ԺԵՆԳԵԱԼՈՎ ՀԱՑԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ…

Արցախ այցելող իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ անպայման կ՚այցելէր Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկան՝ համտեսելու համար տեղական հանրայայտ ժենգեալով հացը:

Ստեփանակերտցիներու մեծ մասը միաբերան կը հաստատէ, որ «շուկայի ամենահամով ժենգեալով հացը տիկին Տոնարան կը պատրաստէ…»:

60-ամեայ Տոնարա Գասպարեան անուանի «պիզնես վումըն» է, որ արդէն երեսուն տարիէ ի վեր կը թխէ ու կը վաճառէ արցախեան խոհանոցի խորհրդանիշ դարձած ժենգեալով հացը: Տոնարային խօսքով, ղարաբաղեան ժենգեալով հացին բաղադրատոմսը շատ պարզ է. խմորին համար՝ ալիւր, աղ, ջուր, միջուկին համար՝ 17-25 տեսակ կանաչեղէն, որոնց քանակը կախեալ է տարուան եղանակէն, ինչպէս նաեւ՝ շրջանէն:

Ժենգեալով հաց թխելու ամենաբարենպաստ ամիսները ապրիլն ու մայիսն են, երբ բանջարանոցները կը յորդին այս բուսատեսակներով՝ ճռճռոկ, թրթնջուկ, շոմին, խազազ, սիմսիմոկ, գինձ, կրմձուկ եւ այլն…

«ՊԱԿԱՍ-ՊՌԱՏ ՏԱՐԻՆԵՐ ԷԻՆ…»

Տոնարան ժենգեալով հաց թխելու սկսած է 1990-ականներու սկիզբը, երբ տղամարդոց մեծ մասը պատերազմի գացած էր, իսկ ընտանիքը կերակրելու ամբողջ բեռը մնացած էր կիներու ուսերուն:

«Պակաս-պռատ տարիներ էին, գործ չկար, ուտելու բան չկար: Ամուսինս ճակատ գացած էր, երկու անչափահաս երեխաներուս եւ կեսրոջս հետ «եոլա» կ՚երթայինք: Օր մըն ալ առի տղաքս, գացինք բանջարանոցներէն, դաշտերէն ժենգեալ հաւաքեցինք եւ սկսայ ժենգեալով հաց թխել կեսրոջս հետ», կը պատմէ Տոնարան:

Տոնարան կը յիշէ, թէ յաջորդ առտու ինչպէս ժենգեալով հացը շուկայ տարին, հատը 150 դրամի ծախեցին գումար շահելու եւ ապրելու համար:

1991-ին, երբ Ստեփանակերտը կը ռմբակոծուէր, շուկան ժենգեալով հաց ծախելը վտանգաւոր էր: 1994-ին զինադադար հաստատուելէն ետք Տոնարան առաջիններէն էր, որ Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկայէն փոքրիկ տաղաւար մը վարձեց. ան գործը ընդարձակեց, պատուէրներու քանակը քառապատկուեցաւ:

27 սեպտեմբեր 2020…

Պատմութիւնը ինքզի՛նք կը կրկնէ…

Այժմ չենք գիտեր, ո՛ւր է Տոնարան, բայց վստահ ենք, որ շուտով ան կը վերադառնայ իր տաղաւարը:

Յաղթելո՛ւ ենք:

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2020