ԵՐԳՍ ԿԱՐՕՏԵԱԼԻ

Օր մը, անժամանակ ցանկութեամբ լի,
Ուզեցի երգել հին երգս կարօտեալի,
Որուն տողերը երիտասարդ տարիքիս, 
Չափած էին անյատակ խորութիւնը սրտիս։

Ու կարօտովս անհուն եւ անկաշառ,
Փորձեցի իրար քով բերել բառերս նիհար,
Որոնք սրտիս արձագանգէն ծնած,
Նոր ու գեղեցիկ երգ մըն էին յօրինած։

Ու տարիքիս յիշողութեան յենելով, 
Եւ օրերով յուշատետրիս էջերը թերթելով,
Վերջապէս, տողերուս փշրանքները հաւաքելով,
Ժամերս վատնեցի հին երգս կազմելով։

Եւ որպէսզի երգս չդառնար հեգնանք եւ յուշ,
Դէմքիս վրայ չորցած ժպիտ մը գծած,
Երբ փորձեցի երգս երգել քիչ մը շատ ուշ,
Աւա՜ղ չկրցայ… արդէն տարիքս էր հինցած։

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2023