ԱԿՆԱՐԿ - 11 - ՄԵՆՔ ԶԱՍՏՈՒԱԾ ՉԵՆՔ ՃԱՆՉՆԱՐ

Աստուծոյ մասին յաճախ կը խօսուի: Ոմանք կ՚ընդունին Անոր գոյութիւնն ու Ստեղծիչ ըլլալու հանգամանքը, ուրիշներ կը մերժեն հաւատալ Անոր գոյութեան, միաժամանակ մերժելով ու ուրանալով Անոր Արարիչ ըլլալը: Քրիստոնէութիւնը այս առումով, մարդուն տուած է կատարեալ ազատութիւն ընդունելու կամ մերժելու Աստուծոյ գոյութիւնը, նոյն ատեն սակայն պարզելով հաւատացողներուն եւ չհաւատացողներուն սպասող վարձատրութիւնը կամ պատիժը:

Վերջին տարիներու իրադարձութիւնները Հայաստանէն ներս, առաւել եւս շուրջ մէկ ամիս առաջ Սուրիան եւ Թուրքիան հարուածած երկրաշարժը, առիթ տուին մտածելու, թէ մեր ժողովուրդը արդեօք զԱստուած կը ճանչնա՞յ: Դժուար է այս հարցումին պատասխան մը տալ, այն ալ դրական պատասխան: Այսօրուան նիւթականացած աշխարհը գրեթէ ամբողջութեամբ նիւթականացուցած է մարդուն միտքը, հոգին ու սիրտը, եւ մարդը շնչաւոր ու բանաւոր էակ մը ըլլալէ աւելի, վերածուած է նիւթական իրի մը, որ ի տարբերութիւն նիւթական այլ իրերու, կը շարժի, կը «մտածէ», չեմ ըսեր կ՚որոշէ, որովհետեւ նիւթականացած այս ընկերութեան մէջ մարդուն փոխարէն «որոշող»ները շա՜տ են: Տակաւին որոշում կայացնելու ընդունակ մարդիկ կան, սակայն, որոնք ըստ մեր կարծիքին, այն մարդիկն են, որոնք հասած են Աստուածգիտութեան, այսինքն՝ մեր մարդկային միտքին հասանելի կերպով յաջողած են ճանչնալ զԱստուած:

Արդարեւ, հայրենի մեր ժողովուրդին վարքագիծը աւելի քան երբեք կը փաստէ այն իրողութիւնը, որ մենք Աստուծմէ հեռացած ենք: Ճի՛շդ է, որ Աստուծոյ անունը կու տանք, Աստուծոյ կը դիմենք, Աստուծոյ կ՚աղօթենք, բայց իրականութեան մէջ մենք զԻնք չենք ճանչնար, աւելին, Աստուած մեզի համար օտարական մըն է, որովհետեւ մեր այդ դիմումներն ու աղօթքները օտարի, անծանօթի հանգամանք ունին, քան ծանօթ մէկու մը: Պիտի հարցնէք ինչո՞ւ. պատասխանը մեզմէ իւրաքանչիւրին մօտ է: Մէկ կողմէ Աստուծոյ կը դիմենք, Անոր անունը կու տանք, միւս կողմէ սակայն ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի մեր դրացիին կամ ընկերոջ գործը ձախողեցնենք, մէկ կողմէ Աստուծոյ կ՚աղօթենք մեր բարօրութեան համար, միւս կողմէ մեր դրացիին, մեր ընկերոջ եւ շատ յաճախ մեր թշնամիին վատառողջութեան, ձախողութեան եւ կործանումին համար կ՚աղօթենք, մոռնալով Տէր Յիսուսի թելադրութիւնը, որ կ՚ըսէ. «Լսեր էք արդարեւ որ ըսուած է. "Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ": Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն: Այսպիսով դուք ձեր երկնաւոր Հօր զաւակները պիտի դառնաք, որովհետեւ Ան Իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը տեղացնէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ: Եթէ միայն ձեզ սիրողները սիրէք, Աստուծմէ ի՞նչ վարձատրութիւն կրնաք սպասել: Մաքսաւորներն ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Նմանապէս, եթէ միայն ձեր ազգակիցներուն հետ բարեկամութիւն ընէք, հեթանոսներէն աւելի ի՞նչ ըրած կ՚ըլլաք: Անոնք ալ նոյնը չե՞ն ըներ: Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարել է» (Մտ 5.43-48):

Հիմա «ազգասէր»ներն ու «ազգամոլ»ները զզուանքով ու ոչխարի քաջութեամբ պիտի ընդվզին յոխորտալով, թէ ինչպէ՞ս կարելի է թշնամին սիրել, անիծողը օրհնել, զիս ատողին՝ բարիք ընել, աղօթել անոր համար՝ ով զիս կը չարչարէ ու կը հալածէ: Տմարդօրէն այս բոլորը անկարելի են, սակայն մարդկայնօրէն այս բոլորը շա՜տ դիւրութեամբ կարելի են, որովհետեւ համոզումի, գիտակցութեան եւ կամքի դրսեւորում կը պահանջեն այս բոլորը: Թշնամիին հայհոյելով, թշնամիին նուաստացնելով՝ համացանցի հարթակներուն վրայ, թշնամիին չարիք կամենալով ու ուրախանալով անոր կրած բնական կամ անբնական աղէտներով չէ որ պիտի յաղթես թշնամիիդ, այլ՝ թշնամիդ ճանչնալով է, որ պիտի կարենաս յաղթել անոր։ Իսկ թշնամիդ ճանչնալու ճամբան կ՚անցնի զԱստուած ճանչնալուդ ճամբէն: Յիշենք երիտասարդ Դաւիթն ու անոր սխրագործութիւնը հսկայ Գողիաթին դիմաց, եւ թէ ի՛նչպէս պարսատիկին մէջ ունեցած մէկ քարով տապալեց իր թշնամին: Ի՞նչն էր գաղտնիքը այդ քաջութեան ու համարձակութեան, զորս Դաւիթ դրսեւորեց, երբ անդին իր ազգակիցները, որոնք պատերազմիկի կարգավիճակի մէջ էին եւ այդ ժամանակներուն օգտագործուող ամէն տեսակի զինամթերք ունէին, վախցան ու չհամարձակեցան մենամարտիլ Գողիաթին դէմ: Պատասխանը նոյնինքն Դաւիթի շրթներէն կը քաղենք, երբ Գողիաթին անարգանքին այսպէս կը պատասխանէր. «Դուն ինծի սուրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս, բայց ես զօրութեան Տիրոջ, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյն անունովը քեզի կու գամ: Այսօր Տէրը քեզ իմ ձեռքս պիտի մատնէ՝ ու ես քեզ պիտի մեռցնեմ ու վրայէդ գլուխդ պիտի առնեմ եւ Փղշտացիներուն բանակին դիակները այսօր երկինքի թռչուններուն ու երկրի գազաններուն պիտի տամ. որպէսզի բոլոր երկիր գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած կայ եւ այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սուրով ու նիզակով չ՚ազատեր. քանզի պատերազմը Տիրոջն է ու Անիկա ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ» (Ա. Թգ 17.45-47): Բայց ես զօրութեան Տիրոջ, քու նախատած Իսրայէլին զօրքերուն Աստուծոյ անունովը քեզի կու գամ, եւ՝ որպէսզի բոլոր երկիր գիտնայ թէ Իսրայէլի մէջ Աստուած կայ եւ այս բոլոր ժողովուրդը գիտնան թէ Տէրը սուրով ու նիզակով չ՚ազատեր. քանզի պատերազմը Տիրոջն է ու Անիկա ձեզ մեր ձեռքը պիտի մատնէ: Բնականաբար ամենագէտները, որոնք մեր ժողովուրդին բոլոր ձախողութիւնները կը վերագրեն մեր աստուածապաշտ ըլլալուն, պիտի քմծիծաղին ու անցնին, բայց վերոգրեալը պատմական իրական փաստ մըն է, թէ ինչպէս մարդ երբ իր վստահութիւնը Աստուծոյ վրայ դնէ, ապա Աստուած իրեն ցոյց կու տայ յաղթութեան ուղին: Դաւիթին Գողիաթին յաղթելու գաղտինքը, արդարեւ, զԱստուած ճանչնալն էր ու Անոր նկատմամբ կատարեալ վստահութիւն ունենալն էր, որ զինք մղեցին այդ սխրագործութեան: Այսօր, եւս, եթէ մարդ կարենայ տիրանալ այդ գաղտնիքին ու իր կեանքով ապրի այն, ապա ամէն տեսակի թշնամիի կրնայ յաղթել, նոյնիսկ անոնց՝ որոնք անպարտելի կը թուին…:

Այսքանը մեր Հայրենի ժողովուրդին հետ կապուած:

Պահ մըն ալ գանք Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ երկրաշարժին: Բնականաբար, ցանկացած բնական աղէտ վախ, ահ ու սարսափ կը տարածէ, որովհետեւ մարդ արարածին համար իր կեանքէն աւելի թանկ բան չկայ, եւ մարդ իր կեանքը պահպանելու համար ամէն միջոցի կը դիմէ: Արդար կեցուածք:

Երկրաշարժէն ետք համացանցի էջերուն վրայ յայտնուեցան տեղեկութիւններ, որպէս թէ եւրոպացի գիտնական մը նախապէս զգուշացուցած էր, որ նման երկրաշարժ մը պիտի պատահի... Տուեալ գիտնականն ալ, ոգեւորուելով իր «քաջագործութեամբ», երկրաշարժէն ետք շարունակեց իր «յայտնութիւն»ները…, ժողովուրդը մատնելով վախի ու սարսափի մէջ: Պատմութեան տուած փաստերով, այդ տարածաշրջանին մէջ երբեմն-երբեմն նման զօրաւոր երկրաշարժներ կը պատահին: Պատահած է, որ երկրաշարժէ մը ետք յետ ցնցումները տեւած են շուրջ երեք ամիս. այսինքն՝ այս վերջին երկրաշարժէն ետք պատահած յետ ցնցումները, ո՛չ թէ այդ գիտնականին յայտնութիւններուն իրականացումն էին, այլ՝ բնական երեւոյթներ էին: Աւելին, այդ գիտնականը իր մասնագիտութեան լոյսին տակ յաջողած էր ենթադրել, թէ երկրաշարժ պիտի պատահի, որովհետեւ այդ մասնագիտութեան մարդիկ մնայուն կերպով կը հետեւին երկրի ընդերքին մէջ կատարուող զարգացումներուն՝ գիտութեան ընձեռած կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ, հետեւաբար անոր կատարածը ո՛չ թէ մարգարէութիւն կամ յայտնութիւն էր, այլ՝ պարզապէս իր աշխատանքին արդիւնքը: Ինչպէս երբ բժիշկի կը դիմէ մարդ, բժիշկը որոշ հետազօտութիւններ կատարելէ ետք ախտորոշում կը կատարէ, նոյնն է պարագան այդ գիտնականին, որ հետեւելով կատարուող զարգացումներուն, տուած էր իր ենթադրութիւնը: Այս բոլորին լոյսին տակ, այդ մարդը աստուածացնել, անոր բերանէն կախուիլ եւ իւրաքանչիւր արտայայտութեան ծայրայեղ իմաստ տալ, պարզապէս ապուշութիւն է, որովհետեւ այդ բոլորին հետեւանքը վախ ու խառնակութիւն կը յառաջացնէ, ինչը աղէտ ապրող մարդուն համար ընդհանրապէս պէտք չէ: Այդ օրերուն համագիւղացիս քեսապցի Յարութ Լնդեանը հետեւեալը գրած էր իր դիմատետրի էջին վրայ. «Սիրելիներ, վախը բնական երեւոյթ մըն է մարդուն կեանքին մէջ, մանաւանդ երբ անորոշութեան մէջ ըլլայ ան: Յաճախ, երբ վտանգի կամ նեղութեան մէջ յայտնուինք, Յիսուս Քրիստոսի անունը կու տանք, քեսապերէնով՝ (ե-Աստոծ) կ՚ըսենք: Մէկ կողմէ մեր Ապաւէն ու Փրկիչ Աստուծոյ կը դիմենք մեր աղերսանքներով, սակայն միւս կողմէ երբ ոմանց արարքները կը տեսնենք, անմիջապէս կը տարուինք մտածելու, թէ անոնց աղերսը, Յիսուս Քրիստոս կանչելը պարզապէս լեզուի սայթաքում մըն է, սովորութեան ուժով եղած կանչ մը: Եթէ իսկապէս հաւատքով, համոզումով ու վստահութեամբ զԱստ-ւած օգնութեան կը կանչես, դուն քեզի պէտք չէ հակասես, այլ խօսքով՝ զԱստուած օգնութեան կանչես եւ անմիջապէս (Ֆրանք [եւրոպացի գիտնականին անունը]) կոչուածը մտիկ ընես, վախ ու սարսափ տարածես եւ դուն ալ հաւատաս ըսածիդ՝ աջ ու ձախ տարածելով զայն: Եթէ այսպէս կը վարուիք, ո՞ւր մնաց ձեր հաւատքը, ո՞ւր մնաց ձեր Աստուածավախութիւնը, ո՞ւր մնաց ձեր կարդացած Աստուածաշունչը՝ ուրկէ պատեհ ու անպատեհ առիթներու խօսքեր կ՚արտասանէք ու կը տարածէք… Մի՛ մոռնաք, սիրելիներ, քրիստոնէութիւնը լեզուի վրայ խօսք չէ, քրիստոնէութիւնը վարդապետութիւն կամ փիլիսոփայութիւն չէ՛ միայն, քրիստոնէութիւնը վերացական գաղափար չէ, այլ՝ քրիստոնէութիւնը ԿԵԱՆՔ է, իսկ կեանքը ԳՈՐԾՈՎ կ՚ապրուի եւ ո՛չ թէ լոկ խօսքերով:

Ապահով ու անփորձանք մնացէք: Ամենէն կարեւորը՝ վստահեցէ՛ք Աստուծոյ ու Անոր ողորմութեան:

Յետ գրութիւն.- Խնդրեմ աւելորդ մեկնաբանութիւններ չտեղադրել, որովհետեւ սկիզբէն նշեցի, թէ այս տողերը անձնական կարծիքս ու համոզումս են պարզապէս» (23 փետրուար 2023):

ԶԱստուած ճանչնանք մեր կեանքով, մեր գործերով, մեր էութեամբ, եւ ո՛չ թէ լոկ մեր շրթներով ու խօսքերով: Չմոռնանք, ի վերջոյ, որ Տէր Յիսուս մեզ Իր Արիւնով գնեց, այսինքն՝ փրկութեան արժանացուց, վերադարձնելով Աստուծոյ որդեգրութեան: Մենք մեզ հեռո՛ւ պահենք աւելորդաբանութիւններէ, մարդկային սին փիլիսոփայութիւններէ, ընդհակառակը կառչած մնանք Քրիստոսի եւ Քրիստոսով ապրինք մեր կեանքը:

Աւարտենք Պօղոս առաքեալին թելադրութեամբ. «Զգոյշ եղէք, որ ոեւէ մէկը ձեր միտքը չգրաւէ իմաստասիրական տեսութիւններով եւ խաբեբայական սին խօսքերով, որոնք մարդկային աւանդութիւններու եւ բնութեան ուժերուն վրայ կը հիմնուին եւ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ վարդապետութեան վրայ: Որովհետեւ մարդացած Քրիստոսի մէջ կը բնակի աստուածային բնութեան ամբողջ լիութիւնը: Եւ դուք ձեր կեանքին լիութիւնը գտաք՝ միանալով Անոր, որ գլուխն է ոգեղէն աշխարհի բոլոր իշխանութիւններուն ու պետութիւններուն…» (Կղ 2.8-11):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

25 մարտ, 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023