ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ ԵՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՃԻԳԵՐԸ

Բազմաթիւ հանգամանքներով անցեալ հինգշաբթին կը համարուի Վատիկանի մէջ «Լիբանանի օր»։ Խօսքը միայն Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու բարձրաստիճան հոգեւորականներուն ներկայութեամբ տեղի ունեցած կրօնական արարողութեան եւ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած պատարագին մասին չէ, այլ՝ այս բոլորը ունի քաղաքական յստակ շեշտաւորում։

Քիչ մը ետ երթալով հարկ կը համարեմ փետրուարին Լիբանանի Մարոնիներու մար Պշարա Պութրոս Ռաաի Պատրիարքին կողմէ հրապարակուած կոչ-յայտարարութիւնը, որուն միջոցաւ ալ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի մարոնիներու պատրիարքը կոչ կ՚ընէ աշխարհին՝ «փրկել»ու Լիբանանը։ Օրին պատրիարքին խօսքերը հանդիպեցան թեր ու դէմ կարծիքներու, իսկ ամենասպասելին այն էր, որ անոր արտայայտութիւնը, կամ այս պարագային ըրած մաղթանքները արժանացան քաղաքական բաւականին սուր գնահատակններու։

Ի՞նչ կ՚ըսէր Ռաաի Պատրիարքը եւ ի՞նչ էին զինք մտատանջող հիմնահարցերը, մանաւանդ ինչո՞ւ Լիբանանը հարուածող ծանր տնտեսական տագնապի օրերուն ան կը խօսէր բաւական հատու լեզուով, անտեսելով բոլոր վտանգները, որոնք կրնային աւելի բարդ տագնապ մը յառաջացնել՝ բաւականին երկփեղկուած երկրի հասարակութեան մէջ:

Ռաաի, որուն համար ամենառաջնային խնդիրը Լիբանանի իր կարեւոր բարեկամներուն, այսինքն Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն էր, բացէ ի բաց կը քննադատէր «Հիզպուլլահ»ը եւ այդ կուսակցութեան վարքն ու անոր ղեկավարներուն արտայայտած միտքերը կը համարէր գլխաւոր պատճառ՝ Լիբանան-Արաբական սիւննի երկիրներ մինչ այդ առկայ բարձր մակարդակի կապերու խարխլման։

Խնդիրը այն էր, որ Լիբանան ըլլալով փոքր երկիր մը եւ ունենալով արտաքին ահռելի պարտք, կարիքն ունէր այդ երկիրներու դրամական մեծ աջակցութեան, որպէսզի հեռու մնար տնտեսական համընդհանուր փլուզման վտանգներէն։ Հաշուի առնելով երկրի քաղաքական ուժերուն (մասնաւորապէս «Հիզպուլլահ»ի կեցուածքները, որոնց զօրավիգ էր նաեւ երկրի նախագահ զօրավար Աունն ու իր քաղաքական վեհախումբը) բաւականին «կարծր» տեսակէտները, սիւննի աշխարհի ազդեցիկ տէրութիւնները՝ գլխաւորութեամբ Սէուտական Արաբիոյ, վճռած էին «հեռու մնալ» Լիբանանէն եւ այդ կերպով ալ ձեւով մը «դիտել», թէ ինչպէս «կ՚ընկղմի Լիբանանի նաւը»։ Այս ընդհանուր պատկերին վրայ էր, որ Մարոնիներու Ռաաի Պատրիարքը նախաձեռնութիւնը վերցուց եւ մէկդի դնելով բոլոր մտավախութիւնները բաց կերպով «Հիզպուլլահ»ին ուղղեց իր խօսքը ըսելով, որ Լիբանան պէտք է ընդունի «չէզոք» երկիր դառնալու սկզբունքը եւ այդպէսով արագօրէն իր կապերը բարելաւէ արաբական տէրութիւններուն հետ։

Այս կէտին կը ծագի հարց՝ մա՛նաւանդ շիիներուն համար, որ արդեօք պատրիարքին մօտեցումները ուղղորդուած էին Արեւմուտքէ՞ն, կամ թէ աւելի վտանգաւորը, որ արդեօք Ռաաի Կարտինալի յայտարարութիւնները դուռ կը բանայի՞ն Լիբանանի տագնապի միջազգայնացման, որ խորքին մէջ նոր «երգ» մը չէր արեւմտեան արժէքները դաւանող երկրի շատ մը կողմերուն համար։

Ամէն պարագայի այս բոլորէն անդին, երկիրը դանդաղ, սակայն հաստատօրէն կը մտնէր համընդհանուր փլուզման փուլ, որ կրնար պատճառ դառնալ մեծ տագնապի ու նոյնիսկ վերածուիլ ներքին արիւնահոսութեան եւ բախումներու։

Այստեղ հարկ է նշել, որ Լիբանանի մէջ ծայր առած «պարանաձգութիւն»ը նորութիւն մը չէր։ Արեւմտեան պլոքին համար Լիբանանի մէջ Իրանի գիծի հիմնական ներկայացուցիչը՝ «Հիզպուլլահ»ի ուժեղացումը ոչ միայն ձեռնտու չէր, այլեւ վտանգաւոր էր, եթէ մեծ հաշուով դիտարկեն Միացեալ Նահանգներու «պահապան հրեշտակ»ի դերը ուղղուած՝ Իսրայէլին։ Այլ խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու երէկուան ու այսօրուան ղեկավարութեան համար գլխաւոր «տարտն ու ցաւը» Լիբանանի ներքաղաքական կշիռներու խախտուիլը կա՛մ համայնքի մը (այս պարագային շիի համայնքի մասին է խօսքը) հզօրանալն է։ Իբր այդ, միւս համայնքներուն դէմ առկայ սպառնալիքները այնքան ալ «յուզող» հանգամանքներ չէին ու չեն, որքան «Հիզպուլլահ»ի լուրջ սպառնալիք դառնալը (անշուշտ իրենց խօսքով) ընդդէմ Իսրայէլին ու անոր գոյութեան գերխնդրին՝ անվտանգութեան։

Ուրեմն այն ինչ, որ կը կատարուի այսօր Լիբանանի մէջ, միայն երկար տարիներու սխալներու եւ կուտակումներու հետեւանք չէ. այլ հետեւանք է արեւմտեան պլոքին կողմէ գործադրուող ամենաճնշող տնտեսական սեղմումներուն։

Իսկ այդ սեղմումներուն հիմնական նպատակն է ամբողջ ժողովուրդը ոտքի հանել, արդէն իսկ երկրի կարեւոր մէկ հատուածին համար «հրէշացուած» «Հիզպուլլահ»ին ու այդ կուսակցութեան դաւանած «դիմադրական» ընկալումներուն։ Այս սեղմումներուն տնտեսական «արիւնահեղութեան», պաշարումին, ամէնօրեայ կարիքներու շոգիացման ամբողջական հետեւանքները տակաւին պարզ չեն, սակայն աւելի քան յստակ է, որ ամերիկացիք շատ կարծր կեցուածք մը ունին «Հիզպուլլահ»ին դէմ։ Այդ կեցուածքը կարծես, թէ պիտի շարունակէ մնալ անփոփոխ, նոյնիսկ եթէ անոնք կարողանան կորիզային նոր համաձայնագիր մը կնքել Իրանին հետ։

Թէեւ ամենատխուրը այն է, որ այս խաղերէն կը տուժէ Լիբանանի ժողովուրդը, որ հասած է համընդհանուր տապալման սեմին։ Միջազգային մակարդակով կարգ մը դիտարկում իրականացնող կազմակերպութիւններ նոյնպէս չեն բացառեր, որ Լիբանան ապրի սովի շրջան մը։

Ահա՛, այսպիսի մթնոլորտի մէջ է, որ Վատիկանի բարձր որոշմամբ հինգշաբթի օր տեղի ունեցաւ «Լիբանանի համար աղօթք»ի օրը, որ ինչպէս նշեցի, բացի կրօնական մօտեցումէ, ունի նաեւ նախաձեռնութիւն դառնալու ուժականութիւն։

Ճիշդ է, որ Վատիկան այդ պատմական օրուան աւարտին հանդէս չեկաւ սպասուած յայտարարութեամբ, սակայն այդ մօտեցումը գուցէ ազդանշան է, որ տեղի ունեցածը արագօրէն պիտի դառնայ նախաձեռնութիւն, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ ի վերջոյ դուրս հանել Լիբանանը այս խորունկ ճգնաժամէն։

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԺՈՂՈՎԸ ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԵՐԸ

Գաղտնիք չէ երբեք, որ Լիբանանի ու Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով Վատիկանի գլխաւոր բանբերը կը համարուի Մարոնիներու Աթոռը։ Իսկ երբ կը խօսինք Ռաաի Պատրիարքին մասին, հաշուի պէտք է առնենք, որ ան սովորական պատրիարք մը չէ եւ ան այսօրուան կտրուածքով կը համարուի Կաթողիկէ աշխարհի ամենէն յառաջդիմական կրօնական գործիչներէն մին։

Անշուշտ, հարկ է զատորոշել հոգեւոր առաջնորդ եւ կրօնական գործիչ բառակապակցութիւնները, որովհետեւ միշտ չէ, որ հոգեւոր առաջնորդ մը կրնայ դառնալ կրօնական գործիչ՝ մա՛նաւանդ, որ Ռաաին կու գայ երկրէ մը, որ կը կառավարուի համայնքային դրութեամբ։

Հիմա հարց. այսքան մեծ վարկ վայելող Ռաաի Պատրիարք ինչո՞ւ չստանձնեց այս նախաձեռնութեան տէրը ըլլալ եւ բոլորին համար յստակ դարձաւ, որ Վատիկանի մեծ օրուան միտքն ու գաղափարը յղացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։

Այստեղ կան մի քանի ենթադրութիւններ, որոնց թուարկումը կրնայ զանազան շահարկումներու դուռ բանալ, սակայն յստակ է նաեւ, որ Վատիկան ապահովելու համար բոլոր քրիոստոնեայ առաջնորդներուն զօրակցութիւնը՝ փափաքեցաւ, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի առաջարկը մարմին ստանայ։ Արդիւնքին ճանապարհ բանալով այն վարկածին, թէ առաջարկը կա՛մ ժողովը, կամ այն նախաձեռնութիւնները, որոնք ապագային ալ կրնան տեղի ունենալ՝ համաքրիստոնէական ըլլան։

Այստեղ ընթերցողներուս համար հարկ կը համարեմ պարզել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդունելի կերպար մըն է ո՛չ միայն Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքներու առաջնորդներուն, այլեւ իսլամ համայնքներուն համար, շնորհիւ իր կուռ եւ համալիբանանեան կեցուածքներուն։ Ան կրցած է շահիլ համակրանքը իսլամ համայնքներուն, ի տարբերութիւն մարոնիներու պատրիարքին, որ կարգ մը ոչ-քրիստոնեայ կողմերուն համար չի համարուիր ընդունելի առաջնորդ մը։ Անշուշտ, այդ մէկն ալ ունի զանազան պատճառներ, որոնց թուարկումը այստեղ յարմար չեմ համարեր ներկայացնել։

Բաց աստի, կայ նաեւ ներքին-քրիստոնէական «մրցակցութիւն» մը, որ շնորհիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, մասամբ փարատեցան։

Անշուշտ, ողջունելի է Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընդհանուր դերը Վատիկանի «մեծ օրուան» առթիւ, սակայն մտահոգիչը այն է, որ յետագայ փուլերուն ինչ դրոյթի մէջ պիտի յայտնուի Նորին Սրբութիւնը. օրինակ՝ Վատիկանի կողմէ որեւէ նախաձեռնութեան միանան արեւմտեան երկիիրները եւ առաջ քաշեն Լիբանանի տագնապը միջազգայնացնելու հարցը, որուն գլխաւոր կէտերէն մին պիտի ըլլայ (եթէ ոչ գլխաւորագոյնը) «Հիզպուլլահ»ը զինաթափութեան մղել։

Բաւականին խճճուած է Լիբանանի խնդիրը։ Կրօնական երեսակի վրայ երկիրը խորը տագնապէն հանելու միտուած փորձերը կրնան ապագային հանդիպիլ բաւականին լուրջ խոչընդոտներու, եթէ մինչ այդ տնտեսական տագնապի հետեւանքով ստեղծուած բարդ դրութիւնը Լիբանանը չտանի մեծ ընդհարումներու անցանկալի եւ նոյնիսկ կործանարար ափը։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ «ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԴՐՈՒԹԻՒՆ»Ը ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ…

Լիբանանի համայնքային իւրայատուկ դրուածքը յատուկ բարձրութեան մը վրայ բերած է մարոնիտ համայնքը։ Համայնք, որ կը համարուի Լիբանանի հիմնադրումը ապահովող կարեւոր բաղկացուցիչ, այսօր եւս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, հակառակ երկիրը հարուածող արտագաղթի մեծ ալիքին, նաեւ մարդագրական առումով անցեալին եղած լուրջ փոփոխութիւններուն։

Պարզ է արդէն, որ Լիբանանի մէջ առաջուան նման չէ պատկերը, այն իմաստով, որ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն թիւը հաւասար չէ իսլամներու թիւին, որուն հետեւանքով ալ համալիբանանեան առումով կը ստեղծուին բազմաթիւ բարդ հարցադրումներ։ Արդեօք Լիբանանի գլխաւոր պատասխանատուներու աթոռները պիտի շարունակե՞ն բաժին իյնալ մարոնիտ համայնքի զաւակներուն, կամ արդեօք իր հիմնադրումէն ի վեր քրիստոնեայ-մարոնիտ նախագահով ղեկավարուող երկիրը պիտի շարունակէ՞ մնալ արաբական աշխարհի միակ այն երկիրը, որ ունի քրիստոնեայ նախագահ։

Հարցումներ, որոնք կը բացուին մեր առջեւ, ունին էական բնոյթ, այն իմաստով, որ բազմաթիւներու, նաեւ ազդեցիկ գործիչներու եւ տէրութեանց համար Լիբանան կրնայ պարպուիլ իր իմաստային ընդհանուր պարունակէն, եթէ ներկայ իշխանակարգը տապալի ու անոր փոխարինէ երկրի քաղաքացիներու մեծամասնութեան ձայներով յառաջացած իշխանութիւն-իշխանակարգ մը։ Այս մտավախութիւնը կը կրէ նաեւ Լիբանանի իսլամ տարրը, որ ունի բազում կերտուածքներ ու շերտաւորումներ։

Ի դէպ, քիչ չեն անոնք, որոնք կը շարունակեն ջերմեռանդօրէն հաւատալ, թէ Լիբանանի քրիստոնեաները՝ յատկապէս մարոնիները կը համարուին երկրի հաւասարակշռիչ բաղկացուցիչներ, որոնք դէպի Արեւմուտք բացուելու քաղաքականութեան առաջամարտիկներ են։

Պատմական փաստարկումով մը հարկ է նաեւ յիշեցնել, որ անցնող աւելի քան յիսուն տարիներու ընթացքին, Լիբանանի երեք գլխաւոր համայնքները՝ մարոնիները, սիւննիներն ու շիիները ունեցան իրենց «փառքի օրեր»ը, որոնք, դժբախտաբար, զուգորդուեցան անթիւ-անհամար սխալներով։ Ի վերջոյ, այդ սխալները տապանաքար հանդիսացան «մարոնիտ իշխանակարգ»ին, «սիւննի իշխանակարգ»ին, իսկ այսօր նոյն սխալները պաշարած են «իշխանութեան վրայ» եղող «շիի իշխանակարգ»ը։

Այս կէտին հարց պիտի տաք, թէ ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ ունենալ մարոնիտ նախագահ եւ միեւնոյն ժամանակ ապրիլ շիի կամ սիւննի իշխանակարգի տակ։ Իսկ պատասխանը շատ պարզ ու մեկին է. Լիբանանի պարագային իշխանութեան հարցը կը լուծուի միայն ու միայն արտաքին նեցուկի ճամբով։ Այսպէս, եթէ 1943 թուականին անկախութիւն կերտած Լիբանանի մասին խօսինք, ապա արագօրէն պիտի կռահենք, որ այդ ժամանակներուն Լիբանանի մարոնիտ համայնքը ունէր Արեւմուտքի նեցուկը, որ դժբախտաբար «մսխուեցաւ», եւ զանազան գործօններով ալ սպառեցաւ։

Յետքաղաքացիական պատերազմի փուլին Լիբանանի մէջ աճ արձանագրեց սիւննի համայնքի իշխանակարգը, բացայայտ նեցուկովը՝ Սէուտական Արաբիոյ, որ սակայն եղաւ բաւականին կարճ ու աւարտեցաւ 2005 թուականին՝ Լիբանանի ձեռնհաս վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ։

Իսկ ներկայիս կը տիրէ շիի համայնքի իշխանակարգը, որուն անխախտ նեցուկը Իրանն է։ Այս իշխանակարգը ունի քաղաքական յստակ եւ ամուր գիծ, այդ պատճառով ալ թիրախ է արեւմտեան աշխարհի հարուածներուն։ Ճիշդ է, որ շիի համայնքը հակառակ իր ձեռնհաս եւ աշխոյժ ղեկավարութեան, ունի որոշակի բացթողումներ, որոնք մեծ հաշուով կը խանգարեն երկրի ընդհանուր կայունութիւնը եւ պատճառ կը հանդիսանան ներքին լարումներու։

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ շատ մը լիբանանցիներու համար երազ հանդիսացող համայնքային դրութեան փլուզումը ցարդ երեւելի չէ։ Երեւելի չէ, որովհետեւ շրջանային առումով Մերձաւոր Արեւելքի նաւթային եւ ջրային պաշարներուն վրայ աչք ունեցող խաղացողներուն համար աւելի լաւ ու աւելի ապահով է ունենալ տագնապահար Լիբանան մը։ Միւս կողմէ, այդ տագնապին կաթսային տակ եղած բոցավառ կրակը՝ նոյնիքն համայնքային դրութիւնն է։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Յուլիս 3, 2021