ԼՈՅՍ ՄԸ ԱՅՆ ՀՐԵԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐՈՎ…

Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի Հայ Երուսաղէմ գիրքին մէջ, կարդացած էի այս տողերը…

«Իսկ աջ կողմերնիս կը տեսնենք երկու բաւական ընդարձակ ե՛ւ լուսաւոր ե՛ւ օդաւէտ սենեակներ, որոնց առջինը խոստովանահօր սենեակ, եւ երկրորդը Հին Իսրայէլի սենեակ անունը կը կրեն, անշուշտ խոստովանահայր վարդապետ մը եւ նորադարձ հրեայ մը անոնց մէջ բնակած ըլլալէն»։

Շատ կ՚ուզէի գիտնալ, թէ ո՞վ էր այդ հրեան, աւելին՝ ի՞նչ գործ ունի հայոց վանքին սրտին մէջ, ճիշդ կեդրոնը։ Զգացումս այնպէս էր, որ հետաքրքրական եւ յուզող պատմութիւն մը պէտք էր կապուած ըլլար այդ սենեակին հետ։ Այո՛, պէտք էր ըլլար, սիրտս կը վկայէր…

Շատ պրպտեցի ասդին-անդին՝ ի զուր… Եւ…

Գիշերը յոգնած՝ այդ մասին մտածելով քնացայ…

…Երազիս մէջ մտայ նորադարձ հրեային սենեակը…

Չորս պատ էր… Առաստաղ չկար… Կապոյտ երկինք… Սպիտակ աղաւնիներ…

Սիրոյ շունչ կար այնտեղ, կար հաւատք եւ Աստուած էր այնտեղ…

Եակովը հրեայ հարուստ, գեղեցիկ երիտասարդ առեւտրական մըն էր, որ վստահելով իր արտաքինին ու դրամին, կը կարծէր բոլոր դռները կը բացուին իր առջեւ…

Բայց հաւատքի դուռը նման չէ եւ ոչ մէկ դուռի, ան միայն Լոյսով կը բացուի։

Հայկական թաղի կողքին՝ հրէից թաղը կ՚ապրէր ան։

Ո՞ր հրեայ մայրը կրնար մերժել իր աղջիկը տալու Եակովին… Ո՞ր հրեայ աղջիկը չէր երազեր անոր կինը ըլլալ։

Բայց Եակովին սիրտը հայուհիի մը սիրովը կը տրոփէր…

Անտարբեր չէր նաեւ գեղեցկուհի Աննան, որ ամէն շաբաթ կէսօրէն ետք մօր հետ իրենց թաղէն կ՚անցնէր երթալու Սուրբ Յակոբ եկեղեցի ժամերգութեան՝ Կիրակմուտքը դիմաւորելու։

Եւ որքան ալ փորձէր Աննան լուռ առանց նկատուելու անցնիլ, նոյնիսկ ճամբան եթէ փոխէր՝ Եակովը հոն էր, անոնց աչքերը անպայման կը հանդիպէին ու կը խօսէին սիրոյ լեզուով։

Եակովն ալ այդ ժամուն կ՚երթար աղօթելու իրենց սրբատեղին՝ Լացի Պատ։

Եւ ի՞նչ կ՚աղօթէին… Արդեօք ի՞նչ կը մրմնջային անոնց շրթները նոյն ժամուն տարբեր աստուածներու։

Ամբողջ շաբաթ մը Եակովն ու Աննան կը սպասէին այդ վայրկեանին… Ինչ ընէին, որ այդ վայրկեանը յաւիտենականութիւն ըլլար… Սիրող սրտերուն համար յաւիտենականութիւնն ալ վայրկեան մըն է։

Օր մը Եակովը յանկարծակի մօտեցաւ Աննային ու մօրը։

-Հեռաց՛իր տղաս, միթէ՞ չեմ նկատած ձեր սէրը։ Բայց այդ անկարելիութիւն է, դուն հրեայ ես, մենք հայ քրիստոնեայ… Հեռացիր եւ մոռցիր նախքան բացայայտուիլն ու խայտառակութիւն մը ըլլալը։ Երիտասարդ ես ուրիշ սէր կը գտնես…

-Բայց ես ձեր աղջիկը կը սիրեմ… ուրիշ սէր չեմ ուզեր։

-Հեռացիր տղաս։ Դուն այսպիսով աղջկաս վնաս կը հասցնես։

Երկու աշխարհ մթագնեցան… Իւրաքանչիւրը իր սրբատեղին գնաց, իւրաքանչիւրը իր Աստուծոյն աղօթեց։ Նոյն աղօթքը կ՚ընէին խնդրելով՝ կա՛մ մոռնալ այս անկարելի սէրը եւ կամ լուծում մը գտնել։

Արդեօք անկարելի էր հասնի՞լ այդ գեղեցկութեան, կը մտածէր Եակովը։ Իսկ եթէ կարելի էր՝ ապա ինչպէս…

Ան պատրաստ էր տալու ամէն ինչ, պատրաստ էր ամէն զոհողութեան, միայն Աննան իրը ըլլար… Ան կը հաւատար, որ Աննան իրեն համար ծնած էր…

Իսկ Աննա՞ն… Աննան ուրիշ մտահոգութիւն ալ ունէր։ Եթէ հայրը գիտնար՝ զինք անմիջապէս կ՚ամուսնացնէր առաջին ուզողին հետ։

Այս ի՞նչ սահման էր իրենց միջեւ, բայց միթէ՞ սէրը սահմաններ կը ճանչնայ… Միթէ՞ սէրը արգելքներ ունի… Չէ՞ որ սէրը ամենակարող է…

Այո՛, սէրը ամենակարող է։

Սէրը հրաշքներ կը գործէ։

Աւագ շաբաթն էր։ Աննան ամբողջովին նուիրուած էր աղօթքի, պատրաստ էր հնազանդելու ու կատարելու Տիրոջ կամքը, միայն վերջ գտնէին իր ու Եակովի տառապանքները։ Իսկ եթէ Տէրը օրհնէր՝ մարդն ո՞վ էր որ խանգարէր։

Այդ տարին հայոց Զատիկի եւ Բեսախի շաբաթները իրարու մօտ էին։ Լոյսին ելլելէն ետք հայկական թափօրը Սուրբ Յարութենէն հայոց վանք կ՚առաջնորդուէր։ Հայերը Քրիստոսի Լոյսը կը տանէին Սուրբ Գերեզմանէն։

Այդ օրը Եակովն ալ աղօթելու գացած էր, բայց իր Աստուծոյն փոխարէն Աննային Աստուածը պատասխանած էր իրեն։ Լոյս մը Այն Հրեային պատկերով, որուն իրենք խաչած էին առաջին դարուն՝ տակնուվրայ ըրած էր իր ներաշխարհը։ եւ այդ Լոյսը, միայն ինք կը տեսնէր իրենց Լացի Պատին դիմաց հարիւրաւոր աղօթողներուն մէջ։ Այդ Լոյսը զինք առաջնորդեց հայոց թափօրին։ Եակովը մօտեցաւ թափօրէն ետ մնացած վարդապետի մը։ Խնդրեց հետը խօսիլ։ Ծերունազարդ վարդապետը պահ մը վախցաւ։ Ի՞նչ կ՚ուզէր այս հրեան իրմէ այսպիսի օր մը։ Բայց Եակովը այնպիսի ջերմութեամբ սեղմեց թեւը.

-Կ՚աղաչեմ րաբբի, խնդրանք մը ունիմ։ Կ՚ուզեմ հետդ խօսիլ, մի՛ մերժեր։ Տարիներուդ իմաստութեամբը բժշկութիւն տո՛ւր սրտիս վէրքին։

-Տղա՛ս, ես ինչպէս կրնամ օգնել քեզի, դուն քու ազգիդ րաբբիին պէտք է երթաս։

-Բայց ես կ՚ուզեմ ձեր հետ խօսիլ։ Աննային ազգին րաբբիին հետ խօսիլ։ Աննային Աստուածը զիս առաջնորդեց ձեզի։ Մի՛ մերժէք, կ՚աղաչեմ։

Երկու օր ետք Եակովն ու վարդապետը հանդիպեցան։

Եակովը սկսաւ շաբաթը երկու անգամ վանքէն եւ հրէից թաղէն հեռու հանդիպիլ հայ վարդապետին հետ։ Հարցեր տալէ աւելի ունկնդրել կ՚ուզէր։ Երկա՜ր ժամեր կը խօսէին։ Կ՚ուզէր հասկնալ ո՞րն էր այդ Լոյսին գաղտնիքը, որ ամբողջովին նոր մարդ դարձուցած էր զինք։ Ի՞նչ ուժ էր այդ, որ զրկուելէն ետք ընտանեկան ժառանգէ եւ ամէն իրաւունքէ՝ ինք դեռ այդքան զօրաւոր կը զգար։ Ծնողքը վտարեցին զինք, ընկերները լքեցին, Աստուծոյ սէրն էր, որ իր մէջ պարուրած էր նորադարձ քրիստոնեային։ Աւելի սիրեց Աննան, որովհետեւ Աննային սիրովը ինք հասաւ Լոյսի Աստուծուն։

Ժամանակ մը ետք ծերունազարդ խոստովանահայրը Եակովին հարցը պաշտօնապէս ներկայացնելէ ետք վանքի իշխանութեան, Համբարձման տօնին Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին մէջ Եակովը կը մկրտէ Յակոբ անունով։

Եւ հալածանքներէ հեռու պահելու եւ ապահով ըլլալու համար խոստովանահօր հարեւանութեամբ սենեակ մը կը տրուի Յակոբին վանքէն ներս։

Ու Զատիկի սուրբ օրերուն երկու սիրող սիրտերու աղօթքները երկինքին մէջ կը միանան…։ Եւ Աստուած կ՚օրհնէ անոնց միութիւնը երկրի վրայ։

Արթնցայ… Չորս պատերը արդէն առաստաղ ունէին…

Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց։

ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

(Երուսաղէմ, 2024)

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024