ՎՏԱՆԳԸ ԿԸ ԹԱԿԷ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅԱԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒՆ ԴՈՒՌԸ...

Մերձաւոր Արեւելքի մեծ աւազանին վրայ բացուած հայագաղութներու հարցը կը շարունակէ մնալ ծանր։

Սուրիոյ պատերազմով, ապա Լիբանանի մէջ ստեղծուած տնտեսական ծանրագոյն տագնապով գոյաւորուած դրութիւնը «դանդաղ մահ» վիճակի մը կրնայ տանիլ հայկական գաղութները։ Խօսքը անպայմանօրէն կը վերաբերի Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութին, որուն կը հետեւին, կամ որուն ետեւէն կը հասնին Հալէպը, Դամասկոսը, Լաթաքիան եւ բազմաթիւ սուրիական այլ քաղաքներ ու շէներ, ուր հայութիւնը կը համարուէր արարող ու աշխոյժ տարր։

Ճիշդ է, որ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու մեծ փուլը արդէն մեր ետին է, բայց եւ այնպէս, շատերու վկայութեամբ՝ յետպատերազմեան իրադրութիւնը իր մէջ կը կրէ շատ աւելի բարդ պայմաններ։ Սղաճ, անգործութիւն եւ մա՛նաւանդ ապագայի հանդէպ մեծ հարցադրումներու ենթափուլ, որ կու գայ լրացնել տագնապահար համայնքներու մեծ պատկերը։ Այս կէտին գաղտնիք չէ, որ գաղութներուն համար մեծագոյն հիմնահարցը կը շարունակէ մնալ այսօրուան գոյութիւնը ձեւով մը պահպանելու մարտահրաւէրը, որ ինքնին կը բախի մեծ պատնէշներու։ Եթէ գաղութային ղեկավարութիւնը ինչ-ինչ միջոցներու դիմելով կը փորձէ պահպանել առկայ իրավիճակը՝ թոյլ չտալով, որ համայնքի թիւերը նօսրանան, միւս կողմէ երիտասարդութիւնը կը փորձէ օգտագործել որեւէ առիթ՝ հեռանալու համար իր բնօրրանէն։

Իբր այդ, մտահոգութիւնը կապուած է նաեւ Հայաստանի ընդհանուր դրութեան հետ, որովհետեւ ի տարբերութիւն անցնող տարիներուն, Մերձաւոր Արեւելքի մասնաւորապէս երիտասարդ տարրը չի փափաքիր կայք հաստատել Հայաստանի մէջ։ Անշուշտ, այս կէտն ունի հազար ու մէկ նուրբ ծալքեր, բայց հիմնականին մէջ այսօրուայ հոգելքութեան հիմնական պատճառը առընչուած է 2020 թուականին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմին։

Այս բոլորին որպէս հետեւանք գաղութները կը շարունակեն արիւնահոսիլ ու երիտասարդութիւնը, որ կը համարուի այդ գաղութներու վաղուան վառ ապագային գլխաւոր գրաւականը, կը հեռանայ։ Երիտասարդութիւնը կը հեռանայ, յաճախ առանց աղմուկի, առանց բողոքի, քիչ մը տեսլահար եւ քիչ մըն ալ շփոթի մատնուած քայլերով։

Կարիքը կայ փրկութեան մը, իսկ այդ «փրկութիւն»ը այլեւս տեսանելի չէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Ի դէպ, այս մտածումները ունեցայ հաշուի առնելով համացանցի մէջ ծագած վէճի մը ընդհանուր առանցքը։ Յառաջիկայ տողերուն մէջ գրած եմ այս նիւթին տուն տուող դէպք-գրառումին մասին, սակայն կարեւոր կը համարեմ այստեղ նշել, որ մնալու կամ հեռանալու մասին առկայ վէճերը նորութիւն մը չեն։ Այդ վէճերը, թէ ո՛վ է ճիշդ իր հեռանալով ու ո՛վ է սխալ իր մնալով՝ ո՛չ մէկ բարիք կը բերեն մեր հասարակութիւններուն։ Ընդհակառակը մեզ ժամավաճառ կ՚ընեն ու կը գամեն ճակատագրապաշտ ըլլալու կաղ աթոռին վրայ։

Այս բոլորէն անդին լուծումներու փուլը կը յամենայ եւ ստեղծուած պատկերը աւելիով կը դառնայ խիտ ու թանձր։ Իսկ մեզմէ շատեր մոռնալով ստեղծուած իրականութիւններուն բերելիք մեծ փորձութիւնները, պահուան մը համար կը մոռնանք ամէն ինչ ու կ՚անցնինք մեր շատ սիրած հին-նոր գործին՝ մեղադրանքին։ Մեղադրանքը աւելիով կը բարդացնէ մեր այսօրը, բաց աստի, աւելի անորոշ կը դարձնէ ստեղծուած իրականութիւնը։

ԳՐԱՌՈՒՄԻ ՄԸ ՀԵՏՔԵՐՈՎ...

Նորութիւն մը չէ այն քննարկումը, որուն հիմնական առանցքը կը դառնայ մէկ կէտի շուրջ։ Ի վերջոյ մնա՞լ Լիբանանի մէջ, թէ հեռանալ դէպի օտար ափեր։

Ի դէպ, այս մէկը մեծ տարածում գտաւ եւ քննարկման նիւթ սկսաւ դառնալ 2019 թուականէն ի վեր, երբ մեր բոլորին համար սիրելի երկիր եւ մեզմէ շատերուն համար ծննդավայր Լիբանանի մէջ տնտեսական տագնապը հասաւ անտանելի իրավիճակներու...։ Այդ բոլորին հետեւանքով ալ սկիզբ առաւ դէպի արտասահման գաղթի նոր ընթացք մը, որուն հիմնական թռչունները երիտասարդներն էին...։

Անշուշտ, երեւոյթը մտահոգիչ էր, մանաւանդ որ նոր թարմ աւիշի բացակայութիւնը կրնար շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ բոլոր ճակատներու վրայ պայքարող գաղութին եւ գաղութի ղեկավարութեան համար։ Այդ երեւոյթի մասին որքան դրականօրէն արտայայտուինք, կամ դրական շեշտերով ներկայացնել փորձենք իրավիճակները՝ մէկ է. արտագաղթը կը շարունակուի ու հաւանաբար դեռ ալ պիտի շարունակուի։

Բաց աստի, համաժողովրդային ընկալումներով խոցելի նկատուող արտագաղթելու երեւոյթը կը շարունակէ համարուիլ թիրախ այն խաւերուն համար, որոնք վճռած են ամէն գնով շարունակել իրենց կեանքը Լիբանանի մէջ։

Այս նիւթը երկար ատենէ ի վեր բուռն քննարկումներու առիթ կը հանդիսանար, որովհետեւ Լիբանանի ծնունդ՝ Նժդեհ Պոտրումեան անունով Գանատա արտագաղթած հայ երիտասարդը իր դիմատետրի էջով շնորհակալութեան խօսք ըսած էր զինք հիւրընկալող Գանատայի համար։ Լիբանանահայեր, որոնք Պոտրումեանը քննադատած էին, որովհետեւ ան իր դիմատետրի էջին տեղադրած էր «Happy Canada Day» գրութիւնը, որուն կողքին ալ տեղադրած էր Գանատայի դրօշակը։

Նժդեհ ի տես իրեն ուղղուած քննադատութիւններուն այս անգամ տեսանիւթ մը կը հրապարակէր ու կը ներկայացնէր այն բոլոր հանգամանքները, որոնց հիմքով ալ ան շնորհակալութեան խօսք ուղղած էր Գանատային։ Ան նաեւ սուր նիզակներ կ՚ուղղէր բոլոր անոնց հասցէին, որոնք քննադատած, մեղադրած էին զինք ու իրեն ըսած՝ «դուն մեզ ծախեցիր»։

Սոյն նիւթը կը ներկայացնեմ առիթ տալով հասկնալու համար, թէ ի՛նչ քննարկումներ տեղի կ՚ունենան այս հին-նոր խնդրին վերաբերեալ, որուն հիմնական գաղտնաբառը կը կրէ «Լիբանանէն հեռանալ կամ մնալ» ընդհանուր վերնագիրը։

Բարդ է հարցումը ու աւելի բարդ է Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը. այս առումով ալ աւելի քան յստակ է, որ գաղութի հաստատութենական կառոյցները, որոնք երկար տարիներու հիմքեր եւ արմատներ ունին, իրենց ղեկավար մարմիններով այսօր նոյնպէս կանգնած են բարդ հարցումներու առջեւ։

Խնդիրը միայն մարտահրաւէրը չէ, խնդիրը ընդհանուր ծրագիր մը չունենալն է։ Իբր այդ, այս գրութիւնը մեղադրական շեշտ մը ունենալ չի միտիր, որովհետեւ այն արեւելումը, կամ այն ուղղութիւնները, որոնք միտուած էին Մերձաւոր Արեւելքի հայութիւնը կերպով մը փրկելու, այսօր բոլոր առումներով դարձած են խոցելի։

Տխուր է Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան վիճակը, անորոշութեան մէջ են Հայաստանն ու Արցախը ու այս բոլորէն անդին կարծէք փրկութեան միակ լաստը եւ, ցաւ ի սիրտ, կը շարունակէ մնալ Արեւմուտքը ...։

Իրականութիւններ կան, որոնք պէտք չէ անտեսուին ու ձայներ կան, որոնց ականջ պէտք է տալ ու այդ ձայներէն մին է Նժդեհ Պոտրումեանը։ Ան կը խօսի հարազատութիւն մը կորսնցուցածի դիրքերէն ու անոր բողոքն ու ցաւը պէտք է ամէն գնով հաշուի առնել։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 29, 2023