ԱԿՆԱՐԿ - 26 - ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԴՐԱՄ ՏԱԼԷ ԱՌԱՋ, ԺԱՄԱՆԱԿ, ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔ ՈՒ ՍԷՐ ՏՈՒԷ՛Ք ԱՆՈՆՑ
Մերօրեայ ծնողներուն ճնշող մեծամասնութեան համար զաւակներու դաստիարակութիւնը կը կայանայ ապահովել զանոնք հարստութեամբ՝ դրամով, հագուստով, խաղալիքներով, մնայուն նուէրներով, եւ այլն: Այս բոլորը, բնականաբար, զաւակներու դաստիարակութեան գործին մէջ նշանակութիւն ունին, սակայն ասոնք կարեւոր ու էական տարրերը չեն զաւակներու դաստիարակութեան, այլ՝ կողմնակի օգնող տարրեր են, որոնց բացակայութեան կամ չգոյութեան պարագային զաւակը չի՛ դադրիր զաւակ ըլլալէ, աւելին՝ ատոնց բացակայութեան պարագային, ծնողը չի՛ դադրիր ծնող ըլլալէ:
Մարդկային ընկերութիւնը բաժնուած է զանազան խաւերու: Եթէ փորձենք հասկնալ այս բաժանումին արմատները ուրկէ՞ կու գան, դժուար թէ կարենանք յստակ պատասխաններ գտնել: Մէկ բան յստակ ու պարզ է, որ այս խաւային բաժանումներն են, որոնք մարդկային կեանքը կը գեղեցկացնեն (եւ շատ յաճախ անարդարութիւններու բոյնի կը վերածուին, յատկապէս մեր այս ժամանակաշրջանին, երբ նիւթը իր կայսրութիւնը հաստատած է մարդոց սիրտերուն ու միտքերուն մէջ):
Զաւակներու դաստիարակութեան գործընթացին մէջ ամենէն կարեւոր ու էական տարրերն են ժամանակ տրամդրել, գուրգուրալ, սիրել զաւակները, չափաւորութիւն սորվեցնել, ճիշդին՝ ճիշդ, սխալին՝ սխալ ըսել սորվեցնել, ինչպէս նաեւ բարոյական եւ հոգեւոր սնունդ մատակարարել զաւակներուն, որպէսզի կարենան հանգիստ ու բարօր կեանք մը ունենան:
Օրերս համացանցի վրայ այս մասին արաբերէնով գրութեան մը հանդիպեցայ, որ այստեղ թարգամանաբար կը յանձնեմ ընթերցողներու ուշադրութեան.
• Իրապէս որ զաւակներդ սուղ ուտելիքները պիտի չյիշեն, որոնցմով լեցուցած էիր տունդ…:
Զաւակներդ պիտի չյիշեն նիւթական պայքարներդ ու մարտնչումներդ՝ զիրենք բարձր մակարդակի վրայ պահելու համար:
Անոնք պիտի չյիշեն, թերեւս պիտի չիմանան ալ իրենց համար ունեցած դրամական պարտաւորութիւններդ, եւ այն անքուն գիշերներն ու գործադրած ճիգերդ այդ դրամական պարտաւորութիւններդ վճարելու համար:
Անոնք պիտի չզգան այն մտահոգութիւնը որ կը պատէ քեզ՝ իրենց հանգստութեան համար:
Անոնց յիշողութեան մէջ մի՛ միայն պիտի դրոշմուին՝
- Այն օրերը երբ քնանալու ժամային կանոնները խանգարեցիր:
- Այն օրերը երբ գրկեցիր զիրենք, երբ դժուար ու ծանր քննութիւններէ ետք արցունքախառն աչքերով տուն վերադաձան:
- Այն օրերը երբ տունը ծիծաղիդ ձայնով լեցուցիր:
Պիտի յիշեն նաեւ այն պահերը՝
- Երբ իրենց ցաւին մէջ ցաւակից եղար իրենց:
- Ուրիշներու ներկայութեան հպարտութեամբ խօսեցար իրենց մասին:
- Երբ իրարու հետ նստած՝ իրարու պատմութիւններ ու յուշեր պատմեցիք:
Պիտի յիշեն նաեւ անակնկալներդ, քաղրցաւենիքներն ու բոլոր արտակարգ ու արտասովոր վարմունքներդ:
Արդարեւ, բազմաթիւ տուներ գուրգուրանքի պակասէն կը տառապին, որովհետեւ անոնց համար արժէքները կանգ կ՚առնեն ուտելու, հագուելու, նիւթական բաներու ապահովութեան մօտ, իսկ իրենց ժամանակը բացի իրենց զաւակներէն՝ բոլորին կը տրամադրեն:
Այս վերաբերմունքին պատճառով զաւակները այդ գուրգուրանքը կը սկսին տունէն դուրս փնտռել…, եւ այստեղ կը սկսին խնդիրներն ու մղձաւանջը…:
Հետեւաբար, մեր տուներուն ջերմութիւնը վերադարձնենք, որովհետեւ՝
«Տուները միայն սիրով կը կառուցուին»:
***
Սէր ու գուրգուրանք պարգեւենք մեր զաւակներուն:
Սէր պարգեւենք անոնց մանաւանդ այս օրերուն, երբ այլասերուածութիւնը գլուխը առած աջ ու ձախ կը ջարդէ ու կը ցեղասպանէ ամէն տեսակի հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէք ու արժանիք:
Սէր պարգեւենք մեր զաւակներուն, որպէսզի մեր պակսեցուցած սէրը պղտոր ու կեղտոտ աղբիւրներէն լեցնելու փորձեր չկատարեն, որովհետեւ այսօր այնքա՜ն շատցած են նմանատիպ աղբիւրները գայթակղեցնող ու շլացուցիչ տեսքերով ու պայմաններով:
Ժամանակ տրամադրենք մեր զաւակներուն, լսե՛նք զանոնք, խօսի՛նք անոնց հետ, նոյնիսկ եթէ ահաւոր ծանրաբեռնուածութեան մէջ ենք, չեմ կարծեր որ ոեւէ մէկ ծնողի համար իր զաւակներէն աւելի թանկարժէք բան ըլլայ աշխարհի վրայ:
Ժամանակ տրամադրենք մեր զաւակներուն, լսե՛նք զանոնք, իմանա՛նք անոնց մտածումները, այլապէս հեռախօսները՝ որ մեծ սիրով կը նուիրենք մեր զաւակներուն, որպէսզի մեզ «հանգիստ» ձգեն, որպէսզի «չխանգարեն» մեզ, անոնք մեր փոխարէն պատասխան պիտի տան մեր զաւակներուն, իսկ այդ հեռախօսներուն տուած պատասխանները բոլորին յայտնի են…:
Ի վերջոյ, ժամանակ, գուրգուրանք ու սէր տրամդարենք մեր զաւակներուն, որպէսզի տարիներ ետք՝ մեր կեանքի մայրամուտին կարենանք վայելել անոնց ու անոնց յաջորդներուն ներկայութիւնը, ժամանակը, գուրգուրանքն ու սէրը:
Աւարտելէ առաջ այս ալ աւելցնեմ, որ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ արձանագրուած ոսկեայ կանոնը, ուր կը մանրամասնուի մարդկային փոխյարաբերութեան գաղտնիքը, թէ՝ «ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի՝ դուք ալ այնպէս ըրէք անոնց» (Մտ 7.12), ապա, այս կանոնը կարելի է նաեւ ուղեցոյց դարձնել ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող փոխյարաբերութեան, որով ծնողները եթէ կ՚ուզեն, որ իրենց զաւակները սիրեն, գուրգուրան ու ժամանակ տրամադրեն իրենց, ապա ծնած վայրկեանէն իսկ, աւելի՝ յղիութեան առաջին օրերէն իսկ թող սիրեն, գուրգուրան ու ժամանակ տրամդրեն իրենց զաւակներուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
29 յուլիս 2023, Վաղարշապատ