ՄՐՋԻՒՆԻՆ ԹԱՂՈՒՄԸ

Սերոբ քեսապցի, աշխատասէր մանչուկ մըն էր, հինգերորդ կարգի աշակերտ: Անոր հայրը ամառուան արձակուրդին երբ անգործ ու անբան կը տեսնէր Սերոբը, զինք զբաղեցնելու միտումով տան փակին ծառերը ջրել կու տար անոր: Իւրաքանչիւր ծառի տակ ջուր կուտակելու համար, ան մահիկի ձեւով բացուած փոսերուն մէջ ջուրի խողովակը տասնհինգ վայրկեան պիտի պահէր, ապա յաջորդ ծառին պիտի անցնէր ու այդպէս գործը պիտի շարունակէր մինչեւ որ փակի բոլոր ծառերը ջրէր։ Միայն այդպիսով գործը աւարտած պիտի ըլլար:

Հակառակ անոր, որ հողագործութիւնը իր նախասիրութիւններուն մաս չէր կազմեր, այնուամենայնիւ հօրը օգնելու եւ անոր գործը թեթեւցնելու միտումով սիրայօժար ընդունեց գործը՝ առանց դժգոհելու ու տրտնջալու:

Սերոբ առաջին օրուան գործին սկսաւ գետին քովէն, մերթ աչքերը ջուրին յարելով, մերթ ալ աջ ու ձախ պտտցնելով՝ տեւաբար այլ զբաղում մը գտնելու փնտռտուքի մէջ։ Տան բակի ջրուելիք ծառերը 13 հատ էին, բաւական ժամանակ կը պահանջէին: Ան ժամերը դասաւորեց, վերցուց-դրաւ եւ ջրելու գործը երկու օրերու վրայ բաժնեց, որպէսզի չձանձրանայ: Սկսաւ ծառերուն չորս կողմի քարերը վերցնելով թիք-թաք մէկը միւսին զարնել, պզտիկ քարերը մեծ քարերուն շուրջ շարել ու անոնցմով արեւի շողեր յառաջացնել, ու ամէն անգամ երբ քարերով յայտնագործում մը իրականացնել յաջողէր, ուրախ-զուարթ նորի մը մասին կը մտածէր ու այդպէս ժամանակը կը սահէր․․․:

-Ի՞նչ սիրուն արեւ գծած ես քարերով, Սերո՛բ, երբեք մտքէս չէր անցած, որ քարերով արեւ կրնամ գծել,- ըսաւ Սոնան՝ Սերոբին փոքր քոյրը: Ապա եղբօր կողքին նստաւ ու ինք ալ փորձեց քարերով բան մը գծել:

-Եկուր մրջիւնին գերեզման շինենք,- ըսաւ Սերոբ:

-Գերեզմա՞ն…, մրջիւնի՞ն…, այդ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ,- զարմացած հարցուց Սոնա:

-Այո՛, գերեզման: Ես երէկ, երբ հայրիկին հետ մեր դրացիներուն պապուկին թաղումին գացի, տեսայ ինչպէս կ՚ընէին:

Երկուքը միասին սկսան փոս մը փորել, քիչ մը իրենց փոքրիկ մատներով, քիչ մըն ալ անդին նետուած, չորցած ճիւղի մը օգնութեամբ: Գործին վարպետը Սերոբն էր, ան էր ցուցմունքներ տուողը: Երբեմն, երբ Սոնա անտեղի քարեր կը շարէր, Սերոբ համբերութեամբ կը բացատրէր, կը սրբագրէր, աճապարելու բան չունէր, հանդարտ ու մեղմ կը թելադրէր.

-Սոնա՛, քարերը եթէ այս ձեւով շարես, գերեզմանի չէ՝ ճաշարանի կը սկսի նմանիլ շինածդ, կամ ալ մեր դպրոցի շէնքին:

Փոսը բանալու գործը աւարտելու վրայ էին, երբ Սոնա հարցուց եղբօր.

-Սերո՛բ, մեռած մրջիւն ուրկէ՞ պիտի գտնենք:

-Հոգ մի՛ ըներ։ Քիչ առաջ, երբ հայրիկը ջուրին ծորակը բացաւ, խողովակը փրթաւ ու այդտեղ զինուորական, կարգապահ շարքի մը նման տողանցող մրջիւնի շարքէն քանի մը մրջիւն ջուրին մէջ խեղդուեցաւ։

Սերոբ գնաց մրջիւնները բերելու, իսկ Սոնա սուս ու բուս նստած, աչքերով կը հետեւէր Սերոբին, տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս պիտի բերէր մրջիւնները: Սերոբ տերեւի մը վրայ տեղաւորեց զանոնք ու այդ տերեւին կոթէն բռնած վերադարձաւ: Տերեւն ու մրջիւնները տեղաւորեց փոսին մէջ ու թաղեց:

Մայրս Քեսապի բառբարով կ՚ըսէր «եաշխօքը չուճօխ պըրէ՝ ըննուս», որ կը նշանակէ` «աշխարհին մէջ մանուկ պիտի ըլլաս, որպէսզի այդպիսի բաներ ընես»: Իսկ եթէ մանուկ չըլլաս եւ մանուկներու երեւակայութիւն չունենաս, մտքիդ ո՞ր ծայրէն պիտի անցնի մրջիւնի թաղում կատարելը:

Այդպէս Սերոբ ծառէ-ծառ կ՚անցնէր ու ամէն ծառի տակ ինքզինք զբաղեցնելու հնարք մը գործի կը դնէր, իսկ երբ երկու օրուան ծառ ջրելու գործը աւարտեց, քարերու արուեստին տիրապետած էր արդէն:

ՍԵՒԱՆ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2020