«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
• Յիշողութիւնս զիս դէպի գերմանական տիրապետութիւն կը տանի, երբ աղքատ երեխաները կորեկէ շինուած հաց կ՚ուտէին, ու անոնց առողջութիւնը լաւ էր եւ կազմը՝ զօրաւոր: Իսկ հարուստ երեխաները, տկարութեամբ ու հիւանդութեամբ կը տառապին, հակառակ այն պարագային, որ հաց ու կարագ կ՚ուտեն: Այսպէս ալ հոգեւոր կեանքին մէջ, եթէ մարդ բարի մտածումներ ձեռք կը ձգէ, եթէ անարդարութիւն մը պատահեցաւ իրեն, զայն կը համարէ պարտքի մուծում այն սխալներուն համար, որոնք իր կեանքին ընթացքին Յիսուսի դէմ գործած է, ու զԱստուած կը փառաւորէ: Իսկ եթէ ուզեցիր գգուանքով վարուիլ մարդու մը հետ, որ բարի մտածում չունի, կը կարծէ, որ պիտի հարուածես իրեն: Օրինակ՝ գինով չար մարդը ինքզինք կը կորսնցնէ եւ գէշ արարքներ կը գործէ, սակայն գինով բարի մարդը, կու լայ, կը զղջայ եւ ներում կը խնդրէ: Գինով մարդ մը կ՚ըսէ. «Կուժ մը ոսկիներ կու տամ անոր, որ կը նախանձի ինծի». այս մէկը ցոյց կու տայ անոր լաւ մարդ ըլլալը, որովհետեւ գինովը իր սիրտին փափաքները պարզ կերպով կը յայտնէ, երբ գինովութիւնը կը տանի ու կը բերէ զինք:
ՈՎ ՈՐ ԲԱՐԻ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ՁԵՌՔ ԿԸ ՁԳԷ, ՀԱՐՑԵՐԸ ԼԱՒ ԱՉՔՈՎ ԿԸ ՏԵՍՆԷ
• Ոմանք ըսին ինծի, թէ տեսնելով եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող սխալները, իրենց համար արգելակ հանդիսացած են ատոնք: Պատասխանեցի անոնց.
-Եթէ ճանճի մը հարցնենք. այս շրջանին մէջ ծաղիկներ կա՞ն: Պատասխանը պիտի ըլլար. չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ այնտեղի փոսին մէջ դատարկ տուփեր, կեղտեր եւ աղտոտութիւն կայ: Ու կը սկսի հաճոյքով այդ կեղտոտութիւններուն մասին խօսիլ, ուր կը հանգստանայ: Բայց, եթէ մեղուի մը հարցնես, թէ այս շրջանին մէջ կեղտոտութիւն կա՞յ, ան կը զարմանայ տուած հարցումէդ, ու կը բացառէ կեղտոտութիւններ ըլլալու փաստը. աւելին, ան կը հաստատէ, թէ այդ տեղը անուշահոտ ծաղիկներ կը լեցնեն, ու կը սկսի հաճոյքով նկարագրել այդ ծաղիկները, որոնցմէ մեղրահիւթը կը ներծծէ: Ճանճը, աղբերուն մասին կը խօսի քեզի, իսկ մեղուն՝ շուշանին եւ հիրիկին (փնջածաղիկին):
Այդպէս ալ, որոշ մարդիկ ճանճին կը նմանին, իսկ ուրիշներ՝ մեղուին: Անոնք որոնք ճանճին կը նմանին, ո՛չ մէկ լաւ բան կը տեսնեն, այլ՝ գէշ բաներ կը փնտռեն: Իսկ անոնք որոնք մեղուին կը նմանին, կը տեսնեն, թէ լաւ բաները ամէն տեղ են: Ով որ բարի մտածում մը ձեռք կը ձգէ, իր շուրջ եղածները գեղեցիկ կը տեսնէ, եւ հակառակն ալ ճիշդ է:
Անգամ մը երկրորդական վարժարանի աշակերտ մը խուցս եկաւ եւ սկսաւ երկաթեայ դուռս ծեծել: Հակառակ որ զբաղած էի բազմաթիւ նամակներ կարդալով, սակայն ելայ, որպէսզի տեսնեմ ո՞վ է դուռս ծեծողը եւ ի՞նչ կ՚ուզէ: Երիտասարդը հարցուց ինծի.
-Այս խուցը Հայր Պաիսիոսի՞նն է:
Պատասխանեցի.
-Այո, աս է, բայց ան բացակայ է, գնաց, որպէսզի ծխախոտ գնէ:
Բարի միտքով պատսխանեց ինծի.
-Այլ՝ գնաց, որպէսզի մէկու մը հոգ տանի:
Շեշտեցի բացակայութեան պատճառը կեդրոնանալով այն փաստին, թէ ծխախոտ առնելու գացած է, որովհետեւ եղածը վերջացած էր, որով Հայրը զիս առանձին ձգած է ու գացած է գնելու՝ որպէսզի չխենթանայ:
Երիտասարդին աչքերը արցունքներով լեցուեցան եւ դարձեալ բարի մտածումով ըսաւ ինծի.
-Հայրը յոգնեցուց մեզ:
Եւ երբ կրկնեցի հարցումս.
-Ի՞նչ կ՚ուզես:
Պատասխանեց, թէ օրհնութիւն կ՚ուզէ:
-Բայց մոլորած մարդ մըն է, ինչպէ՞ս անոր օրհնութիւնը կ՚ուզես: Մի՛ սպասեր անոր, զինք լաւ կը ճանչնամ, եւ թերեւս գինովցած կամ բարկացած վերադառնայ:
Երիտասարդը չհաւատաց այդ բոլորին, որովհետեւ իր մտածումը բարի էր: Յամառեցաւ սպասելու, որպէսզի օրհնութիւն ստանայ եւ անոր նամակ մը փոխանցէ:
Տեսա՞ր: Գէշ կերպով խօսեցաւ Հայր Պաիսիոսին մասին, սակայն կասկածելի թուաց անոր այդ, որովհետեւ իր մտածումը բարի է: Եւ երբ կը խօսէի անոր խենթութեան եւ ոգելից ըմպելիներ օգտագործելուն եւ վատ վերաբերմունքին մասին, խեղճը կը հառաչէր ու աչքերը արցունքներով կը լեցուէին ու չէր ուզեր հաւատալ. պատճառը այն է, որ այդ երիտասարդը բարի մտածումներու տէր մարդ էր: Զարմացած էի. առաջին անգամն էր, որ կը փորձէի մէկու մը միտքը պղտորել, բայց անզօր մնացի:
ՍՈՒՐԲ ՄԱՐԴՈՒՆ ԵՒ ՉԱՐԱՄԻՏ ՄԱՐԴՈՒ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐԸ
• -Սուրբ մարդ մը կրնա՞յ չարամիտ մարդու մը հասկնալ:
-Այո՛, կը հասկնայ զինք, ինչպէս կը հասկնայ սուրբ մարդու մը սրբութիւնը: Չարութիւնը կը տեսնէ, սակայն միաժամանակ կը տեսնէ, որ այդ չարութիւնը փորձիչէն, դուրսէն կու գայ: Իր հոգեւոր աչքերով կը տեսնէ, թէ իր սխալները մեծ են, մինչ ուրիշներուն սխալները փոքր կը տեսնէ: Չարամիտ մարդուն չարամտութիւնը լաւ իմաստով կ՚արդարացնէ, չի նողկար անկէ եւ ո՛չ ալ զայն իրմէ նուաստ կը համարէ, ընդհակառակը զինք իրմէ աւելի լաւ կը համարէ եւ բազմաթիւ պատճառներով կը համբերէ անոր: Կը տեսնէ որճրագործ մարդ մը, որ բազմաթիւ չարութիւններ կը գործէ, բայց կ՚արդարացնէ անոր որճրագործութիւնները ըսելով, թէ ան պէտք եղած օգնութիւնը չէ ստացած. նոյնիսկ ինքզինք անոր փոխարէն կը տեսնէ, եթէ Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ օգնականութիւնը չըլլար իրեն նկատմամբ: Այսպիսով, մե՜ծ շնորհք մը կը ստանայ: Ճիշդ հակառակն ալ, չար մարդը, նոյնիսկ եթէ գիտնայ [հասկնայ] մարդու մը սրբութիւնը, սակայն չի կրնար զանազանել իր բարի մտածումները՝ երբ որեւէ մէկ գործ կը կատարէ, ատոր համար ալ չ՚արդարացներ զայն: Այդպէս ալ սատանան, չի՛ զանազաներ բարի մտածումները, որովհետեւ անիկա միայն չար մտածումներ կը ցանէ:
Ով որ ինքն իր վրայ կ՚աշխատի, ինքզինք չ՚արդարացներ, այլ՝ դիմացինը: Մարդ ի՛նչքան հոգեւորապէս յառաջանայ, կ՚ազատագրուի ու զԱստուած եւ մարդիկը կը սիրէ: Այդ ատեն վատութիւնը չի՛ գիտնար ինչ է, որովհետեւ իր մտածողութիւնը անարատ է եւ մտածումները բարի՝ բոլորին նկատմամբ եւ բոլոր բաները հոգեւոր եւ սուրբ կերպով կը տեսնէ: Այդպիսին կ՚օգտուի իր եղբայրներուն իր դէմ դրած արգելքներէն, ինքզինք կը զսպէ եւ չ՚առաջնորդուիր դէպի կորուստ եւ տանջանքներ: Իւրաքանչիւր մարդ որ չի՛ մաքրուիր, չարամտութեամբ կը մտածէ եւ իրերը չարամտութեամբ կը տեսնէ, նոյնիսկ լաւ բաները, որովհետեւ իր չարամտութեամբ կ՚ապականէ զանոնք:
Չարամիտը, ուրիշներու առաքինութիւններէն չ՚օգտուիր, որովհետեւ թանձր սեւութիւնը որով ինքզինք կը ծածկէ, կ՚արգիլէ իրեն տեսնելու այդ առաքինութիւնները: Եւ սեւ դժբախտութիւններուն պատճառով՝ որոնք կը փոթորկեն իր ինքնութիւնը, տրտում եւ տխուր կ՚երեւի եւ իր այդ տխրութիւնը կ՚ազդէ նաեւ իր շրջապատին վրայ: Որպէսզի ազատագրուի իր մեղքերէն ու սեւ մտածումներէն, պէտք է հոգեպէս մաքրագործուի, եւ այն ատեն միայն կը գիտնայ [հասկնայ] թափանցիկութիւնը, եւ միտքին ու սիրտին մաքրութիւնը:
-Ո՜վ Ռոնտա. իսկ եթէ մարդ անգամ մը չարամիտ է եւ անգամ մը ուղղամիտ:
-Այդ ատեն իրողութիւններուն փոփոխութիւններն ու ազդեցութիւնները կը ստանայ, ըստ իր հոգեկան վիճակին: Մարդը փոփոխութեան ենթակայ է: Չար մտածումները երբեմն փորձիչէն կ՚ըլլան եւ երբեմն ալ կը բխին չարամիտ մարդու միտքէն: Փորձիչը այնպիսի իրավիճակներ կը հնարէ, որով կը մղէ մարդը մտածելու չար եւ վատ մտածումներու մասին:
Անգամ մը, վարդապետներէն մէկը խուցս եկաւ առաջին անգամ ըլլալով, բայց ժամանակ չունեցայ տեսնելու զինք: Իսկ երբ երկրորդ անգամ եկաւ, անկողինը պառկած էի եւ անհանգիստ էի: Այդ ատեն գէշ մտածումները տիրեցին այդ վարդապետին վրայ, որով կարծեց, թէ չեմ ուզեր տեսնել զինք կամ բան մը ունիմ իրեն նկատմամբ: Գնաց եւ իր վրդովմունքը յայտնեց վանքի միւս վանականներուն… Այս բոլորը փորձիչին գործն է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 2
28 օգոստոս 2020, Վաղարշապատ