Այս կաթը յաճախ փոքրիկ (5-6 ամսական) երեխաներուն փորացաւ ու փորլուծութիւն կը պատճառէ: Հետեւաբար, եթէ երեխան մօր դաշտանի միջոցին փորացաւով կը հիւանդանայ, պէտք է ծծմօր յանձնել զինք, կամ (եթէ ժամանակն է) ծիծէ կտրել:
8. Կաթի քչութիւնը. բազմաթիւ մայրեր կը գանգատին, թէ իրենց կաթը պակաս է, թէ երեխան չի կշտանար եւ վատ կը զարգանայ: Կաթը քիչ կ՚ըլլայ կա՛մ չափազանց մատաղահաս, կա՛մ շատ հասակաւոր, կամ հիւանդ կիներու ծիծերուն մէջ: Երկար ամիսներ ծիծ տալը նոյնպէս կը ցամքեցնէ ծիծերը: Կաթ չունեցող մօր ստինքը թառամած կ՚ըլլայ, մէջի գեղձը (կոշտը) փոքր, կթած ատեն մեծ քանակութիւնով ջրի կաթ դուրս կու գայ. երեխան անօթի մնալով, անհանգիստ է, կը ճչայ, եւ փոխանակ գիրնալու, կը նիհարնայ: Երեխային քաշումները ցոյց կու տան, բաւարա՞ր է սնունդը թէ ոչ: Եթէ անոր քաշը շաբաթներու ընթացքին նոյնը կը մնայ, փոխանալ աւելնալու (երեխային քաշը շաբաթը 1/8-1/4 ֆունտ պէտք է աւելնայ), այդ կը նշանակէ, որ մօր կաթը բաւարար չէ:
Եթէ ծիծին կաթը քիչ է, ծծումը շատ դժուար կ՚ըլլայ. կը նակտուի, որ երեխան ճիգ կը թափէ կաթը դուրս ծծելու. ան շուտով կը յոգնի ու կը քնանայ: Եթէ կաթը առատ է, երեխան հեշտութեամբ կը ծծէ ու կուլ կու տայ, իսկ եթէ ան չափազանց շատ է, երկու կումէ ետք երեխային բերանը կաթով կը լեցուի ու կը թափի: Ուրիշ նշան մըն ալ կայ իմանալու, թէ կաթը բաւարա՞ր է թէ ոչ, այն է, որ երեխան չափազանց երկար կը ծծէ:
9. Երբեմն մօր պտուկները այնքան փոքր են, կամ նոյնիսկ ներս գացած, որ մանկիկը անկարող կ՚ըլլայ ծիծը բերանը առնել: Այս պարագային մօր պտուկները պէտք է պատրաստել: Այս մէկը զանազան միջոցներով կը կատարուի, որոնք բոլոր կիներուն յայտնի են:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 13
Վաղարշապատ