«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ԱՆԻՐԱՒՈՒԹԵԱՆ ՏՈԿԱԼԷՆ ԾՆԱԾ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

Առաւօտ մը, մէկը խուցիս դուռը թակեց: Պատուհանէն նայեցայ, որպէսզի տեսնեմ, ո՞վ է թակողը, քանի որ տակաւին այցելութիւններու ժամանակը չէր եկած: Տեսայ լուսաւոր դէմքով երիտասարդ մը եւ հասկցայ, թէ հոգեւոր փորձառութիւններ ապրած է, որովհետեւ իր վրայ հանգչած Աստուծոյ շնորհքը այդ բանը կը յայտնէր: Հակառակ զբաղած ըլլալուս, ընդհանտեցի գործս եւ դուռը բացի, որպէսզի ներս մտնէ: Բաժակ մը ջուր հրամցուցի ու ապա սկսայ անոր կեանքին մասին հարցումներ տալ անոր ու զգացի, որ հոգեւոր հսկայ բարձրութիւն ունի: Հարցուցի անոր.

-Ինչո՞վ կը զբաղիս ո՜վ երիտասարդ:

-Բանտին մէջ մեծցած եմ, ուր կեանքիս մեծ ժամանակը անցուցած եմ. տարիքս հիմա քսանհինգ է:

-Շատ բարի, երիտասարդ, ի՞նչ ըրիր որ բանտ նետուիս:

Երիտասարդը սիրտը բացաւ ու ըսաւ.

-Փոքր տարիքիս, շատ կը ցաւէի ո՛չ միայն համայնքիս, այլեւ այլ համայնքներու մէջ տեսնելով յուսահատ ու աղքատ մարդիկ, զորս կը ճանչնայի: Մեր համայնքի քահանան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ գումարներ կը հաւաքէին անընդհատ ու շէնքեր, սրահներ կը կառուցէին, եւ այլ շէնքեր ալ կը վերանորոգէին ու կը գեղեցկացնէին: Անոնք անտարբեր էին մարդոց նկատմամբ, բայց ո՛չ՝ քարերուն: Ես չե՛մ դատեր, թէ անոնց ըրածը անհրաժեշտ է թէ ո՛չ, սակայն տեսայ, թէ ինչպէս յուսահատութիւնը բազմաթիւ մարդոց դէմքերուն վրայ կ՚ուրուագծուէր: Այս բոլորը զիս մղեցին համայնքի անդամներէն հաւաքուած գումարներէն մեծ մաս մը գողնալ, որ բաւարար էր ուտելիքներ ու հագուստներ գնելու, եւ զանոնք գաղտնաբար աղքատներուն տուներուն դիմաց ձգեցի: Եւ որպէսզի արգիլեմ ոեւէ մէկուն անարդար կերպով ձերբակալումը կամ զինք մեղադրելը՝ ոստիկանութիւն դիմեցի, յայտնեցի անոնց, թէ եկեղեցիէն գումարներ գողցած եմ ու ամբողջը ծախսած եմ: Ոստիկանները սկսան հարուածել զիս, հայհոյանքներով լոգցուցին զիս ու ստոր եւ չար աւազակ անուանեցին. ամբողջ այդ ընթացքին ես լռութիւն կը պահպանէի: Ապա զիս բանտ նետեցին ու դուռը փակեցին: Երեք տարի տեւեց այդ բանտարկութիւնս: Այդ դէպքէն ետք բնակած քաղաքիս մէջ՝ որ շուրջ երեսուն հազար բնակիչ ունէր, ճանաչելի դարձայ որպէս ստոր աւազակ եւ բոլոր գողութիւններուն գլխաւոր մեղադրեալը դարձայ: Լուռ կը մնայի՝ ուրախութեամբ լեցուելով: Անգամ մը երեք տարի անարդար կերպով բանտարկուեցայ: Այս ձերբակալութենէն ետք ուրիշ անգամ մըն ալ բանտարկուեցայ անարդարացիօրէն, քանի որ չէին յայտնաբերած գողը, սակայն յետոյ ազատ արձակեցին զիս, երբ իսկական գողը գտած էին: Այդ պատճառով էր, հայր իմ, որ ըսի քեզի. «Կեանքիս մեծ ժամանակը բանտին մէջ անցուցած եմ»:

Ուշադրութեամբ լսելէ ետք զինք, ըսի անոր.

-Ո՜վ երիտասարդ, ինչքան ալ մեծ ըլլայ կատարած աշխատանքդ, սակայն ճիշդ չէ, եւ չհամարձակիս կրկին անգամ նոյն բանը ընել: Լսէ՛, թէ ինչ պիտի ըսեմ քեզի. հեռացիր այդ քաղաքէն ու գնայ այնպիսի քաղաք մը, ուր քեզ ոչ ոք կը ճանչնայ, «այսինչ» քաղաքը գնայ, ես ալ կ՚օգնեմ քեզի, որպէսզի այնտեղ լաւ մարդոց հանդիպիս: Աշխատէ՛ ու օգնէ աղքատ ու նեղութեան մէջ եղող մարդոց այնքան, ինչքան ներքնապէս կրնաս, ահա այստեղ կը կայանայ տալուն արժէքը: Իսկ ան որ ոչինչ ունի, թող աղքատին բարիք ընէ ու իր սիրտը ցաւի, որով սիրտի արիւնով [ցաւելով] բարիք գործելը լաւագոյն բարիքն է, որ մարդ կը կատարէ: Արդ, ով որ բան մը ունի ու աղքատներուն կ՚օգնէ, ուրախութիւն կը զգայ, իսկ ով որ ոչինչ ունի բարիք գործելու, կը ցաւի ու սիրտին մէջի այս ցաւը ինքնին բարիք է:

Երիտասարդը խոստացաւ ինծի գործադրել ըսածներս ու ուրախութեամբ մեկնեցաւ: Եօթ ամիս ետք, բանտէն ստացայ նամակ մը, որու մէջ գրուած էր.

-Հայր իմ, վստահաբար պիտի հարցնես, թէ ինչու դարձեալ բանտէն կը գրեմ քեզի, նկատի ունենալով այն բոլոր խրատները, որոնք տուիր ինծի եւ խոստումը, որ տուի քեզի: Իմացիր, որ այս անգամ բանտին մէջ կը կրեմ պատիժ մը, որ նախապէս կրած եմ (այսինքն՝ երկու անգամ բանտարկութիւն նոյն գողութեան համար): Սխալ մը պատահեցաւ: Ինչ լաւ է, որ մարդկային արդարութիւն չկայ, քանի որ հոգեւոր մարդիկը պիտի անիրաւուին՝ որովհետեւ երկնային վարձքը պիտի կորսնցնեն: Մարդկային արդարութիւնը հոգեւորներէն անարդարութիւնը կը հեռացնէ, որով երկնային վարձատրութիւնը կը կորսնցնեն:

Երբ այս բառերը կարդացի, զարմացայ այդ երիտասարդին ունենցած հոգեւոր ջերմեռանդութեան եւ կեանքին խորութիւնը հասկնալուն իր կերպին: Աւազակ մը՝ Յիսուսի համար: Յիսուս ի՛ր մէջն է: Չկրցաւ պահել ուրախութիւն մը, որ կը զգար իր մէջ: Աստուածային խենթութիւն մը ունի. հոգեւոր տօն:

-Ո՜վ Ռոնտա. ամօթէն ուրախութիւն կու գա՞յ:

-Ուրախութիւնը անիրաւութենէն [անարդարութենէն] կու գայ: Աշխարհիկ երիտասարդին պատմութիւնը լսեցիր, որ ո՛չ Վարք Հարանց եւ ո՛չ ալ հայերու գրականութիւն կարդացած էր, սակայն լուռ մնացած էր, երբ անիրաւ կերպով հարուածած էին զինք, բանտ նետած, զինք ստոր աւազակ ու գէշ անուանած էին, սակայն ինք այդ բոլորին դէմ հոգեւորութեամբ պայքարած էր: Երիտասարդ մը, որ ինքն իր մասին չմտածեց, այլ՝ մտածեց, թէ ինչպէս կրնայ ուրիշներուն օգնել: Մեծ գողերը հազուադէպ պարագաներու բանտ կը մտնեն, մինչ այս խեղճ երիտասարդը երկու անգամ նոյն գողութեան համար բանտ մտած էր, ինչպէս նաեւ անիրաւ կերպով բանտարկուած է այլ գողութիւններու համար, զորս չէ գործած, սակայն ազատ չէ արձակուած, մինչեւ գտնուած են իսկական գողերը: Սակայն, ուրախութիւնը զոր այս երիտասարդը կը զգար, այդ քաղաքէն իրմէ զատ ո՛չ ոք կը զգար:

Այդ պատճառով կ՚ըսեմ. հոգեւոր մարդը ո՛չ մէկ նեղուածութիւն կը զգայ: Երբ սէրը մարդուն սիրտը կը լեցնէ, ատով այդ սիրտը աստուածային սիրով կ՚այրի, որով նեղուածութիւնը անվերադարձ կը հալի: Մարդուն զՅիսուս անսահման սիրով սիրելը զինք կը մղեն յաղթահարելու ցաւերն ու դժուարութիւնները, զորս մարդիկ իրեն կը պատճառեն:

ՇԱՀԸ, ՈՐ ԱՆԻՐԱՒՈՒԹԵՆԷՆ ԿՈՒ ԳԱՅ

-Ո՜վ Ռոնտա. երբեմն քոյրերէն մէկն ու մէկը կը մեղադրեն զիս բանի մը մէջ, զոր ես չեմ գործած, որով անոր նկատմամբ կը պաղիմ:

-Կա՛նգ առ մէյ մը. ի՞նչ կ՚ըսէ Եկեղեցւոյ Դիպիքոնը (Յունական Եկեղեցւոյ Մաշտոցը) այս մասին: Դուն յանցաւոր չես, որովհետեւ անիրաւուած ես, եւ ատով կը շահիս: Իսկ միւս քոյրը, որ քեզ անիրաւեց, ու ըսաւ բան մը, որպէսզի ինքզինք արդարացնէ, ապա իր խիղճը պիտի տանջէ զինք, պիտի մտահոգուի, ապա պիտի զղջայ ու աւելի մեծ սիրով պիտի սկսի մօտենալ քեզի…:

-Միտքս կը յամառի, որպէսզի քրոջ հարցնեմ զիս մեղադրելուն պատճառը:

-Բնականաբար: Սատանան կը մղէ քեզ, որպէսզի հարցումներ հարցնես՝ դուն քեզ արդարացնելու համար: Այդ ատեն մէջէդ կը վռնտես զՅիսուս, Որուն շահեցար անիրաւութեան համբերելով:

-Ո՜վ Ռոնտա. կ՚ուզեմ երբ սխալի մէջ իյնամ ուրիշները ինծի հետ ներողամտութեամբ վարուին:

-Ի՞նչ. կ՚ուզես որ ուրիշները արդարացնեն քեզ: Սեպենք թէ անոնք արդարացուցին քեզ. ատով հոգեպէս կը շահի՞ս, թէ՞ կը կորսնցնես:

-Կը կորսնցնեմ:

-Եթէ խանութ մը ունիս, շահի՞լ թէ վնասել կը փափաքիս:

-Շահիլ:

-Հետեւաբար, եթէ նիւթական անցողիկ բաներուն մէջ չենք սիրեր կորսնցնել, ինչքան աւելի ուրեմն պէտք է զգուշանանք հոգեւոր բաներ կորսնցնելէ: Աշխարհիկ մարդիկը կը ջանան նիւթական շահ ունենալ եւ թոյլ չեն տար, որ ոչինչ ի զուր երթայ, ապա տրամաբանակա՞ն է, որ հոգեւոր մարդիկը հոգեւոր շահը իրենց ձեռքերէն կորսնցնեն:

Աշխարհիկ մարդիկը իրենց դրմաները նիւթական բաներու վրայ կը ծախսեն, իսկ մենք -անիրաւութիւնը չընդունելով- մեզմէ կը հեռացնենք հոգեւոր-երկնային բաները: Ինչո՞ւ համար երկնայինները երկրայիններով փոխանակենք: Աշխարհիկ մարդիկը չեն իմանար հոգեւոր բաները, իսկ մենք՝ գիտենք: Վանականներ եղանք, որպէսզի երկնայինները շահինք, բանի մը համար ճանապարհ կ՚ելլենք, սակայն այլ բանի մը կը յանգինք…: 

Երբ կ՚անիրաւուինք ու անիրաւութիւնը կ՚ընդունինք, այդ լաւութեան էութիւնը մեր ներսիդին կը զգանք: Անիրաւ կերպով կը մեղադրուիմ ոճրագործութեան մը մէջ. շատ բարի: Խիղճս հանգիստ է, որովհետեւ չեմ կատարած այդ որճրագործութիւնը եւ երկնային վարձատրութիւն պիտի ստանամ: Ատկէ աւելի մեծ օգտակարութիւն կա՞յ: Չեմ տրտնջար, ընդհակառակը, զԱստուած կը փառաւորեմ ու շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ Անոր, քանի որ այդ յանցանքն ու ոճրագործութիւնը չեմ գործած, իսկ եթէ այդ մէկը կատարած ըլլայի, խիղճի խայթին չէի դիմանար: Այդ ատեն, բանտը դրախտի կը վերածուի: Ոեւէ մէկը անիրաւացի կերպով հարուածե՞ց զիս, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Քեզի, Տէր. թերեւս որոշ մեղքերուս պարտքը կը վճարեմ Քեզի: Ոեւէ մէկը անիրաւացի կերպով հայհոյե՞ց ինծի, շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ Քեզի, Տէր. հայհոյութիւնը կ՚ընդունիմ սիրոյդ համար. Դուն մեզի համար ապտակուեցար ու հայհոյուեցար:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 10

26 հոկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020