ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Արդարին հայրը շատ պիտի ցնծայ եւ իմաստուն զաւակ ծնանողը անոր համար պիտի ուրախանայ: Թող քու հայրդ ու մայրդ քու վրադ ուրախանան ու քեզ ծնանողը թող ցնծայ» (Առ 23.24-25):

Պատասխան. այս համարը կը խօսի առաքինի զաւակ ունեցող ծնողներու ուրախութեան մասին: Այն ծնողները, որոնք յաջողած են լաւ, արդար ու բարի զաւակներ դաստիարակել ու մեծցնել, անոնց ուրախութիւնը անչափ ու անսահման կ՚ըլլայ՝ ի տես իրենց զաւակներու արդարութեան եւ իմաստութեան: Իրենց ուրախութիւնը ա՛լ աւելի կատարեալ կ՚ըլլայ, երբ ականատես կը դառնան, թէ ինչպէս իրենց զաւակները թէ՛ Աստուծոյ առջեւ եւ թէ մարդոց մէջ արդարութեամբ կ՚ապրին, արդարութեամբ կը գործեն եւ արդարութեամբ կ՚ընթանան:

Արդար եւ իմաստուն զաւակները ուրախութիւն կը պատճառեն իրենց ծնողներուն նաեւ անով, որ իրենց ապրած միջավայրը, իրենց ապրած ընկերութիւնը տեսնելով անոնց բարի ու արդար ընթացքը, վայելելով անոնց դրական եւ գործունեայ ներկայութիւնը իրենց մէջ, զԱստուած կը փառաբանեն զանոնք իրենց մէջ ունենալնուն համար եւ երանի՜ կու տան անոնց ծնողներուն, որոնք յաջողած են այդպիսի զաւակներ դաստիարակել:

Հայր Եաագուպ Թատրոս Մալթին այսպէս կը գրէ այս համարին մասին. «Երբ Տարսոնացի Սօղոսին կեանքը փոխուեցաւ եւ հոգեւոր նոր կեանք ունեցաւ, կ՚ըսէ. «Ինձմով զԱստուած կը փառաւորէին» (Գղ 1.24): Այս է եկեղեցւոյ կեցուածքը, որ ցնծաց Սօղոսի (Պօղոս առաքեալի) կեանքով, որ իր զաւակը եղաւ: Նոյն ոգիով կը լեցուին ծնողներուն սիրտերը, ուրախութեամբ մը, որ կարելի չէ բացատրել, երբ իրենց զաւակներուն կեանքին մէջ ներգործող Քրիստոսի արդարութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը կը տեսնեն: Անոնց հոգիները կը թարմանան, տեսնելով որ Աստուած լսեց իրենց զաւակներուն համար իրենց կատարած աղօթքները, սրբացուց անոնց կեանքը, անոնցմէ արմատախիլ ընելով սխալ արարքներ՝ որ կը գործէին»:

Այսպիսի ուրախութեամբ է, որ պէտք է ուրախանան ծնողները իրենց զաւակներուն համար եւ ո՛չ թէ աշխարհիկ ժամանակաւոր յաջողութիւններու համար, որ այսօր կան, վաղը սակայն պիտի վերանան, աւելին, շատ յաճախ այդ յաջողութիւնները անոնց հոգիի փրկութեան համար ո՛չինչ պիտի կարենան ընել, ընդհակառակը երբեմն նոյնիսկ պիտի զրկեն զիրենք իրենց հոգիներու փրկութենէն: Այս չի՛ նշանակեր, որ ծնողները պէտք չէ ուրախանան իրենց զաւակներուն ունեցած յաջողութիւններով, ո՛չ, պէտք է ուրախանան, սակայն պէտք է զգոյշ ըլլան չխառնելու համար առաջնայինը երկրորդականէն, մնայունը գնայունէն:

Հ. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր եւ քու աչքերդ թող իմ ճամբաներս դիտեն» (Առ 23.26):

Պ. Հայր Թատրոս Եաագուպ Մալթին այսպէս կը բացատրէ այս համարը.

* Ամենաշատը որ Աստուած մեզմէ կ՚ուզէ՝ մեր սիրտն է: Հին կտակարանին մէջ Օրէնքը մեզի տրուեցաւ՝ քարերու վրայ արձանագրուած, թերեւս մեր քարեղէն սիրտերը բան մը առնէին աստուածային Օրէնքէն, կամ Օրէնքը իր հետքը ձգէր մեր սիրտերուն վրայ: Սակայն երբ այդ չպատահեցաւ, Նոր Ուխտի Աւետարանը մեզի՝ մեր սիրտերուն վրայ Սուրբ Հոգիով արձանագրուած նոր Օրէնք մը տուաւ. «Իրենց միտքերուն մէջ պիտի դրոշմեմ Իմ օրէնքներս, իրենց սիրտերուն վրայ պիտի գրեմ զանոնք» (Եբր 8.10): Այդ պատճառով երբ քահանան բարձրաձայն կ՚ըսէ՝ «ձեր սիրտերը բարձրացուցէք»՝ ժողովուրդը ուրախութեամբ կ՚երգէ. «Տիրոջ մօտ են [մեր սիրտերը]»:

- Ձեր ներսիդին կա՛մ ճշմարտութեան գիտութիւնն է, կա՛մ տգիտութիւն. կա՛մ առաքինութեամբ ուրախանալը եւ կա՛մ մեղքով ուրախանալը. այսպիսով մեր սիրտերը կա՛մ Քրիստոսի Արքայութեան համար կը պատրաստենք եւ կա՛մ սատանայի թագաւորութեան (Հայր Մովսէս):

- Եթէ դուն քեզ չտուիր (your soul), ապա կը կորսնցնես զայն: Սէրը ինքնին իմաստութեան միջոցով կը խօսի, ու կը սորվեցնէ քեզի սարսափի վիճակէն դուրս գալ, երբ կ՚ըսուի. «Դուն քեզ տուր Ինծի»: Եթէ ոեւէ մէկը ուզէ քեզի այգի մը ծախել, կ՚ըսէ քեզի. «Ոսկիներդ տո՛ւր». իսկ եթէ ուրիշ բան մըն է, կ՚ըսէ. «Պղինձդ տո՛ւր», «արծաթդ տուր»: Հիմա, դուն լսէ, թէ սէրը ի՛նչ կ՚ըսէ քեզի, որովհետեւ իմաստութեան բերանով կ՚ըսուի. «Որդեա՛կ իմ, քու սիրտդ ինծի՛ տուր»: Ի՞նչ պիտի տաս անոր. «Սի՛րտդ, զաւակս»: Սիրտդ չար էր՝ երբ հետդ էր, երբ զայն դուն քեզի համար պահեցիր: Կը քաշուէիր այս կամ այն ճամբաներով, ինչպէս պուպրիկ՝ սին բաներով եւ սիրոյ կործանարար ցանկութիւններով: Սիրտդ այս բոլոր բաներէն հեռո՛ւ պահէ: Դէպի ո՞ւր կը քաշես զայն: Ո՞ւր կը դնես զայն: Իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Տո՛ւր ինծի սիրտդ», զայն իմս ըրէ, որով չես կորսնցներ զայն (Սուրբ Օգոստինոս):

***

Երանի՜ թէ մարդ կարենայ ինքզինք, իր սիրտը ամբողջութեամբ Տիրոջ նուիրել, Տիրոջ յանձնել, որով իր կեանքը կը ծաղկազարդուի, կը գունաւորուի, իմաստ եւ նպատակ կը ստանայ իր կեանքը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 117

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2024