ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԴ ՄԱՐՄԻ՞ՆԴ Է
Յաճախ գրած ենք եւ այսօր եւս կը կրկնենք, թէ այսօրուան մեր ապրած ընկերութիւնը արժէքներու մեծ անկում կ՚ապրի, ուր ամէն ինչ իրար անցած է:
Մարդու իրաւունքներ, մարդկային ազատամտութիւն, եսի կարեւորութիւն եւ ինքնուրոյնութիւն, եւ այլ նմանատիպ լոզունգներ, եկած են փոխարինելու այնպիսի արժէքներու եւ սկզբունքներու, ինչպիսին են մարդասիրութիւնը, իրերօգնութիւնը, հանդուրժողութիւնը, եւ այլն:
Այսօրուան մարդը հակառակ այն իրողութեան, որ հաւաքականութեան մէջ կ՚ապրի, սակայն ինքն իր պատեանին մէջ քաշուելով, կը նմանի մէկու մը, որ անապատի մէջ կ՚ապրի, եւ ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի ողջ մնայ եւ լաւ ապրի: Ի տարբերութիւն անապատի մէջ յայտնուողին, որ արդարացի պայքար կը մղէ ողջ մնալու համար, այսօրուան կամաւորաբար անապատացած մարդը/իկը իրենց շրջապատը ոտնակոխելով է, իրենց շրջապատը անտեսելով է, որ կը փորձեն գոյատեւել, բարօր կեանք մը ապրիլ:
Այսպէս, այսօր յաճախ փողոցը քալած ժամանակ երբ մուրացկաններու կը հանդիպինք, անտարբերութեամբ կ՚անցնինք անոնց կողքէն եւ կը զլանանք մի քանի ղրուշ սահեցնել անոնց՝ դէպի մեզ երկարած ափերուն մէջ: Չենք տար, պատճառաբանելով, թէ այսօրուան ընկերութեան կեանքին մէջ մուրացկանութիւնը վերածուած է «աշխատանքի»: Չի բացառուիր, որովհետեւ բազմաթիւ վկայութիւններ կան այդ մասին: Սակայն, այդ մէկը մեզի իրաւունք չի՛ տար մեզի երկարած ձեռքը անօգնական ձգել, որովհետեւ քրիստոնէական հասկացողութեամբ, մեզի երկարած ձեռքին մէջ երբ որեւէ մէկ բան կը դնենք՝ որպէս օգնութիւն, ճիշդ է, որ ֆիզիքապէս այդ երկարած ձեռքին մէջ է, որ կը դնենք, սակայն իրականութեան մէջ մեր այդ տալով, Աստուծոյ է, որ փոխ կու տանք, իսկ Աստուծոյ տրուած փոխը առանց վարձատրութեան չի՛ մնար:
Անդին, մեր ապրած փողոցին կամ շրջանին մէջ կարիքաւոր ընտանիքներու ներկայութիւնը մեզի ոչինչ կ՚ըսէ, այսինքն՝ հակառակ անոր որ ամէն օր անոնց տուներուն առջեւէն կ՚անցնինք, բայց երբեք չենք մտածեր որեւէ մէկ բանով օգտակար ըլլալու անոնց, այն պարագային՝ երբ ամէն հնարաւորութիւն ունինք օգնելու եւ քիչ մը անոնց վիճակը թեթեւցնելու: Երբեմն ալ, երբ տեսնենք անոնց խեղճ ու կրակ վիճակը, կը բաւարարուինք ըսելով՝ «Աստուած ողորմի» եւ կամ «Աստուած օգնէ»: Աստուած այսպէս կամ այնպէս կ՚օգնէ ու կ՚ողորմի բոլոր անոնց, որոնք Իրեն կը դիմեն, սակայն, միաժամանակ, Աստուած այդպիսի մարդիկ մեր չորս կողմը կը դնէ, որպէսզի մեզի համար օրհնութիւն ըլլան, սակայն մենք նկատի չենք ունենար այդ մէկը, եւ ձրիօրէն մեզի եկած օրհնութիւնը՝ կը մերժենք:
Այսքանը մարդուն ուրիշներուն նկատմամբ անտարբերութեան մասին: Հիմա անդրադառնանք ուրիշ երեւոյթի մը, որ անտարբերութեան դրսեւորում մըն է, բայց այս անգամ ինքն իր անձին նկատմամբ:
Այսօրուան մարդը դրամ աշխատելու համար պատրաստ է ամէն քայլի, այլ խօսքով, մարդ որպէսզի դրամ ձեռք ձգէ, պատրաստ է տրամաբանական եւ անտրամաբանական քայելերու:
Աստուած մեզի կը պատուիրէ մեր ճակտի քրտինքով ուտել մեր հացը (տե՛ս Ծն 3.17-19): Բարոյականութիւնն ու մարդկայնութիւնն ալ նոյն բանը կը թելադրեն մեզի, մեր ճակտի արդար քրիտնքով վաստակիլ ու ուտել մեր հացը: Աշխարհի բոլոր կրօններն ալ նոյն բանը կը պատուիրեն մարդուն, աշխատանքով, քրտինքով վաստակիլ ու ուտել իր հացը, այլ խօսքով՝ արդար վաստակով ապրիլ իր կեանքը:
Ոչ շատ հեռու անցեալին, մարդիկ ընդհանրապէս կը բաւարարուէին ցերեկ ժամանակով աշխատիլ եւ գոյատեւել: Պատճառներ եթէ փնտռենք, կրնանք բազմաթիւ պատճառներ գտնել թերեւս, որոնցմէ գլխաւորներն են, կրնանք ըսել,
ա. Գիտութեան այսքան յառաջացած չըլլալը:
բ. Տնտեսական ու քաղաքական ոլորտին այսքան խառն չըլլալը:
գ. Կեանքի պայմաններուն աւելի նպաստաւոր ըլլալը:
Թուարկած այս երեք կէտերը մէկը միւսին հետ կապուած է: Երբ գիտութիւնը այսքան յառաջընթաց չէր արձանագրած, տնտեսական ու քաղաքական վիճակը աւելի խաղաղ էր ու հանգիստ, իսկ կեանքի պայմանները՝ աւելի նպաստաւոր: (Այստեղ ընթերցողը ուշադրութիւն թող դարձնէ հետեւեալ հանգամանքին, թէ պատերազմներու մասին չենք խօսիր, որովհետեւ պատերազմները միշտ ալ ընկերակից եղած են մարդկութեան պատմութեան): Ինչքան գիտութիւնը յառաջընթաց ապրեցաւ, այդքան աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական վիճակը սկսաւ խառնուիլ ու կնճռոտիլ, իսկ կեանքի պայմանները սկսան դժուարանալ ու ծանրանալ: Այսպէս, եթէ մօտիկ անցեալին տան հայրը աշխատելով կրնար իր ընտանիքը պահել, այսօր գրեթէ նման բան մը կարելի չէ նոյնիսկ պատկերացնել: Այսօր, ընտանիքին բոլոր անդամները պէտք է աշխատին, որպէսզի կարենան իրենց գոյութիւնը պահպանել:
Աւելի՛ն, գիտութեան յառաջընթացը պայքարի նոր ձեւ մը յառաջացուց՝ մրցացկութիւն. այսինքն՝ մարդիկ սկսան իրենց արտադրածն ու յառաջ բերածը այնպիսի ձեւերով ներկայացնել կամ արտադրել, որպէսզի ուշադրութիւն գրաւէ եւ մարդոց լայն շրջանակներու հասնի: Բնականաբար, այս մրցակցութիւնը իր հետ յառաջ բերաւ նաեւ վէճեր ու քինախդնրութիւններ, որով որոշ ընկերութիւններ մղուեցան անարդար կերպերով իրենց ունեցածը ներկայացնելու եւ հանրութեան վաճառելու: Մէկ խօսքով, գիտութեան յառաջընթացը իր դրական ձեռքբերումներուն հետ միասին, մարդկութեան բերաւ նաեւ նոր բարդութիւններ ու գժտութիւններ:
Վերջերս, սակայն, թէ՛ ընկերութիւններ եւ թէ՛ անհատ գործարարներ արժէքներու փոփոխութեան այս յորձանուտին մէջ, իրենց ունեցածը կարենալ վաճառելու կամ ներկայացնելու համար սկսած են դիմել ամէն տեսակի քայլերու: Այդ քայլերէն մէկն է մարդկային մարմինով կատարուած փորձերը, այսինքն՝ մարդու մարմինը որպէս ունեցածը ներկայացնելու միջոց գործածել: Այսօրուան գովազդները եթէ պահ մը աչքով անցընէք, պիտի նկատէք այս երեւոյթը եւ թէ ինչքա՜ն խորացած է եւ թեւեր առած…:
Անհատներ կան, որոնք իրենց անհատական գործը առաջ տանելու համար պատրաստ են մերկանալու նոյնիսկ, ո՛չ թէ միայն պատրաստ են, այլեւ արդէն որոշակի փորձառութիւններ ունին այդ ուղղութեամբ: Երբ փորձէք հասկնալ նման պահուածքի դրդապատճառները, պատասխանը միշտ պատրաստ է.
- Կեանքը շատ դժուարացած է: Զաւակս անօթի պիտի չձգեմ, չէ՞: Իսկ այսօրուան ընկերութեան հետ խօսելու լաւագոյն միջոցը այս է, որովհետեւ այսօրուան մարդը այդքան ուշադրութին չի՛ դարձներ ներկայացուցած կամ առաջարկած ապրանքիդ, ինչքան ուշադրութիւն կը դարձնէ ներկայացուցած ձեւիդ: Իսկ եթէ այդ ներկայացումդ իրենց օժանդակ ունի գեղեցկութիւնդ, մարմինդ եւ անոր գեղեցկութիւնը, ապա կրնաս վստահ ըլլալ, որ յաջողած ես նպատակիդ հասնիլ…:
Յաջողած ես նպատակիդ հասնիլ…: Ի՜նչ «անմեղ» արտայայտութիւն՝ անբարոյականութեամբ փաթթուած: Միջոցը, փաստօրէն այս մարդոց համար երբեք կարեւոր չէ, կարեւորը նպատակն է, այսինքն՝ դրամ վաստակիլը ինչ կերպով որ ըլլայ… Բայց միթէ՞ նման վերաբերմունքը կրնայ արդար, աւելին՝ ճակտի արդար քրտինք համարուիլ: Միթէ՞ նման վերաբերմունքը մարմինը վաճառել չէ, ինչը երբեք չի՛ կրնար արդար համարուիլ, որովհետեւ մենք մեր մարմինին տէրը չենք, այլ՝ պարզապէս անոր խնամակալներն ենք: Միթէ՞ նման վերաբերմունքը հակառակ չէ բարոյականութեան եւ մարդկայնութեան: Ի վերջոյ, միթէ՞ նման վերաբերմունքը մեղանչում չէ նոյնինքն այն զաւակին նկատմամբ, որու համար այսպէս կոչուած այդ դրամը «կը վաստակուի». այդ երեխային ի՞նչ պիտի ըսէք երբ քիչ մը մեծնալէ ետք հարցնէ ձեզի, թէ ի՞նչ կ՚աշխատիք եւ ուրկէ՞ այդքան գումար կը վաստակիք: Համարձակութիւն պիտի ունենա՞ք նայելու անոր աչքերուն մէջ եւ ըսելու, թէ մարմինս օգտագործելով է, որ կ՚աշխատիմ, այլ խօսքով՝ մարմինս վաճառելով է, որ այդքան գումար կ՚աշխատիմ: Կը կարծեմ, ո՛չ մէկ ծնող կրնայ նման համարձակութիւն մը ունենալ նման իրականութեամբ մը առերեսուելու իր զաւակին հետ…:
Այստեղ խօսքը պոռնկութեան մասին չէ, չսխալիք, այլ՝ մարմինը օգտագործելով գործերը յառաջ տանելու մասին է խօսքը…: Եւ խօսքը միայն իգական սեռի ներկայացուցիչներուն չի՛ վերաբերիր, այլեւ՝ արուներուն, որոնք ոչինչո՛վ ետ կը մնան էգերէն:
Կեանքը շատ դրամ շահելուն մէջ չի՛ կայանար, կեանքը դրամ չէ, կեանքը ունի բազմաթիւ այլ սիրուն կողմեր, որոնցմով մարդ կրնայ իր կեանքը գեղեցկացնել ու քաղցրացնել: Ուշադրութիւն, չկարծուի թէ դրամին կարեւորութիւնը կ՚անտեսեմ կամ կը մերժեմ մարդու կեանքին մէջ, ընդհակառակը, մարդ առանց դրամի չի՛ կրնար իր կեանքը ապրիլ, չի՛ կրնար գոյատեւել, բայց այդ դրամը պէտք է ճակտի արդար քրտինքով վաստակի, եւ ո՛չ թէ զարտուղի միջոցներով:
Ի վերջոյ, մարդ ի՛նք պէտք է տիրէ դրամին եւ ո՛չ թէ հակառակը: Հետեւաբար, արժէք չունի մարդ ինքզինք, իր մարմինը վաճառելու քիչ մը դրամի համար, որ այսօր կայ, վաղը կրնայ չըլլալ:
Դրամի համար մարմինդ դրամագլուխի մի՛ վերածեր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
22 նոյեմբեր 2022, Վաղարշապատ