ԴԷՊԻ ՎԵՐ

Արագածի նախալեռներուն, իրարմէ մի քանի հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ կանգնած են երկու կոթողներ։

Մէկը Տեղերի վանքն է, որուն մասին դեռ վերջերս գրեցի։ Ինչքան ալ գրաւիչ՝ իր վերամբարձ դիրքով եւ խորանարդային կառուցուածքովը տուֆակերտ, ամբողջական չէ վանքն այդ առանց իր եղբայր կոթողին։

Երկու կոթողներն իրարմէ կը բաժնեն, բացի մի քանի հարիւր մեթրը, կիրճ մը ամբողջ, ու մի քանի հարիւր տարի։ Եթէ Տեղերի վանքը, կիրճի արեւմտեան ափին, կառուցուած է 13-րդ դարուն, ապա եղբայրը, արեւելեան ափին, 20-րդ դարու աւարտին։

Խօսքը, այս անգամ, «Օրգովի ռադիոօպտիկական աստղադիտակ»ի մասին է։ 54 մեթր տրամագիծով խոշոր արծաթագոյն աման մը տեղադրուած է արագածեան հողերուն մէջ, որուն կեդրոնին կանգնած է միջատանման կայմ մ՚ալեհաւաք։ 1975-1985 տասնամեակին հայ բնագէտ Պարիս Հերունիի ղեկավարութեամբ նախագծուած եւ կառուցուած այս վիթխարի սարքը տիեզերքի ուսումնասիրութեան եւ հեռաւոր տիեզերական կապերու նպատակով ստեղծուած է, եւ անմիջապէս իր տեղը գտած՝ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան գիւտերու ցանկին մէջ։ 21-րդ դարուս առաջին տարիներուն, սակայն, նիւթական սահմանափակումներու պատճառով դադարած է գործելէ այս սարքը։ Ալիքներ չեն ուղղուիր անկէ դէպի երկինք այս օրերուս։

Քոյր կոթողը, անդին, կը շարունակէ պահպանել կապն իր դէպի վեր։ Տեղերի վանքը ընտանիքներ, ուխտաւորներ, նորապսակներ կը հիւրընկալէ, ու բոլորը հոնկէ երկինք կը նային, խնդրանքներ ու մաղթանքներ ուղղելով այն կողմ։ Բաւարար է սակայն վանքի հիւսիսային պատի կողմն անցնիլ, հեռուն՝ միւս ափին բազմած ալեհաւաք պնակը տեսնելու, եւ անոր գրաւչութեամբ տարուելու համար։

Մարդն է, որ նայեր է վեր, իր գոյութեան գրեթէ ամբողջ ընթացքին։ Նայեր է երկինք, աստղերուն, լուսնին ու արեւուն, եւ անոնց մէջ Աստուած տեսեր։ Ապա դէպի վեր նայող, վերին ձգտող հոգեւոր տաճարներ կառուցեր, ընդհանրապէս սլացիկ կտուրներով՝ գմբէթներ, մինարէներ։ Չէ յագեցած ծարաւն իր, ծարաւն ի վեր. ու դիտեր է աստղերը երկար, անոնց շարժին ականջ է դրեր։

Մարդն է նաեւ, որ իր անհոգութեամբ, ապիկարութեամբ ու անհեռատեսութեամբ Օրգովի դիտակն այս ամլութեան է հասցուցեր։ Եւ Տեղերը, թէեւ աւագը զոյգին, ձեւով մը որբ է հիմա։ Եղբայրը, ծառի մը նման չորցած ու անշարժ կը կենայ, լուռ ու անխօս. տեսնես օր մը կու տա՞յ ծիլեր դէպի վեր։

ԵՐԱՄ

Երեւան 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021